ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԵՐ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ մը։ «Երիտասարդներ կ՚երգեն ու կը նուագեն հոգեւոր երգեր» խորագրեալ երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ խմբավար Հրանդ Չիզմեճեանի գլխաւորութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայ շաբթուան սկիզբէն ի վեր գրեթէ ամէն օր մշակութային ձեռնարկ մը տեղի կ՚ունենայ Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս եւ երէկուան համերգն ալ եկաւ համալրել այդ շարքը։ Ամրան ամիսներուն եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տարուած աշխատանքներու արդիւնքները կը քաղուին այս փուլին, ինչ որ կ՚արժանանայ կղզեբնակ մեր ժողովուրդի անմիջական ուշադրութեան։

Երէկ երեկոյեան, կազմակերպուած հանդէսին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրգիոր Ա. Քահանայ Տամատեան, Տ. Զաւէն Քահանայ Պըչաքճեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր գործակից ընկերները, Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան եւ իր գործակից ընկերները, կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու եւ հոծ թիւով կղզեբնակներ, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին եկեղեցւոյ բակը։ Շուրջ քսաներեգ երգեր մեկնաբանուեցան երէկուան համերգին ընթացքին։ Երազ Չաղլայեան, Էլլա Ենոքեան, Առլին Տուման, Ալիք Աթաօղլու, Մարալ Եշիլթեփէ, Էլէն Իգիթեան, Լիզա Կիւլպենկ հանդէս եկան կատարումներով եւ արժանացան ծափահարութիւններու։ Երեկոյթը ձօնուած էր Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանին եւ յայտագրի տեւողութեան ցուցադրուեցան զանազան տեսողականներ, որոնք կը ցոլացնէին նորին ամենապատուութեան կողմէ Գնալը կղզիի մէջ ծաւալուած, երիտասարդներու ուղղեալ գործունէութիւններէն զանազան դրուագներ։

Համերգի աւարտին ելոյթով մը հանդէս եկաւ խմբավար Հրանդ Չիզմեճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ամրան եղանակի տեւողութեան զօրակցութիւն ցուցաբերած էին իրենց աշխատանքներուն։ Ան այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս նշեց Կղզեաց թաղային խորհուրդը, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը եւ իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ երիտասարդ երաժիշտներու նկատմամբ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ հերթական անգամ բարձր գնահատանքով արտայայ-տըւեցաւ Հրանդ Չիզմեճեանի կողմէ ծաւալուած նախանձախնդիր աշխատանքին եւ յանձն առնուած զոհողութիւններուն շուրջ։ Հայր սուրբն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Կղզեաց թաղային խորհուրդին, որ ամրան շրջանի ծրագրերը իր զօրակցութեան առարկայ դարձուցած է։

Համերգի աւարտին բոլոր ներկաները ստեղծուած տօնական մթնոլորտին մէջ ջերմօրէն շրջապատեցին երիտասարդ երաժիշտները, որոնց նկատմամբ յայտնեցին իրենց գնահատանքն ու համակրանքը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 31, 2018