ԴԷՊԻ ՅԵՏՀԱՇՈՒԱՐԿ

Նոր տարի... Նոր երազանքներ, յոյսեր, նոր սկիզբներ... Ահաւասիկ, տարի մը եւս սահեցաւ մարդոց կեանքէն։ Սա իւրայատուկ օր մըն է, երբ իւրաքանչիւրը կը վերաքննէ իր կեանքը՝ անցեալով ու ներկայով եւ անոնց հիման վրայ նոր որոշումներ կ՚առնէ, ծրագրեր կը մշակէ։ Ըստ էութեան, Ամանորը կարեւոր տեղ ունի մարդու կեանքի պատկերացումներուն մէջ:

Մենք դասեր կը քաղենք անցեալէն եւ կը դասաւորենք ապագայի նպատակներն ու ներկայ խնդիրները: Թէեւ այս յատուկ օրը որոշ մարդոց կողմէ ժամանակ առ ժամանակ կրնայ արհամարհուիլ, արժեզրկուիլ կամ անկարեւոր նկատուիլ, սակայն, իր տեղը ունի մեր բոլորի ընկերային կեանքին մէջ: Այստեղ կարեւոր է յիշել, թէ իրականութեան մէջ կեանքի իւրաքանչիւր օրը առանձնայատուկ է:

Մեր ետին կը թողենք տարի մը եւս՝ իր ամբողջ դառնութեամբ ու քաղցրութեամբ։ Նոր տարին բոլորին համար տարբեր նշանակութիւն ունի. մեզմէ ոմանք կը հաշուեն, թէ անցեալ տարիները ի՛նչ բերած են, իսկ ոմանք կը մտածեն, թէ անոնք ի՛նչ աւելցուցած կամ ի՛նչ խլած են։ Մենք վերատեսութեան կ՚ենթարկենք մեր ըրածը եւ մեր սորվածը աւարտած տարիէն։ Կը մտածենք, թէ արդեօք օգտակա՞ր ենք մեր միջավայրին եւ արդեօք լաւ կ՚օգտագործե՞նք մեր ժամանակը։

Իւրաքանչիւր նոր տարիին մարդկութիւնը կը կերտէ իր պատմութիւնը նոր ձեռքբերումներով, նոր գիւտերով, ուսումնասիրութիւններով… Բայց բոլորին համար անխուսափելի է ժամանակի արագ ընթացքին համընթաց քալելը։

Իւրաքանչիւր տարուան վերջաւորութեան բան մը չի փոխուիր. մեր ամանորեայ ցանկութիւնները։ Հաւանաբար մեզմէ շատեր արդէն սկսած են արձանագրել իրենց ցանկութիւնները Նոր տարուան համար։ Իւրաքանչիւր նոր տարիին կը շնորհաւորենք մեր հարազատները, ընկերները եւ մեր սիրելիները։ Կը մաղթենք, որ Նոր տարին բերէ առողջութիւն, երջանկութիւն, յաջողութիւն, խաղաղութիւն եւ առատութիւն։

Ամանորեան երազային օրերուն գագաթնակէտը կը հանդիսանայ Նոր տարուան գիշերը, աւանդաբար, տան ընտանեկան տօնական ընթրիքը։ Անկասկած, աննկարագրելի բերկրանք է բոլորիս համար ընտանիքին համախմբումը՝ մա՛նաւանդ անվերջ սպասումը կէս գիշերուան։ Յետհաշուարկը կ՚աւարտի, հրավառութիւնը կը դիտուի, համով ուտելիքները կը ճաշակուին եւ բոլորը կ՚արթննան նոր օրուան: Նախորդ օրուընէ բոլորիս կը մնան մեր սիրելիներու հետ անցուցած վառ պահերը։ Նոյնիսկ տարիներ անց միայն սէրը կ՚առաջնորդէ մեզ՝ յիշելու նախորդ տարիներ մուտք գործելու պահերը:

Մեր ժամանցի եւ տօնելու ձեւերը կրնան տարբեր ըլլալ, սակայն ոչինչ. բոլորի հասարակաց փափաքն է սէրը։ Ամանորի գիշերը, հաւանաբար, աւելի արժէքաւոր է, քանի որ ան ի յայտ կը բերէ ​​սէրը, ինչ որ ամենաանհրաժեշտն է: Ըստ էութեան, կարիք չկայ սպասելու Ամանորի, որեւէ տօնի կամ յատուկ պահի մը՝ սիրելու կամ սիրուելու համար։ Որովհետեւ իւրաքանչիւր պահ մեզի կու տայ սիրոյ հնարաւորութիւն, ամէն վայրկեան տօն է… Չեմ գիտեր՝ ո՛վ, որո՛ւ համար ամանորեան նուէրներ կը գնէ, բայց վստահ եմ, որ ամենալաւ նուէրը, ինչ որ կեանքը մեզի կ՚առաջարկէ՝ ամուր ընկերութիւնն ու սէրն է։ Հետեւաբար, ողջունենք նոր տարին ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս որ կ՚ուզենք, բայց սիրով մուտք գործենք 2024 թուականը։

Թերեւս Ամանորին աշխարհին դպչի կախարդական փայտիկ մը, որով աւելի շատ ժպիտ յառաջանայ մարդոց դէմքին։ Ի վերջոյ, իւրաքանչիւրս իրաւունք ունինք գոնէ լաւ եզրափակել 2023-ը։ Պիտի անցնի տարի մը եւս եւ յայտնի չէ, թէ ո՛վ, որքա՛ն ժամանակ ունի այս աշխարհին վրայ։ Այնուամենայնիւ, տարի մը եւս պակսած է մեր բոլորի կեանքէն։ Ի հարկէ, աշխարհի վրայ շատ բան լաւ ընթացք չունի ներկայիս, սակայն կրկին մտածենք, թէ այսօր ի՞նչ մնացած է մեր մտքին մէջ, ի՞նչ կ՚ուզէինք ընել, ի՞նչ բան կը պակսի։ Չմոռնանք, թէ կեանք կոչուած խաղը կրնայ վերջանալ որեւէ պահ եւ վարագոյրները կրնան փակուիլ մեր երեսին։

Ներկայ տարուան վերջին էջը թերթելով զայն կը յանձնենք պատմութեան։ Անկասկած, բոլորի խաղաղութեան, համակեցութեան, համերաշխութեան մասին փափաքը ամէն տարի կը վերանորոգուի։ Թող նոր տարին մխիթարանք ըլլայ բոլոր ցաւերուն եւ ամոքէ անցեալ տարիներու վէրքերը։

Կը մաղթեմ, որ երջանիկ Կաղանդ մը անցընէք ձեր սիրելիներու հետ՝ առանց մոռնալու անոնք, որոնք չեն կրնար վայելել այս առանձնայատուկ օրը։

Շնորհաւոր Ամանոր։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023