ՃԱՄԲՈՐԴՈՂ ՊՈՒՊՐԻԿՆԵՐԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի մէջ երէկ՝ յուլիսի 30-ին իրենց ճամբորդութիւնը աւարտեցին ճաբոնական տիկնիկները: Հայաստանի մէջ Ճաբոնի դեսպանատունը յուլիսի 7-էն ի վեր Երեւանի Թումանեանի անուան տիկնիկային թատրոնին մէջ կազմակերպած էր «Նինկիյօ. ճաբոնական տիկնիկներու արուեստը եւ գեղեցկութիւնը» խորագրով ցուցահանդէսը, որ Հայաստան բերուած էր ուրիշ երկիրներու մէջ ներկայացուելէ ետք: Ցուցահանդէսին հանդէպ հետաքրքրութիւնը այնքան մեծ էր, որ նախատեսուած աւարտի ժամկէտը շրջանցելով քանի մը օր եւս մնաց Հայաստանի մէջ: Հայաստանէն վերջ այս ցուցահանդէսը կը տարուի նաեւ այլ երկիրներ, ուր նոյնպէս կը ծանօթանան ճաբոնական աւանդական տիկնիկներուն, որոնք ճաբոնական մշակոյթի, կենցաղի, մտածողութեան, տօներու անբաժան մասն են:
Այս տիկնիկները Ճաբոնի մէջ ճանչցուած են որպէս «կենդանի ազգային գանձ»։ Անոնցմէ շատերը յուռութք են ճաբոնցիներուն համար՝ չար աչքէ հեռու պահող հմայեկներ: Ցուցահանդէսի բացումին Հայաստանի մէջ Ճաբոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆուքուշիմա Մասանորի ցուցահանդէսի բացումին ըսաւ, որ ճաբոնական մշակոյթը ծանօթ է իր իւրայատուկ եւ բազմազան արուեստի ձեւերով եւ այս տիկնիկները բացառութիւն չեն եւ կը ներկայացնեն Ճաբոնի հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը, ներառեալ՝ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները: Մշակութային փոխանակումը ազգերու միջեւ երկխօսութեան բանալի է, եւ ճաբոնական տիկնիկներու ցուցահանդէսը նպաստեց հայ-ճաբոնական մշակութային կապերու զարգացման:
Տիկնիկներու ցուցահանդէսը նաեւ ճանաչողական բնոյթ ունի եւ դիտողը կը ծանօթանայ երկրի պատմութեան, անցեալի ու ներկայի սովորութիւններուն:
Ճաբոնական տիկնիկներու մեծ մասը նախատեսուած է ոչ թէ խաղի, այլ տեսքի համար եւ կը ներկայացնէ գաղափար մը:
«Նինկիյօ» խորագիրը ճաբոներէնէ թարգմանաբար կը նշանակէ «տիկնիկ» կամ «մարդու կերպարանք», եւ ցուցահանդէսին բերուած տիկնիկները պատմական երկար ճանապարհ անցած առարկաներ են, որոնք ստեղծուած են վարպետ արհեստաւորներու ձեռքերով: Կան լարովի տիկնիկներ, որոնց պատմութիւնը կու գայ տակաւին 13-րդ դարէն, անոնք կրնան թէյ խմել, քալել աստիճաններով, կը ցուցադրեն զանազան հնարքներ եւ դիտողին կը զարմացնեն տարատեսակ ձեւերով։ Ինքնուրոյն շարժուելու գաղտնիքը տիկնիկի մէջ ծանրութեան կեդրոնի փոփոխութիւնն է, որ նոյնպէս փոխանցուած է ճաբոնցի հնագոյն վարպետներէն:
