ՔՍԱՆՔՍԱՆԸ ԿԸ ՓԱԽՉԻ

Երկու Հազար Քսան էր պաշտօնական անունը, բայց թաղեցիք Քսանքսան կ՚ըսէին։ Ահա տե՛ս, հոն է, փողոցին ծայրը, անկիւնը դառնայ պիտի փախի։ Վերջին անգամ մը կը շրջի ետ, աչքերուդ մէջ կը նայի, հեգնական քմծիծաղ մը կ՚արտանետէ, վերարկուին փէշը ետեւէն կը քաշէ ու կ՚անհետի։

Քսանքսան. ի՞նչ տուաւ մեր թաղին։

Անշուշտ, նայած որո՞ւն կը հարցնես։

Սիրանին հարցնես, այդքան ալ դժգոհ չէ. համալսարանը աւարտեց, հարուստ տղու մը հետ նշանուեցաւ, նոր տարուան գիշերը Փարիզ պիտի երթան եղեր միասին։ Ժանին հարցնես, ի՞նչ տարբերութիւն. նախորդ տարիներու դժբախտութիւնը այնքան էր շատ, որ Քսանքսանի բերածը նստած ձեան վրայ անձրեւ էր ընդամէնը. այո, ցեխ առաջացնող, բայց այնպէս չէ, որ պայծառ երկինք մըն էր քանդեր։ Իսկ Ճոնը երջանիկ էր նոյնիսկ. միշտ ալ խուսափած էր մարդոցմէ, փոքր տարիքէն սկսեալ անհասկնալի վախեր ունենալով գրեթէ չէր ուզած դուրս ելլել տունէն. շուկայ իսկ հազիւ կ՚երթար, միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային, ու կը սարսափէր, ձեւով մը կը զզուէր, երբ օտարներ ֆիզիքապէս մօտենային իրեն. Քզենոֆոպիա գրեր էր հոգեբանը գրքոյկին մէջ։

Այս հատուկենտ ոչ-դժգոհ, անտարբեր կամ երջանիկներէն բացի սակայն, առաւելաբար մռայլ տարի մը կը տեսնեն իրենց ետին Երկիր կոչուող թաղի բնակիչները մեր։

Տարին սկսած-չսկսած, եկաւ ժահրը արեւելք, յետոյ այս կողմեր։

Ինք եկաւ, մենք գացինք։ Գացինք ներս, տուներ, տանիքներու տակ, պատերու մէջ սեղմուեցանք, փակեցինք մենք զմեզ, կամ փակեցին մեզ։ Մարդիկ իրենց բնակարանները բացայայտել սկսան. վայ մէյ մը նայինք, ատ պահեստին մէջ ի՞նչ դրեր էր հայրիկը, մահանալէն ի վեր մտքերնէս բանալ նայիլը չէր անցած. տուփեր ելան, լուսանկարներ, անծանօթ դէմքեր, նամակներ... պարզուեցաւ, որ օրինակ, կէսօրուայ ժամերուն այս նստասենեակը բնաւ ալ հաճելի չէ. տեղափոխեցինք, ննջասենեակը եկաւ հոս, նստելու սենեակը գնաց ետեւ՝ բակի կողմ։

Մարդիկ սկսան վերյիշել, վերատեսնել, վերածանօթանալ իրենց անմիջական ընտանիքին. ծօ այս տղան մի՞շտ ասանկ ջղային էր. տասնութ տարեկան չեղած ինչո՞ւ ասանկ բաներ կը խօսի... Մարիեթ, նայէ, եթէ չես ուզեր, ստիպուած չես հետս մնալ... վախ ինչե՜ր փախցուցեր եմ այսքան տարի, մեծ հայրիկը պատմութիւններու գանձ մըն է եղեր...

Մարդիկ հասկցան, որ մարմիններ ունին ու գերկախեալ են անոնցմէ։ Միտք ու հոգի ըսածդ մարմնով կը սկսի եղեր, մարմնով ալ կը վերջանայ։ Ոտք ու սրունք ըսուածի յարգը հասկնալ սկսան. աչք ըսածդ ոչինչ է եղեր առանց տեղաշարժի։ Թոքերուդ իսկ խեղդուիլը կու գայ փաստօրէն փակուած-կապուած ներսը մնալէն։ Քսանքսանը թաղին մէկ ծայրէն միւսը կը պտտի, առտուայ մարզանքը կ՚ընէ, չմշկասահքով կը զուարճանայ, բայց մենք... մեր սահքը առաւելագոյնը սենեակէն խոհանոց, բաղնիքէն պատշգամ է։ Եթէ շուն ունիս, լաւ, շէնքին շուրջը կը դառնաս։

Քսանքսանը, անշուշտ, ինչպէս բոլոր հիւրերը նախորդ, իր ցանկին վրայ ունէր յատուկ տուներ ու յարկաբաժիններ, որոնց մօտ, որպէս անկոչ հիւր, իւրայատուկ նուէրներով կ՚երթար։ Մէկուն՝ անծայրածիր հրդեհներ կը տանէր, միւսին՝ որոտամրրիկ, երրորդին՝ սով, չորրորդին՝ ջրհեղեղ, մէկ այլին՝ քաղաքը փոշիացնող պայթում, այդ միւսին՝ սաստիկ պատերազմ։

Եւ հիմա փէշը ետեւէն կը քաշէ, կը դառնայ վերջին թաղէն դուրս, կը լքէ մեր թաղը, ետեւէն քմծիծաղ մը նետելով։

Ահա՛, ահա թաղին միւս կողմէն նորեկ մը կու գայ. ընդունի՞նք զինք...

Կրնա՞նք չընդունիլ։ Չէ, հիւրերու այս տեսակը անխուսափելի է։

Լաւ, ինչպէ՞ս ընդունինք։ Ի՞նչ ակնկալենք, յատկապէս այդ միւս ծայրէն դուրս ելածին թողած ծանր տրամադրութիւններու բեռին տակ։ Ըսե՞մ ձեզի։

Ըսե՛մ ձեզի։

Սէրն ու բարին։ Սէրն ու լաւը՝ ողբերգութեան, զզուելիին, արգահատելիին ընդառաջ ու դէմ։ Նորեկն ի՛նք գիտէ, թէ ի՛նչ կը բերէ։ Մենք այն գիտենք, նախորդ հիւրէն այն սորվեցանք, որ սպասելի է, հնարաւոր է, նոյնիսկ հաւանական է ամէն ինչ, ամէն վատ բան, ամէն ցաւ եւ ամէն վէրք։ Բայց նաեւ գիտենք ու սորվեցանք, որ կը շարունակուի կեանքը...

Մեզի կը մնայ, ուրեմն, սիրել մեզ, սիրել ուրիշը, սիրել այն միւսը, մարդոց ծանօթ թէ անծանօթ, շուները տան թէ փողոցի, կատուները, այո հաւերն ալ, մո՞ւկերն, այո՛, ինչո՞ւ չէ, բնութիւ՛նն ամբողջ, ու գոյութիւ՛նն այս ի վերջոյ։ Աշխարհի այս կամ այն անկեան մէջ իւրաքանչիւր ծնող ցաւին ու դժբախտութեան դէմ ու փոխարէն ստեղծենք կաթիլ մը սէր ու պտղունձ մը բարութիւն ամէն մէկս։ Այնքան, ինչքան կրնանք. բայց կրնանք բոլորս։ Անխտիր բոլորս։

Մէկս այդ որբին կրնայ կրթութիւն տալ, միւսս հարիւր մարդ լուսաւորել, երրորդ մը՝ բռնել երեխան հարուածող մարդու ձեռքէն, չորրորդ մը՝ կանգնիլ ծառերը հատել պատրաստուող հրէշ մեքենային դիմաց, հինգերորդ մը՝ կեանքեր փրկել, վեցերորդ մը՝ վէրքեր բուժել, եօթներորդ մը՝ արուեստով գեղեցկացնել իր ու մեր աշխարհը, ութերորդ մը՝ արդարութեան բոցիկն իր ձայնով ու գործով վառ պահել, իններորդը՝ մաքրել ծովափը, տասներորդը՝ մտաւոր որակ սփռել ասդին անդին, տասնմէկերորդն ալ՝ դուն ըսէ, դուն մտածէ, դուն ըրէ՛, մինչեւ...

Մինչեւ երթայ ա՛յս հիւրն ալ, ու գայ նորը...

Մինչեւ երթամ ես, երթաս դուն, ու գան նորերը մեր թաղ, որ լաւի ու վատը մարտադաշտ մըն է...

Բարի՛ եկար նորեկ, տե՛ս, թէ մենք, այս թաղի լաւ մարդիկ, ինչե՛ր ցոյց պիտի տանք քեզի...

ԵՐԱՄ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020