ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՃՇՄԱՐԻՏ ՊԱՏՄԱԲԱՆՆ ՈՒ ՄԵԿՆԱԲԱՆԸ

Վերադարձ Մայր Եկեղեցի

2018 տարին պիտի նշէ Հայ Եկեղեցւոյ կարկառուն դէմքերէն՝ Պոլսոյ Պատրիարք, աստուածաբան, պատմագէտ, կանոնագէտ, ուսուցչապետ եւ ներհուն մտաւորական Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի վախճանման 100-ամեակը, որ պատահեցաւ Պոլսոյ իր ծննդավայրին մէջ 1918 թուի Նոյեմբեր 19-ին։

Օրմանեան Պատրիարքի կեանքը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ անցեալ դարու պատմութեան մէջ ինքնին դպրոց մը կը կազմէ, յատկանշուած նախ իր հռովմէադաւանութենէ վերադարձով դէպի Հայաստանեայց Եկեղեցի, եւ ապա անոր նկատմամբ իր անզուգական եւ մնայուն ջատագովական գրականութեամբ։ Օրմանեան իր վերադարձը կ՚որակէ այսպէս. «Հռովմէադաւանութենէ հեռանալու միտքը իմ վրայ ո՛չ կիրքի մը վայրկենական որոշում եւ ո՛չ շահադիտական կեղծիք մըն էր, այլ երկար ատեն խորհուած եւ կշռուած, եւ խոհական քայլերով յառաջացած գործ մը եղած է»։ Օրմանեան Մաղաքիա Վարդապետ գլուխն անցած 45 այր մարդոց եւ 30 տիկիններու խումբին, 1879 թուի Գիւտ Խաչի Կիրակի օր «մեծահանդէս տօնախմբութեամբ» վերադարձաւ Մայր Եկեղեցի Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքի արտօնութեամբ, որուն ձեռքով ստացաւ նոյն օրն իսկ ծայրագոյն վարդապետի տասը աստիճանները։

Նախկին գործերը

Առհասարակ հակուած ենք Օրմանեանի իր Մայրենի Եկեղեցի դարձէն ետք պատրաստած մեծարժէք հատորներու մասին միայն խօսելու, առանց յիշատակելու իր առաջին վեց գործերը, որոնք ջատագովականներն էին հակահասունեան պայքարին, ուր ան պաշտպանեց արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու ներքին անկախութեան հարցը։ 1870-1873 տարիներուն Օրմանեան հրատարակեց լատիներէն լեզուով երկու գիրքեր՝ «Արեւելեան Կաթողիկէ Հայք» եւ «Հայեր եւ Պապութիւն» տետրակները, առաջինը Պոլիս, եւ երկրորդը՝ Հռոմ։ 1872 թուին ան գրեց նաեւ ֆրանսերէն լեզուով «Քաղաքային իրաւունք եւ կրօնական ազատութիւն Կաթողիկեայց», «Հայկական հարցը», «Թուղթ ի վերայ Հայկական հարցի» եւ վերջապէս 307 էջնոց ծաւալուն «Վատիկան եւ Հայք» հատորը 1873 թուականին։

«Ազգապատում» Ա., Բ. եւ Գ. հատորներ

Հայաստանեայց Մայր Եկեղեցի վերադարձէն ետք, Օրմանեան Պատրիարքի մեծարժէք «Ազգապատում» աշխատասիրութիւնը, երեք մեծադիր հատորներով, կը ներկայացնէ, ինչպէս կը գրէ հեղինակը, «Հայ Եկեղեցւոյ անցքերը սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը, յարակից ազգային պարագաներով պատմուած»։ Առաջին երկու հատորները ինք ի լոյս ընծայեց Պոլսոյ մէջ 1912-1913 թուականներուն, իսկ երրորդը՝ յետ մահու իր անդրանիկ Արմաշական սանը՝ Տ. Բաբգէն Եպսկ. Կիւլէսէրեան 1927-ին Երուսաղէմի մէջ, որուն յանձնարարած էր կատարել։ Օրմանեանի գնահատումով՝ «Ազգապատումը կրնայ իւր տեսակին մէջ նշանաւոր երկասիրութիւն մը ըսուիլ, զի աշխարհաբար լեզուով, կատարեալ ընդարձակութեամբ, քննադատական ոճով, ժամանակագրական ճշդութեամբ, եւ անճշդութեանց ուղղութեամբ հաւասար ուրիշ գործ մը տակաւին հրատարակուած չէ»։

