ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՐԶ ԵՐԳ


Հին տա­րին՝ մեկ­նե­լու վը­րայ 
Նո­րը թող շնոր­հա­ւոր ըլ­լայ․
Ինչ որ հի­նը դեռ չը­բե­րաւ
Նո­րով թող գայ։

Լե­ցուն գա­ւա­թը ձեռք կ՚առ­նեմ,
Ցըմ­րուր կը խը­մեմ ու կ՚ը­սեմ․
Ա­մէ­նուն կը մաղ­թեմ ես այն,
Ով ինչ ինքն ի­րեն կը ցան­կայ։

Ձե­զի կը մաղ­թեմ այն ինչ որ 
Կը լիաց­նէ, կը հը­մա­յէ,
Եւ ձեր մաղ­թան­քէն մէկն իսկ ոչ
Ի­մին­նե­րըս խա­չա­ձե­ւէ։

Ուս­տի կը մըտ­նենք նոր տա­րի
ըՍ­փո­փեալ ու­ժով,
Եւ ինչ որ չե­ղաւ մէջ հի­նին
Կա­տա­րուի նո­րով։

ԼՈՒՏ­ՎԻԿ ԱՅԽ­ՌՕՏԹ
գերմ․ թրգմ․ Ի․Չ․

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016