ԵՐՐՈՐԴ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՐԱՄԸ
Նոյեմբեր ամսուն հայկական դրամը դարձաւ 24 տարեկան։ Հայկական դրամին ծնունդը նկատուող՝ 22 Նոյեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը շրջանառութեան մէջ դրաւ 500 դրամ անուանական արժէքով նոր՝ «Նոյեան տապան» անուանումով հաւաքորդական դրամը, որ հայկական առաջին քոմփոզիթային թղթադրամն է, որ կը նշանակէ, թէ թուղթը երկու կողմէն պատուած է քանի մը նիւթերէ, ինչ որ թղթադրամը աւելի երկարակեաց կը դարձնէ եւ անոր համար կ՚ապահովէ անվտանգութեան բազմաստիճան համակարգ: Նմանատիպ բազմակազմ պիտի ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ սերունդի թղթադրամները, որոնք կը թողարկուին 2018 թուականի Նոյեմբերին: Անոնք կազմուած կ՚ըլլան բամպակէ եւ որոշ քիմիական միացութիւններէ (polymer):
Թողարկուած նոր 500 հարիւր դրամանիշը արդէն տեղադրուած է Կեդրոնական դրամատան այցելուներուն կեդրոնի ցուցավահանակին վրայ եւ այցելուները կու գան եւ կը ծանօթանան նոր սերունդի հայկական առաջին թղթադրամին: Անոնք նաեւ կրնան գնել թղթադրամը, որ կը վաճառուի որպէս յուշանուէր յատուկ գրքոյկի մէջ եւ կ՚արժէ 1700 դրամ:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը հանրութեան ներկայացուցած է, թէ ի՞նչ ձեւաւորմամբ կ՚ըլլան նոր թղթադրամները, որո՞նք պատկերուած կ՚ըլլան անոնց վրայ եւ ի՞նչ մասնագէտներ մասնակցած են նոր սերունդի թղթադրամներու պատրաստման:
Այսօր շրջանառուող ամենէն մեծ արժէք ունեցող 100 հազարնոց թղթադրամը, որուն վրայ Աբգար արքային պատկերը կայ, չի փոխարինուիր նորով, քանի որ, ինչպէս հաղորդած են մասնագէտները, նման մեծ անուանական արժէքով թղթադրամի կարիք հայաստանեան շուկայի մէջ այլեւս չկայ՝ մեծ գործարքները այլեւս կ՚իրականացուին անկանխիկ տարբերակով, ինչպէս նաեւ այս պարագային նկատի առնուած են միջազգային փորձի ուսումնասիրութեան արդիւնքները, որոնք կը վկայեն մեծ անուանական արժէքով թղթադրամներու դուրս մղման մասին: Կեդրոնական դրամատունը որոշած է յառաջիկայ տարուընէ սկսել 100 հազարնոցը աստիճանաբար հանել շրջանառութենէն:
2018 թուականին շրջանառութենէն սահուն կերպով կը հանուին նաեւ այսօր շրջանառուող բոլոր միւս թղթադրամները՝ փոխարինուելով նորացուած տարբերակներով։ Նոր՝ 1000, 2000, 5000, 10000, 20000 եւ 50000-նոց թղթադրամներու ձեւաւորման համար յայտարարուած մրցոյթին ընթացքին յաղթող ճանչցուած են երեք հեղինակներու՝ Եդուարդ Կուրղինեանի, Վարդան Վարդանեանի եւ Սուրէն Սիմոնեանի աշխատանքները:
1000 դրամնոց թղթադրամին վրայ 2018 թուականին Եղիշէ Չարենցի պատկերը կը փոխարինէ Պարոյր Սեւակի նկարը։ Թղթադրամին վրայ ներկայացուած կ՚ըլլան բանաստեղծին ձեռագիր աշխատութիւններէն հատուածներ, անոր ծննդավայր՝ Զանգակատուն գիւղի համայնապատկերն ու Պարոյր Սեւակի տունը։
2000 դրամնոց թղթադրամը, որ առ այսօր հայկական դրամներուն մէջ գոյութիւն չէ ունեցած, կը ստեղծուի Ճատրակի աշխարհի հայ ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի պատկերով։ Դրամին վրայ պատկերուած կ՚ըլլան նաեւ Երեւանի Ճատրակի տունն ու Օփերայի եւ պալէի թատրոնի շէնքը, որուն բակին մէջ՝ 1963 թուականին խմբուած հայաստանցի բազում ճատրակասէրներ կը հետեւէին Տիգրան Պետրոսեանի աշխարհի ախոյեան դառնալուն:
