ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԸ ԻԲՐԵՒ ԳՐՈՂ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը լոյս ընծայած է գրականագէտ, Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան կաճառի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեանի գիրքը՝ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մասին: Հայոց Հայրիկին մասին շատ գիրքեր գրուած են, բայց առաջին անգամն է, որ Խրիմեան Հայրիկը ներկայացուած է իբրեւ գրող եւ այս առումով գիրքը նորութիւն է:

Գիրքին խորագիրը ինքնին խօսուն է. «Վասպուրականի արծիւը հայ գրականութեան անդաստանին մէջ»: Գիրքին մէջ Խրիմեան Հայրիկի ազգային, եկեղեցական գործունէութեան ընդհանուր համաթեսքտին մէջ կը քննարկուին «Վասպուրականի արծիւ» կոչուած գործիչի գրական, գեղարուեստական եւ հոգեւոր կրօնական գործերը, հրապարակախօսութիւնն ու քարոզները: Կ՚երեւի նոր Հայրիկ մը, իբրեւ գրական օժտեալ… Ան իր գրական գործերը հիմնականօրէն ստորագրած է «Հայոց Հայրիկ», եւ ինչպէս գիրքին հեղինակը՝ Վարդան Դեւրիկեան կը վկայէ, Խրիմեան Հայրիկին՝ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գտնուող տապանաքարին վրայ տրուած է անոր բնորոշ լաւագոյն անուանումը՝ «Նուագող վշտից հայրենեաց»: 

Նոր լոյս տեսած այս արժէքաւոր գիրքին առիթով Վարդան Դեւրիկեանին հետ կատարեցինք հարցազրոյց մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Պարոն Դեւրիկեան, ո՞րն էր այս գիրքը գրելու շարժառիթը:

-Ես միշտ մտածած եմ 19-րդ դարու հայ եկեղեցական (գեղարուեստական) գրականութիւնը ներկայացնել, որպէսզի անով ցոյց տրուի աւանդներուն ժառանգորդութիւնը, փոխանցականութիւնը հոգեւոր գրականութեան, բայց եւ միաժամանակ գրական նոր աշխարհայեացքը եւ ընդհանրապէս, մարդկային նոր աշխարհայեացքը, եւ նաեւ, թէ ուշ միջնադարէն նոր գեղարուեստական շրջանին անցումը ի՛նչ ձեւերով կը դրսեւորուի հոգեւոր թեմաներուն մէջ: Այդ անցումային շրջանին բնորոշ հեղինակներէն մէկը Խրիմեան Հայրիկն է. կարելի է ըսել՝ բուն բնաշխարհի գրականութեան մէջ Խրիմեան Հայրիկն էր, իսկ գաղթաշխարհի գրականութեան մէջ՝ Ղեւոնդ Ալիշանը:

Գիրք գրելու մտածումներէն մէկն ալ Խրիմեանի հմայքն էր, եւ ատոր եկաւ գումարուելու Խրիմեան Հայրիկին 200-ամեակը: Մտածեցի, որ առիթ է անոր գրական ժառանգութիւնը անխառն ձեւով ներկայացնելու՝ անկախ «երկաթեայ շերեփ»էն, անկախ իր նուիրական կերպարէն, նաեւ առիթ է քննելու այն հարցը, թէ իր գրականութիւնը որքանո՞վ նպաստած է իր այդ նուիրական կերպարին ձեւաւորման կամ իր գրական ըմբռնումները, իր հոգեւոր աշխարհայեացքը ինչպէ՛ս իրենց կարգին թելադրած են գործիչ Խրիմեանի գործունէութիւնը: Եւ նախախնամական էր, որ Համազգայինն ալ, տակաւին համավարակէն, պատերազմէն առաջ առաջարկած էր, որ գործ մը նուիրուի 200-ամեակին եւ այդպէս ծնաւ այս գիրքը:

Որոշուեցաւ նաեւ, որ Խրիմեանի մասին գործը ամբողջացնելէ ետք, յաջորդ անդրադարձը ըլլայ Ղեւոնդ Ալիշանի գրական ժառանգութեան: Մինչեւ մայիս լոյս կը տեսնէ այդ մէկն ալ:

Եթէ Խրիմեան Հայրիկի մասին գրելու միջոցին ամէն կերպ կը ջանայի մոռնալ անոր կենսագրութիւնը եւ գրել միայն իր գործերուն մասին, ապա Ալիշանի պարագային անոր կենսագրութիւնը, ինչպէս ինք ըսած է, իր գիրքերու տիտղոսաթերթերուն էջերն են, ուրիշ կեանք, կենսագրութիւն չէ ունեցած: Իսկ ինչպէս գիտէք, Խրիմեանը բուռն ազգային-եկեղեցական կեանքով ապրած է, եւ երբ նայինք, անոր գրական ժառանգութիւնը, զարմանալի օրինաչափութեամբ մը, հիմնականօրէն կը յարաբերի իր որոշակի պաշտօններէն հրաժարելուն,  մեկուսանալուն հետ: Երբ իր որեւէ գործունէութենէն հրաժարելէ ետք (Վանի, Տարօնի մէջ թեմակալ առաջնորդի աթոռէն կամ Պոլսոյ պատրիարք ըլլալէն հրաժարումը),  մենութեան շրջան մը ունեցած է, նստած եւ գրած է:

Գիրքին մէջ համառօտ կերպով ներկայացուած է նաեւ կենսագրութիւնը, բայց քանի որ այդ մէկը հանրայայտ է, ջանացած եմ իր հարուստ կենսագրութեան, գործունէութեան, ըմբռնումներուն այն կէտերը ընդգծել, որոնք նաեւ ձեւով մը սկզբնաղբիւր են եւ ցոյց կու տան Խրիմեանի բուռն ընթերցասէր ըլլալը: Արտաքուստ կը թուի, թէ պարզ, գեղջկական, վասպուրականեան կերպար մըն է,  բայց շատ կարդացած էր: Անոր պատանութեան, երիտասարդութեան տարիները անցած են Վասպուրականի որոշ վանքերուն մէջ, ինք հոն անյագաբար կարդացած է եւ այդպէս դրուած է նաեւ անոր գիտելիքին հիմքը: Եւ Խրիմեան նաեւ ապշեցուցիչ գրաբար գիտցած է, որ կ՚երեւի թէ՛ իր կարդացած գիրքերուն թուարկումէն եւ թէ՛ իր գրածներուն երբեմն արհեստական, բռնայանգ ձեւերէն: Զարմանալի իւրայատկութիւնն այն է, որ ան գրականութեան ժողովրդայնութեան հարցերը ջանացած է հանրամատչելի ձեւով ներկայացնել գրաբարի մէջ, որ  արտառոց է:

-Ինչպէ՞ս կրցած էք ուսումնասիրութեան ժամանակ զերծ մնալ Խրիմեան Հայրիկին կերպարէն եւ զայն դիտարկել միայն իբրեւ գրող:

-Գրած պահուս ես ինծի անընդհատ կը յուշէի, որ մոռնամ, թէ Հայոց Հայրիկին, Վասպուրականի Արծիւին մասին կը գրեմ, այլ պարզապէս դիտարկեմ զայն իբրեւ հեղինակ: Անշուշտ, ամէն տողի մէջէն, ամէն պարագայի, կը ցոլանայ Վասպուրականի Արծիւը՝ Հայոց Հայրիկը, որ հայրաբար կը դիմէ մեր ժողովուրդին, բայց ես միւս տեսանկիւնէն դիտած եւ գրած եմ:

-Իսկ իբրեւ գրականագէտ, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Խրիմեան Հայրիկը իբրեւ գրող:

-Զայն գնահատած եմ իբրեւ մեր նորագոյն գրականութեան կարեւորագոյն հիմնադիրներէն մէկը, որուն գործերուն մէջ, ինչպէս հայելիին մէջ, կ՚արտացոլայ անցումային շրջանը՝ ուշ միջնադարէն դէպի նոր շրջանի հայ գրականութիւնը: Խրիմեանը Յովհաննէս Միրզայեան Վանանդեցիին հետ, ըստ էութեան, մեր նոր շրջանի գրականութեան առաջին պոէմներուն հեղինակն է: Եթէ Խրիմեանի կեանքին թեմաթիք դասակարգումով դնենք անոր ստեղծագործութիւնները, ապա զարմանալիօրէն անոնք կը համընկնին:

Անոր գործունէութեան առաջին շրջանը սկսաւ իր զոյգ նշանաւոր «Հրաւիրակ»ները գրելով, յաջորդ կեանքի հանգրուանը կը կապուի կրօնա-բարոյական, դաստիարակչական գործեր գրելուն եւ վերջին շրջանին կրկին անցում կը կատարէ քերթողութեան:

Ես տողերուն բացատրութիւնը կատարած եմ գիրքին մէջ, վերլուծելով զանոնք, միաժամանակ ներկայացնելով  պոէմները, որոնք ընթերցողներուն մեծ մասամբ անծանօթ են, եւ փորձելով զայն վերլուծել իր արտայայտչամիջոցներով, անոր մէջ արտայայտուած գաղափարներով:

Գիրքին մէջ ներկայացուցած եմ նաեւ «Արծիւ Վասպուրականի» ամսագիրը, ցոյց տալով, թէ իր ըմբռնումները ինչպէս հարազատ ձեւով արտայայտուած են իր հրապարակախօսութեան մէջ: 1850-ականներու սկիզբը, փաստօրէն, Խրիմեան արծարծած է թեմաներ, որոնք այնուհետեւ Ալիշանը, միւսները 1860-80-ականներուն պիտի արծարծէին:

Ինչպէս գիտէք, «Սասնայ ծռեր»ուն մասին առաջին յիշատակութիւնը հպանցիկ կերպով Ղուկաս Ինճիճեանի մօտ կը գտնենք, որ կ՚ակնարկէ Խանդութի բերդին մասին, երկրորդ առարկայական յիշատակութիւնը կը նկատուի Գարեգին Սրուանձտեանցի մօտ: 1878 թուականին էպոսին առաջին գրառումը տեղի կ՚ունենայ, որ Սրուանձտեանցը կատարած է: Բայց ես նշած եմ, որ Սրուանձտեանցէն քսան տարի առաջ, 1858-ին «Արծիւ Վասպուրական»ի մէջ բերուած է Մհերի դրան աւանդութիւնը: Փաստօրէն ատիկա մեր էպոսին մասին երկրորդ յիշատակութիւնն է:

Թեմաթիք դասակարգումով վերլուծած եմ «Արծիւ Վասպուրական»ի մէջ Խրիմեանի գրիչին պատկանող մանաւանդ առաջին շրջանին տպուած յօդուածները: Եւ գիրքին մէջ երրորդ բաժինը կը վերաբերի Խրիմեանի արձակ գործերուն: Արձակ ըսելով ալ հոս պէտք չէ հասկնալ գեղարուեստական արձակը, այդ մէկը կրօնա-բարոյական եւ խրատա-բարոյական արձակն է: Արձակէն կ՚ուզէի յատկանշել մանաւանդ Խրիմեանի կեանքին համայնագիտարանը՝ «Պապիկ եւ թոռնիկ» գործը: Եթէ Խրիմեանի «Սիրաք եւ Սամուէլ» գործը քաղաքային միջավայրի համար  է եւ հայրը որդիին կը դիմէ, ապա «Պապիկ եւ թոռնիկ»ին մէջ Հայոց Հայրիկը հանդէս կու գայ՝ իր թոռան դիմելով եւ գործը ուղղուած է գաւառի հայութեան:

1890-ականներու համար արտառոց, զարմանալի կերպով հակադրութիւն կը ստեղծէ գաւառի եւ քաղաքի միջեւ, անընդհատ ընդգծելով գաւառին՝ քաղաքէն գերադաս ըլլալը, եւ այս մէկը ես նաեւ փորձած եմ բացատրել այն հանգամանքով, որ ի վերջոյ, արեւմտահայ բնաշխարհը հիմնուած է գիւղերու, գաւառներու վրայ: Խրիմեանի բարոյական ըմբռնումները, անոր կենսափորձը, ազգագրական նկարագրութիւնները բոլորը խտացած են «Պապիկ եւ թոռնիկ»ին մէջ:

-Արդիակա՞ն են այսօր Խրիմեանի գրականութեան նիւթերը, մանաւանդ՝ «Պապիկ եւ թոռնիկ» գործը:

-Այո՛, հայ հայրենիքի ընդհանրացուած պատկերն է այդ գործը, եւ կարելի է ըսել (գոնէ իմ պատկերացմամբ), որ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»էն ետք ատիկա երկրորդ գործն է՝ ամբողջական հայրենիքին նուիրուած: Մեր հասարակութեան մէջ շերտ մը կայ, որ «Պապիկ եւ թոռնիկ»ը երկարօրէն կրնայ կարդալ, Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ին համար չեմ կրնար պնդել, թէ կը կարդան, բայց ասիկա կարդացուող է:

Խրիմեանի գործերուն արդիականութեան մասին խօսելով, կրնանք նշել, որ անոր «Դրախտի ընտանիք» գործը (որ 1870-80-ականներուն գրուած է), մինչեւ Եղեռնը միշտ տպուած է, նոյնիսկ երբ Խրիմեան աքսորուած էր, Երուսաղէմ էր: Արեւմտահայ իրականութեան մէջ պսակադրութեան արարողութիւններուն ընթացքին այդ գործը նուիրուած է նոր կազմուող ընտանիքներուն: Օժիտի մէջ դրուած է, եւ պատահական չէ, որ պոլսահայ միջավայրին մէջ անընդհատ այդ գիրքը տպուած է, նուէրի պէս տրուած է, իբրեւ դաստիարակչական պատգամներու ժողովածոյ:

-Արդեօք Խրիմեան Հայրիկի գեղարուեստական գործերը ամբողջական ձեւով հասանելի՞ են ընթերցողներուն:

-Այդ առումով մենք պարտք ունինք Խրիմեանին՝ բոլոր երկերը ամբողջական կերպով տպելու: Ես հաշուարկած եմ՝ եթէ հրաշքով միջոցներ գտնուին, ապա չորս հատորով այսօր կարելի է իրականացնել Խրիմեան Հայրիկի ակադեմական հրատարակութիւնը: Ճիշդ է, որ յստակ չէ թէ այդքան արխիւ, ձեռագիր կա՞յ, թէ՞ չկայ, բայց եղած բնագրերը ճշդելով, ծանօթագրութիւններով կարելի է ամբողջացնել չորս հատորը:

Այսօր վստահաբար կրնանք ըսել, որ 1850-ական թուականներէն կէս դար հայ միտքին, սիրտին եւ հոգիին վրայ իշխած են երկու հոգի, երկուքն ալ «հայոց» պատուանունը կը կրեն՝ Խրիմեանը իբրեւ հայոց հայրիկ ու Ղեւոնդ Ալիշանը, իբրեւ հայոց նահապետ: Յետագային նաեւ Ամենայն հայոց բանաստեղծ յորջորջուած է Յովհաննէս Թումանեանը, բայց չորրորդ հեղինակ չկայ, որուն անուան կողքը ըլլայ «հայոց» բառը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2022