ՆՈՒԻՐԵԱԼԻ ՄԸ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է հայ գրականութեան նուիրեալ սպասաւորներէն մին՝ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի (Արթօ Ճիւմպիւշեան)։ Իր կորուստով մեր գրական անդաստանէն հրաժեշտ կ՚առնէ յատկանշական անուն մը, որ իր վիթխարի ստեղծագործութեամբ անջնջելի եւ վառ հետք մը թողած է՝ հայոց մշակոյթին եւ Մեսրոպեան բանակի ծառայութեան ճանապարհին։
1926 թուականին Իսթանպուլի մէջ ծնած էր Արթօ Ճիւմպիւշեան, որ Մխիթարեան վարժարանի սաներէն մին էր։ Աւարտած էր Իսթանպուլի համալսարանի Գրականութեան ֆաքիւլթէի փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան եւ ընկերաբանութեան բաժինը։ Երիտասարդութեան տարիներուն Փարիզ մեկնած էր՝ ընդլայնելու համար իր ծանօթութիւնը գեղարուեստի եւ մշակոյթի պատմութեան ուղղութեամբ։ Տասնամեակներու իր ստեղծագործական աշխատանքին տեւողութեան ան արտադրած էր լուրջ թափով եւ այդ բոլորէն վերջ այսօր արդէն թողած է գրական լուրջ ժառանգութիւն մը, որ իր կենդանութեան իսկ շրջանին արդէն սկսած էր արժեւորուիլ՝ ներառեալ գիտական հարթութիւնը։ Իր գրականութեան համակիրները անբացատրելի հրճուանքով կը թղթատէին իր գիրքերը՝ քանի որ ան կը յաջողէր ուրոյն ոճով իր պատգամը հասցնել ընթերցողներուն։ Իր հրատարակած գիրքերուն առընթեր, լուրջ ծառայութիւն մատուցած էր Մխիթարեան սանուց միութեան «Սան» երբեմնի գրական-մշակութային հանդէսին, նաեւ երախտաշատ սպասաւորութիւնը բերած էր նաեւ հայատառ մամուլին։
87 տարեկանին մեզմէ հրաժեշտ առած Զարեհ Խրախունիին վաստակը արժանացած էր բարձր գնահատանքի։ Ան նուաճած էր զանազան պարգեւներ կամ մրցանակներ։ Այդ ամբողջին մէջ ամենայատկանշականները կը համարուին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ իրեն շնորհուած «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Ս. Մեսրոպ» շքանշանը։
Զարեհ Խրախունի կեանքի վերջին տարիներուն կ՚ապրէր առողջական վերիվայրումներ, որոնց կը դիմադրէր շրջապատուած ըլլալով ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ, նաեւ իր բարեկամներուն եւ համակիրներուն բարոյական զօրակցութեան առարկայ դարձած ըլլալով։ Այս բոլորէն վերջ ան հրաժեշտ առաւ կեանքէն՝ անմխիթար թողլով բոլորը։
Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը առանձնապէս պիտի հրապարակուին ընտանեկան մահազդով։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տնօրինած է, որպէսզի Զարեհ Խրախունիին հրաժեշտ տրուի Ազգային յուղարկաւորութեան կարգով։
Այս տխուր առթիւ մեր խոնարհումը կը բերենք Զարեհ Խրախունիի արտադրական մեծ վաստակին առջեւ, խորապէս վշտակցելով իր այրիին՝ բազմամեայ կրթական մշակ Մառլէն Ճիւմպիւշեանին եւ իր բոլոր հարազատներուն, ինչպէս նաեւ իր գրականու-թեան համակիրներուն, որոնք կը սգան Խրախունիի կորուստը։