Յիրաւի Օրմանեան Պատրիարքի կոթողական այս գործը աննախընթաց եւ մնայուն շարայարեալ պատմութիւնն է Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ազգին՝ Յիսուս Քրիստոսէն սկսեալ մինչեւ իր օրերը, ամփոփելով դէպքերը Մայր Աթոռոյ Գահակալ Կաթողիկոսներու անուններու ներքեւ։ Հեղինակին նպատակը եղած է Հայ Եկեղեցւոյ իսկութիւնը ճշդութեամբ ցոլացնել, հայադաւան ուղղափառ եկեղեցին իր էութեամբը ներկայացնել իրենց պարզութեանը մէջ՝ հիմնուելով բոլոր հայ մատենագիրներու տեղեկութեանց վրայ, առանց բացառութեան։ Օրմանեան իր այս անփոխարինելի գործը ձօնած է հայերէն տպագրութեան 400-ամեակին եւ հայ դպրութեան 1500-ամեակին, որոնք նոյն տարին կը յիշատակուէին Հայրապետական յատուկ Կոնդակով։

Անտարակոյս համայնագիտարան մը կը ներկայացնեն երրեակ հատորները, որոնք կը կնքեն հոգեւոր եւ քաղաքական մեր անցեալի վաւերական պատմութիւնը, յանձնելով զայն գալիք սերունդներուն։ Տողերս գրողը իր հիացումին ապացոյցը տուաւ «Ազգապատում»ը շարունակելով որպէս պարտք եւ երախտիք հանդէպ իր Մայր Եկեղեցիին եւ մեծանուն երախտաւորին Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանին, զայն հասցնելով մինչեւ 21-րդ դարու սկիզբը։

«Հայոց Եկեղեցին»

Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին վրայ մնաց 12 տարիներ պատուով եւ արդիւնքով։ Իր այդ բարձր եւ փշոտ պաշտօնէն ետք ան ձեռնարկեց գրական լուրջ եւ հեղինակաւոր աշխատանքի։ 1910-ին ֆրանսերէն լեզուով հրատարակեց իր ծաւալուն երկը՝ Հայոց Եկեղեցին, զոր շուտով թարգմանեց հայերէնի։ Այդ երկը հիմնապէս գրեց օտարներուն համար որպէս «իր առաջին ձեռնարկներէն մին եւ իր հնօրեայ բաղձանքին գործադրութիւնը»։ Օրմանեանի նպատակն էր «օտարներու միտքը լուսաբանել Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ նկատմամբ», եւ իրաւամբ իր այդ գործով, որ յետագային ունեցաւ բազում հրատարակութիւններ ու թարգմանութիւններ, Հայաստանեայց Եկեղեցին օտար հասարակութեան եւ հայ մտաւորական դասուն կը ներկայացնէր 45 խտացեալ գլուխներով, իր էութեան եւ պարզութեան մէջ, իր պատմական եւ վաւերական բնոյթով։

