Նահապետ Քուչակ. Հայ Ժողովրդական Բանաստեղծութեան «Լուսապսակ Ճակատ»

Հայ գրա­կա­նու­թեան ա­կունք­նե­րուն, կեն­սա­յորդ իր բխու­մով, ան­փո­խա­րի­նե­լի տեղ կը գրա­ւէ եւ բարձ­րար­ժէք ա­րո­ւես­տի անս­պառ աղ­բիւր է հայ ժո­ղովրդա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, որ ծնունդ տուած է ան­մահ տա­ղա­սաց­նե­րու, ա­շուղ-եր­գիչ­նե­րու եւ հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղծ­նե­րու մեր ազ­գա­յին հա­մաս­տե­ղու­թեան։

Իսկ հայ ժո­ղովր­դա­կան բա­նաս­տեղ­ծա­կան ա­րուես­տի հան­ճա­րեղ դէմքն ու «լու­սապ­սակ ճա­կատ»ը, Մեծն Չա­րեն­ցի իսկ թե­ւա­ւոր խօս­քով, կը հան­դի­սա­նայ Նա­հա­պետ Քու­չակ (?-1592), ո­րուն մա­հո­ւան 424-րդ ­տա­րե­լի­ցը կ՚ո­գե­կո­չենք Մարտի 29-ին։

Թէեւ շատ քիչ բան ծա­նօթ է հայ հան­ճա­րեղ տա­ղա­սա­ցին, ա­շուղ-եր­գի­չին ու մե­ծար­ժէք բա­նաս­տեղ­ծին կեն­սագ­րու­թեան, մին­չեւ ան­գամ ան­ձին մա­սին, բայց մա­տե­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րու մէջ ­Մար­տի 29-ը՝ 1592-ի ­Մարտ 29-ը կը յի­շա­տակուի իբ­րեւ մա­հո­ւան թո­ւա­կա­նը ­Միջ­նա­դա­րու հա­յոց ժո­ղովր­դա­կան հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղ­ծին, որ անկրկ­նե­լի ­Նա­րե­կա­ցիի հետ փա­ռա­ւո­րա­պէս ու յա­ւերժ դրոշ-մը­ւած է հայ­կեան բա­նաս­տեղ­ծա­կան հան­ճա­րի միեւ­նոյն շքան­շա­նի ե­րե­սին։

Միայն ­Չա­րեն­ցը չէ, որ իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեան՝ «­Նա­րե­կա­ցու, ­Քուչա­կի պէս լու­սապ­սակ ճա­կատ չկայ» տո­ղով միեւ­նոյն փառ­քին ար­ժա­նա­ցու­ցած է ­Հայ­կա­կան Միջ­նա­դա­րու այս հսկա­նե­րը։ ­Հայ գրա­կա­նա­գի­տու­թեան ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն Արշակ Չօ­պա­նեան եւ յատ­կա­պէս 20-րդ դա­րու հայ մե­ծա­գոյն գրա­կա­նա­գէ­տը հռչա­կո­ւած Մա­նուկ Ա­բե­ղեան, ի­րենց կար­գին, Նա­րե­կա­ցիի կող­քին ան­պայ­ման կը տես­նեն Քու­չա­կը՝ իբ­րեւ հայ ժո­ղովր­դա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը ա­րո­ւես­տի ան­հա­սա­նե­լի բար­ձուն­քին հաս­ցու­ցած հան­ճա­րեղ քեր­թող­նե­րու։

Ի­րա­ւամբ այն­քա՜ն նման եւ այն­քա՜ն տար­բեր ու ներ­հակ են ­Նա­րե­կա­ցի եւ Քու­չակ։
­Հայ հո­գիի ա­ղօթ­քին ան­փո­խա­րի­նե­լի բա­նաս­տեղ­ծը՝ Նա­րե­կա­ցի մեր ժո­ղո­վուր­դին «երկ­նա­ւոր սի­րոյ» եր­գիչն էր։­
Իսկ հա­յուն «երկ­րա­ւոր սէ­րը» ան­մա­հաց­նե­լու ա­ր-ւես­տին մէջ ան­զու­գա­կան է մե­ծու­թիւ­նը Քու­չա­կի։

