ՏԱՒՈՒՇԻ ՀՄԱՅՔԸ ԼԱՍՏԻՎԵՐ ԴԵՂՁՆՈՒՏ ԵՒ ԱՂՋԿԱԲԵՐԴ

Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը՝ Տաւուշի մարզի Իջեւան շրջանին մօտակայքը, Ենոքաւան գիւղէն 3 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ լայն անտառներով պատուած, խորհրդաւոր վայր մը կայ, որ մանաւանդ վերջին տարիներուն գրաւած է թէ՛ հայ, թէ՛ օտար այցելուներու ուշադրութիւնը:

Հայրենի բնութեան ներդաշնակ գեղատեսիլ բլուրներու վրայ, միջին չափի ժայռի մը մէջ տեղաւորուած է քարայր մը: Արտաքին զննումէն զայն ոչինչով կը տարբերենք քարայրներով հարուստ մեր երկրի միւս քարայրներէն, բայց ներս մտնելով մեր առջեւ կը բացուի խորհրդաւոր աշխարհ մը: Այդ քարայրին մէջ, պատերուն խորտուբորտ քանդակներ կան, որ հրաշալի պահպանուած են… Առաջին պահուն կը թուի, թէ հին դարերէ եկող քանդակներ են ատոնք, որոնք հնութեան վարպետ մը դրոշմած է պատերուն: Սակայն զարմանքով կը տեղեկանաս, որ այդ ստեղծագործութիւններուն հեղինակը ժամանակակից հայ քանդակագործ, կեանքէն 1996 թուականին հեռացած, դրուագող եւ գեղանկարիչ Բենիկ Պետրոսեանն է: Աւելի կը զարմանաս, որ հին դարերու քանդակներուն նմանող այդ քանդակները Բենիկ Պետրոսեան կատարած է կարճ ժամանակամիջոցի մը՝ քանի մը օրուան ընթացքին:

Քարայրը Լաստիվեր կոչուող շրջանի քարայրն է, իսկ Լաստիվերը հանրութեան աւելի յայտնի դարձաւ 2000-ականներու սկիզբը, երբ բնապահպանական զբօսաշրջութեան սիրահարները սկսան մշտական արշաւներ կազմակերպել դէպի Լաստիվեր: Այսօր արդէն Լաստիվերը արտասահմանեան զբօսաշրջիկներուն եւ մեզի համար ճանչցուած զբօսավայր է, ներառուած է զբօսաշրջային զանազան գործակալութիւններու քայլարշաւներու ցանկին մէջ:

Լաստիվերը նաեւ դրախտ կը կոչեն՝ շնորհիւ կոյս բնութեան, փարթամ կանաչ բուսականութեան, լեռնային ջրվէժներուն, սառնորակ աղբիւրներուն, մաքուր ու թարմ օդին…

Դէպի Լաստիվեր քայլարշաւը կը սկսի Ենոքաւան գիւղի վերի հատուածի հանգստեան գօտիէն: Քայլարշաւի մասնակիցները Խաչաղբիւր գետի երկայնքով կը շարժին դէպի ձորի ափերուն տարածուած անտառները: Այստեղ Խաչաղբիւր գետին մէջ կը թափին երկու հիասքանչ ջրվէժներ… Տաւուշի մարզի խոշոր գետը՝ Աղստեւն է, որուն աշխոյժ վտակներէն է Խաչաղբիւրը:

Ջրվէժներուն շառաչը, թռչուններուն դայլայլը եւ բնապատկերը այլ իրականութիւն կը փոխադրէ մարդը, եւ այդ իրականութեան մէջ չկան անվերջ զնգացող հեռաձայնային գործիքներ, չկայ համացանց, որ այսօր իր ոստայնին մէջ խճճած է մարդը… Կարճ ժամանակ ետք Լաստիվերի գիրկին մէջ յայտնուողը կը հասկնայ, որ քաղաքակրթական նուաճումները մարդը որքան հեռացուցած են բնութենէն, ակունքէն, այն բոլորէն, որոնք մարդուն մէջ ի վերուստ գոյութիւն ունին:

Այսօր մարդը տարուած է ժամանակակից սարքաւորումներու միջոցաւ դէպի զինք եկող տեղեկատուութեան հոսքին եւ կ՚երթայ դէպի անորոշութիւն, մինչդեռ պարզ քայլերով կրնայ յաղթել այդ պայքարին, կուլ չերթալ, եւ այդ պարզագոյն քայլերէն մին ալ բնութեան հետ կապի վերականգումն է, բնութիւնը իբրեւ ակունք եւ բուժող բժիշկ փայփայելը:

Ենոքաւանէն դէպի Լաստիվեր քայլարշաւի տեւողութիւնը մօտ մէկուկէս ժամ է, իսկ հանգստանալու համար ճամբուն վրայ կան բացատներ, ուր քալողները կրնան դադարներ առնել: Լաստիվերի անտառային գեղատեսիլ բացատին մէջ հէքեաթային տնակներու շարան մը ստեղծուած է, իսկ տեղանքի զանազան հատուածներուն վրայ գիւղական կարասներ, կուժեր եւ գեղջկական բնօրինակ իրեր տեղադրուած են: Քարանձաւներէն ամենէն մեծը կը կոչուի Լաստիվեր Անապատ: Քիչ մը դժնդակ եւ ծայրեզր զբօսաշրջութեան սիրահարները Լաստիվերի մէջ կը գտնեն ամէն ինչ:

Քարանձաւը կը գտնուի ձորի ուղղաձիգ լանջին վրայ եւ հոն հասնիլը այնքան ալ դիւրին չէ: Ատոր համար պէտք է յաղթահարել դժուարամատչելի, քարափի եզրէն անցնող արահետի ոլորանը: Հին ժամանակ այդտեղ բարձրանալու համար մարդիկ ստիպուած եղած են մէկը միւսին վրայ շարուած գերաններէն աստիճան կառուցել, որ նման էր լաստի՝ տախտակի լայն շերտի, որ նաւակ կը յիշեցնէ, այդ իսկ պատճառով քարանձաւը ստացած է «Լաստիվեր» անուանումը: Ուրիշ վարկածով՝ այստեղ բարձրացած են պարանով կապուած փայտեայ հարթակի՝ լաստի միջոցաւ: Քարանձաւին ներսը գտնուող սենեակներու պատերուն կան բազմաթիւ հարթաքանդակներ, որոնք աշխատանքի, սիրոյ թեմաներով են: Շատ յաճախ պատահած է, որ անտեղեակ ուղեկցորդներ, առանց գիտնալու, որ ով է հեղինակը, անիկա զբօսաշրջիկներուն ներկայացուցած են որպէս հեթանոսական շրջանէն եկող գործեր: Այս մէկը անշուշտ զայրոյթ կը պատճառէ գիտակներուն, մանաւանդ՝ Բենիկ Պետրոսեանի ընտանիքի անդամներուն, որոնք կը պատրաստուին պետական կառոյցներու թոյլտուութեամբ ցուցանակներ դնել քարայրի մուտքին, որոնք կը վկայեն, կը տեղեկացնեն, որ անձաւի պատերուն քանդակած է ժամանակակից քանդակագործ, եւ սխալը շրջանառութեան մէջ չդրուի:

Այո, Անապատ անունով քարանձաւը հնագոյն ծագում ունի, բայց անոր պատերուն քանդակները շատ աւելի ուշ յայտնուած են:

Լաստիվեր Անապատը, իր հազարամեակներու պատմութեամբ եւ տակաւին չբացայայտուած գաղտնիքներով եզակիներէն է Հայաստանի մէջ: Այցելուները կը զարմացնէ նաեւ անոր երկյարկանի ըլլալն ու տասներկու առանձին սենեակները: Քարերով շարուած հնավայրի քարանձաւներու մուտքը անմիջապէս ժայռի ճակատին է:

Ի սկզբանէ, հեթանոսական շրջանի պաշտամունքային վայր էր քարանձաւը, սակայն դարեր շարունակ ան նաեւ բնակավայր եղած է, որուն ապացոյցն են գտածոները: Քարանձաւը մինչեւ հիմա ալ, հազարամեակներ անց, մարդոց համար կը ծառայէ որպէս կացարան: Բազմաթիւ են այն այցելուները, որոնք մասնաւոր կու գան այստեղ գիշերելու եւ խորհրդաւոր այդ սենեակներուն մէջ մէկ-երկու գիշեր կ՚անցընեն: Այցելուներուն քով հաստատուն է այն տեսակէտը, որ Լաստիվերի քարանձաւի միջավայրը բուժիչ եւ վերականգնողական զօրաւոր յատկութիւն ունի:

Պատմութենէն ծանօթ է նաեւ, որ այս քարանձաւին մէջ 13-14-րդ դարերու մոնղոլական արշաւանքներուն ժամանակ ապաստան գտած է տեղւոյն բնակչութիւնը: Յետագային այստեղ նաեւ ճգնաւորներ ապրած են, այդ իսկ պատճառով ալ քարանձաւը Անապատ անունով կը յիշատակուի:

Այսօր արդէն դէպի Ենոքաւան եւ Լաստիվեր արշաւային ճամբան իր մէջ արկածային տարբեր ուղղութիւն մը ներառած է՝ Զիպլայնը, որ հնարաւորութիւն կու տայ, ինչպէս կազմակերպիչները կ՚ըսեն, թռչունի թռիչքի բարձութենէն հիանալ տարածքի գեղեցկութեամբ: Այսօր զիպլայնը արկածային զբօսաշրջութեան մէջ ամենէն արագ զարգացող ուղղութիւններէն է: Հայաստանի միակ զիպլայնը այժմ այստեղ կը գտնուի: Ենոքաւանի տարածքին անոր կառուցողները մտադրած են ընդլայնել ծրագիրը եւ զիպբլայնը դարձնել աշխարհի ամենէն երկարը, որուն հասակը, ըստ նախատեսուածին, պիտի կազմէ 3.2 քիլօմեթր։ Ի դէպ, Ենոքաւանի մէջ զիպլայնով կարելի է թռչիլ տարուան որեւէ եղանակի:

Տարուան իւրաքանչիւր եղանակ իւրատեսակ անկրկնելի զգացողութիւններ կը պարգեւէ այս արկածային ուղիի սիրահարներուն: Անոնք կը ջանան թռչունի թռիչքի բարձրութենէն տեսնել թէ՛ անձրեւը, թէ՛ մշուշը, թէ՛ զգալ քամին ու արեւը... Զիպլայնը կառուցող ընկերութիւնը յետագային այս տարածքին մէջ զբօսաշրջութիւնը խթանելու նպատակով ներդրած է նաեւ ճոպանային պարկեր, ցած տարածքներու ինքնաթիռներ, օդապարիկներ եւ այլ ծայրայեղ ու արկածային հնարաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ ձիարշաւելու, ժայռամագլցման հնարաւորութիւն ստեղծած է այցելուներուն համար:

ԴԵՂՁՆՈՒՏ

Տաւուշի այցելուները չեն կրնար անտարբեր մնալ անոր բազում ու խորհրդաւոր պատմական վայրերուն հանդէպ: Այս մարզին մէջ այցելութեան հրաշալի վայր է նաեւ Դեղձնուտը, որ կը գտնուի Տաւուշի մարզի Աճարկուտ գիւղէն 9 քիլօմեթր հարաւ-արումուտք, Խնձորկուտ գետակի ձորակին մէջ: Վանքի հիմնադիրն է Առաքել Վարդապետը, Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքէն: Անոր տապանաքարն ալ, որ 1292-ին կը վերագրուի, կը գտնուի վանքի գաւիթին մէջ:

Դեղձնուտի վանքը միջնադարեան հայ ճարտարապետութեան ամենէն բնորոշ եւ վառ օրինակներէն է: Անոր շուրջը գերեզմանոց գոյացած է եւ համանուն գիւղատեղի աւերակներն են, որ կը շրջապատեն վանքը: Վանական համալիրը բաղկացած է երկու եկեղեցիէ եւ գաւիթէ մը: Սրբատաշ, մուգ վարդագոյն տուֆ քարով կառուցուած գլխաւոր եկեղեցին (1258թ.) իր յօրինուածքով գմբէթաւոր դահլիճ է: Եկեղեցիի արեւելեան որմնամոյթերը կը ձեւաւորեն խորանին եզրագիծը: Խորանի երկու կողմերուն վրայ կը գտնուին երկյարկանի աւանդատուները: Ծածկը դրուած է չորս կիսասիւները իրարու միացնող կամարներու վրայ, որոնք միաժամանակ կը ծառայեն որպէս յենարան՝ կլոր թմբուկին եւ գմբէթին համար (ներկայիս անոնք կիսաւեր են): Աւելի ուշագրաւ է եկեղեցւոյ ներքին եւ արտաքին յարդարանքը:

Եկեղեցւոյ գաւիթը (13-րդ դար), որ կառուցուած է նոյն վարդագոյն տուֆէն, արեւմուտքէն կից է եկեղեցւոյ: Ան ուղղանկիւն յատակագիծով անսիւն կառոյց մըն է: Գաւիթին ծածկը իրականացուած է երկու զոյգ փոխադարձաբար խաչաձեւուող կամարով, որոնք կեդրոնին կը միանան եւ կը կազմեն ցած գմբէթ՝ երդիքային բացուածքով, որ բնորոշ է այն ժամանակուան ինչպէս աշխարհիկ կառոյցներուն, այնպէս ալ՝ եկեղեցիներուն: Գլխաւոր եկեղեցիէն գաւիթին մէջ բացուող արեւմտեան շքամուտքը ունի հարուստ ու բարձրարուեստ ձեւաւորում:

Գաւիթի պատերուն վրայ պահպանուած են 13-րդ դար թուագրեալ նուիրատուական արձանագրութիւններ, որոնցմէ պարզ կը դառնայ, որ գաւիթին շինարարութիւնը տեւած է 16 տարի՝ 1258-1274։ Գաւիթին տանիքը եւ յատակը սալապատուած են:

Վանքին երկրորդ եկեղեցին (1275թ.) կը գտնուի գլխաւոր եկեղեցիէն 20 մեթր հիւսիս-արեւելք: Ան բաւական պարզ կառոյց մըն է եւ քանի մը անգամ վերանորոգուած:

Վանքին մէջ կը գտնուին միջնադարեան խաչքարերու բեկորները՝ արձանագրութիւններով եւ թիւերով: Անոնցմէ մին Պետրոս եւ Քաղաք վարպետներու ստեղծագործութիւնն է, որուն վրայ պահպանուած են արձանագրութիւններ՝ վանքի հիմնադրման հանգամանքներուն մասին: Դեղձուտի վանքը եղած է պատմական Հայաստանի Կայէն գաւառի հոգեւոր ու մշակութային նշանաւոր կեդրոններէն։ Ճարտարապետական ձեւերու կատարելութեամբ, արտաքին յարդարանքի եւ զարդաքանդակներու ճոխութեամբ այս յուշարձանախումբը Մակարավանքին հետ միասին նշանաւոր տեղ գրաւած է հայ արուեստի պատմութեան մէջ։

Նմանապէս Կայէն ամրոցը իր տեղը ունեցած է հայ մշակոյթին, մասնաւորապէս՝ ժողովրդական աւանդապատումներուն մէջ, եւ նոյնպէս Տաւուշի մարզի հրաշալիքներէն է. Կայէն ամրոցը նաեւ Աղջկաբերդ կը կոչուի:

ԱՂՋԿԱԲԵՐԴ

Աղջկաբերդը Հայաստանի ամենէն նշանաւոր ամրոցներէն է: Զարգացած միջնադարուն բերդը կը կոչուէր Կայէն, ինչպէս նաեւ ամբողջ գաւառը ունէր այդ անուանումը: Ամառուան այս շրջանին նոյնպէս զբօսաշրջիկներ կ՚ուղղուին դէպի Աղջկաբերդ, որ Աղստեւ գետի հովիտին վրայ կը գտնուի՝ անտառապատ լերան մը գագաթին: Այս ամրոցը նաեւ Կըզ կալա անուանումով յայտնի է ժողովուրդին:

Կայէն ամրոցը եղած է բաւական անառիկ ռազմական կառոյց մը, որ հանդիսացած է գաւառի իշխաններուն նստավայրը:

Ամրոցի բրգաւոր պարիսպները բոլոր կողմերէն կ՚երիզէին լերան գագաթի ժայռոտ բարձր ափերը՝ ունենալով պաշտպանական բացառիկ նշանակութիւն: Ամրոցին ներսը պահպանուած են աւերուած բնակարաններու հետքեր, ջրամբարներ, եկեղեցի, բաղնիք:

Բոլոր շինութիւնները, ինչպէս նաեւ պարիսպները, կառուցուած են կապտաւուն պազալթէ, ամուր կրաշաղախով։ Այս ամրոցի պատմահնագիտական արժէքին մասին բաւական խօսուած է, քանի որ լաւ պահպանուած է անոր ամբողջականութիւնը ուստի եւ մեծ է արժէքը։

Ամրոցին Աղջկաբերդ անունին առընչուող քանի մը աւանդութիւն կայ ժողովուրդին մէջ:

Կ՚ըսեն, թէ Լենք Թեմուրը, գիտնալով, որ այստեղ գեղեցիկ աղջիկ մը կը բնակի, կը ղրկէ զինուորները, որ զայն բերեն իր քով։ Երեք զինուորները կու գան, կ՚առեւանգեն աղջիկը: Հովիւ մը, տեսնելով այդ, կը հետեւի անոնց: Գիշերը, երբ զինուորները կը քնանան, հովիւը կը սպաննէ զանոնք եւ աղջիկը նորէն ետ կը բերէ: Լենք Թեմուրը, կատաղած տեղի ունեցածէն, կը յարձակի բերդին մէջ ամրացած հայերուն վրայ։ Պառաւ մը կը գտնէ, որ կը մատնէ ջուրին տեղը, կը կտրէ բերդին ջուրը եւ այդ ձեւով միայն կը յաղթէ հայերուն։ Տեսնելով այդ՝ աղջիկը պարիսպէն գետը կը նետէ ինքզինք։ Ատկէ ետք բերդին անունը կը մնայ Աղջկայ Բերդ:

Ամրոցին եւ աւերակ բաղնիքին մասին ժողովուրդին մէջ աւանդութիւն մը եւս մնացած է։ Կ՚ըսեն՝ եղած է գեղեցիկ աղջիկ մը, որ ունեցած է իր զօրքը։ Շատ իշխաններ, հրապուրուելով անոր գեղեցկութեամբ, ուզած են ամուսնանալ, բայց ան մերժած է բոլորը։ Երբ չեն կրցած համոզել, ուզած են ուժով տիրել։ Իշխանուհին, հաւաքելով իր տիրապետութեան տակ գտնուող մարդիկը, կառուցած է ամրոցը եւ իր զօրքով պատսպարուած է այնտեղ։ Աղջկան յամառութիւնն ու քաջագործութիւնները աւելի կը գրգռեն իշխան Մանթաշը: Ան աղջկան բերդին դիմաց կը կառուցէ Մանթաշի բերդը եւ յարձակումներ կը գործէ աղջկան բերդին վրայ։ Այդ յարձակումները, սակայն, անյաջողութեամբ աւարտած են, միշտ յաղթած է աղջիկը։ Անգամ մըն ալ ան զօրքը ուղարկած է Մանթաշաբերդի վրայ։ Կռիւին նորէն յաղթած է աղջկան զօրքը։ Ատկէ ետք Մանթաշը հաշտութիւն խնդրած է։ Անոնք պայմանաւորուած են, որ իւրաքանչիւրը մնայ իր ամրոցին մէջ, բայց ի նշան բարեկամութեան, Աղստեւ գետի ափին (այժմեան Համամի ճալային մէջ) կառուցած են վերը նշուած բաղնիքը։

Այս պատմութիւններէն ո՞րն է իրական եւ որը՝ մտացածին եւ արդեօք երկո՞ւքն ալ աւանդապատում են, դժուար է ըսել: Այդ հարցումը այնքան ալ իմաստուն չի թուիր այն խորհրդաւոր ու վեհ բերդին առջեւ, որ այսօր կանգուն է, գոյութիւն ունի ու իր խորհրդաւորութեամբ կը գրաւէ մարդիկը, որոնք հմայուած Աղջկաբերդի անառիկ սլացքով, կը հեռանան հիասքանչ Տաւուշի աշխարհէն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017