ՅՈՅՍՈՎ ԴԻՄԱՒՈՐԵՆՔ 2021 ՅՈՒՆՈՒԱՐԸ

«Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» Պօղոս Առաքեալ (Հռ. 5.5)

«Ինչ կախարդական բան է այս հայրենիք ըսուածը, այս Հայաստանը: Մենք կորցնում ենք նրա հետ վարուելու կերպը, նրան բոլորանուէր սիրելու եղանակը: Իսկ երբ նա կաշկանդուած է կամ ստրկութեան մէջ է, սկսում ենք մորմոքել նրա կարօտից:

Երբ նա ազատ է, անփոյթ ենք դառնում նրա հանդէպ, երբ նա գերուած է, սկսում ենք ախ ու վախ անել ու տանջուել նրա համար, ուրիշներին էլ տանջելով մեզ հետ, ճիգ ու ջանք թափել, որ ազատենք մեր ձեռքից անզգուշութեամբ փախցրած դրախտահաւը»:

Խաչիկ Դաշտենց «Ռանչպարների Կանչը»

Սուրբ Օկիւսթինը որ ապրած է միայն 75 տարի (Saint Augustine- 3 Նոյ․354- Օգստ․ 28, 430) իր նշանաւոր քարոզներէն մէկուն մէջ ըսած է- «ՅՈՅՍԸ երկու գեղեցիկ դուստրեր ունի- Մէկուն անունը՝ Զայրոյթն է, միւսինը՝ Քաջութիւն․ Զայրոյթը ամէն ինչի կը բարկանայ, իսկ Քաջութիւնը գիտակից է թէ անոնք չեն մնար այնպէս, ինչպէս որ կան»:

Անցնող տարին -որքան որ ալ չենք ուզեր կրկնել- այսինքն՝ 2020 թուականը, խոստովանինք, որ աշխարհով մէկ քանի-քանի անգամներ մեր հոգիին ու զգացումներուն հետ խաղալով հոգեմաշ ըրաւ մեզ։ Քիչ մը ամէն տեղ բազմատեսակ փորձանքներ - կլիմայական թէ մարդկային վայրագութիւն- թափելով մարդ արարածին գլխուն՝ եղաւ տանջալից, պատուհասներով եւ մտային տագնապներով լի տարի մը։ Այսօր, եկէ՛ք միաբերան աղօթենք, մանաւանդ՝ ՅՈՒՍԱՆՔ, որ չկրկնուի նման տարի մը։ Քովիտ-19 ժահրին հետ հեռանան բոլոր մարդկային ընչաքղցութիւններն ու ոճիրները։

Պատուհասներուն ո՞ր մէկը թուել… Լիբանանէն Սուրիա, Հայաստանէն Արցախ տարածուող անարդար ու անհամար մեր սիրելիներուն պատճառած կորուստները, Արցախի մէջ մեր դարաւոր մշակութային եւ սուրբ վայրերու սրբապղծութիւնը, մեզմէ շատ-շատերուն զայրոյթը իրենց գագաթնակէտին հասցուցին։

Մանաւանդ՝ անզօրութեան զգացումով պատեցին մեզ՝ ի լուր բորենիական ախորժակով իժի ծնունդ թշնամիին դէմ պայքարող մեր երիտասարդներուն զոհաբերութեան ի տես։

Ամբողջ տարի մը մարդկութիւնը -քիչ մը ամէնուրեք- մութ, աննախատեսելի ու անվերջանալի փապուղիի մը մէջ տառապեցաւ Զայրոյթի ու Քաջութեան զգացումներուն մէջ տարուբերուելով, ՅՈՅՍԻ նշոյլ մը գէթ փապուղիի վերջաւորութեան կարենալ տեսնելու ջանքով։

Հազիւ թէ հաշտուելու վրայ էինք Քովիտ-19-ի բերած պատուհասներուն հետ կամաւոր բանտարկութիւններուն, ընկերային կեանքէ զրկուելուն, մենք մեզ մխիթարելով թէ «Ձախորդ օրերը կու գան ու կ՚երթան- վհատելու չէ»… ՅՈՅՍ-ով կը ներշնչուէինք թէ 2021 թուականէն առաջ փրկարար պատուաստը պիտի գար՝ կեանքեր փրկելու սարսափելի ժահրին ճանկերէն… երբ սկսաւ սեպտեմբերեան հայրենի ահաւոր պատերազմը։ Արցախի ու Հայաստանի մարդկային կորուստները դարձան անհաշուելի։ Սգացինք իւրաքանչիւր որդեկորոյս ծնողքին հետ։ Ըմբոստացանք մէկ առ մէկ կորսուող մեր պատմական ու սուրբ վայրերուն ցաւով։

