ՎԱՀԱՆ ՄԱԼԷԶԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԸ՝ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԱՍԻՆ

Գրող, թարգմանիչ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) քարտուղար Վահան Մալէզեան իր կեանքի մէկ շրջանը բնակած է Պոլիս: Ան ծնած է 1871 թուականին՝ Ռումանիոյ Սուլինա քաղաքը, ուր իր հայրը՝ բժիշկ Ֆրանկիւլ Մալէզեան, կը գտնուէր առժամաբար, Միջազգային յանձնախումբի մը մօտ Թուրքիոյ առողջապահական պատուիրակի պաշտօնով:

Իր ծնունդէն վեց ամիս ետք, ծնողքին հետ փոխադրուած է Պոլիս, ուր Օրթագիղի մէջ հաստատուած է Մալէզեան ընտանիքը:

Պատմական այդ շրջանը՝ Վոսփորի գեղատեսիլ ափին, այդ տարիներուն մտաւորական տեսակէտով Պոլսոյ ազնուական թաղն էր եւ պոլսահայ վերածնունդի եւ ազգասիրական գործունէութեան վառարանը, ինչպէս յետոյ իր յուշերուն մէջ գրած է Մալէզեան:

Պոլսոյ մէջ Վահան Մալէզեան կրթութիւն ստացած է հայ մանկավարժ, խմբագիր Յակոբ Գուրգէնին հիմնած Հայկական կրթարանին մէջ, ապա յաճախած է իրաւաբանական դպրոց, որ աւարտած է 1895 թուականին:

1896 թուականին տեղափոխուած է Մերսին, ուր մէկ տարի բանտարկուած է՝ յեղափոխական գործունէութեան մեղադրանքով:

Մալէզեան իր կեանքը անցուցած է աշխարհի բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ՝ Գահիրէ (1898-1923), Պրիւքսել (1923-1927), Փարիզ, Մարսէյ (1927-1945) եւ Նիւ Եորք (1945-1947): Սակայն ի վերջոյ, բնակութիւն հաստատած է Նիս, 1948 թուականին:

Գահիրէի մէջ ան եղած է Հայ Սահմանադրական Ռամկավար կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը, որ յետագային միաւորուած է այլ կազմակերպութիւններու հետ՝ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը կազմելու համար:

Մալէզեան վարչական պաշտօններ ստանձնած է ՀԲԸՄ-ի մէջ, որ Գահիրէի մէջ հիմնադրուած է 1906 թուականին, եղած է Միութեան ընդհանուր քարտուղարը. այդ մասին եւ Պողօս Նուպար փաշային հետ իր մտերմութեան շուրջ նոյնպէս ուշագրաւ մանրամասներ կը շարադրէ յուշերուն մէջ: Մալէզեան 1950 թուականին սկսած է գրի առնել իր յուշերը, որոնք հրատարակած է «Ճամբուս վրայ» եւ «Ճամբուս ծայրը» (Ա. եւ Բ.) հատորներուն մէջ: Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ է Մալէզեան, ինչպէս նաեւ հեղինակը՝ ՀԲԸՄ-ի քայլերգին:

Իր այս յուշերը կը թուայնացնենք 1950-ին եւ 1954-ին Փարիզ լոյս տեսած յուշագիրքերէն: Վահան Մալէզեան մահացած է 1966 թուականին, Նիս:

ՀԻՆ ՕՐԹԱՔԷՕՅԻ ՀՄԱՅՔԸ

Կը փափաքիմ օրագրիս այս գլուխը բանալ արտագրելով սա հիացիկ խօսքս բնավայրիս մասին.

«Էր երբեմն, Կ.Պոլիսը կը պարծենար ամիրայական եւ մտաւորական կեդրոն դարձած իր զոյգ արուարձաններովը, Օրթաքէօյ եւ Խասքէօյ, որ նշանաւոր էին իրենց ծոցին մէջ ապրող եւ փայլող հայ անուանի ամիրաներով եւ գրագէտներով»:

Անշուշտ կ՚արժէ այդ անուանի զոյգին վրայ աւելցնել նաեւ Սկիւտարը, որ այլապէս առաջնակարգ դիրք մը կը գրաւէր, կազմելով համաստեղ երրորդութիւն մը:

Բայց, վստահաբար, Ճանիկ, Սինան եւ Մագսուտ ամիրաներու, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի, Արփիար Արփիարեանի, Յակոբ Պարոնեանի, Սրբուհի Տիւսաբի, Յակոբ Գուրգէնի, Թովմաս Թէրզեանի, Յովհաննէս Սէթեանի եւ Մկրտիչ Աճէմեանի նման բանաստեղծներու եւ գրագէտներու, նաեւ Միքայէլ Փորթուգալ, Յովհաննէս Սագըզ եւ Տքթ. Սեւեան փաշաներու Օրթաքէօյը ամենէն ազնուականն էր, իրրեւ տիպար վայելչագիտութեան աշխարհիկ փայլուն կեդրոն:

Միջագիւղի փոքրաթիւ համայնքը իր ծոցին մէջ կը կրէր մանաւանդ լոյսի անուանի վառարաններ, որոնց գլուխը կը գտնուէր Յակոբ Գուրգէնի Հայկական կրթարանը՝ որպէս երկրորդական վարժարան, ինչպէս նաեւ համբաւեալ Հռիփսիմեանց եւ Մաքրուհեան աղջկանց վարժարանները, Թարգմանչաց եւ Ս. Լուսաւորիչ վարժարանները: Նաեւ Անտոնեան միաբանութիւնը:

Հայաբնակ իր գլխաւոր թաղերն էին, Եալըն՝ Մագսուտներու ծովեզերեայ ապարանքներովը, Թաշ Մերտիվէնը՝ Եուսուֆեանի, Մարկոսեանի, Թօփհանէլեանի, Ֆնտըգլեանի, Ճանըմեանի, Կոստան եւ Սագըզ փաշաներու փառաւոր շէնքերովը, եւ քայլ մը անդին Յարութիւն Նորատունկեանի, Եազըճեանի եւ Ֆրէնկեան Աբրահամ էֆէնտիի պարտէզով շրջափակուած բնակարաններովը, Փիշմիշ փողոցը՝ Յովսէփ Եուսուֆեանի, Պետրոս Վասիլեանի, Մանուկ Ազարեանի եւ Շնորհքեաններու, Տէրէն՝ Եսայեաններու եւ Որդունիներու, ու Եօրտամին լեռը՝ Փորթուգալ փաշայի եւ Հիւրմիւզներու բարձրադիր տուներովը, մին քան միւսը աշխարհիկ եւ գրական կեանքի յիշատակելի ժամադրավայրեր: Օրթաքէօյի մէջ տիրական էր աւանդական բարեկրթութիւնը, այնպէս որ զարգացեալ կիներու եւ փափկաճաշակ օրիորդներու բնածին շնորհափայլութեամբը ատեն մը կենցաղագիտութիւնը բացառապէս այդ շրջավայրին գեղեցիկ զարդը եղած էր:

Մենք՝ կրտսերներ բարեւի կը կենայինք մեծերուն առջեւ, յարգալիր, իսկ աղջիկները կը փութային անոնց ձեռքը համբուրել, երկիւղածութեամբ:

Այսուհանդերձ ազնուապետական Օրթաքէօյի թագ ու պսակը կը կազմէին հայ իշխանուհիներ, որոնք ուրիշ բան չէին, բայց եթէ գիւղին Հանըմները, որոնք մատնացոյց կ՚լլային որպէս արտասովոր յարգանքի արժանի շնորհափայլ տիկիններ: Կը յիշեմ, որ իմ պաշտելի մայրս պարզապէս «Հանըմ» կը յորջորջուէր, մինչդեռ իր տարեց մօրաքոյրը չեմ գիտեր ինչո՛ւ լոկ Հանըմիկ անունով կը ճանչցուէր: Որպէ՜ս թէ աստիճաններ ըլլային: Իսկ մօրս պատկառազդու հօրաքոյրը՝ Քաթինկօ Հանըմ եկեղեցւոյ վերնատան իշխանուհին էր, եւ ո՞վ կը համարձակէր անոր ներկայութեանը խօսակցիլ կամ որեւէ թերացումի մէջ գտնուիլ. իր կշտամբող հազը խիստ պատիժ մըն էր, որ կը կարմրցնէր թերացողը:

