ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶԱՆԱԶԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԳԻՒՂԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Ամանորը աշխարհի ամենէն սիրելի տօներէն մին է։ Նոր տարին նշելու ընթացքին, հարազատներ քով-քովի գալով, միասնաբար կը փակեն հին տարին եւ նորանոր մաղթանքներով ու յոյսերով Նոր տարին կը դիմաւորեն։ Երբ Նոր տարի կ՚ըսենք, չենք կրնար զայն առանց տօնածառի, Կաղանդ պապայի եւ մսուրի պատկերացնել։ Իւրաքանչիւրը ունի իր նախընթաց պատմութիւնն ու խորհրդանիշը։ Ներկայ գրութեամբ, համառօտ տողերու մէջ ներկայացուցած ենք Կաղանդի տօնախմբութեան պատմականը, տօնածառի եւ անոր խաղալիքներուն խորհրդանշական իմաստը։ Ապա, ընդհանուր շրջածիրի մէջ խօսած ենք, թէ հին ժամանակ հայկական զանազան քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ հայորդիք Կաղանդը ինչպէ՞ս կը տօնէին։
ԱՄԱՆՈՐ
Ամանոր կը կոչուի Նոր տարուան առաջին օրը: Ամանորը Նաւասարդ բառին բացատրութիւնն է, որ զենդերէն կը նշանակէ (նաւ-նոր. սարդ-տարի): Նաւասարդը հայկական տոմարի առաջին ամիսն է: Հին ժամանակներուն Նաւասարդը մեծ հանդիսաւորութեամբ կը տօնէին: Թագաւորը եւ նշանաւոր իշխանները կը մասնակցէին. կը կատարէին զոհաբերութիւններ. կը կազմակերպէին ձիարշաւներ, ցլամարտեր…:
Ամանորը հեթանոսական շրջանի մեծագոյն տօնն էր: Ամանորի արարողութեան ընթացքին մարդիկ իրենց բերքի առաջին պտուղը՝ երախայրիքը կը բերէին: Նոր տարին կը կոչուի նաեւ Կաղանդ, որ կը նշանակէ ամսամուտի առաջին օրը, ինչպէս նաեւ՝ կոչել, կանչել: Այդ օրը մունետիկ քուրմերը ժողովուրդը պաշտամունքի կը կանչէին։ Այժմ Կաղանդ բառը կը նշանակէ Նոր տարի. իսկ Կաղանդ բառէն գոյաւորուած է Քալանտրիէ=օրացոյց բառը. այն իմաստով, որ մէկ օրը միւսը կը կանչէ: Կաղանդ բառէն յառաջ եկած է նաեւ Կաղանդչէքը, որ կը նշանակէ իրարու նուէր տալ:
Նոր տարուան տօնական խնջոյքը կը սկսէր Դեկտեմբեր 31-ի ընթրիքով: Որպէս կանոն. այդ օրը այցելութիւններ չէին կատարուեր. սակայն ընտանիքի բոլոր անդամներուն ներկայութիւնը ընթրիքին պարտադիր էր: Տան աւագ անդամը կ՚օրհնէր սեղանը, կը բարձրացնէր առաջին բաժակը, կը շնորհաւորէր տնեցիներն ու ընտանիքի Նոր տարին եւ կ՚առաջարկէր բոլորին. առաջին բաժակին հետ մեղր համտեսել եւ միասնաբար ըսել՝ «Անուշ մեղր ուտենք. որ տարին բոլոր անուշ զրուցենք. անուշ լսենք. անուշ վարուինք»:
Սովորութիւն էր նաեւ, որ ընթրիքը սկսելէն առաջ, տան գլխաւորը երեք բուռ կաղին եւ ընկոյզ դէպի տանիք կը նետէր՝ «Շէն կենայ կալանտար. բարով կալանտար ըլլայ» խօսքերով. յուսալով, որ նետուած այդ կաղինը, ընկոյզը յառաջիկայ տարուան առատութիւն պիտի ապահովէին: Ընթրիքին կը յաջորդէր աղանդներու ճաշակումը, որ բաղկացած կ՚ըլլար թարմ ու չոր միրգերէ, խմորեղէններէ եւ ընդեղէններէ:
ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌ
Գալլերը, որոնք Ք.Ա. 6-5-րդ դարերուն բնակած են ներկայ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, հիւսիսային Իտալիոյ, արեւմտեան եւ հիւսիսային Սպանիոյ տարածքներուն մէջ, ունէին արեգակին նուիրուած տօն մը, որ կրակը կը խորհրդանշէր:
Արեգակին եւ մարդոց միջեւ իբրեւ միջնորդ կը ծառայէր զարդարուած եղեւինի գերանը, որուն վրայէն զանազան ուտելիքներ կը կախէին, յետոյ զայն կը գլորէին վառուող կրակին մէջ։ Տօնակատարութեան ընթացքին գերանը դանդաղօրէն կ՚այրէր, իսկ Գալլերը կը հաւատային, որ այդպէսով չար ոգիներէն կը ձերբազատէին: Ըստ անոնց, Դեկտեմբեր 23-ին, ձմեռն ու գարունը, մութն ու լոյսը իրարու կը բախէին:
Յետագային, Հռոմէացիները Գալլերը իրենց հպատակ դարձուցին եւ այսպէսով երկու ժողովուրդներն ու կրօնները իրարու միախառնուեցան։ Եղեւինին գերանը աստիճանաբար փոխարինուեցաւ եղեւինի ճիւղերով ու փոքր եղեւիններով։ Նշենք, որ այդ ժամանակ եղեւինի գերանը առաստաղէն կը կախէին:
Գերմանական ցեղախումբեր Ս. Ծննդեան տօնին արու անասուններ եւ գերիներ կը զոհաբերէին՝ զանոնք կախելով ծառերու ճիւղերէն: Իսկ Սկանտինաւիոյ հեթանոս թագաւորները ինն տարին անգամ մը իւրաքանչիւր անասնատեսակէ ինն արուներ կը զոհաբերէին սրբազան պուրակներու մէջ:
Այսուհանդերձ կարելի չէ փաստել, թէ Կաղանդի ծառեր զարդարելու արդի սովորութիւնը ուղղակիօրէն սերած է հեթանոսական աւանդութիւններէ: Զայն կարելի է տանիլ մինչեւ 16-րդ դար, Գերմանիա: Կ՚ըսուի, թէ 16-րդ դարու սկիզբը Մարթին Լիւթէր մոմերով զարդարած է Կաղանդի փոքր ծառ մը՝ մանուկներուն ցոյց տալու համար, թէ Ս. Ծննդեան գիշերը աստղերը ինչպէս կը պլպլային:
Տուներու մէջ Կաղանդի ծառ դնելու սովորոյթը սկսած է 17-րդ դարուն։ Սթրազպուրկի մէջ կրօնաւոր մը դժգոհած է. թէ այս սովորութիւնը մարդոց ուշադրութիւնը Աստուծոյ խօսքէն կը շեղէր:
Կաղանդի ծառը ազնուական խա-ւին քով սկսաւ ժողովրդականութիւն վայելել 19-րդ դարու սկիզբը եւ տարածուեցաւ թագաւորական պալատներու մէջ, մինչեւ հեռաւոր Ռուսաստան: 1816-ին, Հենրիէթթա Վոն Նասօ-Վիլպուրկ իշխանուհին զայն ներմուծեց Աւստրիա, ուր սովորութիւնը անմիջապէս սկսաւ տարածուիլ:
Ֆրանսայի մէջ Կաղանդի առաջին ծառը զարդարուած է 1840-ին, Օրլէանի դքսուհիին կողմէ: Այսպէսով, Կաղանդի ծառ դնելու սովորոյթը սկսաւ գործածուիլ Եւրոպայի մէջ եւ նոյնիսկ մուտք գործել քրիստոնեայ աշխարհ։
Հեթանոսները ծառերու միջոցով պաշտած են իրենց աստուածները: Քրիստոնեաներ այդ ծառերը որդեգրած են Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան տրուած Նուէրին՝ Քրիստոսի մասին խօսելու համար: Կաղանդի ծառը մշտադալար ծառ մըն է, որ կը յիշեցնէ Քրիստոսի ընդմէջէն յաւիտենական կեանքի հասնելու կարելիութիւնը: Ծառին ձեւը կը յիշեցնէ, թէ մարդկութիւնը երկնային ծնունդ է: Անոր փշոտ ճիւղերը կը խորհրդանշեն Քրիստոսի կրած տառապանքները։ Ծառէն կախուած լոյսերը կը յիշեցնեն, թէ Քրիստոս աշխարհի լոյսն էր։ Ծառին վրայ կախուած զարդերը եւ անոր տակ դրուած նուէրները կը յուշեն, թէ մարդկութեան տրուած բոլոր բարիքները եւ իւրաքանչիւր նուէր երկնքէն կու գան։
ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐ
Եղեւին: Շատեր համոզուած են, թէ եղեւինին դէպի երկինք բարձրացող ասեղնատերեւները կը խորհրդանշեն Աստուծոյ ուղղուած հաւատացեալներու աղօթքներն ու աղաչանքները:
Աստղը: Աստղը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի ծնունդի ժամանակ մոգերուն երեւցող աստղը։ Նաեւ կ՚ըսուի, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը երկնքի մէջ ունի աստղ մը, որ յոյսի եւ փրկութեան ձգտումն է:
Զանգակը: Զանգակը կը գործածուի մոլորած ոչխարները գտնելու համար: Հետեւաբար, զանգակը նաեւ մոլորած մարդիկը դէպի տուն ու հաւատք կը կանչէ:
Մոմերը: Մոմերը կը խորհրդանը-շեն աստուածային լոյսը, որ կը վառի մանկացեալ Փրկչի՝ Յիսուսի ծննդեան առթիւ, տրուած ըլլալով, որ ան կեանքի լոյսը կը խորհըր-դանշէ:
Պսակը: Պսակը բնութեան յաւերժութեան խորհրդանիշն է։
Պուլերը: Տօնածառի պուլերը կը խորհրդանշեն երկրագունդը, որուն չորս ծագերուն գտնուող քրիստոնեայ աշխարհը միասնաբար Քրիստոսի ծնունդը կը տօնէ:
Մսուրը: Մսուրը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի համեստ տունը։ Մսուրը նոյնպէս կը խորհրդանշէ աշխարհի բոլոր չքաւորները, որոնք մեր ուշադրութեան եւ օգնութեան կարիքը ունին:
Փափիյոն (ժապաւէն): Ժապաւէնը կը խորհրդանշէ մարդոց միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական կապերը եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան տենչը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հին ժամանակ, երբ Կաղանդի իրիկունը հայ տուն մը այցելէինք, մեր առջեւ հետեւեալ պատկերը կ՚ունենայինք: Հազիւ տունէն ներս մտած՝ կը տեսնէինք ձէթի լապտերի լոյսով լուսաւորուած սենեակ մը, որուն շուրջ գետնի վրայ բազմոցներ շարուած կ՚ըլլային: Մեր աչքերը սեղանին վրայ պտտցնելով՝ կը հանդիպէինք չոր մրգեղէններու եւ տարբեր տեսակի քաղցրեղէններու։ Սեղանին ճիշդ կեդրոնը կրնայինք խմորեղէնով պատրաստուած գաթան տեսնել: Տանտիկինը անոր երեսին վրայ տեսակ-տեսակ կենդանիներու եւ թռչուններու ձեւեր նկարած կ՚ըլլար: Գաթան իր վրայ կ՚ունենար նաեւ փոսիկներ, որոնց մէջ երեխաները ցորենի հատիկներ լեցնելով՝ տանիք կ՚ելլէին եւ աջ ու ձախ ցրուելով՝ կը սպասէին, որ թռչունները գային եւ կտցէին զանոնք։ Անոնք կը հաւատային, որ այս Աստուծոյ ղրկած Կաղանդչէքն էր:
ԿԱՂԱՆԴԸ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ
Նախապէս, տիգրանակերտցիները մեծ շուքով կը տօնէին Կաղանդը եւ զայն «Լոլէ» կ՚անուանէին: Ծննդեան պահքի մէջ ըլլալուն պատճառով, մսեղէն կերակուրներ կը պատրաստուէին: Անշո՛ւշտ, գինին եւ օղին անպակաս էին Տիգրանակերտի քաղաքացիին սեղանէն:
Ամէն ընտանիք իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կը պատրաստէր սեղանը, որուն ամենէն կարեւոր մասը կը կազմէր Լոլէի (Կաղանդ) պրկիշը, այսինքն՝ պղինձէ կլոր ափսէն, որուն վրայ կերակուր կ՚ուտէին եւ սովորաբար թոնիրին վրայ կը դնէին: Անոր մէջ կը տեղաւորէին չամիչ, ընկոյզ, պաստեղ, սուճուք, քէսմէ, թուզ, արմաւ, շաքարեղէններ, պտուղներ եւ կարմիր գինի, իսկ կեդրոնը կը զետեղուէր ճիւղաւոր մոմակալ մը, որուն վրայ կարմիր եւ կանաչ գոյնի մոմեր կը դրուէին։
Ազգականներ իրարու այցելելով՝ նուէրներ կը փոխանակէին եւ բոլորը միասին մինչեւ առտու կը խմէին: Այսպէսով, թէ՛ աղքատը եւ թէ հարուստը ուրախ-զուարթ Կաղանդ մը կը տօնէին՝ մոռնալով իրենց ցաւերն ու հոգերը:
Հետաքրքրական երեւոյթ մըն էր փոքրիկներուն նուէր ստանալու օրէնքը: Հայրերը զուարճանալի մթնոլորտ մը ստեղծելու համար, փոքրիկները կը հաւաքէին եւ անոնց կը թելադրէին, թէ ան որ առաջին անգամ փռնգար, յատուկ նուէրով մը պիտի պարգեւատրուէր։ Երեխաները գիտէին այս խաղը եւ նախօրօք կը պատրաստուէին։ Իրենց հետ «թութուն» կոչուած նիւթ մը բերելով՝ անմիջապէս իրենց քիթի խոռոչին կը մօտեցնէին ու կը փռնգտային:
ՎԱՆԻ ՄԷՋ
Տեղական բարբառով Կաղանդը Տարին-Գլուխ կը կոչուի: Իւրաքանչիւր ընտանիք իր սեղանը այլազան միրգերով, կերակուրներով, ընդեղէններով եւ քաղցրեղէններով կը պատրաստէր: Տան մեծը սեղանը կ՚օրհնէր եւ ապա ընթրելու կը սկսէին։ Երբ ընթրիքը վերջանար, Կաղանդի արարողութիւնը կը սկսէր: Մայր ու որդի, հարս ու կեսուր, քոյր ու եղբայր կը սկսէին երգել։
Կաղանդի առաւօտեան շատեր եկեղեցի կ՚երթային, իսկ բարեկամներ իրարու կ՚այցելէին։ Յունուար 2-ին, դպրոցականները իրենց ուսուցիչներուն նուռ, խնձոր նուէր կը տանէին, իսկ հարուստները՝ գլխարկ, թաշկինակ:
ԵՐԶՆԿԱՅԻ ՄԷՋ
Դեկտեմբեր 30-ի իրիկունը մեծ մայրը հարսերուն պինդ խմոր պատրաստել կու տար: Ընթրիքէն ետք, կիները սեղանին շուրջ կը հաւաքուէին եւ տարբեր ձեւի հացեր կը պատրաստէին, տան տղամարդոց համար քսակաձեւ հաց մը, կիներուն՝ հիւսկէնաձեւ, իսկ ընդհանուր ընտանիքին համար՝ սկաւառակաձեւ խոշոր հաց մը, որ Նոր տարի կը կոչուէր: Ասոր վրայ խաչ մը կը գծուէր, որուն մէջ դրամ կը դրուէր:
Առաւօտուն, տանտիկինը թոնիրը կը վառէր եւ հացերը եփելու կը սկսէր: Քսակաձեւ հացերը, որոնք միւսներէն աւելի թանձր էին, եփելու ընթացքին կ՚ուռէին, իսկ որուն հացը որ շատ ուռէր, կը նշանակէր, թէ բախտը բաց էր եւ իր քսակին մէջ դրամը առատ պիտի ըլլար:
Երկրագործ ժողովուրդներուն մօտ ընտանի կենդանիները մեծ կարեւորութիւն ունէին: Գիւղացին իր եզն ու գոմէշը շատ կը սիրէր: Հետեւաբար, քանի մը հաց կ՚առնէր, ախոռ կը տանէր եւ զանոնք կը կերակրէր, անոնց պոչերուն վրայ կարմիր ժապաւէն կը կապէր:
Տարեմուտին, մանչ զաւակ նշանողները մեծ պարտաւորութիւններու տակ կ՚իյնային։ Անոնք պարտաւոր էին թանկագին զարդեղէններով, տարբեր նուէրներով հար-սընցուին այցելել եւ անոր Կաղանդը շնորհաւորել։ Իսկ յաջորդ տարի, աղջկան ծնողները նոյն «փորձանք»ին մէջ կ՚իյնային, փեսային տունը երթալով՝ արժէքաւոր նը-ւէրներով զինք կը շնորհաւորէին:
Երզնկայի կիները կը հաւատային, որ Կաղանդի գիշերը հոսող ջուրերը որոշ ժամանակ ջուրի տեղ ոսկի կը հոսէին։ Ուստի, ջուրին մէջ տունէն առարկայ մը կը դնէին, որպէսզի ոսկիներէն քանի մը հատը անոր կառչէին (փակէին):
Երզնկացիներուն կարծիքով՝ Կաղանդի գիշերը Յիսուս Փրկիչը Ս. Կոյսին հետ միասին իւրաքանչիւր բարեպաշտ հայու տուն կրնար այցելել՝ այդ ընտանիքը օրհնելու համար։ Տէրունական այցելութեան իբրեւ յարգանք, մինչեւ առաւօտ տան բոլոր սենեակներուն մէջ ճրագներ կը վառէին։
ԽԱՐԲԵՐԴԻ ՄԷՋ
Խարբերդցիք հետաքրքրական սովորութիւն մը ունէին։ Տան մանչերը սենեակին կղպանքը ներսէն ամրացուցած կ՚ըլլային, որպէսզի տան հայրը դուռը չկարողանար բանալ։ Այս սովորութիւնը «կախուկ» կը կոչուէր։ Շատ մը տնեցիներ սկիզբէն ներսը ձեղունէն չուան մը կը կախէին։ Իսկ եթէ հայրը առանց ծրարի ներս մտնէր, տնեցիները իրենց պահուըտած տեղերէն ելլելով, կը բռնէին զինք՝ «պատժելու» եւ «կախելու» համար։ Բայց երբ տան աւագը իր ծրարը ցոյց տար՝ զինք հանգիստ կը ձգէին։ Ապա ընտանիքին բոլոր անդամները վառարանին շուրջը կը բոլորուէին եւ իրենց հօր բերածը կը վայելէին։
ԱՐԱԲԿԻՐԻ ՄԷՋ
Դեկտեմբեր 31-ը «Տոլտուր» կը կոչուէր։ Արաբկերցիները կ՚ըսէին. «Այսօր տոլտուր է, վաղը կաղանդ»։ Անոնք Կաղանդը Յուն-ւար 1-ին կը տօնէին: Սեղանները շտկուած կ՚ըլլային. պտուղները անոնց վրայ շարուած՝ թարմը առանձին, չորը առանձին: Մոմեր կը վառէին, քէմէնչէ կը նուագէին եւ իրարու նուէրներ կու տային:
Սեղաններուն վրայ չամիչ, պաստեղ, թուզ, ընկոյզ, կաղին, արմաւ, տանձ, խնձոր, խաղող, սերկեւիլ, նուռ եւ թութի օղի կը դրուէին։ Իսկ տանտիկինները բրինձով եղինձ, փախլաւա, քիւֆթէ, ձուկ, պիշի, սունուխ, ապուխտ ու պանիր կը պատրաստէին:
ՀԱՄՇԷՆԻ ՄԷՋ
Նոր տարուան նախորդող օրը «Ծաղկըմուտ» կը կոչուէր: Այդ օրը եօթ տեսակ կերակուր ու տեսակաւոր հացեր կը թխէին: Տանտիկինները տունը կ՚աւլէին եւ աղտը ջուրին մէջ կը թափէին: Իսկ տղամարդիկ իրենց բոլոր հաշիւները կը մաքրէին, որպէսզի ո՛չ տալիք, ո՛չ ալ առնելիք ունենային:
Ծաղկամուտի իրիկուան խնձորի մը մէջ դրամ կը դնէին եւ մինչեւ առաւօտ կը պահէին: Առաւօտեան խնձորները ընտանիքին անդամներուն միջեւ կը բաժնէին եւ այն մարդը, որուն խնձորէն դրամը դուրս կու գար, տարուայ բախտաւորը կը համարուէր։
ՏՐԱՊԻԶՈՆԻ ՄԷՋ
Կաղանդի նախօրեակին կիները տանիքը, ձեղունն ու միջնակայ գերանը կ՚աւլէին, իսկ փոշին իրենց տան սահմաններէն դուրս կը թափէին՝ ընտանիքէն ամէն տեսակի չարիք հեռացնելու համար: Տրապիզոնցի կինը եօթ պնակ կը պատրաստէր եւ անոնց մէջ տարբեր պտուղներ կը լեցնէր։
Նոր տարուան շրջանին տրապիզոնցին որոշ նախապաշարումներով կը շարժէր: Տունէն ելլելու եւ մտնելու ատեն չափազանց ուշադիր կ՚ըլլար, նախ աջ ոտքը կ՚երկարէր՝ չարը խափանելու համար եւ ապա ձախ ոտքը: Իսկ երիտասարդուհիները առաւօտեան շատ կանուխ աղբիւր կը վազէին, այն հաստատ համոզումով, թէ ան որ առաջինը աղբիւրէն վերադառնար, իր փափաքները պիտի իրականանային։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