ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐՊԱՐԱՆՔՆԵՐԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Մա­տե­նա­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ «Վե­րած­նուած մշա­կոյթ, վե­րապ­րած ձե­ռագ­րեր» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղով մը։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած էր այս ձեռ­նար­կը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Աւստ­րիա­յէն, Հո­լան­տա­յէն, Գեր­մա­նիա­յէն, Լաթ­վիա­յէն, Ղա­զա­խիս­տա­նէն եւ Վրաս­տա­նէն ա­ռաջ­նա­կարգ կեդ­րոն­նե­րու մաս­նա­գէտ­ներ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Յի­շո­ղու­թեան կեր­պա­րանք­նե­րը» այս մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը, որ հին­գե­րորդն էր իր նման­նե­րու շար­քին, ա­ռար­կայ դար­ձաւ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան այս առ­թիւ նշեց, թէ հաս­տա­տու­թիւ­նը գրա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման ու վե­րա­կանգն­ման ա­ռա­ջին խա­րիս­խա­յին կա­ռոյցն է ոչ միայն նախ­կին խորհր­դա­յին տա­րած­քաշր­ջա­նի, այլ նաեւ Եւ­րո­պա­յի մէջ։ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն ծի­րին մէջ առ­նուած էր այս տա­րուան գի­տա­ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին Թամ­րա­զեան դի­տել տուաւ, թէ Մա­տե­նա­դա­րա­նը բազ­մա­թիւ պայ­մա­նագ­րեր կնքած է ար­տա­սահ­մա­նեան գոր­ծըն­կեր­նե­րու, եւ­րո­պա­կան, ԱՊՀ-ա­կան եր­կիր­նե­րէ նշա­նա­ւոր կեդ­րոն­նե­րու հետ։ Բո­լո­րո­վին վեր­ջերս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մշա­կուած է նաեւ Գա­լի­ֆոր­նիոյ Ազ­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նին հետ, ո­րու մօտ կը պահ­պա­նուին հա­րիւր հա­յե­րէն ձե­ռագ­րեր։

«Մա­տե­նա­դա­րա­նը հրա­շա­լի օ­րի­նակ մըն է միւս հիմ­նարկ­նե­րուն հա­մար։ Մեր աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կ՚ընդ­լայ­նուի. այս­տեղ կը հրա­ւի­րենք եւ­րո­պա­կան լա­ւա­գոյն մաս­նա­գէտ­նե­րը, իսկ մեր մաս­նա­գէտ­նե­րը միշտ փնտռուած են Եւ­րո­պա­յի մէջ։ Կան ձե­ռագ­րե­րու վե­րա­կանգն­ման նոր հմտու­թիւն­ներ, գաղտ­նիք­ներ եւ նո­րա­րա­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք «կը ծնին» Մա­տե­նա­դա­րա­նի մէջ։ Օ­րի­նակ՝ միջ­նա­դա­րեան բա­ղադ­րա­տո­մե­րու վեր­ծան­ման մի­ջո­ցաւ ձե­ռագ­րե­րու վե­րա­կանգ­նու­մը», ը­սաւ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ հին ձե­ռագ­րե­րու եւ փաս­տա­թուղ­թե­րու պահ­պան­ման եւ ու­սում­նա­սիր­ման կեդ­րո­նէն ներս ի պահ դրուած նմոյշ­նե­րուն։ Թամ­րա­զեան շեշ­տեց, թէ Մա­տե­նա­դա­րա­նը ոչն­չա­ցու­մէ փրկած, պահ­պա­նած է եւ այ­սօր ար­դէն հան­րու­թեան կը ներ­կա­յաց­նէ բազ­մա­թիւ օ­տա­րա­լե­զու ձե­ռագ­րեր։ Ըստ Թամ­րա­զեա­նի, Մա­տե­նա­դա­րա­նի ձե­ռագ­րե­րու շար­քին կան ա­րա­բա­տառ բազ­մա­թիւ նմոյշ­ներ, 1915-ի շրջա­նին փրկուած քու­րան­ներ, կրօ­նա­կան գիր­քեր եւ նոյ­նիսկ 16-րդ դա­րէ մնա­ցած եր­կու օս­մա­նե­րէն ձե­ռա­գիր։

Գի­տա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րու ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գող Ա­րա Խըզ­մա­լեանն ալ դի­տել տուաւ, որ ան­ցեալ հինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին այս գի­տա­ժո­ղո­վը ձեռք բե­րած է լայն ճա­նա­չում՝ հա­մախմ­բե­լով գրա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման բնա­գա­ւա­ռի բարձ­րա­կարգ մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնց շար­քին կը գտնուին միջ­նա­դա­րա­գէտ­ներ, ձե­ռագ­րա­գէտ­ներ, վե­րա­կանգ­նող­ներ, ֆոն­տա­պահ­ներ, թան­գա­րա­նա­գէտ­ներ, ար­խի­ւա­գէտ­ներ եւ գրա­դա­րա­նա­վար­ներ։ Կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քին՝ ան­ցեալ տա­րուան Դեկ­տեմ­բե­րին Մա­տե­նա­դա­րա­նին շնոր­հուած է գրա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման ու վե­րա­կանգն­ման ո­լոր­տէն ներս ԱՊՀ-ի տա­րած­քին մէջ Խարս­խա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան կար­գա­վի­ճակ։ Այս ա­ռու­մով գի­տա­ժո­ղովն ալ լա­ւա­գոյն եւ հիմ­նա­կան հար­թակ մը կը հա­մա­րուի հա­մա­պա­տաս­խան գոր­ծա­ռոյթ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման տե­սա­կէ­տէ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2015