Ես չեմ կարծեր, որ հայերէն լեզուն որեւէ տեղ գործածուէր այնքա՛ն փափկութեամբ, նաեւ ճոխութեամբ, որքան Միջագիւղի սալօններուն մէջ: Հայ կաթոլիկները, որ ուրիշ տեղեր, ինչպէս Բերա, թրքերէնով կամ ֆրանսերէնով կ՚աղարտէին մեր «մեծասքանչ» լեզուն, այդ գիւղին մէջ չափազանց բծախնդրութեամբ մաքուր հայերէն մը կը խօսէին: Զարմանալի չէ այս երեւոյթը, քանի որ Պէշիկթաշլեանի, Թէրզեանի եւ Գուրգէնի շունչը նուիրագործած էր Օրթաքէօյի հայկական մթնոլորտը:

Սակայն ոմանք ծաղրանքի նիւթ ըրած են այդ պարագան, սիրուն առասպել մը յերիւրելով, թէ՝ մասնաւորապէս կիները իրենց շրթունքը կոկոնի պէս քիչ բանալու պչրանքով հայերէնի նրբագոյն եւ քաղցրահնչիւն բառերը կը ջանան գործածել.

-Բարեւ, Տիկին:

-Բարի լո՜յս:

-Հիւանդը ինչպէ՞ս է:

-Անյո՛յս:

-Բժիշկ բերի՞ք:

-Անտարակոյս:

-Ի՞նչ դեղ տուաւ:

-Տեսակ մը բոյս:

Անշուշտ զուարճալի է այս հեգնաբանութիւնը: Բայց այսքանով չի վերջանար նախանձոտներու սրամիտ քաշքշուքը:

Հեռաւոր թաղի մը եկեղեցւոյն մէջ հաղորդութեան մօտեցող կին մը այնքա՜ն նրբութեամբ կը բանայ իր քնքոյշ բերանը, որ պատարագող Սրբազանը կը հարցնէ չարաճճի հետաքրքրութեամբ մը.

-Օրթաքէօյցի՞ էք, Տիկին:

Սակայն այլապէս անզգամ զրպարտութեան մը զոհ կ՚ըլլայ օրթաքէօյցիներու վերագրուած անճահ հետաքրքրութիւնը:

Իբր թէ Տքթ. Ս., որ կը խորհէր ընտանիքով Օրթաքէօյ փոխադրուիլ, եւ հիւրաբար այդ գիւղը կը գտնուէր, փողոցը կը կեցնէ նարինջ ծախող թուրքը եւ երեսուն նարինջ կը գնէ, բայց երբ կը փորձէ համրել, գլխուն վրայ բաց պատուհանէ մը կին մը կ՚ընդմիջէ.

-Էֆէնտի, մի՛ համրէք, ես համրեցի, ճիշդ է:

Եւ իբր թէ ասոր վրայ մեծանուն բժիշկը, սահմռկած, կը հրաժարի Օրթաքէօյ հաստատուելու իր գաղափարէն:

Ի՛նչ որ ալ ըլլայ, այսպիսի քմահաճ զրոյցներ ոչինչ կը պակսեցնեն Միջագիւղի անցեալի փայլուն վարկէն եւ փառքէն:

Ես ի՜նչ քաղցրութեամբ կը յիշեմ այս պահուս դարավերջի շրջանին մեր մտերմական հանդիպումները, ցորքան այդ գիւղը մնացինք: Այն ատեն մեր շրջանակին ամենէն հրապուրիչ դէմքերը կը հանդիսանային Եուսուֆեան Զարեհ եւ Երուանդ սրամիտ եղբայրները, որոնց կու գային երբեմն միանալ վառվռուն բարեկամս Սերովբէ Պէրպէրեան, նաեւ զարմիկս Միհրան Թելեան եւ Միհրան Մօզեան, աւա՜ղ, ամէնքն ալ արդէն հեռացած այս աշխարհէն: Անոնք իրենց հրաշունչ խօսքերովն ու զուարճալի խաղերովը վարակիչ զուարթութիւն մը կը սփռէին իրենց շուրջը:

Բայց դժբախտաբար այդ քաղցր անցեալէն ոչինչ մնացած է եւ ազնուական Օրթաքէօյը այսօր գրեթէ աւերակի վերածուած է, ոչինչ պահելով երբեմնի հայկական շողշողուն կեանքէն եւ փառապանծ դէմքերէն:

ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒ

Եթէ գրական ասպարէզի մուտքս 1887-ին կատարած եմ երկչոտօրէն, 1895-ին է որ կը սկսի հասարակական կեանքս, չհաշուելով քանի մը տարի առաջ ֆրանսերէնի ինքնայօժար դասախօսութիւններս Հայկական կրթարանի մէջ:

Օրթաքէօյի Թաղական խորհուրդը, որուն կ՚ատենապետէր Մկրտիչ էֆէնտի Գազանճեան, մեզ հրաւիրեց որ տեղւոյն Թարգմանչաց վարժարանի հոգաբարձութեան անդամակցինք: Ինքնավստահութեամբ մը, զոր մեր անընտել, բայց քիչ մը ինքնավստահ ազատախոհութիւնը միայն կրնար արդարացնել, պայման դրինք, բարեկամս Երուանդ Եուսուֆեան եւ ես, որ մենք պէտք է ընտրենք մեր միւս պաշտօնակիցները: Ստուգիւ, ըլլալով գիւղին շփացած տղաքը, երկուքս, որ վաղնջուց իրարու կապուած էինք ընտանեկան հաճելի մտերմութեամբ մը, համախորհուրդ ընտրեցինք մեր ընկերները, գլխաւորաբար ուսուցչապետ Յովհաննէս Հինդլեան եւ Պարգեւ Մարկոսեան:

Օրթաքէօյի Թարգմանչաց վարժարանը ժամանակին իր առաջնակարգ դիրքովը մեծ համբաւ կը վայելէր եւ փայլուն սերունդ մը հասցուցած է: Հոնկէ անցած են ականաւոր վարժապետներ եւ գրագէտներ: Բայց հետզհետէ կորսնցուցած էր իր նախկին փայլը եւ անկումի շրջան մը կ՚անցընէր ստուերածեալ:

Մեր վրայ դրուած յոյսերը ջանացինք արդարացնել, լուրջ կազմակերպութեամբ եւ վերահսկութեամբ մը, մանաւանդ շնորհիւ Հինդլեանի, որ ստանձնեց այցելու տեսուչի պաշտօնը, այնպէս որ երբ ամավերջի հանդէսին եկաւ նախագահել երջանկայիշատակ Իզմիրլեան Սրբազան Պատրիարքը, որ նախապէս ուսուցչական պաշտօն վարած էր այդ վարժարանին մէջ, պարզապէս հմայուեցաւ քիչ ատենուան մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւններէն:

ԿԵՂԾԱՐԱՐՈՒԹԻԻՆ

Մեր բարձրաստիճան ծերունի բարեկամը՝ Պատրիարքարանի գործակատար Ֆրէնկեան Աբրահամ էֆէնտի, որուն հետ Օրթաքէօյի մէջ ընտանեկան մտերիմ կապակցութիւն մը ունէինք, յաջողած չըլլալով ձեռք բերել պէտք եղած կայսերական արտօնութիւնը, Ռուսճուք երթալու եւ իր անդրանիկ աղջկան՝ Խորիկի (Տիկ. Ասլանեան) պսակադրութեան ներկայ գտնուելու, ինծի առաջարկեց փոխանորդել եւ խոստացաւ որ անցագիրս ինք կ՚առնէ: Սիրայօժար ընդունեցայ, որովհետեւ հարսը գրեթէ իմ քոյրս ալ էր, մանաւանդ որ այդ պատեհութեամբ հօրաքրոջս ընտանիքն ալ տեսնելու հաճոյքը պիտի ունենայի:

Ձեռքի պայուսակս հետս առած, Պոլսոյ կամուրջին գլուխը սրճարան մը իրեն սպասեցի, անցագիրս գրպանելուս պէս իսկոյն Վառնա մեկնող շոգենաւը անցնելու համար: Շա՜տ երկար տեւեց ակնդէտ սպասումս, եւ ահա՝ վերջապէս դիմացի կողմէն տեսայ որ Աբրահամ էֆէնտիս իր ճերմակ կլոր մօրուքովը եւ գլխուն վրայ չոքող ֆէսովը ինծի կը մօտենայ:

-Համիտիէդ կանոնաւոր չըլլալուն պատճառաւ ուշ մնացի: Տարիքդ կեղծա՜ծ էիր:

Թեթեւօրէն զայրացկոտ իր խօսքը ընդմիջեցի, յանկարծ յիշելով գործած մեղքս, եւ համարձակօրէն բացատրեցի, թէ իրաւաբանական վարժարանը կարենալ ընդունուելու համար, այն ատեն պէտք եղաւ տարիքս աւելցնել, որով թրքերէն վեցը գրչի փոքր հարուածով մը ութի վերածեցի, առանց հեռուն տեսնելու:

-Իբր կեղծարար կրնայիր բանտ մտնել, եթէ Նազըմ փաշան չըլլար:

Ոստիկանութեան տխրահռչակ նախարարը, որուն շատ հայեր անէծք կ՚ուղղէին այդ թուականին, երբ պաշտօնեան կու գայ իրեն ցուցնել անձնագրիս մէջ թուականի կեղծարարութիւնը եւ միւս կողմէ «նուֆուս»ի տոմարին ալ ճիշդ արձանագրութիւնը, բարեացակամութեան հզօր բնազդով մը՝ պատրաստամտութիւնը կ՚ունենայ պատռելու համիտիէս եւ պաշտօնեային հրամայելու որ անմիջապէս նոր մը պատրաստէ, հինը կորսուած ըլլալուն մակագրութեամբը: Այս շնորհը կը պարտիմ իմ հօրս, որ երկար տարիներ Նազըմ փաշայի ընտանիքին հաճոյակատար բժիշկը եղած ըլլալով, անոր հանդէպ խանդաղատալից յարգանք մը կը տածէր օրուան ամենազօր նախարարը: Բնականաբար լայն շունչ մը առի. անձնագիրս ու անցագիրս ա՛լ գրպանս էին, բայց շոգենաւը ժամ մը առաջ արդէն մեկնած ըլլալով, հետեւեալ օրը միայն կրցայ Պուլկարիա ուղեւորիլ, որով հարսնիքին ալ չկրցայ հասնիլ:

Այդ զուգործութեամբ այստեղ կը փորձուիմ յուշագրել ուրիշ աւելի հետաքրքրաշարժ կեղծարարութիւն մը եւս, որուն սակայն հեղինակը ես չէի:

1915-ին, երբ Պօղոս Նուպար փաշա վերջին րոպէին առաջարկեց եւ զիս համոզեց որ իրեն ընկերանամ Փարիզ, ուր Ազգ. պատուիրակութեան ղեկը կրկին ձեռք պիտի առնէր, օրինական դժուարութիւն մը կար, ըստ ինքեան անյաղթելի: Անցագիրս օսմանեան ըլլալուն, անգլիական զինուորական իշխանութիւնները չէին կրնար թոյլատրել ճամբորդութիւնս, իբր թշնամի երկրի հպատակ: Սակայն մեծազօր փաշան, որուն համար արգելք չկար ընդհանրապէս, մէկ օրուան մէջ յաղթեց բոլոր դժուարութեանց, աջ ու ձախ դիմելով, այնպէս որ զին. ընդհ. հրամանատարը Զօրավար Մաքսուէլ, Ֆրանս. դեսպան Մ. տը Ֆրանս եւ ոստիկանապետ Մանսֆիլտ փաշա, համաձայներ են որ ինծի կեղծ անցագիր մը տան Ֆրանսայի համար, կացութիւնը փրկելու մտադրութեամբ: Եւ ստուգիւ հետեւեալ առաւօտ այս վերջինը ժպտելով ինծի յանձնեց եգիպտական անցագիր մը, որուն մէջ նշանակուած էր, թէ Գահիրէ ծնած եմ եւ եգիպտական հպատակ եմ:

Այս տարօրինակ պաշտօնաթուղթը կը պահեմ միշտ իբր պատմական փաստաթուղթ մը, հաստատող թէ՛ պատերազմը, ամէն բանէ վերադաս, օրէնքներն ալ ոտքի տակ կ՚առնէ ի պահանջել հարկին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2023