ԳՈՒՆԱԳԵՂ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

Լեփ­լեն­տը այ­լեւս հե­ռա­ւոր ե­րազ մը չէ հայ մա­նուկ­նե­րուն, ին­չու չէ նաեւ մե­ծե­րուն հա­մար:  Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հո­գա­ցած են ձմեռ­նա­յին զուար­ճանք­նե­րու սի­րա­հար­նե­րու նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րը եւ Կա­ղան­դէն եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ Թիֆ­լի­զի խճու­ղիին վրայ գտնուող «Ե­րա­զ» այ­գիի տա­րած­քին Լեփ­լեն­տի կրկնօ­րի­նա­կը բա­ցուած է, որ նաեւ Անդր­կով­կա­սի մէջ նմա­նա­տիպ ա­ռա­ջին վայրն է:

Լեփ­լեն­տը՝ Եւ­րո­պա­յի հիւ­սի­սը գտնուող այդ հրաշք բնաշ­խար­հը, գե­րած է ամ­բողջ մարդ­կու­թիւ­նը:  Նոյն այս վայ­րէն,  Կա­ղան­դէն ա­ռաջ ճամ­բայ կ­­՚ել­լէ եւ ան­տառ­նե­րով ու ձո­րե­րով, սա­րե­րով եւ դաշ­տե­րով կը ճամ­բոր­դէ ու մա­նուկ­նե­րուն կը հաս­նի Սան­թա Քլաու­զը՝ իր նշա­նա­ւոր սահ­նակ­նե­րով եւ եղ­ջե­րու­նե­րով:

Նո­րվե­կիա­յի, Շուէ­տի, Ֆին­լան­տիա­յի, Ռու­սաս­տա­նի Մուր­մանսք մար­զին մէկ մա­սը իր մէջ նե­րա­ռած Լեփ­լեն­տի մէջ կը գտնուի Սան­թա Քլաու­զի՝ աշ­խար­հի ա­մե­նէն մեծ գիւ­ղը, որ Ֆին­լան­տիա­յի մէջ կը նկա­տուի զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու կող­մէն ա­մե­նէն շատ այ­ցե­լուող վայ­րը:

Ա­հա­ւա­սիկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսած նա­խա­ձեռ­նու­թեան շնոր­հիւ նաեւ հա­յե­րուն եւ ձմրան  Հա­յաս­տան այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն ա­ռա­ջին ան­գամ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձեռ­նուի ծա­նօ­թա­նալ Սան­թա Քլաու­զին, Մի­սս Ք­լաու­զին, էլ­ֆէ­րին, Սան­թա­յի եղ­ջե­րու­նե­րուն հետ` հե­քիա­թա­յին հե­րոս՝ Ռու­տոլ­ֆի գլխա­ւո­րու­թեամբ: Հայ­կա­կան Լեփ­լեն­տի այ­ցե­լու­նե­րը  կրնան Սան­թա­յին այ­ցե­լել իր տան մէջ,  հիւ­րըն­կա­լուիլ Էլ­ֆէ­րի դպրո­ցէն ներս,  համ­տե­սել Մի­սս Ք­լաու­զի տաք եւ իւ­րա­յա­տուկ թխուած­քաբ­լիթ­նե­րը տեղ­ւոյն վրայ՝ ա­նոր փռա­տան մէջ եւ  տես­նել, թէ ո՞ւր կը պատ­րաս­տուին այն բո­լոր խա­ղա­լիք­նե­րը, ո­րոնք Սան­թան  կը նուի­րէ  ե­րա­խա­նե­րուն Ա­մա­նո­րի գի­շե­րը: Իսկ ա­մե­նէն հա­ճե­լի զուար­ճան­քը՝ Ե­րա­զի այ­գիին մէջ, սահ­նա­կով զբօ­սանքն է եղ­ջե­րու­նե­րուն հետ:  Միեւ­նոյն ա­տեն ձմեռ­նա­յին այս այ­գիին մէջ կը գոր­ծէ Ե­րե­ւա­նի ա­մե­նէն մեծ սա­հա­դաշ­տը, ուր սառ­ցէ շոու­ներ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան:

Կ՚ը­սեն, թէ այս տա­րի Սան­թա Քլաու­զը ա­մե­նէն շատ նա­մակ­նե­րը ստա­ցած է Հա­յաս­տա­նէն, ա­հա թէ ին­չու, ան եր­կար պի­տի մնայ Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հայ մա­նուկ­նե­րուն ե­րա­զանք­նե­րը: Մա­նուկ­նե­րը նաեւ ի­րենց նա­մակ­նե­րը կրնան տեղ­ւոյն վրայ յանձ­նել Կա­ղանդ Պա­պու­կին. ան կը խոս­տա­նայ, որ ե­թէ ոչ այս տա­րի, յա­ռա­ջի­կայ տա­րի կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ ա­նոնց ե­րա­զ­­նե­րը: 

Հա­կա­ռակ ա­նոր որ Ձմեռ­նա­յին այ­գին ու­նի իր շքեղ տօ­նա­ծա­ռը, սա­կայն հա­յաս­տան­ցի­նե­րը ա­մէն տա­րի ան­համ­բեր կը սպա­սեն Ե­րե­ւա­նի գլխա­ւոր տօ­նա­ծա­ռին, ո­րուն լոյ­սե­րը նոյն­պէս, Կա­ղան­դէն եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ ար­դէն վա­ռած են: 28  մեթր բարձ­րու­թեամբ գլխա­ւոր տօ­նա­ծա­ռին վրայ շա­րուած է 800 խա­ղա­լիք, ո­րոնք 2017 թուա­կա­նի խորհր­դա­նիշ՝ Կար­միր ա­քա­ղա­ղի գոյ­նե­րը կը կրեն:

Ըստ Ա­րե­ւե­լեան ա­ւան­դոյթ­նե­րուն, 2017 տա­րին Կար­միր հրե­ղէն ա­քա­ղա­ղի տա­րի է, եւ բո­լոր զար­դա­րանք­նե­րը, տօ­նա­կան խորհր­դա­նիշ­նե­րը, գոյ­նե­րը ո­ճա­բան­նե­րը տե­ղա­ւո­րած են Կար­միր մար­տա­կան ա­քա­ղա­ղի գոյ­նե­րուն եւ ա­նոր  նմա­նու­թեամբ:

Ե­րե­ւա­նի նուէր­նե­րու խա­նութ­նե­րը, տօ­նա­կան վայ­րե­րը հե­ղե­ղուած են ա­քա­ղա­ղը պատ­կե­րող զար­դե­րով, նոյ­նիսկ տօ­նա­ծա­ռեր կան, ո­րոնք միայն ա­քա­ղաղ-խա­ղա­լիք­նե­րով զար­դա­րուած են:

Հա­յաս­տա­նի հա­գուս­տի նշա­նա­ւոր ձե­ւա­ւո­րող­նե­րէն՝ Տիա­նա Շա­տուե­րեան ա­քա­ղա­ղի պատ­կե­րով տօ­նա­կան հա­գուստ ար­տադ­րած է եւ ա­ռա­ջար­կած Նոր տա­րին դի­մա­ւո­րել՝ հա­գուս­տի վրայ մար­տա­կան աք­լո­րի նկա­րով: Ա­նոր օ­րի­նա­կին հե­տե­ւած են նաեւ միւս ո­ճա­բան­նե­րը եւ մա­զե­րու, հա­գուս­տի, դի­մա­յար­դար­ման գոյ­նե­րուն մէջ տեղ գտած են շի­կա­կար­միր ա­քա­ղա­ղի հա­մար­ձակ գոյ­նե­րը:

Տա­րիին լաւ տրա­մադ­րու­թեամբ պէտք է սկսիլ, եւ ինչ­պէս կը յու­շէ տա­րուան խորհր­դա­նի­շը, քիչ մը մար­տա­կա­նու­թիւ­նը չի խան­գա­րեր ա­ւե­լի ինք­նավս­տահ ըլ­լա­լու հա­մար:

ԻՆՉ­ՊԷՍ ԴԻ­ՄԱ­ՒՈ­ՐԵԼ ԿԱՐ­ՄԻՐ ՀՐԵ­ՂԷՆ Ա­ՔԱ­ՂԱ­ՂԸ

Ըստ մաս­նա­գէտ­նե­րու, Կար­միր հրե­ղէն ա­քա­ղա­ղը քիչ մը բարդ ու կա­մա­կոր տի­պար մըն է, ուս­տի կ՚ար­ժէ տա­րին դի­մա­ւո­րել յա­տուկ պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ: Ա­քա­ղա­ղը կը նկա­տուի  նոր օ­րուան, լոյ­սի, յա­մա­ռու­թեան եւ բա­րի գոր­ծե­րու խորհր­դա­նիշ։ Ան նաեւ հե­տաքրք­րա­սէր է, հա­ղոր­դա­կից, կը սի­րէ  ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւել եւ յաղ­թել ո­րե­ւէ մար­տի ըն­թաց­քին, ին­չու չէ նաեւ՝ իր կտու­ցը գոր­ծա­ծե­լով:  Տե­սու­թիւն­ներ կան, թէ գա­լիք տա­րին լա­ւա­գոյնն է ճա­կա­տագ­րա­կան ո­րո­շում­ներ կա­յաց­նե­լու հա­մար։ Ա­քա­ղա­ղը կը նոյ­նա­ցուի ար­շա­լոյ­սին հետ, քա­նի որ ա­նոր ձայ­նով կը բա­ցուի ա­ռա­ւօ­տը, ուս­տի կ­­՚ար­ժէ նոր ո­րո­շում­ներ առ­նել եւ նո­րո­վի սկսիլ օ­րուան: Ա­քա­ղա­ղը ըն­տա­նի­քի պաշտ­պանն է: Ան ըն­տա­նի տա­քուկ թռչնազ­գի մըն է, ուս­տի տա­րուան խորհր­դա­նի­շը կը  գնա­հա­տէ ըն­տա­նե­կան ար­ժէք­նե­րը, ըն­տա­նի­քի ա­պա­հո­վու­թիւնն ու հանգս­տու­թիւ­նը: Ե­թէ սի­րա­շա­հիք ա­քա­ղա­ղը, ա­պա ան ամ­բողջ տա­րուան ըն­թաց­քին կ­­՚ա­պա­հո­վէ ըն­տա­նե­կան խա­ղա­ղու­թիւ­նը:

Տա­րուան խորհր­դա­նիշ նկա­տուող գոյ­նե­րը՝ կար­մի­րը, դե­ղի­նը, ոս­կե­գոյնն ու նարն­ջա­գոյ­նը նոյն­պէս ցան­կա­լի է, որ ու­ղե­կից ըլ­լան տօ­նա­կան օ­րե­րուն:  Տօ­նա­ծա­ռը զար­դա­րե­լու պա­հուն ան­պայ­ման պէտք է շեշ­տը դնել լոյ­սե­րուն վրայ, ինչ­պէս նաեւ ու­նե­նալ բազ­մա­թիւ մո­մեր, ո­րոնք Կրա­կէ ա­քա­ղա­ղին հա­ճոյք կը պատ­ճա­ռեն: 

Իսկ տօ­նա­կան ու­տես­տե­ղէն­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան մէջ նոյն­պէս պէտք է հա­մար­ձակ ըլ­լալ՝ զա­նա­զան հա­տե­ղէն­նե­րով, բան­ջա­րէ­ղեն­նե­րով եւ կա­նա­չե­ղէն­նե­րով կա­շա­ռե­լու տա­րուան հե­րո­սը:

Այս հար­ցին մէջ տան­տի­կին­նե­րը ու­նին անս­պառ ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն։ Ա­ւան­դա­կան ճա­շա­տե­սակ­նե­րու, աղ­ցան­նե­րու եւ ա­նու­շե­ղէն­նե­րու կող­քին նաեւ նո­րա­նոր ճա­շեր կա­րե­լի է ներ­մու­ծել եւ պատ­կե­րաց­նել, որ ա­նոնք հա­ճոյ են ա­քա­ղա­ղի ա­մե­նա­կուլ կտու­ցին:

ՏՕ­ՆԱ­ԿԱՆ ԾԱ­ՂԻԿ­ՆԵՐ

Ծա­ղիկ­նե­րը նոյն­պէս տօ­նա­կան օ­րե­րու գե­ղե­ցիկ լրա­ցու­ցիչ­ներն են: Հա­կա­ռակ ա­նոր որ տօ­նա­կան օ­րե­րուն ա­ւե­լի շօ­շա­փե­լի ըն­ծա­ներ նուի­րե­լու սո­վո­րու­թիւն կայ, ինչ­պէս՝ ա­նու­շե­ղէ­նը,  հա­գուս­տե­ղէ­նը,  զար­դե­րը,  սա­կայն ծա­ղիկ­նե­րը ե­ղած են եւ կը մնան նրբա­գոյն նուէ­րը, որ կա­րե­լի է միշտ մա­տու­ցել:

Ծա­ղիկ­նե­րու ա­ռու­մով շքեղ ծաղ­կա­յին փուն­ջեր, տօ­նա­կան ծաղ­կա­յին զար­դա­րանք­ներ կ՚ա­ռա­ջար­կէ Ե­րե­ւա­նի լա­ւա­գոյն ծա­ղի­կի սրահ­նե­րէն մին՝ Avenue des Fleurs-ը: Փուշ­քին փո­ղո­ցին վրայ գտնուող այս սրա­հը տօ­նա­կան այս օ­րե­րուն միա­ժա­մա­նակ տօ­նեց իր հիմ­նադր­ման տաս­նա­մեա­կը եւ այդ­պէ­սով ա­ւե­լի կա­տա­րեալ դարձ­նե­լով ծաղ­կա­յին ա­րուես­տը, որ կ՚իշ­խէ սրա­հին մէջ եւ ե­զա­կի է Ե­րե­ւա­նի միւս ծաղ­կա­յին սրահ­նե­րու կող­քին, ո­րոնց կար­գին կան նաեւ հի­ներ, բայց այս սրա­հը Հա­յաս­տան ներ­մու­ծած է եւ­րո­պա­կան ծաղ­կա­զարդ­ման  բարձ­րա­գոյն շուն­չը:  Ծա­ղիկ­նե­րու կող­քին Avenue des Fleurs-ը այս շրջա­նին Հա­յաս­տան ներ­մու­ծած է նաեւ տօ­նա­ծա­ռե­րու, տօ­նա­կան խա­ղա­լիք­նե­րու եւ Կա­ղան­դի  այլ ի­րե­րու հա­ւա­քա­ծո­ներ, ո­րոնք անկրկ­նե­լի են տօ­նա­կան զար­դա­րանք­նե­րու սի­րա­հար­նե­րուն հա­մար:

Սրա­հին մէջ տե­ղա­ւո­րուած է տօ­նա­ծառ մը, որ ամ­բող­ջո­վին զար­դա­րուած է Նոր տա­րուան ծա­ղիկ նկա­տուող՝ փուան­սեթ­թիա (poinsettia)  ծա­ղի­կով, իսկ ծա­ղիկ­նե­րուն վրայ թա­ռած է ոչ թէ ա­քա­ղա­ղը, այլ ու­րիշ թռչնազ­գի մը՝ սի­րա­մար­գը, որ իր ան­մեղ ճեր­մակ գոյ­նով կ՚ըն­կե­րակ­ցի տա­րուան խորհր­դա­նի­շին:  Յի­րա­ւի, այդ մէ­կը կա­րե­լի է հա­մա­րել Նոր տա­րուան հա­յաս­տա­նեան հան­րա­յին լա­ւա­գոյն ու ճա­շա­կա­ւոր տօ­նա­ծա­ռե­րէն մին: Այս տա­րի հա­յաս­տա­նեան զար­դա­րանք­նե­րուն մէջ կա­րե­լի է նկա­տել  նաեւ փուան­սեթ­թիա ծա­ղի­կի զա­նա­զան ձե­ւա­ւո­րում­ներ եւ այս ծա­ղի­կը, ար­դէն աչք շո­յող նո­րու­թիւն մըն է հա­յաս­տա­նեան շու­կա­յին մէջ, որ չկար մին­չեւ հի­մա:   Մինչ  կար­միր տե­րեւ­նե­րով այդ ծա­ղի­կը շա­տոնց դար­ձած է Նոր տա­րուան եւ Սուրբ Ծննդեան մի­ջազ­գա­յին խորհր­դա­նիշ ծա­ղի­կը: Այս հրա­շա­լի կար­միր, թաւ­շեայ տե­րեւ­ներ ու­նե­ցող  ծա­ղի­կը  կը ծաղ­կի Դեկ­տեմ­բեր ամ­սուն եւ կը դի­մա­նայ մին­չեւ Յու­նուար:  Սկիզ­բը  միայն՝ Ա­րեւ­մուտ­քի, իսկ այ­սօր նաեւ ողջ աշ­խար­հի մէջ դար­ձած է Նոր տա­րուն ա­մե­նէն շատ վա­ճա­ռուող եւ տա­րա­ծուող ծա­ղի­կը:

Մեք­սի­քա­կան ծա­գում ու­նե­ցող այս ծա­ղի­կը մեծ տա­րա­ծում ու­նի նաեւ Կուա­թե­մա­լա­յի եւ Քոս­թա Ռի­քա­յի մէջ, կը պատ­կա­նի ի­շա­կաթ­նու­կազ­գի­նե­րու ըն­տա­նի­քին: Կար­միր գոյն ու­նե­ցող այս բոյ­սին ծա­ղի­կը կեդ­րո­նը գտնուող դե­ղին փոք­րիկ մասն է միայն, իսկ կար­միր տե­րեւ­նե­րը կրնան ըլ­լալ նաեւ ճեր­մակ, կաթ­նա­գոյն, վար­դա­գոյն եւ դե­ղին:

Ա­րե­ւա­դար­ձա­յին այս բոյ­սէն գո­յու­թիւն ու­նի շուրջ հա­րիւր տե­սակ: Իսկ իր ա­նու­նը կը կրէ շնոր­հիւ ա­մե­րի­կա­ցի քա­ղա­քա­կան ու ռազ­մա­կան գոր­ծիչ Ճոէլ Ռո­պերթս Փուան­սե­թին` 19-րդ դա­րուն: Ան ե­ղած է Մեք­սի­քա­յի մօտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ա­ռա­ջին դես­պան-նա­խա­րա­րը եւ այս  ծա­ղի­կին ծա­նօ­թա­ցած է հա­րա­ւա­յին Մեք­սի­քա­յի դաշ­տե­րուն մէջ, ուր փուան­սեթ­թիան կ՚ա­ճէր ա­զատ ու բնա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ: Նա­խա­րա­րը ա­զատ ժա­մե­րուն կը զբա­ղէր ծա­ղիկ­նե­րու եւ բոյ­սե­րու մշակ­մամբ եւ իր հետ Մեք­սի­քա­յէն  Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ` Հա­րա­ւա­յին Քա­րո­լայ­նա  տա­րած է ծա­ղի­կը, որ գոր­ծի­չին ա­նու­նով կո­չուած է փուան­սեթ­թիա:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ  հա­սած եւ աշ­խար­հի մէջ տա­րա­ծուած է  ոչ միայն ծա­ղի­կը, այլ նաեւ` ծա­ղի­կի մա­սին հիւ­սուած ա­ռաս­պե­լը, ըստ ո­րուն փուան­սեթ­թիան կը  խորհր­դան­շէ Բեթ­ղե­հէ­մեան  աստ­ղը, որ մո­գե­րը ա­ռաջ­նոր­դած է Մա­նուկ Յի­սու­սի ծննդա­վայ­րը: Մեք­սի­քա­կան ա­ւան­դա­պա­տու­մին հա­մա­ձայն, Մեք­սի­քա­յի մէջ  կը բնա­կէր փոք­րիկ աղ­քատ աղ­ջիկ մը ` Փե­փի­թա ա­նու­նով: Ան շատ կը տխրէր,  քա­նի որ չէր կրնար Մա­նուկ Յի­սու­սին նուէր­ներ տա­նիլ, ինչ­պէս իր հա­սա­կա­կից­նե­րը: Ծեր եւ ի­մաս­տուն մարդ մը կը  մխի­թա­րէ Փե­փի­թան` խոր­հուրդ տա­լով չտխրիլ, քա­նի որ ա­մե­նէն փոք­րիկ նուէրն ալ կրնայ մեծ գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­նալ, ե­թէ ան սի­րով կ՚ըն­ծա­յուի: Ա­հա­ւա­սիկ,   Փե­փի­թան,  կ՚եր­թայ իր  հայ­րե­նի գիւ­ղին դաշ­տե­րը, այն­տե­ղէն կը  հա­ւա­քէ  կա­նաչ տե­րեւ­նե­րով ան­շուք  բոյս  մը եւ կը  տա­նի  նուի­րե­լու Յի­սու­սին: Ըստ ա­ռաս­պե­լին, փուն­ջը կազ­մե­լու ժա­մա­նակ հրաշք  մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ՝ կա­նաչ տե­րեւ­նե­րը կը դառ­նան կար­միր թաւ­շեայ, իսկ ա­նոնց  կեդ­րո­նը գտնուող ծի­լե­րը կը լու­սա­ւո­րուին դե­ղին ոս­կե­գոյ­նով: Այդ դէպ­քէն ի վեր այս վայ­րի ծա­ղի­կը կը ծաղ­կի կա­թո­ղի­կէ­նե­րու Սուրբ Ծնուն­դէն եւ Նոր տա­րիէն ա­ռաջ` ստա­նա­լով վառվ­ռուն գոյ­ներ: Մեք­սի­քա­յի մէջ փուան­սեթ­թիան կը  կո­չուի «Ծնուն­դի Սուրբ գի­շե­րուան ծա­ղի­կ» (La flor de nochebuena), իսկ ծա­ղի­կի ա­ռաս­պե­լին մա­սին գիր­քը մա­նուկ­նե­րուն ա­մե­նա­սի­րած գիրքն է, որ ա­մէն տա­րի, Սուրբ Ծնուն­դէն ա­ռաջ կը հրա­տա­րա­կուի նո­րա­նոր ձե­ւա­ւո­րում­նե­րով:  Այ­սօր փուան­սեթ­թիա­յի հսկա­յա­կան պար­տէզ­ներ կան Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Գա­նա­տա­յի եւ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ, ուր ծա­ղի­կը  կը դառ­նայ Նոր տա­րուան ան­բա­ժան մա­սը: Ո­ւա­շինկ­թը­նի Ազ­գա­յին  բու­սա­բա­նա­կան այ­գին ա­մէն տա­րի Սուրբ Ծննդեան տօ­նե­րէն ա­ռաջ կը ծած­կուի   փուան­սեթ­թիա­յի զար­դա­րանք­նե­րով: Ան բնա­կան եւ ար­հես­տա­կան ձե­ւե­րով մտած է Նոր տա­րուան  ի­րե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ար­տադ­րու­թեան մէջ:

ՅԻ­ՇԵ­ԼՈՎ ՄԵՐ ՆԱԽ­ՆԻ­ՆԵ­ՐԸ

Որ­քան ալ գայղ­թակ­ղիչ եւ գու­նեղ ըլ­լան աշ­խար­հի տօ­նա­կան զար­դա­րանք­ներն ու ա­ռաս­պել­նե­րը՝ տօ­նե­րուն մա­սին, կրկին ու կրկին մենք մեր հա­յեաց­քը կ­­՚ուղ­ղենք հին Հայ­կա­կան Նոր տա­րուան եւ ան­պայ­ման ըն­դօ­րի­նա­կում մը կ­­՚ը­նենք ա­ւան­դա­կան այս տօ­նի հայ­կա­կան բաղ­կա­ցու­ցիչ­նե­րէն:

Այդ մէ­կը կրնայ ըլ­լալ տօ­նա­կան ու­տե­լիք մը պատ­րաս­տե­լը, կամ տնա­յին զար­դա­րանք­նե­րը։ Հին ժա­մա­նակ հա­յե­րը սի­րած են տու­նը զար­դա­րել ա­ւան­դա­կան խորհր­դա­նիշ­նե­րով՝ չար աչ­քե­րէ պահ­պա­նող ի­րե­րով, յա­ջո­ղու­թիւն բե­րող փայ­տէ եւ ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­նե­րով, իսկ տօ­նա­ծա­ռը՝ շքեղ փայլք չէր կրեր, յա­ճախ ա­նոր վրայ նաեւ հայ­կա­կան գա­թայ եւ ու­լունք պա­րու­նա­կող տա­րե­հաց  կա­խած են:  Հայ­կա­կան տօ­նա­կան ի­րե­րուն մէջ մեծ տեղ ու­նե­ցած է ա­ւան­դա­կան դաղդ­ղա­նը՝ հմա­յի­լը:  Վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ ժո­ղովր­դա­կան վար­պետ՝ Վա­նօ Դա­դո­յեա­ն եւ իր կի­նը՝ Լա­լա Մնէ­յեա­ն, ժո­ղված էին բազ­մա­թիւ մար­դիկ, ո­րոնց սոր­վե­ցու­ցին, թէ ինչ­պէս կը պատ­րաս­տեն ա­ւան­դա­կան դաղդ­ղա­նը եւ տօ­նէն ա­ռաջ ինչ­պէս կը կա­խեն տու­նե­րուն մէջ: Հա­յե­րը դաղդ­ղա­նը կա­խած են  տան պա­տէն,  կեն­դա­նի­նե­րու պա­րա­նո­ցէն, մար­դոց սե­փա­կան վի­զէն, որ­պէս­զի պաշտ­պա­նուին չար աչ­քե­րէ եւ ան­յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րէ: Այ­սօր ալ, հա­կա­ռակ որ հա­ւա­տա­լիք­նե­րը փո­խուած են եւ կ՚ապ­րինք այլ աշ­խար­հի մէջ, չենք ու­զեր կտրուիլ նախ­նեաց ա­ւան­դոյթ­նե­րէն եւ ա­նոնց­մէ պա­տա­ռիկ մը ան­պայ­ման կը կրենք մեր մէջ:

Իսկ ա­մե­նէն խա­ղա­ղեց­նո­ղը, Նոր տա­րուան եւ Սուրբ Ծննդեան գի­շե­րը, ան­շուշտ, հայ ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գերն են, ո­րոնք աշ­խար­հով մէկ կը ղօ­ղան­ջեն տօ­նա­կան օ­րե­րուն եւ հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն ներ­քոյ կը հա­մախմ­բեն հա­յե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք, ինչ­պէս դա­րեր շա­րու­նակ, հայ­ցեն Բարձ­րեա­լի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ի­րենց թի­կուն­քին կրեն ա­մուր պաշտ­պա­նը, ի դէմս քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016