Մեծ եղեռնն ու տեղահանութիւնն էր կարծես, որ վերստին կը կատարուէր աշխարհի «Մեծ» պետութիւններու ու ՄԱԿ-ի խուլ ձեւացող ականջներուն ու բաց աչքերով-կոյր անտարբերութեան առաջ։

Սամուէլ Սմայլզի (Samuel Smiles- Դեկտ․23, 1812-ապրիլ 16, 1904), սկովտացի այս հեղինակին համաձայն՝ «ՅՈՅՍԸ՝ ՈՒԺԻՆ եւ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ընկերն է, այն որ ներքնապէս ՅՈՅՍՈՎ լի է, հրաշքներուն նուէրը ինք իր մէջ տեսնելու կարողութիւնը կ՚ունենայ»։

Սմայլզը ընտանիքին 11-րդ երեխաներէն մէկն էր, որ 1832-ին հայրը կորսնցնելէն ետք, իր մաշկին վրայ կը զգայ, կ՚ապրի եւ կը սորվի իմաստն ու կարեւորութիւնը անհատական զարգացումի եւ դաստիարակութենէն բխող ինքնավստահութեան: Ան հաւատացած էր որ անհատներու նկարագրի ու վերաբերմունքի մշակումով ե՛ւ դաստիարակութեամբ աւելի լաւ կարելի կ՚ըլլայ երկրի մը յառաջընթացը արձանագրել, քան թէ նոր օրէնքներ սահմանելով։

Երբ մենք՝ այս օրերուն ազգովի՛ն բարկացած ենք մեր ժողովուրդին վիճակուած անսպասելի այս անարդարութեան վրայ, փոխանակ անհատապէս մենք մեզ վերատեսութեան ենթարկելու՝ եւ մանաւանդ -ԱԶԳՈՎԻՆ համախմբուելով ո՛ւժ ներկայացնելու եւ նոր սերունդին ՅՈՅՍ ներշնչելու- լուտանք-հայհոյանքներու տարափով զիրար վիրաւորելու աշխատանքին մղուեցանք։ Զգաստանա՛նք, երբ հարիւրաւոր զոհեր ունինք, անթաղ, գերի ինկած ու «անհետ կորած» երիտասարդներ եւ հազարաւոր տեղահանուած ժողովուրդ ունինք, որոնք մեր հաւաքական օգնութեան անմիջական կարօտը ունին։

Այսօր երբ կը դիմաւորենք 2021-ը, տակաւին մեր բոլորին սրտերուն մէջ Արցախն է ու արցախցի հայրենակիցները: Սեպտեմբեր 27-ի չարագուշակ առաւօտէն մինչեւ նոյեմբեր 10-ի մղձաւանջային առաւօտը ամբողջ սերունդ մը աշխարհի անարդարութեան սեղանին զոհ տուինք։ Կար բազմաթիւ կորուստներ, ահաւասիկ եկան աւելցան նորերը, որոնց քարե՛րն անգամ սրբութիւն կը բուրեն։ Քարեր՝ որոնց մէն մի անկիւնին աւանդութիւն ու յիշատակ կայ կապուած։ Ամբողջ մշակոյթ մը կորուստի մատնուելու վտանգի առջեւ է։

Որքանո՞վ մենք ծանօթ ենք մեր իսկ Արցախի պատմութեան եւ մշակոյթին։

Օրինակ՝ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն 37 քիլօմեթր հեռաւորութեան, Մարտունիի շրջանին մէջ, Սխտորաշէն գիւղէն անդին կը գտնուի հսկայ չինարի ծառ մը, որ նոյնիսկ անձնագիր ունի՝ որպէս այդ տարածքի ամենատարեց եւ ամենաբարձր ծառը: Չինարի կամ Տնջրի ծառը շուրջ 2036 տարեկան է․հին ձեռագրերը կը վկայեն, որ այս նոյն չինարի ծառին շուքին տակ հանգստացեր են հայոց առաջին կաթողիկոս Գրիգոր Լուսաւորիչը, հայոց գիրերու հեղինակ եւ ուսուցչապետ Մեսրոպ Մաշտոցը, ինչպէս նաեւ տարբեր հայ եւ նոյնիսկ հռոմէացի զօրավարներ։

