«ՄԵՆՔ ՄԵԶ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՃԱՆՉՑԱՆՔ»

Էլիզա Քերոբեանը եւ Էլէանորա Զաքարեանը Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան ակադեմիոյ ուսանողներ են։ 2023-2024 տարեշրջանին՝ անոնք Քուէյթի պետական համալսարանին մէջ մասնակցեցան «Արաբագիտութեան» կրթական ծրագրի։ Այս ծրագիրը կ՚ընդգրկէ արաբերէն դասական լեզուի եւ գրականութեան ուսուցմունք՝ նաեւ արաբական մշակութային արժէքներու ծանօթացում, օտար ուսանողներու համար։ Արդէն անոնք մօտաւորապէս տասն ամիսէ ի վեր կը գտնուին Քուէյթ եւ դասընթացքները ամբողջացնելով պիտի վերադառնան Հայաստան։ Ինչ խօսք՝ որ անոնք կարօտացած են իրենց տունը՝ իր ամբողջական հասկացողութեան ընդմէջէն։

Այս տասն ամիսները երկու երիտասարդ եւ ուսումնատենչ երիտասարդուհիներուն համար եղած է ո՛չ միայն կրթական-ակադեմական, այլեւ՝ նոյնքան կեանքի դպրոց։ Անոնք սորված եւ ապրած են հասկնալու համար «ուրիշ»ը եւ հաղորդակցելու համար «ուիշ»ին հետ՝ որ հայ չէ։ Բայց նոյնքան նաեւ հայուն՝ իր սփիւռքեան իրականութեան մէջ։

Էլիզան եւ Էլէանորան աշխոյժ մասնակցութիւն բերին քուէյթահայ եկեղեցական-մշակութային եւ միութենական կեանքն։ Անոնք ամէն ուրբաթ ներկայ էին հայ եկեղեցիի պատարագին եւ երգչախումբի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին։ Կարծէք ամէն մէկ վայրկեանը իրենց կեանքը Քուէյթի մէջ՝ անոնք կ՚ուզէին ապրիլ լեցուն եւ ամբողջական։ Իսկ լեցուն եւ ամբողջական իրենց կեանքը՞ Քուէյթի մէջ...։

«Քուէյթի մէջ այս տասն ամիսներու ընթացքին մենք ապրեցանք եւ սորվեցանք թէ ո՞վ է «ուրիշը», որ տարբեր մշակոյթ եւ լեզու ունի, բայց նաեւ լաւ հասկցանք, թէ ո՞վ է սփիւռքահայը եւ ինչպէ՞ս է անոր կեանքը։ Այս ընելով մենք մեզ աւելի լաւ ճանչցանք»։ Էլիզայի եւ Էլէանորայի վկայութիւնն է այս...։ Տասն ամիսներու իրենց Քուէյթի կեանքի վկայութիւնը։

Եւ ուզեցի փոխանցել մեր երկու երիտասարդ ուսանողուհիներուն իմ քաջալերական խօսքը. «Ձեր այս փորձառութիւնը բաժնեկցեցէք եւ պատմեցէք Հայաստան։ Անհրաժեշտ է որ ձեր փորձառութիւնը վերածէք ապրող կեանքերու՝ որպէսզի Հայաստան-սփիւռք յարաբերութինները աւելիով աշխուժանան ու ջերմանան»։

Էլիզա եւ Էլէանորա Երեւանի մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը՝ ամբողջացնելու համար իրենց Պսակաւոր արուեստից կրթական ծրագիրը։ Անոնք ուսումնատենչ հայ երիտասարդուհիներ են, որոնք կ՚ուզեն աւելիին ձգտիլ եւ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը մագիստրոսի վկայականներու համար՝ քաղաքական գիտութիւն թէ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ։

Եթէ յաջողութիւն մաղթեցինք մեր երկու երիտասարդուհիներուն՝ բայց բաւականացանք ըսելով. «ցտեսութիւն»։ Անոնք պիտի վերադառնան տուն՝ Հայաստան։ Եւ Հայաստանը՝ հայը միացնող օղակն է: Աշխարհով մէկ ապրող հայը։

Միացնող, ջերմացնող եւ անպայամնօրէն ապրեցնող օղակը:

Հայաստան:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ, Յուլիս 27, 2024

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2024