Հայոց Եկեղեցին ութ մասերու բաժնուած է անհաւասար գլուխներով, ուր կը պարզաբանուին Հայ Եկեղեցւոյ երկարաձիգ պատմութիւնը գիտական հիմունքով, սկիզբէն մինչեւ 19-րդ դար, անոր վարդապետութիւնը, բարեկարգութիւնը, ծէսը, գրականութիւնը, եւ ներկայ կացութիւնը։ Այս բոլորը Օրմանեան խորաթափանց հմտութեամբ եւ պատմական վաւերականութեամբ համադրած է ինքնատիպ ոճով, սուր տրամաբանութեամբ եւ հեղինակութեամբ։ Ֆրանսերէնի հրատարակութեան առիթով «Եւրոպական մամուլին հեղինակաւոր քննադատները նպաստաւոր ընդունելութիւն» յայտնած են, խոստովանելով, որ «ցարդ գրեթէ անծանօթ մնացած նիւթի մը վրայ բաւարար տեղեկութիւն» ստացած են։ Անոնք զայն նկատեցին «իբր Հայ Եկեղեցւող պատմութեան եւ սկզբունքներուն ճիշդ եւ գրեթէ կատարեալ ամփոփումը», որ միանգամայն կը լրացնէր «Արեւելքի խնդիրներով շահագրգռուող արեւմուտցիներուն զգացած մեծ պակասը», որովհետեւ «ան կը բացատրէ Արեւելեան քրիստոնէութեան իսկութիւնն ու արտայայտութիւնները»։ Իր այս գիրքով Օրմանեանի տեսութիւնները կշիռք ունեցած են ու մնայուն ուղղութիւն տուած՝ յետագայ սերունդներուն, յատկապէս հայ հոգեւորականութեան եւ օտար յարանուանութեանց։

Հարկ է այստեղ աւելցնել, թէ Լոնտոնի մէջ Դերենիկ Եպիսկոպոս Փոլատեանի կողմէ հրատարակուած 1952 թուականի անգլերէն տպագրութիւնը ամենէն վաւերագրականն է, որ ունի յաւելեալ 20-րդ գլուխ մը, ուր սրբազանը ամփոփած է 20-րդ դարու Հայ Եկեղեցւոյ ժամանակագրութիւնը, որ ինքնին այժմէական դարձուցած է Օրմանեանի գործը յաչս օտարներուն։ Նորագոյն անգլերէն հրատարակութիւններ անցնող քսանամեակի ընթացքին անփոյթ եւ անթոյլատրելի կերպով չեն կարդացած սոյն լաւագոյն անգլերէն բնագիրը եւ յումպէտս եւ հապճեպ կերպով կրկնած են նախնագոյն 1912 թուի ժամանակավրէպ բնագիրը դուրս ձգելով այդ 20-րդ գլուխը, վերջինը 2016 թուին Երեւանի մէջ «Անկիւնաքար» կոչուած հրատարակչութեան կողմէ, այլապէս գեղատիպ եւ պատկերազարդ, որուն յատուկ քննադատական մը գրելու հարկը տեսանք վերջերս։

Առաքելական ծագումը

Օրինակ մը միայն յայտնի կը դարձնէ Օրմանեանի աննահանջ գնացքը, երբ ան կը բանայ գիրքը Հայ Եկեղեցւոյ առաքելական ծագման վերաբերեալ։ Ան նախ կու տայ պատմական եւ աւանդական տուեալները, ու կը հերքէ այլոց կարծիքը, որոնք ճգնած են մերժել այդ կարեւոր հանգամանքը։ Իր փաստարկութիւնը կու գայ յիշեցնել հակառակ կողմին, թէ «հարկ կը սեպենք դիտել տալ, թէ աւելի զօրաւոր չեն ուրիշ եկեղեցիներուն առաքելականութեան աւանդութիւններն ալ, եւ նոյնիսկ Պետրոս Առաքեալի Հռոմ երթալուն պատմութիւնը, կամ Յովհաննէս Առաքեալի Եփեսոս գտնուած ըլլալը, քննադատներէ իբր անվիճելի ստուգութիւն չեն նկատուիր»։ Եթէ, կը հաստատէ Օրմանեան, «յունահռոմէական աշխարհին գործերն ալ պարզ կամ տկար աւանդութիւններով կ՚որոշուին, որչափ առաւել եւս Հայաստանի առաքելականութիւնը, որ նոյնիսկ զուրկ էր գիրէ եւ գրականութենէ»։