Ճաբոնական տիկնիկները բազում են, բայց շրջիկ այս ցուցահանդէսին ներառուած են ամենանշանաւորները: Անոնցմէ է իշօ տիկնիկը, որ նաեւ յայտնի է որպէս «հագուստով տիկնիկ» անունով: Այն աւանդական ճաբոնական տիկնիկներու տեսակ է՝ մեր օրեր հասած Էտոյի ժամանակաշրջանէն (1603-1868): Կը ներկայացնէ այն օրերու մարդոց կրած իրական հագուստը: Այս տիկնիկի պատմութիւնը կ՚առընչուի նաեւ Ճաբոնի մայրաքաղաքի հաստատուելուն, երբ 1868 թուին կայսրը իր նստավայրը Քիոթոյէն տեղափոխեց Թոքիօ եւ նոյն ժամանակ ալ Էտոն անուանափոխուեցաւ՝ դառնալով Թոքիօ: Իշօ տիկնիկները սովորաբար կը պատրաստուին տախտակէ՝ բարդ մասնիկներով եւ հագուստով եւ կ՚արտացոլեն այն ժամանակուան մշակոյթն ու բարքերը, կը ցուցադրեն օրինակ մայքոներուն՝ երիտասարդ կիներուն, որ կը պարէին խնջոյքներու ժամանակ: Հայաստան բերուած էին քանի մը հատ հագուստով այս տիկնիկներէն:
Հետաքրքրական պատմութիւն ունի նաեւ Օշիէ հաքոիթա տիկնիկը, որ կը կցուի թիակին՝ այսինքն հաքոիթային, եւ ճաբոնական աւանդական ժամանցին մէջ կը կիրառուի որպէս թենիսի խաղի տեսակ մը՝ օդային փետրագնդակախաղ:
Օշիէ հաքոիթան յայտնի դարձած է Փունքա-փուտսէյ ժամանակաշրջանին (1804-1830)։ Տիկնիկը զարդարուած կ՚ըլլայ զանազան նկարներով, ինչպէս՝ քիմոնօ կրող կիներու եւ քապուքիի՝ ճաբոնական աւանդական թատրոնի մէկ տեսակի դերասաններու պատկերներով: Երեւանի մէջ ցուցադրուած այս տիկնիկներէն մէկը կը ներկայացնէ քապուքիի թատրերգութեան մը արտասովոր տեսարանի գլխաւոր հերոսուհին, որ նուիրական սիրով լեցուն աղջիկ մըն է: Կ՚ըսեն, որ օշիէ հաքոիթան կը վանէ դժբախտութիւնը: Բազում ճաբոնցիներ մինչեւ հիմա ալ կը հաւատան այս տիկնիկի այդ յատկութեան, կը նուիրեն զայն իբրեւ աղէտներու եւ չարիքներու դէմ պայքարող առարկայ:
Կոշօ տիկնիկները նոյնպէս ի յայտ եկած են Էտօ ժամանակաշրջանին: «Կոշօ» ճաբոներէնէն թարգմանաբար կը նշանակէ «պալատ», իսկ կոշօ տիկնիկները պատրաստուած են կաւէն կամ տախտակէն եւ աչքի կը զարնեն հմայիչ ձեւաւորումով: Այդ խամաճիկները կը խորհրդանշեն գեղեցկութիւն, մաքրութիւն ու պատիւ, յայտնի եղած են որպէս նուէրի առարկայ՝ զանազան տօնական առիթներու համար: Ցուցադրուած կոշօ տիկնիկներէն մէկուն ձեռքին գանձանաւ է, որ, ըստ ճաբոնական հաւատալիքներու, կը բերէ բարեկեցութիւն, իսկ միւս կոշոյի ձեռքին կռունկ է, որ երկար կեանք կը խորհրդանշէ:
Տարումա տիկնիկը կը պատկերէ Պոտհիտհարման՝ Ձեն պուտտայականութեան հիմնադրին, որ երջանկութիւն բերող աստուածութիւնն է:
Տարումա տիկնիկներու ամենաիւրայատուկ յատկանիշը անոնց աչքերն են։ Երբ տիկնիկը կը վաճառուի, անոր երկու աչքերուն տեղը պարապ կամ ճերմակ կ՚ըլլայ: Զայն գնողը երազանք կամ նպատակ կը պահէ՝ նկարելով աչքերէն մէկը եւ նշանակելով ճանապարհորդութեան սկիզբը: Միւս աչքը կը նկարէ միայն այն ժամանակ, երբ փափաքը իրականութիւն կը դառնայ: Տարուման նաեւ ուրիշ երազանքներ պահելու տիկնիկ է: Սովորաբար կը գործածուի նաեւ երազանք պահելու ամենամեայ նոր տարուայ ծիսակարգին մէջ. տէրը, երազանք պահելով, տիկնիկի աչքերէն մէկուն վրայ կոպ կը նկարէ: Տարումայի կզակին յաճախ կը գրուի տիրոջ անունը։ Մէկ տարուայ ընթացքին տիկնիկը կը պահուի տանը, նկատելի վայրի մը մէջ, ուրիշ ծիսական առարկաներու հետ։ Եթէ յաջորդ նոր տարուն երազանքը կատարուի, ապա տարումայի վրայ կը նկարեն նաեւ երկրորդ աչքը, իսկ եթէ՝ ոչ, տիկնիկը կը տանին վանք, կ՚այրեն եւ նորը կ՚ունենան: Տարումայի այրումը ճաբոնական հաւատալիքներուն մէջ մաքրումի ծէս է, որպէսզի ոգիները հասկնան, որ երազանք պահողը չէ հրաժարած իր նպատակէն, այլ կը փնտռէ ատոնք իրականացնելու նոր ուղիներ։ Տարումայի մօտ ծանրութեան կեդրոնը դէպի ներքեւ իջած է. եթէ տիկնիկը խոնարհեն, այն կը վերադառնայ ուղղահայեաց դիրքի: Ատիկա կը խորհրդանշէ տիրոջ ձգտումներուն անսասանութիւնը։
Որպէս կանոն, տարուման կարելի է այրել միայն այն վանքին մէջ, ուրկէ զայն գնուած է, այդ պատճառով ալ անոր վրայ կը դրուի վանքին կնիքը: Տարուայ մէջ ընդունուած է գնել մէկ տարումայէն ոչ աւելի։ Տիկնիկը սովորաբար կը ներկուի կարմիր գոյնով, քանի որ միջնադարուն կարծիք կար, որ կարմիր գոյնը կը վախցնէ ծաղկախտ յարուցող չարքերը:
Մէկ այլ ուշագրաւ տիկնիկ է քոքէշին: Զայն տախտակէ շինուած տիկնիկ է, որ յառաջացած է Ճաբոնի Տոհոքու ժամանակաշրջանին՝ Էտոյի դարաշրջանի վերջէն 19-րդ դարու սկիզբը: Այս տիկնիկը ունի պարզ, գլանաձեւ կառուցուածք, իսկ տիկնիկին ձեռքերը եւ ոտքերը կը բացակային: Քոքէշի տիկնիկը սովորաբար կ՚ունենայ ծաղկային կամ երկրաչափական ձեւաւորում, իսկ դէմքը պարզ արտայայտութիւն կը կրէ: Բախտի եւ յաջողութեան խորհրդանիշ է: Ճաբոնցիներու մէջ յուզիչ առասպել մը կայ տարածուած այն մասին, որ հին ժամանակ այդպիսի տիկնիկ մը անպտղութենէ բուժած է ճաբոնական կայսեր կինը։ Այդ ժամանակէն ի վեր ընդունուած է, որ պուպրիկները դրական լիցքեր ունին եւ կը կատարեն մարդու նուիրական երազանքները։ Այս պուպրիկը թափանցած է այլ երկիրներու մշակոյթ եւ կ՚ըսուի, թէ այն հիմք հանդիսացած է ռուսական աւանդական փայտեայ տիկնիկներուն համար, որոնց մարմինին մէջ կը տեղաւորուին քանի մը հատ իրարմէ պզտիկ տիկնիկներ:
Ցուցահանդէսի ակնառու ցուցանմոյշներէն էին Տաիրի պինա տիկնիկները, որ Ճաբոնի կայսրը եւ կայսրուհին պատկերող պուպրիկներ են: Տաիրի պինաները կը կիրառուին Հինամացուրի փառատօնի ժամանակ, որ կը նշուի մարտի 3-ին եւ աղջիկներու երջանկութեան համար աղօթելու օրն է: Զայն կը կոչուի նաեւ տիկնիկներու տօն: Այդ օրը, այն տուներու մէջ, ուր աղջիկներ կան, մասնայատուկ դարակներու վրայ կը դրուին տիկնիկներ:
Փառատօնին աղջիկները ծաղկանախշ ճաբոնական հագուստ կը հագուին եւ կը նմանուին տիկնիկներու։ Անոնք հիւր կ՚երթան, իրարու նուէրներ կու տան, քաղցրաւէնի կ՚ուտեն եւ սաքէ աւանդական խմիչքը կը խմեն, որ թոյլ ոգելից բաղադրիչ կ՚ունենայ:
Տօնին ժամանակ աղջիկները պէտք է հետեւին բարեկրթութեան կանոններուն։ Հինամացուրի նպատակը աղջիկներու դաստիարակութիւնն է, ծնողքն ալ ամէն գինով ցոյց կու տայ, որ իրենց աղջիկները լաւ դաստիարակութիւն ստացած են եւ կը տիրապետեն կենցաղային կանոններուն։ Ի սկզբանէ այս տօնը նշուած է միայն արքունիքի եւ զինուորական դասի շրջանակին մէջ, սակայն շուտով տարածուած է նաեւ ժողովուրդի մէջ: Հին ժամանակ ազնուական ընտանիքները կը հրաւիրէին կախարդները, որոնք յատուկ աղօթքներ կը կարդային, որպէսզի մարդոց բոլոր դժբախտութիւնները անցնին թուղթէ տիկնիկներուն, յետոյ այդ խուրձիկները կը «յանձնէին» գետի կամ ծովու ալիքներուն: Այդ աւանդոյթը կը պահպանուի նաեւ այժմ, սակայն ատոնք հիմա ոչ թէ թուղթէ տիկնիկներ են, այլ շքեղ մետաքսեայ հագուստով արուեստի իսկական գլուխ գործոցներ: Տիկնիկներու այդ տօնի բոլոր պարագաները կը վաճառուին յատուկ շուկայի մէջ, եւ տօնական այդ տիկնիկներուն շարքին այսօր մեծ տեղ ունին կայսրը եւ կայսրուհին պատկերող խաղալիքները: Կայսր եւ կայսրուհի տիկնիկները սովորաբար կը պատկերեն Էտօ ժամանակաշրջանի կայսրն ու կայսրուհին, սակայն երեւանեան ցուցահանդէսին ներկայացուած էին պուպրիկներ, որոնց համար հիմք հանդիսացած է ներկայիս կայսրի եւ կայսրուհիի կողմէ 2019 թուականին պալատական ծէսերու ժամանակ կրած հագուստը։
Ճաբոնական տիկնիկները, հակառակ խորհրդաւոր եւ բարդ ըլլալուն, ժպիտ կը բերեն դիտողին: Իսկ ժպիտը նոյնպէս ճաբոնական աւանդութիւններու մէջ մեծ տեղ ունի: Ծագող արեւի երկրին մէջ ժպիտը ոչ միայն զգացմունքներու բնական արտայայտութիւն է, այլ նաեւ վարուելակարգի ձեւ, որ կը նշանակէ ոգիի յաղթանակը՝ դժուարութիւններու եւ անյաջողութիւններու դիմակայութեան մէջ։
Ճաբոնցիներուն պզտիկ տարիքէն, շատ յաճախ անձնական օրինակով, կը սորվեցնեն ժպտիլ՝ ընկերային պարտականութիւնները կատարելու համար։ Այդ երկրին մէջ ժպիտը կիսաճանաչողական շարժելակերպ դարձած է եւ կը նկատուի նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ժպտացող մարդը կը կարծէ, որ իրեն չեն հետեւիր: Այսպիսի օրինակ մը կայ ճաբոնական կենցաղային մշակոյթի մէջ. ճաբոնցին կ՚աճապարէ նստիլ մեթրոյին գնացքը, բայց դռները կը գոցուին ուղիղ անոր քիթին առջեւ: Անյաջողութեան նկատմամբ անոր արձագանգը կ՚ըլլայ ժպիտը: Այս ժպիտը, անշուշտ, ուրախութիւն չի նշանակեր, բայց ցոյց կու տայ, որ մարդը անախորժութիւնները կ՚ընդունի առանց տրտնջալու եւ կենսուրախ։ Ճաբոնցիներուն տակաւին մանուկ հասակէն կը սորվեցնեն զերծ մնալ սուր զգացմունքներ արտայայտելէ, ինչ որ երբեմն հնարաւոր է նաեւ խաթարէ անհաստատուն ընկերային ներդաշնակութիւնը։
Օտարներ կը նկատեն, որ Ճաբոնի մէջ մասնայատուկ շարժուձեւի միջոցով ժպիտի գործածումը յաճախ ծայրայեղութիւններու կը հասնի։ Մինչեւ օրս զարմանքով կարելի է տեսնել, թէ ինչպէս կը ժպտին մարդիկ, որոնք կորսնցուցած են հարազատները։ Բայց յստակ է, որ ատիկա պէտք չէ հասկնալ այնպէս, թէ մահացածներու կորուստը չեն սգար։ Ժպտացողը ատով միայն կ՚ըսէ այո՛, իմ կորուստս մեծ է, բայց կան աւելի կարեւոր ընդհանուր հոգեր, եւ ես չեմ ուզեր վշտացնել շրջապատողներս՝ ցոյց տալով իմ վիշտս:
Ճաբոնական տիկնիկներուն անունները, որ ցուցադրուած էին Երեւանի մէջ, անգլերէնէ զատ, գրուած էին նաեւ ճաբոնական պատկերագիրերով: Ցուցահանդէսի «Նինկիյօ» խորագիրն ալ ընդամէնը երկու պատկերագիրով նշանակուած է, որ անգամ մը եւս կ՚ապացուցէ, թէ ի՛նչ բարդ ու հետաքրքրական են ճաբոնական գիրերը։ Անոնց հիմքին մէջ 6-էն 8-րդ դարերուն չինացիներէն փոխառնուած եւ ճաբոներէնի առանձնայատկութիւններուն յարմարեցուած պատկերագիրերն են: Օրաթերթ կարդալու համար, օրինակ, անհրաժեշտ է գիտնալ շուրջ երկու հազար նշան, մինչդեռ ատոնց ընդհանուր թիւը տասը հազարէն աւելի է։ Անշուշտ, դժուար է ատոնք բոլորը յիշելը, եւ ճաբոնցիները գիրքերուն մէջ տակաւին անծանօթ նշանի հանդիպելու ժամանակ կը դիմեն բառարանի օգնութեան։ Եւ չնայած այս հանգամանքին՝ Ճաբոնը, յայտնի է, որ համատարած գրագիտութեան երկիր է։ Վեց տարեկանէն երեխաները կը յաճախեն դպրոց, իսկ տասնամեայ կրթութիւնը պարտադիր է։ Համալսարաններէն ներս ուսումը վճարովի է, բայց կան նաեւ անվճար պետական համալսարաններ, ուր ընդունուելու համար պէտք է յաղթահարել մրցակցային մեծ դժուարութիւններ։
Յատկանշական է, որ ճաբոնցիները, այդքան մեծ տեղ տալով տիկնիկներուն, իրենց բջիջային հեռախօսներու մէջ ներդրած են պատկերներ, որոնք կը խորհրդանշեն տիկնիկները: Հաղորդակցութեան ընթացքին անոնք, սովորական զմայլիկներու կարգին յաճախ կը գործածեն տիկնիկներու զմայլիկները, մանաւանդ երբ կը զրուցեն ճաբոնական մշակոյթի, արուեստի, տօներու եւ աւանդութիւններու մասին: Ճաբոնական մշակոյթի նկատմամբ հետաքրքրութիւն արտայայտելու, աւանդական տիկնիկներու պատկերները տարածելու ժամանակակից այս մշակոյթը օրէ օր նոր դրսեւորումներ կը ստանայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան