ԱՆԻԾՈՒԱԾ ՀԱՑԻՆ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ

Պատմութեան ընթացքին մարդկութիւնը արձանագրած է բազմաթիւ յաջողութիւններ, որոնք նպաստած են քաղաքակրթութիւններու զագացման, առօրեայի դիւրացման, աշխարհի բոլոր «բնակիչներու» բարօրութեան… Տեղի ունեցած են նաեւ յուզիչ կամ մտահոգիչ դէպքեր։ Մարդիկ կը հասնին անհաւանական բարձունքներու, երբեմն կը սխալին, երբեմն անդունդի եզրին կը յայտնուին։ Թէեւ այժմ ժամանակը կը փոխուի չափազանց արագ, սակայն պատմութեան ընթացքին մարդոց փորձառութիւնները՝ ճիշդը կամ սխալը ընտրելու մէջ, միշտ ուղեցոյց եղած են յառաջիկայ սերունդներուն համար։

Պատմական գիրքերէ կամ տեղեկատուական այլ աղբիւրներէ կը կարդանք, թէ ժամանակի ակնթարթային անցքին քիչ չէ եղած նաեւ թիւը այն դէպքերուն, որոնք ունին «առեղծուածային» կամ «առասպելական» բնոյթ։ Նայելով այդ երկար ու ձիգ գրութիւններուն՝ մենք մեր երեւակայութեան շնորհիւ կը սկսինք պատկերացնել ամէն ինչ, զոր կը կարդանք։ Յաճախ, մեր յիշողութեան մէջ ձեւաւորուած պատկերացումները այնքան ալ չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Ֆրանսայի մէջ 1951 թուականին տեղի ունեցած դէպքն ալ այնքան հետաքրքրական է, որ որքան ալ երեւակայենք, մեր պատկերացուցածը չի կրնար համապատասխանել իրականութեան…

1951-ին Ֆրանսայի գողտրիկ գիւղերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած «անիծուած հաց» պատահարը իր ազդեցութիւնը գործած է գիւղի բազմաթիւ բնակիչներու վրայ եւ պատճառ դարձած՝ եօթ հոգիի մահուան։ 

Ֆրանսայի Կրատ շրջանի Փոն Սեն թ՚Էսփրի գիւղի իւրաքանչիւր բնակիչ կը վարէր հանգիստ ու խաղաղ կեանք մը։ Գիւղաբնակներ իրենց առօրեայ կարիքները դիմագրաւելու համար թէ՛ կ՚աշխատէին եւ թէ կը համագործակցէին իրարու միջեւ։ Ամէն ինչ բնականոն հունի մէջ կ՚ընթանար, մինչեւ 16 օգոստոս թուականը…

Օր մը գիւղաբնակներ խուճապի մատնուած՝ կը յայտարարէին «առասպելական» արարածներու կամ վայրի կենդանիներու գիւղէն ներս ներկայութեան մասին։ Այդ օրուայ առաւօտուն «արթնցող» գիւղացիներ կը պնդէին, թէ անոնք յարձակման ենթարկուած են վիշապներու, օձերու կամ այլ վայրի կենդանիներու կողմէ։ Գիւղի բնակիչ 11 տարեկան Շարլ Կրոնժոն փորձած է իր ձեռքերով խեղդամահ ընել մեծ մայրը, իսկ Կապրիէլ Վալիտիր իր սենեակակից ընկերը սպաննելէ վերջ պնդած էր, որ անոր գլուխը պղինձէ էր եւ որովայնը կ՚ուտէին օձեր։ Նոյն օրը տունէն դէպի գործատեղին ուղղուող կին մը յայտնած էր, որ ճամբուն իրեն յարձակած էին հսկայ վագրեր։ Բոլորը զարմացուցած՝ հրատապ լուծման կարօտող այս յայտարարութիւններու համար անհրաժեշտութիւնը ծագած էր գիւղէն ներս հետազօտութիւններ կատարել՝ պարզելու նպատակով գիւղաբնակներու անտրամաբանական ու վրդովիչ վարմունքներու բուն պատճառը։ 

Տարօրինակութիւններ կամ երեւակայական արարածներ տեսնող մօտաւորապէս 300 հոգի քննութեան տակ առնուեցան, իսկ 50 հոգի յիմարանոց փոխադրուեցան։ 8 օր վերջ յիմարանոց փոխադրուածներէն մին շէնքի երկրորդ յարկէն դուրս ցատկեց եւ «Ես օդանաւ մըն եմ» ըսելով փորձեց փախչիլ։ Միջոց մը կրկնուեցան նման դէպքեր։ 

Երկար ժամանակ շարունակած այս պատահարի պատասխանատուն համարուեցաւ գիւղի հացագործը՝ Ռոչ Պրիան։ Խուզարկումներու արդիւնքին պարզուեցաւ, թէ Պրիանի վաճառած հացերը շինուած էին էրկոթ կոչուած սունկէն, որ ամենաազդեցիկ թմրամիջոցներէն՝ LSD-ի հում նիւթն է։ 

Չափազանց հզօր թմրեցուցիչ մըն է LSD-ն, որ կը փոխէ եւ կը խեղաթիւրէ իրականութեան ընկալումը, զուգահեռաբար պատճառ կ՚ըլլայ զգայախաբութեան, մտամոլութեան կամ տեսլահարութեան։ Այս թմրանիւթը գործածող մարդիկ կը սկսին «ճանապարհորդութեան» մը, որ կրնայ ուրախութիւն կամ հաճոյք պատճառել, ինչպէս նաեւ յարուցել՝ սարսափ կամ տխրութիւն։ 

Պատահարէն 2 տարի անց գիւղէն ներս սկսան ինքնասպանութեան դէպքեր արձանագրուիլ, հետեւաբար պատահածներուն մասին սկսան տարբեր վարկածներ յառաջ քշուիլ։ Անոնցմէ մին էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (CIA) դէպքերու մէջ հաւանական դերին մասին։  

Գործունէութեան ընթացքին յաճախ քննադատութիւններու կիզակէտին յայտնուած CIA-ի նախաձեռնութեամբ երկար տարիներ կատարուած են փորձեր մարդոց վրայ, տեղի ունեցած են ֆիզիքական բռնութեամբ հարցաքննութիւններ, կազմակերպուած են թիրախային սպանութիւններ, մահափորձեր, ինչպէս նաեւ գանձատրուած եւ մարզուած են զինեալ խումբեր… CIA-ի անունով առընչուած էին այդ ժամանակ կատարուած MKUltra փորձերը, որոնք կը փորձեն հակակշռի տակ առնել զանգուածներու որոշումները, կարծիքն ու միտքերը։ Այդ փորձերու ժամանակ կ՚օգտագործուէր LSD թմրանիւթը։ Վերոյիշեալ դէպքերու պարագային CIA-ի դերը երբեք չէ ապացուցուած, սակայն եղած են բազմաթիւներ, որոնք կը պնդեն թմրանիւթի անոնց կողմէ գիւղաբնակներու վրայ փորձարկուած ըլլալուն մասին։

Ներկայիս ԱՄՆ-ի կառարավարութիւնը կը յայտարարէ, թէ այլեւս նման փորձարկումներ չեն կատարուիր մարդոց վրայ, սակայն պատմութեան ընթացքին երկրի կառավարութենէն նման յայտարարութիւններ կատարուած էին, բայց աւելի վերջ ապացուցուած է հակառակը։ 

Մինչեւ այսօր «անիծուած հաց» պատահարը մնացած է անլոյծ եւ չէ պարզուած դէպքերու բուն պատճառը։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2020