ՄԱՆՐԱԴՐԱՄ

Ժամանակը ո՛չ մէկուն մասին կը խօսի։ Սակայն բոլորը կը խօսին վերջինիս մասին։ Աւելին՝ վերջերս գանգատելու սկսած ենք ծերուկ իմաստունէն. Ժամանակը չի բաւեր... ակնթարթի մը պէս անցաւ... օրը, ամիսը, տարին, մանկութիւնը, պատանեկութիւնը,  երիտասարդութիւնը, մեր կեանքը ինչպէս անցաւ՝ չհասկցանք...

Ո՛չ մէկը կամ ոչինչ կը հետաքրքրէ ժամանակին։ Սակայն բոլորը կ՚աճապարեն ըլլալ ժամանակին համահունչ, ներդաշնակ, ժամանակի հետ հաշտ։ Բոլորին կը հետաքրքրէ ժամանակը։

Ժամանակի տարիքը անթիւ է, անհաշիւ։ Քանի մը ամիսէ ի վեր Զաւէնը բազում հարցեր կու տայ մահուան վերաբերեալ.

-Մամ, դուն ե՞րբ պիտի պզտիկնաս։

-Դուն երբ մեծանաս, մեծ մարդ ըլլաս։

-Իսկ քեզ ո՞վ պիտի խնամէ, կերակրէ։

-Դուն,- առանց յապաղելու կը պատասխանեմ ես։

-Սակայն ես կաթիկ չունիմ,- կը յուզուի Զաւէնիկ։

Փոքրիկ դադարէ մը վերջ կը շարունակէ մեր զրոյցը.

-Մամա, դուն ե՞րբ պիտի մահանաս։

-Դուն երբ շա՜տ մեծնաս։

-Ո՛չ, ես չեմ ուզեր դուն մահանաս, ո՛չ, ոչ...,- կու լայ, կը պոռայ ան։

-Եթէ չես ուզեր, ուրեմն պիտի չմահանամ։ Միշտ քու քովդ պիտի ըլլամ...

Զգալի դադարէ մը վերջ.

-Մայրիկ, դուն քանի՞ տարեկանիդ պիտի երթաս երկինք։

-Հարիւր,- կարճ կը կապեմ ես։

-Ո՛չ, ես չեմ ուզեր։ Ես կ՚ուզեմ դուն անթիւ տարեկան ապրիս, երբեք չմահանաս...

Չեմ յիշեր, թէ Զաւէնի տարիքին եղած ժամանակ զիս այսքան խորութեամբ կը հետաքրքրէր մահը։ Անշուշտ, ես ալ պզտիկ ատեն խորհած եմ մահուան մասին, սակայն ոչ այսքան բարձրաձայն ու խորունկ։

Զգալի են սերունդներու միջեւ եղած տարբերութիւնները։ Այսօրուան սերունդը ուրիշ է։ Ամէն ծնունդ ուրիշ է։ Ծնունդով մարդ կը նորոգուի, կը փոխուի, կը զարգանայ։ Հետաքրքրական է, թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած է այս փոփոխութիւնը։

Այստեղ քանի մը համեմատական.

Իմ սերունդի, մեր մանկութեան շքեղագոյն ուտեստը խորովածն էր։ Բոլոր մանուկները շատ կը սիրէին զայն։ Երբ մէկու մը տունը խորոված ընէին, այդ օրը կը վերածուէր իրական տօնի մը ընտանիքի պարագաներու համար։ Սեղանի վրայ խորոված կը յայտնուէր տարեդարձներուն, տօնական օրերուն, յատուկ առիթներով։ Ըսել է, թէ խորովածը ինքնին տօն է։ Մինչեւ այսօր ալ՝ հայկական աւանդական սեղանի թագուհին ինծի համար պահած է իր նշանակութիւնը։ Խորովածը իմ սիրելի ուտելիքն է։ Նոյնը չեմ կրնար պնդել Զաւէնի մասին։ Առհասարակ, իմ փոքրիկը եւ անոր սերնդակիցները անտարբեր են միսի, խորովածի նկատմամբ։ Զաւէնն ու իր ընկերները խորոված չեն սիրեր։ Հազուադէպ կը համտեսեն։ Անոնց արքայական ուտելիքը տապկուած հողկիթն է՝ ֆրին։ Բոլոր առիթներով, պզտիկները կրնան ամէն օր, առանց դադարի ուտել զայն։ Իսկ մեր ժամանակ այն շատ անշուք էր, աղքատի ուտելիք։

Մեր մանկութեան տարիներուն ազդու էր մանրադրամը։ Մեծ հայրս տունդարձին մեզ կը շփացնէր մանրադրամներով, որոնցմով մենք մեզի համար մաստակ կամ արեւածաղիկ կը գնէինք ռուսի Նինայէն։ Նինա տատիկի ամուսինը վաղուց մահացած էր, սակայն բոլորը զայն կը յիշէին որպէս ռուսի Նինա՝ ազգութեամբ ռուս ամուսին ունեցող։ Անոր բոված արեւածաղիկը շատ համով էր։ Հին արմենաւանցիները կը փութային ռուսի Նինայէն գաւաթ մը արեւածաղիկը 25 դրամով ձեռք բերելու։

Խանութէն վերջ մանրադրամը երբեք մեծերուն չէինք վերադարձներ, մեզի համար առեւտուր կ՚ընէինք՝ շաքար, տուրմ եւ այլն։

Իսկ այսօրուան աչքը կուշտ սերունդը մանրադրամի երեսին անգամ չի նայիր։ Դրամ մը տուած ատեն ալ՝ մանրադրամը կը վերադարձնէ։ Թերեւս պատճառը ամէն բան ուզած ատեն ունենալն է՝ ի տարբերութիւն մեզի։

Ժամանակները կը փոխուին, սակայն ամէն նոր չի դադրիր հինի կրկնութիւնը ըլլալէ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 31, 2023