ԾՆՆԴԿԱՆԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԸ - 2
Մօր եւ մանուկի համար յոյժ կարեւոր են կեանքի առաջին քառասուն օրերը: Նոր լոյս աշխարհ եկած փխրուն արարածը, ըստ բնական օրինաչափութեան՝ կը մտնէ կեանքի նոր միջավայր մը, որ խիստ կը տարբերի անոր նախնական՝ մայրական ներքին միջավայրէն: Եւ նախքան իրական կեանք մտնելը՝ մանուկը պէտք է յարմարուի կեանքի այս նոր միջավայրին՝ օդին, լոյսին, ձայնին:
Քառասնօրեայ շրջանը ոչ պակաս կարեւոր է նաեւ ծննդկանի համար: Քանզի այդ շրջանին մայրիկները կ՚ըլլան հիւծուած, թոյլ ու տկար, գերզգայուն:
Յետծննդաբերական շրջանին աւելի շատ կը ցաւի հոգին: Ցաւ մը, որուն շատեր ուշադրութիւն չեն դարձներ: Մինչդեռ հոգիի ցաւը առաւել ուժգին է, քան ֆիզիքականը: Անմիտ խօսք մը, արտայայտութիւն մը կրնայ խորապէս խոցել գերզգայուն ծննդկանը: Պէտք է մեծ ուշադրութիւն դարձնել հոգիի կազդուրման: Հոգին շատ կարեւոր է:
Աւա՜ղ, իմ երկու ծննդկանութեան շրջանին հոգիս անտեսած ու խիստ վիրաւորած են, թերեւս անգիտակցաբար: Ոչ մէկը հոգատարութիւն ցուցաբերած է իմ հոգիի նկատմամբ: Ըմ-բըռնումի փոխարէն պահանջած են աւելին: Այդ շրջանին խոցելի մէկու մը պահանջներ ներկայացնելը պարզապէս անմարդկային արարք մըն է:
Քառասունքի շրջանին ծննդկանը կը նմանի բաց հոսանքալարի մը: Անզգոյշ քայլի մը պարագային անմիջապէս կը հոսանքահարէ: Արգելակներդ կը փճանան, չեն աշխատիր: Որքան ալ ջանաս ինքզինքդ զսպել, ուշադրութիւն չդարձնել՝ անկարող կ՚ըլլաս: Սա ծանր շրջանի յաղթահարման միակ բալասանը սէրն ու գուրգուրանքն է հանդէպ հոգիի: Այլեւս մեծ դժուարութեամբ կը դիմանաս յետծննդաբերական ցաւերուն, պզտիկ անհամաձայնութեան, անհասկացողութեան պարագային անմիջապէս կը պոռթկաս: Դիմացինն է, որ պէտք է զինուի համբերութեամբ: Եւ կրակի վրայ իւղ թափելու փոխարէն, զգուշութեամբ փորձէ մարել: Այնքան զգոյշ, որ յանկարծ կրակը չբոցաւառի. ո՛չ ինքը տուժէ, ո՛չ ալ դիմացինը:
Հոգեկան անկումային շրջան մը կ՚ապրիս: Յատկապէս ծանր կ՚անցնին երեկոյեան ժամերը: Յոռետես մտքերը կը պատեն ուղեղդ: Անկարող ըլլալով կառավարել զգացումներդ, իւրաքանչիւր մանրուքի կ՚արտասուես, կը վշտանաս: Սա ապրումները կ՚ապրի իւրաքանչիւր ծննդկան՝ տարբեր չափաբաժիններով:
Հոգին ու հոգեւորը:
Աշխարհիկ բոլոր օրէնքներու ակունքը կը բխի Սուրբ Գիրքէն, ուր զետեղուած են Աստուծոյ պատուիրաններն ու օրէնքները: Վերջերս պարզած եմ, որ քառասունքի շրջանին ծննդկանը իրաւունք չունի եկեղեցի մտնելու, պատարագի մասնակցելու, հաղորդութիւն ստանալու: Քանզի այդ շրջանին ան կը համարուի անմաքուր: Եւ միայն քառասուն օր վերջ ստանալով քահանայի օրնէնքը՝ մաքրուելով, իրաւունք կը ստանայ այցելելու սրբավայր: Այս մասին Հին կտակարանի մէջ Տէրը խօսելով Մովսէսի հետ կ՚ըսէ հետեւեալը. «Եթէ որեւէ կին յղիանայ եւ ծնի արու զաւակ, թող ան անմաքուր համարուի եօթը օր, այսինքն՝ այնքան, որքան անմաքուր կը համարուի իր դաշտանի շրջանի համար: Ութերորդ օրը թող ան թլփատէ իր որդին: Ատկէ ետք երեսուներեք օր ալ ան պէտք է սպասէ, որպէսզի մաքրուի իր արիւնը: Ան ոչ մէկ մաքուր բանի ձեռք պիտի տայ ու սրբարան պիտի չմտնէ, մինչեւ լրանան անոր մաքրուելու օրերը: Իսկ եթէ ան աղջիկ զաւակ ունենայ, թող եօթը օր համարուի անմաքուր, այսինքն՝ այնքան, որքան իր դաշտանի շրջանի համար կը համարուի անմաքուր: Ատկէ ետք վաթսունվեց օր ալ ան պէտք է սպասէ, որպէսզի մաքրուի իր արիւնը...» (Ղեւտական 11,12)։
Հոգեւոր առումով քառասնօրեայ շրջանը կարեւոր է նաեւ նորածինի համար: Եկեղեցին ունի մանկան քառասունքի յատուկ կարգ մը, համաձայն որու՝ ծննդեան օրուընէ համրած քառասուներորդ օրը ծնողները երեխայի հետ միասին կու գան եկեղեցի եւ կը ստանան օրհնութիւն:
Քառասունքի կանոնը մաքրութեան օրէնքն է, զոր կը վերաբերի նախ երեխայի մայրիկին, այնուհետեւ՝ երեխային: Քառասունքի ընթացքին մայրը կը մաքրուի արիւնահոսութեամբ, եւ այդ օրերուն, ինչպէս վերը նշեցի, երեխայի մայրիկին արգիլուած է այցելել եկեղեցի:
Մեր հասարակութեան մէջ թիւրըմբռնում մը տարածուած է, ըստ որու, քառասունքի ընթացքին արգիլուած է մարդկանց այցելութիւնը նորածինի ընտանիքին:
Այցելել կարելի է: Պարզապէս պէտք է ուշադրութիւն դարձնել առողջական վիճակին, որպէսզի հիւանդութեան պարագային, վարակ մը չփոխանցեն մօր ու մանկան տկար առողջութեան: Ուստի, երեխային տեսակցութեան գալը արգիլելը որեւէ կապ չունի քրիստոնէութեան հետ: Թէպէտ, ըստ իս, նախընտրելի է այդ շրջանը անցընել հանգիստ պայմաններու մէջ: Մարդկանց հոսքը կրնայ յոգնեցնել ու գերծանրաբեռնել ծննդկանը: Իսկ վերջինս ունի հանգիստի կարիք: Որքան շատ ծննդկանը հանգչի, այնքան շուտ կ՚ապաքինին մարմնական ու հոգեւոր վէրքները: Իսկ ինչ կը վերաբերի երեխային, երեխան ծննդեան առաջին իսկ օրէն պէտք է սկսի սորվիլ կեանքը: Ան պէտք է ունենայ բացօթեայ զբօսանքներ՝ անկախ եղանակային պայմաններէն, ոչ թէ գտնուի տնային կալանքի տակ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան