ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆ-ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր, գրող, հրապարակախօս Միսաք Գօչունեան, մօտաւորապէս 200 տարի առաջ, առաջին անգամ գրաբար բնագրէն աշխարհաբարի վերածած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրք-երկը։ Մինչ այդ, նշանաւոր այդ երկէն Արշակ Չօպանեան միայն հատուածներ վերածած էր աշխարհաբարի եւ ահաւասիկ, Միսաք Գօչունեան ձեռնամուխ կ՚ըլլայ ամբողջական թարգմանութեան: Անոր թարգմանութիւնը տպագրած է Պոլսոյ Գ. Գայսէրեան տպագրատունը՝ 1902 թուականին: Գիրքին ընծայաթերթին մէջ կը կարդանք, որ անիկա ընթերցողներուն նուիրած է «Մանզումէի-Էֆքեար» լրագրի տէրն ու տնօրէնը՝ Յովհաննէս Ֆ. Գայսէրեան:

Միսաք Գօչունեան՝ Քասիմ, այդ թարգմանութիւնը ձօնած էր իր ծնողաց՝ աղա Մարտիրոս Գօչունեանին եւ Մարիամ Գօչունեանին։ Առաջին անգամ մեզի ներկայացնելով Գրիգոր Նարեկացիի երկին ամբողջական թարգմանութիւնը, Միսաք Գօչունեան, իր նպատակին մասին, մօրը ուղղուած սրտառուչ խօսքին մէջ, հետեւեալը կը յայտնէ.

«Այսքան խրթին ու դժուար հասկցուող գործ մը անսխալ թարգմանած ըլլալու յաւակնութիւնը չունիմ, քանի որ Նարեկին մեկնութիւնը գրող Ս. Հայրերն իսկ տարակարծիք գտնուած են իրարու: Եւ արդէն իմ նպատակս ալ Աշխարհաբար Նարեկը ձեռքս բռնած, աստուածաբանական կաճառի մը առջեւ մրցումի ելլել չէր. ես կը փափաքէի Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հռչակաւոր Աղօթագիրքը ժողովուրդի բոլոր դասակարգերուն մատչելի լեզուով մը մատուցանել»:

Իր թարգմանական աշխատանքին մասին խօսելով՝ Քասիմ կրկին մօրը կը դառնայ, յիշեցնելով, որ ան էր ականատեսը այդ ծանր աշխատութեան, եւ մայրն էր, որ յաճախ կը թեթեւցնէր այդ ծանրութիւնը՝ քաջալերական ներշնչումներով:

Այդ թարգմանութեամբ Քասիմ նաեւ փափաք ունեցած է, որ օրինակով իր մօր, որ միշտ կ՚աղօթէր, Նարեկը հասնի նաեւ ուրիշ հայ կիներու, եւ ահաւասիկ, այսպէս աւարտած է մօրը ուղղուած խօսքը.

«Երանի թէ, սիրելի՛ մայր, Աշխարհաբար Նարեկը գրգիռ մը ըլլար Հայ Քրիստոնեաներուն, մանաւանդ տիկիններուն, աւելի եռանդով փարելու մեր կրօնքին եւ Ս. Եկեղեցիին, որուն նուիրական մթնոլորտին մէջ ապրիլը, բնականաբար, ընտանեկան երջանկութիւն պիտի ապահովէ իրենց, քանի որ զարգացած կին մը, եթէ Աստուծոյ վախը կրէ եւ հաւատքով զօրանայ, կրնայ ամենէն համեստ տնակն ալ դրախտի վերածել»:

Առհասարակ, հայ մատենագրութեան մէջ չկայ երկ մը, որ այնքան շատ ընդօրինակութիւններ կամ հրատարակութիւններ ունենայ, որքան ունեցած է «Մատեան ողբերգութեան»ը: Մասնագէտներու գնահատմամբ, Աւետարանէն ու Սաղմոսարանէն յետոյ Մատեանը եղած է հայ միջնադարեան գրչաշխարհի ամենատարածուած բնագիրը: Յետագայ դարերուն, անիկա ոչ միայն բազմիցս գրաբարէ աշխարհաբարի վերածուած է, այլեւ թարգմանուած է այլ լեզուներու: Այսօր գոյութիւն ունին նաեւ այս գործին թրքերէն եւ արաբերէն թարգմանութիւնները, որոնցմէ թրքերէն մէկ թարգմանութիւնը կը պահպանուի Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն ներս:

Ահաւասիկ, աշխարհաբար առաջին հրատարակութենէն 117 տարի ետք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակի յոբելենական շրջանին, վերահրատարակած է Քասիմի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի վերածուած Նարեկը՝ պահպանելով թէ՛ 1902 թուականի հրատարակութեան կողքի ձեւաւորումը, թէ՛ ներքին էջերու ձեւաւորումը: Մայր Աթոռը առաջին անգամ չէ, որ Նարեկ կը վերահրատարակէ, բայց առաջին անգամն է, որ կը վերահրատարակէ Նարեկի արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը: Գիրքին խմբագիրը նարեկացիագէտ, փրոֆեսէօր, Երեւանի Պետական համալսարանի «Բանբեր Երեւանի համալսարանի» ամսագրի երկարամեայ խմբագիր Հրաչիկ Միրզոյեանն է: Հրատարակչական աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Տ. Արարատ Քահանայ Պօղոսեան, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժնի տնօրէնն է:

Քասիմի թարգմանութեան վերահրատարակութեան առթիւ ԺԱՄԱՆԱԿ հարցազրոյց մը ունեցաւ Հրաչիկ Միրզոյեանի հետ, որ խօսեցաւ ոչ միայն Գօչունեանի թարգմանութեան, այլ նաեւ՝ նարեկացիագիտութեան բնագաւառի այսօրուան հարցերուն մասին:

-Պարոն Միրզոյեան, Նարեկի բոլոր թարգմանութիւններու կարգին, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Միսաք Գօչունեանի անցեալ դարասկիզբին կատարած թարգմանութիւնը:

-Ես արդէն մօտաւորապէս 15 տարիէ ի վեր կը զբաղիմ նարեկացիագիտութեամբ, ծանօթ եմ «Մատեան ողբերգութեան»ի բոլոր թարգմանութիւններուն, ուսումնասիրած եմ բոլորը, եւ նկատած եմ, որ մինչեւ այսօր եղած բոլոր թարգմանութիւնները քանի մը անգամ վերահրատարակուած են, տեղ մը նաեւ տուրք տալով նորոյթին, հիմա Նարեկացին նորոյթ դարձած է: Միայն այս՝ Գօչունեանի թարգմանութիւնն է, որ ոչ մէկ անգամ վերատպուած է: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մտայղացած եւ իրականացուցած է վերահրատարակութիւնը եւ, իբրեւ խմբագիր ընտրած զիս. ես ալ, իբրեւ նարեկացիագէտ, իմ պարտքս նկատած եմ որոշ նկատառումներ կատարելու այս հրատարակութեան առթիւ: Նախ, ըսեմ, որ Գօչունեան դիմած է ոչ թէ բառիս բուն իմաստով թարգմանութեան, այլեւ՝ թարգմանութեան-մեկնութեան, այսինքն, թարգմանութեան հետ, յաճախ բուն թեքստին մէջ տուած է նաեւ տուեալ բառին, բառակապակցութեան, արտայայտութեան կամ միտքին աւելի մատչելի ու առօրէական, նոյնիսկ՝ թրքերէն տարբերակը: Ես այդ բոլոր միջամտութիւններուն անդրադարձած եմ ծանօթագրութիւններուն մէջ, որպէսզի ընթերցողին պարզ ըլլայ, որ Գօչունեանի կատարածը թարգմանութիւն-մեկնութիւն է:

Ի դէպ, Գօչունեանէն ետք Նարեկը աշխարհաբարի վերածած թարգմանիչներուն գործերը նոյնպէս կատարեալ չեն, անոնց թարգմանութիւններուն մէջ նոյնպէս առկայ են սխալներ: Խօսքը թէ՛ արեւելահայերէն աշխարհաբար, թէ՛ արեւմտահայերէն աշխարհաբար թարգմանութիւններուն մասին է:

Ճիշդ է, որ 1861 թուականին «Մատեան»ը թարգմանուած էր թրքերէնի, իսկ աւելի ուշ՝ 1880-ականներուն՝ արաբերէնի, եղած էին նաեւ անջատ հատուածներու աշխարհաբար հայերէնի թարգմանութիւններ, բայց կրնանք ըսել, որ 20-րդ դարուն աշխարհաբար հայերէն կրող հայ ընթերցողը տակաւին անհաղորդ էր հայ գրականութեան այս մեծագոյն արժէքին: Գօչունեանի թարգմանութիւնը պատմական արժէք ունի այն իմաստով, որ այդ պայմաններուն ներքեւ ան նախաձեռնեց աշխարհաբար առաջին ամբողջական թարգմանութեան:

-Եթէ Նարեկի միւս թարգմանիչները, յետագայ տասնամեակներուն, յենած են գոյութիւն ունեցած թարգմանութիւններուն կամ մեկնութիւններուն վրայ, Գօչունեանի պարագային չէ եղած այդ մէկը: Փորձի եւ նախադէպի պակասը ինչպէ՞ս լրացուցած է ան:

-Այդ առումով, կարելի է ըսել, որ քիչ մը տուժած է Գօչունեանի թարգմանութիւնը, քանի որ ծանօթ է, որ երկի մը թարգմանութիւնը սովորաբար կը յենու տուեալ ստեղծագործութեան մասին գոյութիւն ունեցող գրական-գեղարուեստական, գիտական ու մշակութաբանական պատկերացումներուն վրայ: Գօչունեանի ժամանակ չկար Մատեանին քննական բնագիրը, եւ այդ ժամանակ առաջին քայլերը կը կատարուէին Նարեկացիի գրական ժառանգութեան գիտական ուսումնասիրութեան առումով:

Բայց ես քանի մը առումներով կարեւորած եմ Գօչունեանի թարգմանութիւնը, անիկա կը կարեւորեմ նաեւ հետեւեալ տեսանկիւնէն. Այսօր, ինչպէս ծանօթ է, նարեկացիագիտութեան մէջ ամենակնճռոտ հարցերէն մին տակաւին կը մնայ Գրիգոր Նարեկացիի ծննդեան թուականը: Ժամանակին Միքայէլ Չամչեան, առանց հիմնաւորումի, 951 թուականը նկատած է բանաստեղծին ծննդեան թուականը: Հակառակ անոր որ այդ թուականը յետագայ տարիներուն ժխտուած է՝ յօգուտ 954 թուականին, բայց կան շրջանակներ, որոնք տակաւին 951 թուականը կը նկատեն Նարեկացիի ծննդեան թուականը: Գօչունեան 1903 թուականին, Աշխարհաբար Նարեկի թարգմանութեան «Կենսագրական ծանօթութիւններ» խորագրին տակ, յստակ ու պարզ գրած է. «Ս. Գրիգոր Նարեկացին ծնած է Վանայ մօտ, Նարեկ գիւղին մէջ, Քրիստոսի 945 թուականին»:

-Այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ է նարեկացիագիտութիւնը:

-Այսօր, դժբախտաբար, նարեկացիագէտներ չեն մնացած. վերջին մասնագէտը Հրաչեայ Թամրազեանն էր, որ հեռացած է կեանքէն: Կան հետաքրքրուողներ, զբաղուողներ: Ես տարիներ շարունակ յօդուածներ գրած եմ նարեկացիագիտութեան մէջ եղած սխալներուն մասին, արժանացած եմ ընդունելութեան ալ, քննադատութեան ալ, բայց այսօր, ինչպէս կը տեսնէք՝ Մայր Աթոռը ինծի պատուիրած է Գօչունեանի այս գիրքին խմբագրական գործը:

Այսօր կարող եմ վստահօրէն ըսել, որ Հայաստանի մէջ լուրջ նարեկացիագէտ, մանաւանդ՝ «Մատեան»ը գիտցող, կարդացող մասնագէտ չկայ:

-Իսկ այսօր Նարեկի թարգմանութիւններ կը կատարուի՞ն, թէ՞ նախկինին եղած թարգմանութիւններն են, որ տակաւին սեղանին են: Եւ թարգմանական առումով ինչպէ՛ս կը տեսնէք «Մատեան»ի ապագան:

-Այսօր, ինչպէս ըսի, Նարեկացիին հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն կայ եւ այո, կարելի է, որ յառաջիկայ տարիներուն իրականացուին «Մատեան»ի նոր թարգմանութիւններ՝ զանազան լեզուներու. կը վերահրատարակուին արդէն թարգմանուածները, գիրքեր, յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ ալ կը գրուին, բայց չեմ գիտեր, թէ ինչ ընթացք կ՚ունենան։ Հուսկ աւանդական ուղիո՞վ կ՚ընթանան, թէ՞ նարեկացիագիտութիւնը նորովի զարգացնելու ճամբով: Ամէն պարագայի, աւանդոյթը շատ մեծ ուժ ունի եւ նարեկացիագիտութեան մէջ ալ աւանդականութիւն մը կայ: Դժուար է հաւատալ, որ նոր միտքեր, ուսումնասիրութիւններ կը ծնին այս ասպարէզէն ներս, փոխարէնը Նարեկը ինչ նպատակով որ ուզես, կը գործածեն՝ շքեղ կողքերով, տպագրութիւններով դրամ շահելէ մինչեւ զանազան հիւանդութիւններու բուժում:

-Դուք վերջին տասնհինգ տարին զբաղած էք նարեկացիագիտութեամբ: Ինչպէ՞ս հետաքրքրած է Ձեզ այս բնագաւառը:

-Խոստովանիմ, որ ես միշտ զբաղած եմ փիլիսոփայութեամբ, մանաւանդ 17-րդ դարու հայ փիլիսոփայութեան պատմութեամբ եւ երբեք մտադիր չեմ եղած զբաղելու նարեկացիագիտութեամբ, որովհետեւ հասկցած եմ, որ ատիկա շատ լուրջ, դժուար, տարողունակ ասպարէզ մըն է եւ ըստ էութեան, իմ հետաքրքրութիւններէս դուրս է: Բայց, իբրեւ «Բանբեր Երեւանի համալսարանի» խմբագիր, դիպուած մը եղաւ 2001 թուականին: Հեղինակ մը, յօդուած մը բերած էր խմբագրութիւն՝ ծածկագրութեան վերծանութեան փորձ մըն էր, տարի ստուգելու եւ տեսայ, որ Մատեանի մէջ շատ են ծածկագրութիւնները, եւ այդ յօդուածը տպելէն ետք, ես ալ մի քանի ծածկագրեր բացի եւ գրեցի առաջին յօդուածս այդ մասին՝ նշելով, որ յօդուածս ծնած է «Բանբեր Երեւանի համալսարանի» խմբագրի պաշտօնին բերումով: Ատկէ ես խորամուխ եղայ նարեկացիագիտութեան, բայց այնքան խորունկ է Նարեկացին, ովկիանոս մըն է, որ երբեք չես հասնիր յատակին, չես կրնար բոլոր շերտերը տեսնել:

-Ի՞նչ ընթացքի մէջ է այսօր Ձեր խմբագրած «Բանբեր»ը, որ պատմութիւն ունեցող ամսագիր մըն է՝ 1967 թուականէն ի վեր լոյս տեսնող:

-Բնական ընթացք մը ունի ամսագիրը:

Հիմա լոյս կը տեսնէ եօթ շարքով, իբրեւ հանդէսներ: Իւրաքանչիւրը ունի զատ առեւտրային տարբերակիչ-նիշ, եւ ամենակարեւորը՝ հասանելի է համացանցի վրայ: 2010 թուականէն ի վեր սկսած ենք այս բաժանումին, ըստ մասնագիտութիւններու, կատարել եւ աւելի արդիւնաւէտ է, այդ մէկը կը վկայեն նաեւ համացանցային արձագանգները: Ամսագիրը նորացուելու, նոր ժամանակներուն համընթաց քալելու ճանապարհի վրայ է. եւ այդ փոփոխութիւններն են, որ կը կատարենք:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019