ՎԵՐՋԻՆ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ

2020 թիւ:

Տարեմուտ:

Հանրապետութեան հրապարակի վրայ գտնուող գլխաւոր ժամացոյցի սլաքները անտես կերպով սկսան ծանրանալու ու կենալու: Այս ամէնը անկարելի էր նշմարել անզէն աչքով:

Հայութիւնը մայր Հայրաստանի ու սիրասուն Արցախի մէջ կը պատրաստուէր դիմաւորելու մանուկներու եւ մեծիկներու ամենասիրելի ու սպասուած տօներէն մին՝ Ամանորը:

Ստեփանակերտի ու Երեւանի գլխաւոր հրապարակները 31-ի գիշերը կը վխտային մարդկային բազմութիւնով: Անխտիր բոլորի դէմքին արտացոլուած էր երջանկութեան ցուցիչը՝ անկեղծ ու ազնիւ, բարի ժպիտը: Ամանորի գիշերը կարծես համայն մարդկութիւնը կը բարիանայ: Բարիքի, հրաշքի սպասումը կը ստիպէ մարդոց նոր, մաքուր էջ մը բանալու՝ հաշուի առնելով անցեալի վրիպումներն ու թերութիւնները, ամէն ինչ նորովի սկսելու յոյսով:

Երեւանեան տօնական ճոխ սեղանները կրկին կը զարդարէր խոզի պուտը, իսկ Արցախի մէջ՝ սրբավայրս հայրենի կը ծխէր խորովածի ծուխը:

Ժամացոյցի սլաքները կը դանդաղին, հայութիւնը անհոգ է եւ ուրախ:

2020 թուականի սպասումը սրտատրոփ էր: Զայն իր մէջ կը ներառէր սպասումի մեծ յոյս մը: Մարդիկ կը սպասէին մեծ փոփոխութիւններու: Իւրաքանչիւրն իր կեանքի մէջ կ՚ակնկալէր խոշոր շրջադարձ մը՝ անշուշտ հոգեթով:

Ղարաբաղցիներու ընտանիքը նոյնպէս բացառութիւն մը չէր: Այո՛, այս ընտանիքը թէ՛ բնիկ արցախցի էր ու կը բնակէր քաղաքամայր Ստեփանակերտի մէջ, թէ՛ սերունդէ սերունդ կը կրէ Ղարաբաղցի ազգանունը: Արփին, որ տան պզտիկն էր, օրեր առաջ բոլորած էր իր տասնութամեակը: Իսկ այսօր կը տօնէ իր ամենասիրելի տօնը: Ինչպէս բոլոր երիտասարդները, ան նոյնպէս իր ընկերուհիներու հետ շտապած էր հրապարակ՝ վայելելու ամանորեայ միջոցառումները եւ գլխաւոր տօնածառի լոյսերը:

Ահաւասիկ ժամացոյցի սլաքները կը մօտենան ժամը տասնին: Տեղի կ՚ունենայ հիասքանչ հրավառութիւն մը, այնքան գեղեցիկ ու շքեղ, որպիսին Արցախի երկինքը չէ տեսած: 2019 թուականէն այլեւս մնացած էր երկու ժամ: Շուտով պիտի թեւակոխէ սպասուած 2020 թուականը: Հողը կանխազգալով գալիք արհաւիրքը կու լայ, կ՚ողբայ, իսկ անոր բնիկ բնակիչները խինդ ու ծիծաղով կը սպասէին նոր տարիին:

Ժամացոյցի սլաքները կը յապաղին, սակայն մարդիկ անհոգութեան մէջ են:

Հրավառութեան աւարտէն քիչ անց հրապարակի վրայ գրեթէ մէկը չմնաց: Ամէն մարդ շտապեց իր տունը, իր ընտանիքը: Չէ՞ որ, Ամանորը նախ եւ առաջ ընտանեկան տօն մըն է:

Արփին տուն հասնելուն պէս անոր հայրիկը կրակարանէն վերցուց խորովածի վերջին շիշը ու խնամքով լաւաշի օգնութեամբ խոզի չալաղաջները տեղաւորեց կաթսայի մը մէջ:

-Արփի, եկուր սա անմահական լաւաշին մէջ կտոր մը միս հրամցնեմ, մինչեւ սեղան նստիլը,- ձայնեց հայրը աղջկան:

Արփին սիրով համտեսեց զայն՝ աշխարհի ամենահամով խորովածը պատրաստողի ձեռքէն: Այլեւս 12-ին բոլոր ընտանիքը սեղանի շուրջ էր՝ Արփին, մայրիկը, հայրիկը, տատիկը, պապիկը: Բացակայ մը կար՝ Արփիի աւագ եղբայրը: Արմենակը աւելի քան տարիէ մը ի վեր իր զինուոր ընկերներու հետ անառիկ կը պահէր սահմանները:

Այս գիշեր Արմենակը սահմանապահ էր: Քիչ մը վտանգաւոր գործի գլուխ էր: Ամէն անգամ երբ որդին սահման կ՚երթար, մայրը չոքէչոք կը հասնէր եկեղեցի: Կ՚աղաչէր Տիրոջ՝ պահել իր զաւակը եւ անոր ընկերները։

Իր մէջ առեղծուածային ոգեւորութիւն պարունակող Ամանորի գիշերը, բոլոր կենացներու մէջ ակամայ կը շեշտուէր խաղաղութիւն բառը: Զաւեշտ մը: Ինչո՞ւ այսքան շատ կը յիշատակուէր խաղաղութիւնը: Չէ՞ որ, կ՚ապրինք խաղաղութեան մէջ: Ամէն Աստուծոյ օր կը վայելենք Արցախի խաղաղ ու ջինջ երկինքը:

Առաջին զանգը հնչեց սահմանէն. Արմենակն էր: Պահ մը հրամանատարէն հեռաձայնը խնդրելով հեռաձայնած էր իր ծնողքին, ընտանիքին Կաղանդը շնորհաւորելու: Ինչպէս միշտ, մայրը որդիին ձայնը լսելուն պէս սկսաւ արտասուելու: Ուրախութեան արցունքներ կը յորդէին անոր այտերէն.

-Մա՛մ, քիչ մնաց: Շուտով տուն պիտի դառնամ, մի՛ լար, հրեշտակս:

Յիրաւի քիչ մնացած էր: Դժուար ու երկար ինն ամիսներ...

Երկար սպասուած տարին թեւակոխելէ վերջ ժամացոյցի սլաքները ա՛լ աւելի դանդաղելու սկսան: Անոնք կարծես բնաւ չէին ուզեր յառաջանալ: Անձայն կը պոռային, բան մը կը զգուշացնէին: Սակայն ուրախութեամբ արբեցած հայը կոյր էր ու խուլ: Աղմուկի մէջ հնչող լռութեան բարձր ճիչը ի զօրու չեղաւ ականջներ խլացնելու:

Հանրապետութեան հրապարակի գլխաւոր ժամացոյցի հեւահար ու ծանրացած սլաքները կը գլորէին ամիսները: Ղարաբաղցիներու ընտանիքը ամէն օր օրացոյցի վրայ օր մը եւս կը սրբէր մօտենալով բաղձալի օրուան՝ թոռան, որդիի, եղբօր վերադարձին: Հոկտեմբերի մէկ: Այնքան մօտ եւ այնքան հեռու:

2020 թուականի գարունը բնաւ խոստմնալից չեղաւ: Նորայայտ վարակի պատճառաւ երկիր մոլորակի բնակչութիւնը բանտարկուեցաւ սեփական յարկերու տակ: Առանց գարուն ապրելու եկաւ անորոշ ամառը:

Այս բոլոր ընթացքին Արփին կը ծրագրէր իր եւ եղբօր ընելիքները՝ բանակէն վերադառնալէ վերջ: Որոշած էր եղբօրը անակնկալ ընել. ճամբորդութիւն դէպի Եգիպտոս: Եղբայրը բանակ զօրակոչուելէ ի վեր ան տնտեսած էր իր բոլոր խնայողութիւնները: Նոյնիսկ երբ անոր տարեդարձին կամ ինչ-որ ուրիշ առիթով մը, նուէրի փոխարէն Արփիին դրամ կու տային, ան այդ բոլոր գումարները կը հաւաքէր գանձանակի մը մէջ՝ իր ու եղբօր մանկութեան երազը ի կատար ածելու նպատակաւ: Զայն էր՝ մեկնիլ Եգիպտոս, վայելել տաք արեւն ու ծովը, ինչպէս նաեւ այցելել հնադարեայ երկրի բոլոր պատմամշակութային կոթողներն ու թանգարանները:

Ժամացոյցի սլաքները այլեւս գրեթէ չէին յառաջանար, իսկ հայը կը շարունակէր արարել, ապրիլ իր առօրեայ հոգերով, պատկերացում անգամ չունենալով վաղուայ օրուան մասին: Եկաւ սեպտեմբերը: Համավարակով պայմանաւորուած հայոց աշխարհը անշուք նշեց Արցախի Հանրապետութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօները: Առաջին անգամ սեպտեմբերի 2-ին ու 21-ին տեղի չունեցաւ հրավառութիւն, լուռ էր հայոց երկինքը:

Սեպտեմբերի 26-ին, վերջին անուանականչին ներկայ էին բոլորը: Տղաները ներկայ էին: Ի դէպ, սեպտեմբերի 26-ին, շաբաթ օրը նշուեցաւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օրը: Քաղաքս խնդակցութեան մէջ էր: Երեկոյեան Արցախը խոր քունի մտաւ եւ մինչեւ այսօր չարթնացաւ:

Ժամեր անց հայոց աշխարհի արեգակը խամրեցաւ: Ռումբեր ու թնդանօթներ որոտացին երբեմնի խաղաղ երկինքի մէջ, գետերն ու առուները ներկուեցաւ իրենց կեանքի գարունները տակաւին չվայելած, մատղաշ սերունդներունդներու արիւնով: Տասնութ, տասնինն, քսան տարեկանները՝ երեք մատղաշ սերունդ զոհաբերուեցաւ... Մայրերու փոխարէն զանոնք գրկեց մայր հողը, սիրած աղջիկը գրկելու, համբուրելու փոխարէն անոնք յաւերժ փարուեցան հայրենիքին:

Արցախցիի, հայու աչքերը նորէն տամկացան, տխրութիւնը կրկին բոյն հիւսեց մեր հոգիներուն ու սրտերուն մէջ: Մեր հայեացքը գամուած մնաց այսքան մօտ, եւ այսքան հեռու հայրենի հողին:

Արփին... Արմենակը... Ղարաբաղցիներու ընտանիքը...

Արփին իր եւ եղբօր համար ճամբորդութեան տոմսակ պատուիրած էր: Օրեր անց՝ հոկտեմբերի 1-ին Արմենակը պիտի զօրացրուէր: Ընտանիքը պատրաստութիւններ կը տեսնէր ու անհամբեր կը սպասէր իրենց մինուճարի վերադարձին: Ախր ընդամէնը մնացած էին ժամեր՝ համրած ժամեր, որոնք այդպէս ալ կանգ առին:

Սեպտեմբերի 29-ին Արմենակը իր զինակից ընկերներուն հետ անմահացաւ: Խրամատի մէջ էին, աւելի քան քսան հոգի, երբ յանկարծակի յայտնուեցաւ անօդաչու թռչող սարքը ու... Ընտանիքը չկրցաւ յաւուր պատշաճի հրաժեշտ տալ իր սիրասուն զաւակին. Արմենակին մասունքները կը գտնուէին փակ դագաղի մէջ:

Ղարաբաղցի ընտանիքի կեանքը կեցաւ: Մայրը մէկ գիշերուայ ընթացքին ծերացաւ, մազերը ճերմակեցին: Արփիի երեսին կամրեց ժպիտը: Մինչեւ այսօր ան չէ ժպտացած:

Այլեւս իւրաքանչիւրը կը զգայ, որ ժամացոյցի սլաքները կեցան: 2021 թուականին ոչ մէկը այլեւս չսպասեց: Ան անկոչ հիւրի պէս եկաւ ու անցաւ. աւարտին մնացած են համրուած ժամեր: 2022 թուականին ալ սպասող չկայ: Առհասարակ հայութեան սիրելի տօնը դադրեցաւ հինաւուրց ժողովուրդի մը շատ զաւակներու համար ամենասպասուածը, ամենասիրելին ըլլալէ: Այլեւս Արցախը Ամանորի գիշերը չի ծխեր խորովածի ծուխ: Այլեւս գունեղ հրավառութիւնները չեն զարդարեր մեր պայծառ երկինքը: Այլեւս տօներ չունինք: Մեզմէ խլեցին մեր եռատօնը: Մենք մոռցանք Ամանորի հրաշքի մասին: Մեր վերջին Նոր տարին 2020 թուականին էր:

Արփին...

Պատերազմէ վերջ Արփին հանդերձ ընտանեօք վերադարձած է Ստեփանակերտ: Արմենակը կը հանգչի Եղբայրական գերեզմանոցին մէջ: Ընտանիքը յաճախ կ՚այցելէ իրեն, գրեթէ ամէն շաբաթ:

Վերջերս Արփին շատ տխուր էր: Քունէն բաւական յուզուած արթնցաւ: Որոշեց այցելել եղբօր գերեզմանը: Ինչպէս միշտ, գնաց, աղօթեց, քիչ մը լացաւ, քիչ մը մենախօսեց եղբօր հետ, քիչ մը լռեց ու հրաժեշտ տալով հեռացաւ:

Այսպէս մտքերու մէջ խորասուզուած նստաւ հանրաշարժ: Պահ մը կոպերը փակուեցան, խոր քունի մտաւ, ինքն ալ չհասկցաւ, թէ ինչպէս: Օծանելիքի ծանօթ բոյրով մը արթնցաւ: Ճիշդ այդ նոյն անուշահոտն էր, զոր ան նուիրած էր եղբօրը: Քովը կը նստէր նորակոչիկ զինուոր մը, շատ նման իր եղբօր: Նոյն հայեացքը, ժպիտը, շարժուձեւը, աչքերու նոյն գոյնը: Արփին չկրցաւ հայեացքը կտրել անծանօթ երիտասարդէն: Անյագ հայեացքով, առանց աչքը թարթելու կը նայէր անոր: Կը վախնար՝ աչքը թարթած պահուն զինուորը անհետանայ: Աչքերը տամկացան: Ժպիտ մը ծագեցաւ մշտատխուր դէմքին.

-Ներողութիւն, մենք ծանօ՞թ ենք,- շուարած հարցուց զինուորը:

-Թոյլ կու տա՞ք ձեզմէ իմ եղբօր կարօտը առնեմ:

-Հարկաւ,- պատասխանեց երիտասարդը:

Արփին փաթաթուեցաւ անծանօթ զինուորին եւ իր գլուխը ամուր սեղմեց անոր կուրծքին:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021