Մոսկուայի Մէջ Միջազգային Փառատօն
Ապրիլի 17-ին, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Մոսկուայի «ЗИЛ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայորդիք» ազգային պարերու միջազգային ամէնամեայ փառատօնը: Փառատօնի ղեկավարն է «Հայորդիք» երգի-պարի խումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար Անահիտ Սարգսեան:
Արդէն երրորդ անգամ իրականացուող փառատօնի նպատակն է՝ սփիւռքեան տարբեր համայնքներէն ներս գործող պարախումբերու մասնակցութեամբ օտարութեան մէջ ապրող հայերուն հայրենասիրական շունչ ու ոգի փոխանցել, իսկ մատաղ սերունդի հոգիներուն մէջ՝ ազգային դաստիարակութիւն սերմանել:
Փառատօնը կ՚եզրափակուի մրցանակաբաշխութեամբ: Ըստ անուանակարգերու՝ պարախումբերուն մրցանակներ կը տրուին: Կ՚ակնկալուի նաեւ հայաստանեան երկու պարախումբի մասնակցութիւն:
Միւս կողմէ, «Հայորդիք» երգի-պարի խումբը ստեղծուած է 1991 թուականին՝ Երեւանի մէջ՝ ի յիշատակ ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէյեանի եւ միւս հերոս-հայորդիներու, որոնք, կենաց-մահու պայքար մղելով, զոհուեցան Արցախեան պատերազմին:
1998 թուականէն առ այսօր խումբը հայապահպան գործունէութիւն կը ծաւալէ Մոսկուայի մէջ: