ԿԱՂԱՆԴ ՀԱՅՐԻԿ
Կաղանդ Պապան
անհասկնալի
պատերուն զարնելով կու գար
ներսէն
զարմիկիս հետ սեղանին տակը պահուըտած
անոր կարմիր տաբատը կը տեսնէինք հիմա:
Տարիքս՝ երեք, զարմիկս՝ հինգ։
Ճերմակ մօրուքով Կաղանդ Պապան
«Բարի կեցա՞ք այս տարի», հարցուց։
Խաղալիքի երազով՝ «Այո՛» բացագանչեցինք:
«Արտասանէ մի ամանորի քերթուած», ըսաւ:
Դիմացը անցայ
Զինուորի մը կարգապահութեամբ...
«Կաղանդ Պապան եկեր է
Ոսկի դանակ բերեր է
Փիսիկը արեր տարե...»
Փիսիկը չէ կրցեր տանիլ դանակը...
Մէկէն հայրիկիս շապիկը տեսայ
Կաղանդ Պապայի կարմրուկ զգեստին թեւին
մասէն․
«Կաղանդ Պապան չէ, հայրիկս է», գոչեցի:
«Չէ՜», ըսին,
«Կաղանդ Պապան է»։
Տարիքս՝ երեք․
«Հայրիկս ո՞ւր է այն ատեն», ըսի:
«Ճեմիշն է», պատասխանը
չհամոզեց զիս:
ՍԵՒԱՆ ԼԱԼԻՔՕՂԼՈՒ