ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԷՐ Է

Ինչո՞ւ Տէրը հաւատաւոր ժողովուրդներուն կու տայ օրէնքներ, կանոններ ու պատուիրաններ: Քանզի, նախ կանոններով ապրիլը շատ գեղեցիկ ու բարի բան մըն է: Եւ երկրորդ՝ Աստուած մեզ այնքան շատ կը սիրէ, որ Ան կ՚ուզէ Իր սրբութիւնը կիսել մեզի հետ, որպէսզի մենք ալ ապրինք սուրբ կեանք մը:

Աստուածաշունչի մէջ Տէրը բազմիցս կ՚ըսէ. «Սուրբ եղէ՛ք, քանզի ես սուրբ եմ»: Յիսուս կ՚ըսէ. «Կատարեալ եղէք, քանզի կատարեալ է ձեր երկնաւոր Հայրը»: Աստուած կ՚ուզէ իր կեանքը կիսել մեզի հետ: Իբր այդ, մեզի անհրաժեշտ է սրբութիւն, կամք սրբանալու ու մաքրուելու: Քանզի սուրբ մարդը չի ստեր, չի դաւաճաներ, չի շնար, չի նախանձիր: Սուրբ մարդը եսասիրութիւն, պարծենկոտութիւն, ամբարտաւանութիւն, կռապաշտութիւն, չարամտութիւն չ՚ըներ: Եւ այս շարքը տակաւին թուելի է:

Աստուած կ՚ըսէ, եթէ դուք կ՚ուզէք իմ կեանքը կիսել ինծի հետ, քանզի դուք կեանք չունիք, դուք մահկանացուներ էք, պիտի ապրիք իմ սահմանած կանոններով: Զոր օրինակ, երբ մենք այցելութեան կ՚երթանք, կամ որեւէ երկիր ճամբորդելու, մենք կը փորձենք, մենք պարզապէս պարտաւոր ենք պահելու, ենթարկուելու տուեալ օճախի կամ երկրի սահմանած օրէնքներուն ու բարքերուն: Հակառակ պարագային, մեզ երկրորդ անգամ այդ տուն չեն հրաւիրեր: Կամ երկրի մը օրէնքը խախտելու պարագային կ՚արժանանանք օրէնքով սահմանուած պատիժի մը: Նոյնն ալ մեր յարաբերութիւնն է Տիրոջ հետ: Իսկ ինչո՞ւ մենք չենք դողար, չենք երկիւղիր Տիրոջմէ: Քանզի մենք համոզուած չենք, որ մեր կեանքը կախեալ է Բարձրեալէն: Մենք համոզուած ենք, որ մեր կեանքը կախեալ է օդ ու ջուրէն, սնունդէն, իշխանաւորներէն: Այդ նախագահն է կամ վարչապետը, որ կրնայ փրկել մեր երկիրը, բարելաւել մեր կեանքի պայմանները, մեր սահմանները պահել անառիկ: Սակայն ասոնք ամէնն ալ սին մտածումներ են: Մենք չենք հասկնար ու չենք համոզուիր, որ մեր կեանքը կախեալ է միայն ու միայն Տիրոջմէ:

Աստուածաշունչի՝ Հին կտակարանի Ղեւտացիներու գիրքին մէջ  Աստուած յստակօրէն կը պատմէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ հաւատաւոր ազգի մը, պետութեան մը հետ, եթէ ազգ մը՝ բաղկացեալ իր բոլոր ներկայացուցիչներէ, ապրի Իւր պատուիրաններով, չանտեսէ զանոնք, եւ չապրի ամբարտաւան պարծենկոտութեամբ: Ինչպէս նաեւ Տէրը կը զգուշացնէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ ազգի մը, երկրի մը հետ, եթէ մարդիկ անտեսեն Տիրոջ պատուիրանները, հակառակին, մեղք գործեն ու շարունակեն ապրիլ մեղքով: Այս գիրքի մէջ Տէրը յստակօրէն կը զգուշացնէ. «Ես եմ ձեր Տէր Աստուածը», ու կը շարունակէ. «Ձեզի համար ձեռակերտ կամ քանդակած կուռքեր մի՛ ստեղծէք: Ձեզի համար արձան մի՛ կանգնեցնէք եւ ձեր երկրի մէջ քարակոթող մի՛ դնէք, անոր երկրպագելու համար: Ես եմ ձեր Տէր Աստուածը:

«Իմ շաբաթ օրերը պիտի պահէք եւ իմ սրբարաններէն երկիւղածութիւն պիտի զգաք, քանզի ես եմ Տէրը: Եթէ ըստ իմ հրամանի ընթանաք, իմ պատուիրանները պահպանէք ու կատարէք զանոնք, ապա անձրեւ պիտի ուղարկեմ ձեզի իր ժամանակին: Հողը  իր բերքը կու տայ, իսկ դաշտերու ծառերը կու տան իրենց պտուղները: Ձեր կալերուն մէջ աշխատանքը պիտի տեւէ մինչեւ այգեկութ, իսկ ձեր այգեկութները կը տեւեն մինչեւ նոր ցանքի ժամանակը: Դուք կուշտ հաց պիտի ուտէք եւ ձեր երկրին մէջ անհոգ պիտի ապրիք: Ձեր երկրին խաղաղութիւն պիտի պարգեւեմ, եւ ձեր երկրին մէջ պատերազմ պիտի չըլլայ: Կը քնանաք, ու չի գտնուիր մէկը, զոր ձեզ վախցնէ: Ձեր երկրէն կը վերացնեմ չարիք պատճառող գազանները: Դուք հալածական կ՚ընէք ձեր թշնամիները, եւ անոնք սպաննուած պիտի իյնան ձեր առաջ: Ձեր հինգ հոգին հալածական պիտի ընէ հարիւր հոգի, իսկ ձեր հարիւրը՝ բիւրաւորներ: Ձեր թշնամիները սուրի հարուածներէն պիտի իյնան ձեր առաջ: Ես բարի աչքով պիտի նայիմ ձեզի, պիտի աճեցնեմ ու պիտի բազմացնեմ ձեզ ու պիտի կատարեմ ձեզի տուած իմ խոստումը: Այնքան բերք պիտի ստանաք, որ նախորդ ու անկէ առաջ ալ ստացած բերքը պիտի բաւէ ձեզի: Բայց հին բերքը շտեմարանէն միշտ պիտի հանէք նոր բերքով լեցնելու համար: Ես իմ ուխտատեղին պիտի հաստատեմ ձեր մէջ, եւ ես ձեզմէ պիտի չխորշիմ: Ես պիտի քայլեմ ձեր մէջ եւ պիտի ըլլամ ձեր Աստուածը, իսկ դուք պիտի ըլլաք իմ ժողովուրդը: Ես եմ ձեր Տէր Աստուածը, որ ձեզ հանեց եգիպտացիներու երկրէն, երբ տակաւին ստրուկ էիք, քակեց ձեր ստրկական լուծի կապանքները եւ ձեզ համարձակ բերաւ այստեղ», Ղեւտական 26, (Բ Օր. 7. 12-24, 28. 1-14):

Իսկ թէ ինչպիսի՞ նախազգուշացումներ ու նշաններ պիտի ղրկէ Տէրը իր կամքին անսալու պարագային, կը պատմեմ թերթիս վաղուայ համարին մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021