Կիրակի 3, Նոյեմբեր 2024
Ս. ԾՆՈՒՆԴ
Օր մը կու գաս ինծի ժամու մը երեկոյեան,
Յուշիկ անջատուած աստղէս ամենասիրած.
Բերնիդ մէջ սիրոյ խօսքն ակնկալուած.
Բոլոր ճիւղերը կը սպասեն զարդ հագած:
Օ, գիտեմ, կը լուսաւորուիմ այն ատեն ես,
Որովհետեւ ճերմակ լոյսերըս կը վառես։
«Ե՞րբ». կը հարցնեմ մեր հանդիպումէն ի վեր.
«ե՞րբ»։
Հրեշտակ մը փրցուցի ոսկի մազերէդ
Եւ ինձմէ այնքան կանուխ հեռացած երազէն։
Օ կը սիրեմ քեզ, կը սիրեմ քեզ,
Կը սիրեմ քեզ։
Կը լսես. կը սիրեմ քեզ։
Եւ մեր սէրը կը յածի արդէն գիսաստղի տարիներ,
Նախքան քու զիս ճանչնալդ եւ իմ՝ քեզ։
ԷԼԶԷ ԼԱՍՔԵՐ-ՇԻՒԼԵՐ
գերմ․ թրգմ․ Ի․Չ
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016