Առողջ է նաեւ Օրմանեան Պատրիարքի դատումը Հայրապետական Աթոռի Սիսէն Էջմիածին վերադարձի մասին 1441 թուականին, երբ այլեւս որեւէ արդարացուցիչ պատճառ չկար Կիլիկիոյ թագաւորութեան եւ քաղաքական անկեալ վիճակի մը մէջ, որ Ընդհանրական Կաթողիկոսը «իր նախնական եւ նուիրական սրբավայրէն դուրս թափառէր»։

Քրիստոնէութեան դարձի նպաստը

Գիրքին 45-րդ գլխուն մէջ Օրմանեան կ՚առարկէ ընդդէմ անոնց, որոնք Հայաստանի անկումը կը վերագրեն քրիստոնէութեան, յիշեցնելով, թէ լման դար մը եւ քառորդ անցած էր քրիստոնէութեան դարձին եւ Արշակունեաց թագաւորութեան անկումին միջեւ (301-428), եւ մանաւանդ որ այդ կործանումի «նախասկիզբները չորրորդ դարէն ալ առաջ են, եւ իրենց ծագումը կ՚առնեն Հռոմայեցւոց եւ Պարթեւաց մէջ մղուած պատերազմներէն»։ Հետեւաբար կ՚ըսէ «Հայոց քրիստոնէութիւնը ընդունիլը ո՛չ միայն անկումին պատճառ չեղաւ, այլ այդ վտանգը յետաձգելու արդիւնքը ունեցաւ։ Ասոր հակառակը ընդունիլ պիտի նշանակէր թէ բարբարոս եւ անկիրթ վիճակը ամենեւին օգտակար վիճակն է ազգերու դիրքը զօրացնելու»։

Նոյն գլխուն մէջ Օրմանեան դիտել կու տայ, որ հայոց քրիստոնէութիւնը պաշտպանելը ի գին Վարդանանց եւ այլ մեծամեծ զոհողութեանց, զուտ կրօնական չէր, այլ նաեւ ազգային, որովհետեւ Պարսկաստան կը հետամտէր ջնջել հպատակ ազգերու առանձնայատկութիւնները, եւ եթէ հայերն ալ կրօնափոխութեան հպատակէին, իրենք ալ մազդեզական կրօնքով պարսիկ տարրին մէջ ձուլուած պիտի ըլլային։

Բարեկարգութիւն

Բարեկարգութեան գլխուն տակ երբ Օրմանեան կը գրէ կղերականութեան նիւթի շուրջ մեզմէ հարիւրամեակ մը առաջ, ամուսնացեալ եւ կուսակրօն կղերին յարաբերութիւնները կը ճշդէ, աւելցնելով այն պարագան, որ ամուսնացեալ կղերին առջեւ դէպի եպիսկոպոսութիւն բարձրանալու արգելքը «ո՛չ հին օրէնք է, եւ ո՛չ կանոնական պահանջ», յիշեցնելով որ «եպիսկոպոսութիւնը երբ լաւ ուսումնասիրուի, պիտի տեսնուի թէ անիկա քահանայական պաշտօններու եւ հոգ հոգւոց կոչուած ծառայութեանց լրումը կամ բովանդակութիւնն է, եւ ամուսնացեալ քահանայութեան կարգէն է»։ Օրմանեան Պատրիարքի եզրակացութիւնն այն է, թէ եպիսկոպոսական ընտրելիներու մասին եկեղեցւոյ հնաւանդ եւ կանոնական ձեւը նորէն ձեռք առնուի, «եւ ամուսնացեալ կղերին առջեւ նորէն բացուին եկեղեցականութեան բարձրագոյն աստիճանները», ինչպէս ինք բնորոշած է։ Այս հաստատումներուն վրայէն արդէն անցեր են հարիւր տարիներ եւ սակայն այսօր Հայ Եկեղեցին կը մնայ ուր որ էր։

«Համապատում» Հատորը

Օրմանեան Պատրիարքի միւս կարեւոր հատորը «Համապատում»ն է, որ չորս Աւետարաններու համապարփակ բովանդակութիւնը կը ներկայացնէ՝ խտացեալ եւ պատմուած դէպքերու համաձայնութեամբ։ Նման գործեր օտար հեղինակներ բազմիցս պատրաստած են, եւ սակայն հայ կրօնական գրականութեան մէջ չկար «Համապատում»ին հասնող հատոր մը իր ընդարձակութեամբ, պարզաբանութեամբ, անճշդութիւններու սրբագրութեամբ եւ խորաթափանց մեկնաբանութեամբ։

1875-ին լոյս տեսած էր Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի «Ուսումն համաբարբառ Աւետարանի Տեառն մերոյ» 740 էջնոց հատորը՝ տպուած Արմաշու վանքի տպարանին մէջ, ուր Վարժապետեան իր կանխաբանութեան մէջ կը ճշդէր, թէ «բաւական համարելով հնոց եւ նորոց կարեւորագոյն բացատրութիւններն ընտրանաւ համառօտել եւ չորից սրբոց Աւետարանչաց ի վաղուց անտի ընկալեալ համաձայնութեամբ ի լոյս ընծայել», յուսալով որ իր անկատար գործը «խայծ մը կամ քաջալերութիւն մը պիտի ըլլար իմաստնախոհ եւ կարողագոյն անձանց՝ աւելի աղէկը գրելու»։ Օրմանեան նոյն Ներսէս Պատրիարքի քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ Մայր Եկեղեցւոյ գիրկը վերադարձած էր, որ տեղեակ ըլլալով անոր գիրքի մասին, աւելի ուշ ի՛նք եղաւ իր հովանաւորին «իմաստնախոհ եւ կարողագոյն» անձը, որ ի նորոյ գրեց իր «Համապատում»ը, գիտական հմտութեամբ, տրամաբանական կառոյցով եւ իմացական թափանցումով։

Այս կարեւոր երկին մէջ Օրմանեան Սրբազան չորս Աւետարաններէն ոչ իսկ համար մը զանց առած է։ Ընդհակառակը, տիրական հմտութեամբ, անվրէպ յիշողութեամբ, եւ համապարփակ համադրութեամբ կրցած է ձուլել Աւետարաններու ամբողջ պարունակութիւնը ու զայն վերածել պատմական եւ դաւանական միաւորի մը։

Ժամանակագրութիւնը հեղինակին մօտ

Ժամանակագրութիւնը ողնայարն է պատմութեան, եւ Օրմանեան իր «Ազգապատում»ներու երեք հատորներուն մէջ այս անփոխարինելի սկզբունքը առաջնորդ ունեցած է, ճիգ ընելով աղբիւրներու երբեմն յստակ եւ շատ անգամ անորոշ տուեալներով ճշդել թուականներ, դէպքերու յարաբերութիւններ, եւ անճշդութեանց յայտնաբերումներ։ Յայտնի է, որ հայերէն գրաւոր պատմագրութիւնը խառն եւ թերի տուեալներ շատ ունի, որուն համար գիտական ճիգ, աղբիւրներու բաղդատութիւն եւ ձեռագրագիտական հասկացողութիւն անհրաժեշտ են հեղինակին համար։ Օրմանեան Պատրիարք իր ժամանակագրութիւնը ճշդութեամբ վերականգնելու դժուարին աշխատանքին լծուած է՝ օգտագործելով հայ եւ օտար քննական ուսումնասիրութիւններ։ 

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2017