Եր­կուքն ալ հայ ժո­ղովր­դա­կան բա­նա­հիւ­սու­թեան վրայ խարսխուած բա­նաս­տեղ­ծա­կան գե­ղեց­կա­գոյն տա­ճար­ներ են, ո­րոնք հայ հո­գիին ա­զատ սա­ւառ­նու­մին թեւ եւ շունչ հա­ղոր­դե­ցին։

Ա­ւե­լի՛ն. մինչ ­Նա­րե­կա­ցի կը յատ­կան­շո­ւի զգա­ցում­նե­րու, խո­հե­րու եւ պատ­կեր­նե­րու վա­րար ու յոր­դա­ռատ թա­փով, յար ու նման կա­մուրջ­ներ քշող-տա­նող Ա­րաք­սին, Քու­չակ զու­լալ աղ­բիւ­րի պէս սրտե­րուն ծա­րա­ւը յա­գեց­նող ան­մա­հա­կան ջու­րի աղ­բիւրն է, որ երկ­րա­ւոր սի­րոյ միայն մէկ գողտ­րիկ պա­հը բռնե­լու եւ նկար­չօ­րէն յա­ւեր­ժաց­նե­լու ա­րո­ւես­տը կը մարմ­նա­ւո­րէ։

«Ես աչք ու դու լոյս, հո­գի,

ա­ռանց լոյս՝ աչքն խա­ւա­րի.

Ես ձուկ ու դու ջուր, հո­գի,

ա­ռանց ջուր՝ ձուկն մե­ռա­նի.

Երբ ձուկն ի ջրէն հա­նեն եւ

այլ ջուր ձգեն, նա ապ­րի.

Երբ զիս ի քե­նէ զա­տեն,

քան զմե­ռելն այլ ճար չի լի­նի»։

Ն­ման կարճ քեր­թո­ւած­նե­րով կը յատ­կան­շո­ւի Քու­չա­կի ժա­ռան­գու­թիւ­նը։ Ութ կարճ տո­ղե­րով կամ չորս եր­կար տո­ղե­րու քա­ռեակ­նե­րով ներ­կա­յա­ցող բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնք հայ գրա­կա­նու­թեան ծա­նօթ են «Հայրէն­ներ» ա­նու­նով։ ­Հայ գրա­կա­նա­գէտ­նե­րը ու­նին ընդ­հա­նուր այն հա­մո­զու­մը, որ հայ ժո­ղո-վրդա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թեան եւ ա­շու­ղա­կան եր­գե­րու ոչ միայն ա­րա­րի­չը ե­ղաւ Քու­չակ, այ­լեւ՝ հա­ւա­քողն ու մշա­կո­ղը։

Այդ պատ­ճա­ռով ալ, շատ մը «­Հայ­րէն­ներ», ո­րոնք ո­ճա­կա­նօ­րէն ան­հա­մա­տե­ղե­լի են՝ միեւ­նոյն հե­ղի­նա­կին պատ­կա­նե­լու ա­ռու­մով, վե­րագ­րո­ւած են Նա­հա­պետ Քու­չա­կի։ Հե­տե­ւա­բար, Ա­բե­ղեան ո­րո­շա­կի այդ ի­մաս­տով ի­րա­ւա­ցի է, երբ կը պնդէ, թէ Նա­հա­պետ Քու­չակ ա­նու­նը խոր­քին մէջ կը յղո­ւի մէ­կէ ա­ւե­լի հե­ղի­նակ­նե­րու եւ չի սահ­մա­նա­փա­կուիր ի­րա­պէս ապ­րած ու ստեղ­ծա­գոր­ծած «նա­հա­պետ» ու «թոռ» ­Քու­չակ­նե­րով։

Ա­մէն պա­րա­գա­յի, կեն­սագ­րա­կան տե­ղե­կան­քի ա­ռու­մով՝ հայ մա­տե­նա­գէտ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս հա­մա­միտ են, որ Նա­հա­պետ Քուչակ ծնած էր 16-րդ դա­րու սկիզ­բը (ծննդեան թո­ւա­կա­նը ան­յայտ), Վան նա­հան­գի Խա­ռա­կո­նիս գիւ­ղը։ Թէեւ իբ­րեւ ա­շու­ղի ու տա­ղա­սաց սի­րո­ւած բա­նաս­տեղ­ծի՝ Քու­չակ տե­ւա­բար շրջած է Հա­յաս­տան Աշ­խար­հով մէկ, բայց իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին վե­րա­դար­ձած ու վախ­ճա­նած է իր ծննդա­վայր գիւ­ղին՝ Խա­ռա­կո­նի­սի մէջ, ո­րուն Ս. Թէո­դո­րոս ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կէն ներս գտնուած է իր գե­րեզ­մա­նը։

Կեն­սագ­րա­կան այլ տո­ւեալ­ներ դժբախ­տա­բար են­թադ­րու­թեանց մար­զին կը պատ­կա­նին եւ գրա­կա­նա­գէտ­նե­րու բա­նա­վէ­ճին ա­ռար­կայ են։ Բայց բա­նա­վի­ճող­ներն ան­գամ հա­մա­կար­ծիք են, որ մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ օ­րին մե­ծա­պէս սի­րո­ւած եւ փնտռուած ա­շուղ մը ե­ղած է ա­ռա­ջին Քու­չա­կը՝ Նա­հա­պե­տը։

Միայն երկ­րա­ւոր սի­րոյ եր­գի­չը չե­ղաւ, սա­կայն, ­Նա­հա­պետ ­Քու­չակ։ «­Հայ­րէն­ներ»ու կող­քին՝ իր մշա­կու­մին ար­ժա­նա­ցան եւ բարձ­րա­րո­ւեստ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու ա­րա­րու­մով ան­մա­հա­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դի «­Պան­դուխ­տի եր­գեր»ը։ ­Մին­չեւ մեր օ­րե­րը իր այժ­մէա­կան հնչե­ղու­թիւ­նը կը պահ­պա­նէ եւ հա­յոց շրթնե­րուն ան­բա­ժան եր­գի վե­րա­ծո­ւած է ­Նա­հա­պետ ­Քու­չա­կի վե­րագ­րո­ւած «­Ղա­րի­պը՝ Կ­­ռուն­կին» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը։­
Ա­հա՛ հայ պան­դուխ­տի սրտէն՝ կա­րօ­տի խո­րա­գոյն ա­կուն­քէն բխած յա­ւեր­ժա­կա­նը եր­գը.

Կ­­ռո՜ւնկ, ուս­տի՞ կու գաս, ծա­ռայ եմ ձայ­նիդ,

Կ­­ռո՜ւնկ, մեր աշ­խար­հէն խապ­րիկ մը չու­նի՞ս։

Մի՛ վա­զեր, ե­րա­միդ շու­տով կը հաս­նիս,

Կ­­ռո՜ւնկ, մեր աշ­խար­հէն խապ­րիկ մը չու­նի՞ս։

Ա­շունն է մօ­տե­ցեր, գնա­լու ես ­Թետ­պիր,

Ե­րամ ես ժող­վեր, հա­զար­ներ ու բիւր,

Ինձ պա­տաս­խան չի տո­ւիր, ե­լար գնա­ցիր,

Կ­­ռո՜ւնկ մեր աշ­խար­հէն գնա՛ հե­ռա­ցիր։

Յու­շա­տետ­րի սիւ­նա­կը տե­ղը չէ ծա­ւա­լե­լու ­Քու­չա­կի գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ար­ժան­քի­նե­րուն եւ բա­նաս­տեղ­ծա­կան մե­ծար­ժէք գիւ­տե­րուն գնա­հատ­ման մէջ։ ­Պար­զա­պէս, իր մա­հո­ւան տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, ­Քու­չա­կի ան­կորն­չե­լի ժա­ռան­գու­թեան հետ հա­ղոր­դո­ւիլ։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յապաւուած

Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2016