«ՄԵԾԱՊԱՏԻՒ ՄՈՒՐԱՑԿԱՆՆԵՐ»

Երեւանի մէջ, «Գաբրիէլ Սունդուկեան» ազգային ակադեմական թատրոնը այս շրջանին վերստին կը բեմադրէ հայկական երգիծանքի դասական գործերէն՝ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկանները»։ Բեմադրիչն է Արմէն Էլբակեան, որ յիշեալ թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարն է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեան նշեց, որ «Մեծապատիւ Մուրացկանները» կը ներկայացուին նորովի, ժամանակակից ոճով եւ էնթէրաքթիւ ձեւով։ Ներկայացումներու շարքի կալան տեղի ունեցաւ նախընթաց օր եւ արժանացաւ թատերասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։

Թատերական այս ծրագրի գործընկերներն են՝ «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը, «Ճինիշեան» յիշատակի հիմնադրամը եւ «Քոնվերս» դրամատունը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017