Արցախի մէջ քարերն անգամ հոգատար են։ Քարերուն կը վերագրուէին հիւանդութիւններ բուժելու յատկութիւնը: Կը յիշուի նաեւ Ս․ Սարիբէկի ուխտատեղիէն բարձր գտնուող ժայռը, որ բնակչութեան հաւատալիքներուն համաձայն հազ կը բուժէ: Հաւատացեալներ նախապէս մոմեր կը վառեն ժայռին առջեւ, այնուհետեւ, 3 կամ 7 անգամ կ՚անցնին անցքին մէջէն, որպէսզի բուժուին: Շուշիի մէջ կայ եղեր նաեւ Քամիի Խաչ կոչուող քարերու կոյտ մը, որ կը բուժէ յօդացաւը:

Աւելին՝ Արցախի արուեստը… Հայկական գորգի պատմութեան մէջ, Արցախի գորգերը իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն: Նոյնիսկ «գորգ» բառով առաջին յիշատակութեան կը հանդիպինք Արցախի Կապտավանք եկեղեցւոյ 1242-43 թուականի վիմական արձանագրութեան մէջ: Դարերու ընթացքին գորգերու ոճն ու անունները փոխուած են։ Այսպէս կան՝ «Արծուագորգերը», «Վիշապագորգերը» եւ «Օձագորգերը»: Արցախեան «Վիշապագորգի» հիանալի նմոյշ մը այժմ կը գտնուի Գերմանիոյ-Միւնիխ քաղաքի Ազգագրական թանգարանին մէջ: Հայութեան համար մեծ նշանակութիւն ունի «Կենաց Ծառը» (կեանքի ծառը), որ միշտ պատկերուած է գորգերուն վրայ, որպէս յաւերժութեան ու կեանքի նշան, որ վերածնունդի իմաստը կ՚ընդգրկէ իր մէջ։

Ի զուր չէ որ ԿԵՆԱՑ ծառը որդեգրած ենք մեր արուեստին մէջ, ինչպէս նաեւ բաժակ բարձրացնելով ԿԵՆԱՑ մաղթած ենք։ Որովհետեւ դարերու ընթացքին անհամար կեանքեր զոհող ժողովուրդ եղած ենք եւ կեանքի գնով միշտ ալ փիւնիկի պէս մեր իսկ մոխիրէն վերակենդանացած։

Այսպէ՛ս է մեր ժողովուրդին անգերազանցելի կապուածութիւնը իր հողին, քարին ու սրբութիւններուն հանդէպ։ Մանաւանդ՝ ՅՈՅՍ ներշնչող Կենաց Ծառով ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ գաղափարը՝ ի հեճուկս ամէն տեսակի հալածանքներու եւ յարձակումներու։

Կը մնայ որ ԱՆՀԱՏԱՊԷ՛Ս գիտակցինք ու ԱԶԳՈՎԻ՛Ն համախմբուինք, երբ տակաւին մեր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած ՀԱՒԱՏՔԸ չէ յանգած, միասնակամ ՅՈՅՍ-ով եւ իմաստութեամբ դիմակալելու բոլոր աննախատեսելի չարիքները, որպէսզի կարենանք մեր գալիք սերունդին ժառանգել ՍԻՐՈՎ ու ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ շաղախուած ապագայ մը։

Որքան ցանկալի պիտի ըլլար որ մղձաւանջային 2020 թուականը ըլլար անվերադարձ տարի ու ան-կըրկնելի երազ մը … եւ 2021 թուականի առաջին առաւօտուն իսկ արթննայինք նոր ՅՈՅՍ-երով, մեր ժողովուրդին տառապած սրտերը սփոփող լուրերով եւ աշխարհով մէկ ծածանուէր ԽԱՂԱՂՈԻԹԵԱՆ դրօշը։

Երկնային Մխիթարութիւն կը մաղթենք որդեկորոյս ծնողներուն, կատարեալ ապաքինում՝ վիրաւորներուն, բարի վերադարձ գերեալ զինուորականներուն։

Այո՛, Հաւատք, Յոյս, Սէր -երրորդութիւնը թո՛ղ ըլլայ մեր բոլորին կեանքին փարոսը, մեզ առաջնորդելու խաղաղ ու սիրով լի աշխարհի մը, որպէսզի հաւատքով սպասենք, յոյսով լիցքաւորուինք, որպէսզի՝ կարենանք սիրով լի ողջունել զիրար եւ ըսել՝

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԲԱՐԻ ՆՈՐ ՏԱՐԻ եւ ՕՐՀՆԱԲԵՐ Ս․ ԾՆՈՒՆԴ։

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Դեկտեմբեր 17, 2020
Սփրինկֆիլտ, Փենսիլվանիա

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020