5000 դրամնոցին վրայ Յովհաննէս Թումանեանը կը փոխարինէ Ուիլիըմ Սարոյեանը. նոյն թղթադրամին վրայ պատկերուած կ՚ըլլան նռնենին եւ հայոց լեռնաշխարհը՝ որպէս Սարոյեանի նշանաւոր պատմուածքներու խորհրդանիշներ, նաեւ՝ Սարոյեանի պատմական ծննդավայրին՝ Պիթլիսի համայնապատկերը։
Նոր սերունդի 10 հազար դրամնոցը կը թողարկուի Կոմիտասի պատկերով: Կոմիտասի նկարը կը փոխարինէ այժմու 10 հազարնոցին վրայ պատկերուած Աւետիք Իսահակեանը: Կոմիտասի նկարով ձեւաւորողները զետեղած են նաեւ Կոմիտասի յայտնի դաշնամուրին եւ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի շէնքին նկարները։
20 հազարնոց թղթադրամին վրայ Մարտիրոս Սարեանի փոխարէն կը պատկերուի Յովհաննէս Այվազովսքին։ Թղթադրամին միւս երեսը կը հարստացուի Այվազովսքիի գործերէն տարրերով, Թէոդոսիոյ մէջ անոր տուն-թանգարանի շէնքին ու նաւահանգիստին համայնապատկերով։
50 հազարնոցին վրայ պատկերուած կ՚ըլլան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին ու Խոր Վիրապի վանական համալիրին լուսանկարները:
Տիգրան Պետրոսեանի լուսանկարով 2000 դրամնոցը շրջանառութեան մէջ կը դրուի շատ աւելի առաջ, քան՝ միւսները, քանի որ, մասնագէտներու դիտարկմամբ, 2000 դրամ անուանական արժէքով դրամի կարիքը Հայաստանի շուկային մէջ յոյժ զգալի է։
Ինչպէս Հայաստանի մէջ այսօր շրջանառուող թղթադրամները, այնպէս ալ նոր սերունդի անոնց համարժէքները, իրենց չափանիշներով չեն զիջիր միջազգային թղթադրամներուն: Թղթադրամներուն վրայ պատկերուած նիւթերը նախապէս քննարկուած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն, մտաւորականներուն հետ, նկատի առնուած են Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան այցելուներու կեդրոն քաղաքացիներուն ներկայացուցած առաջարկները: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պետական դրամատպարանին եւ դրամահատարանին բացակայութեան պարագաներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան կողմէ հրատարակուած շրջանառու թղթադրամները եւ մետաղադրամները կը պատրաստուին երկրէն դուրս։
ԵՐԿԱՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀ
Վերիվայրումներով լի երկար ճանապարհ մը անցած է հայկական դրամը: 2018 թուականին հայութիւնը կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային դրամանիշի ստեղծման 25-ամեակը: Անկախ Հայաստանի բնակիչները երկար տարիներ չեն մոռնար այն օրը, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդին կողմէ ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ դրամաշրջանառութեան կարգաւորման պետական յանձնաժողովը՝ 19 Նոյեմբեր 1993 թուականին որոշում մը հրապարակեց, որուն համաձայն «22 Նոյեմբեր 1993 թուականին, ժամը 00:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին վրայ օրինական վճարամիջոց կը հանդիսանան Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան 1993 թուականի նմոյշի 10, 25, 50, 100, 200 եւ 500 դրամ անուանական արժէքներով դրամատնային թղթադրամները»: Մինչ այդ, արդէն անկախացած Հայաստանի բնակիչներու ձեռքին խորհրդային ռուբլիները կային, եւ ժողովուրդը, քիչ մը մոլորած, քիչ մը անհասկնալի վիճակի մէջ յայտնուած, ջանքեր ըրաւ վարժուելու հայկական դրամին: Նոյն տարուան 22 Նոյեմբերին Հայաստանի տարածքին մէջ դադրեցաւ խորհրդային եւ ռուսական դրամանիշներու շրջանառութիւնը եւ փոխանակման համար ընդունուեցաւ «1 դրամ=200 խորհրդային ռուբլի» յարաբերակցութիւնը: Անշուշտ եղան նաեւ վնասներ, հիասթափութիւններ, երկար տարիներ խորհրդային ռուբլիի մտածողութեան ներքոյ ապրած ժողովուրդը դժուարութեամբ դուրս եկաւ հին դրամամտածողութենէն եւ նորին վարժուելու սկսաւ: Դրամին հետ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ նաեւ մանրադրամը՝ լուման (1 դրամը հաւասար էր 100 լումայի)։ Բայց ան շատ արագ դուրս մնաց շրջանառութենէն՝ արժեզրկման հետեւանքով։ Ազգային արժոյթը ընդունելէ առաջ դրամանիշի անուան զանազան առաջարկներ կային՝ «դրամ», «ստակ», «իպար», «դահեկան», արտադրեալ միաւորինը՝ «մանրադրամ», «ար», «մանր», «իմի», «զուզա», «բլիք», «լումայ»։ Սակայն յատուկ յանձնաժողովի մը կողմէ որոշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային դրամանիշը անուանել «դրամ», արտադրեալ միաւորինը՝ «լումայ»: Յատկանշական է, որ հին ժամանակ հայերը նոյնպէս զանազան կոչումներ տուած են դրամին: Եղած են «փող», «դանգ», «դրահմ», «քարտէս», «ոսկի», «թուղթ» եւ այլ անուանումներ:
Դրամի գը-րանշանին առաջարկուած տարբերակներէն Դրամատունը հաւանութիւնը տը-ւաւ Կարէն Քոմենտարեանի եւ Ռուբէն Արուտչեանի նախագիծին, որ հայոց այբուբենի մեծատառ «Դ» տառն է՝ երկու հորիզոնական գիծերով: Հայկական դրամի 15-ամեակին առիթով, Կեդրոնական դրամատան դիմացը, 2008 թուականին տեղադըր-ւեցաւ դրամին նուիրուած եւ դրամը խոր-հըրդանշող պրոնզէ արձան մը։
ԴՐԱՄԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ
1921 թուականին դրամներ կը հաւաքեն եւ կ՚ուսումնասիրեն Հայաստանի Պատմութեան պետական թանգարանին մէջ, իսկ 1940-ական թուականներուն թանգարանին մէջ հիմնուած է դրամագիտութեան բաժին, ուր ոչ միայն հայկական, այլեւ Նախքան Քրիստոս Ե. դարէն սկսեալ զանազան երկիրներու դրամներ կան:
Հայկական դրամի ողջ պատմութեան կարելի է ծանօթանալ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան այցելուներու կեդրոնէն ներս, որ տեղակայուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան պատմական մասնաշէնքին մէջ։ Ան ձեւով մը հայկական դրամի թանգարանն է, կը ներկայացնէ Կեդրոնական դրամատան գործունէութեան նուիրուած հարուստ նիւթ, որ կը վերաբերի դրամավարկային քաղաքականութեան, Հայաստանի դրամաշրջանառութեան եւ դրամանիշներու պատմութեան: 20-րդ դարու 1930-ական թուականներուն կառուցուած Խորհրդային Միութեան պետական դրամատան Հայաստանի մասնաճիւղի պատմական շէնքին մէջ տեղակայուած այս թանգարանը կը զբաղեցնէ 500 մեթր քառակուսի տարածքով երկու յարկ:
Անիկա առաջին անգամ իր այցելուներուն համար դռները բացած է 2011 թուականի աշնան, եւ այսօր տարեկան շուրջ 10 հազար այցելու կ՚ունենայ:
Այցելուներու կեդրոնի ստեղծման նպատակը տարաբնոյթ կրթական գործիքներու միջոցով Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան գործունէութեան եւ դերին վերաբերեալ հանրային իրազեկուածութեան բարձրացումն է։
Կեդրոնին հիմնական թիրախը բարձր դասարաններու աշակերտներն են, ինչպէս նաեւ ուսանողները, որոնց այցելութիւնները կը կազմակերպուին օրական երկու անգամ, 20-25 հոգինոց խումբերով։ Կեդրոն կրնան այցելել նաեւ քաղաքացիները, որոնք հետաքրքրուած են դրամանիշներու պատմութեամբ, Կեդրոնական դրամատան գործունէութեամբ, դրամավարկային քաղաքականութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, կեդրոնին մէջ տեղի կ՚ունենան հանրակրթական դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներ, դասախօսութիւններ, այցելութիւններ յատուկ խումբերու համար։
Ցուցադրութեան մէջ ներկայաց-ւած են 24 վահանակներ, կը գործեն այցելուներու մասնակցութեամբ տարածքներ, օրինակ՝ դրամանիշներու ստուգման տարրալուծարան, ուր սովորական այցելուները կրնան ստուգել իրենց մօտ եղած դրամանիշներու կեղծուած կամ իրական ըլլլալը, նաեւ դրամ քաշելու գործիք մը զետեղ-ւած է հոն:
Կեդրոնին մէջ կան նաեւ մուլթիմետիա խաղեր, կը ցուցադրուի ազգային դրամի պատմութեան մասին շարժանկար մը, Կեդրոնական դրամատան պատմութեան եւ գործունէութեան մասին երկու ժապաւէն, գիներու կայունութիւնը եւ ելեւմտական համակարգի գործունէութիւնը բացատրող շարժանկարներ, ինչպէս նաեւ դրամին նուիրուած տեսահոլովակներ։ Շրջապտոյտները կ՚իրականացուին հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, իսկ ցուցադրութիւնը երկլեզու է՝ հայերէն եւ անգլերէն։
Այս կեդրոնին մէջ կը գործէ նաեւ վաճառասրահ եւ գրադարան. գրադարանը նախատեսուած է Կեդրոնական դրամատան աշխատակիցներուն եւ տնտեսագիտական համալսարաններու ուսանողներուն եւ դասախօսներուն համար։
Կեդրոնին մէջ կարելի է տեղեկանալ ոչ միայն ներկայ դրամի պատմութեան, այլեւ՝ ցուցադրութիւնը կը հասնի մինչեւ նախադրամային շրջան, երբ Նախքան Քրիստոս Գ.-Ա. դարերուն հատուած են առաջին հայկական մետաղադրամները, որոնք կը պատկանին Ծոփքի եւ Կոմագէնի շըր-ջաններուն:
Յաջորդ շրջանը Նախքան Արտաշէսեան հարստութեան ժամանակ Տիգրան Մեծի արծաթեայ եւ պղնձեայ դրամներն են: Տեղեկութիւններ կան նաեւ Ա.-Է. դարերուն Արշակունեաց հարստութեան Հռոմէական, Պարթեւական, Սասանեան տիրակալներու մետաղադրամներուն, Ը-ԺԳ. դարերուն Արաբական խալիֆայութեան, Դուին, վրացի արքաներու մետաղադրամներուն մասին: Այնուհետեւ, ի յայտ եկած է Կիւրիկէ արքայի առաջին հայատառ գրառումներով պղնձեայ մետաղադրամը: Մոնղոլեան տիրապետութեան ժամանակաշրջան (ԺԳ.-ԺԴ. դարեր):
1893 թուականին Երեւանի նախկին ան-ւանումը կրող Էրիվանի մէջ բացուած է Ռուսաստանի կայսրութեան պետական դրամատան մասնաճիւղ:
1917-1918 թուականներուն գոյութիւն ունեցած են Անդրկովկասեան սեմի բոները, որոնք հայերէն գրառումներով առաջին թղթադրամներն էին: Անոնց վրայ ազգային նախշեր ու զարդանախշեր կային:
Դրամներ թողարկուած են նաեւ 1918-1920 թուականներուն՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին, որուն յաջորդած է Խորհրդային շրջանի դրամը, թերեւս Հայաստանի տարածքին ամենէն երկար գործածուած արժոյթը խորհրդայինը եղած է, եւ թանգարանը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ նաեւ Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան արժոյթը:
Յատկանշական է, որ առօրեայ գործածական թղթադրամներէն եւ մետաղադը-րամներէն զատ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը ամէն տարի կը թողարկէ յուշանուէրային դրամներ:
Անկախ Հայաստանի մէջ թողարկուած ամենէն առաջին յուշադրամը նուիրուած էր Սարդարապատի ճակատամարտին: Յուշադրամը շրջանառութեան մէջ դրուած է 28 Մայիս 1994 թուականին եւ անոր ան-ւանական արժէքը 25 դրամ էր:
Ամենէն շատ թիւով յուշադրամներ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը Հայոց Այբուբենի նիւթով թողարկած է: Այդպիսի յուշադրամները 78 են, որոնցմէ 39-ը արծաթեայ են, 39-ը՝ ոսկեայ: Կան նաեւ վերջին տարիներուն թողարկուած այլ յուշադրամներ՝ նուիրուած հայկական խաչքարերուն, եկեղեցիներուն, Սուրբ Էջմիածնի գանձերուն: Դրամագէտներուն համար մեծ արժէք կը ներկայացնեն նաեւ հետեւեալ թողարկումները.
2008 թուականին թողարկուած է մէկ քիլօկրամնոց ոսկեայ մետաղադրամը՝ 20-րդ դարու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գահը զբաղեցնող հայ եօթ կաթողիկոսներուն պատկերներով: Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը թողարկած է նաեւ արծաթեայ մետաղադրամ 1000 դրամ ան-ւանական արժէքով՝ համաշխարհային ճանաչում ունեցող աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումեանի ծննդեան 100-ամեայ յոբելեանի առթիւ՝ 500 օրինակով:
Թողարկուած է նաեւ 10 հազար դրամ անուանական արժէքով ոսկեայ մետաղադը-րամ՝ հայկական ծագում ունեցող յայտնի գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ, կրկին սահմանափակ քանակով՝ ընդամէնը 1000 օրինակ:
Միակ յոբելեանական թղթադրամը թողարկուած է 50 հազար դրամ անուանական արժէքով եւ նուիրուած է Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունման 1700-ամեակին:
Դրամատունը նաեւ յոբելենական եւ յիշատակային մետաղադրամներ թողարկած է, որոնք շրջանառու մետաղադրամներ են: Անոնցմէ են «32-րդ շախմատային ողիմպիական ախոյեան»՝ 100 դրամ անուանական արժէքով (մելկիոր),
«Անահիտ դիցուհի»՝ 25 հազար դրամ անուանական արժէքով (900 յարգի ոսկի),
«Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 100-ամեակ»՝ 100 դրամ անուանական արժէքով,
«Հայաստանի մարզեր եւ Երեւան» շարքի 11 մետաղադրամներ՝ 50 դրամ անուանական արժէքով,
«Հայաստանի վայրի ծառերը» շարքի 6 մետաղադրամներ՝ 200 դրամ անուանական արժէքով (արոյր) մետաղադրամները:
Հայաստանի Հանրապետութեան շատ դրամանիշներ եւ թղթադրամներ, շրջանառու մետաղադրամներ եւ յուշադրամներ մասնակցած են զանազան միջազգային մրցոյթներու եւ արժանացած են բարձր մրցանակներու, երբեմն ալ, զանազան անուանակարգերու մէջ, արժանացած են առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դիրքերուն:
Այսօր հակառակ տնտեսական հարուածներուն, վայրիվերումներուն եւ փորձութիւններուն, հայկական դրամը կայունացման ճամբայ բռնած է եւ կ՚ամրապնդէ իր տեղը հայկական միւս խորհրդանիշներու կարգին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