ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ

ԱՄԱՆՈՐԸ ԵՒ...

Փողոցները ճոխութիւն մը կայ, Հանրապետութեան հրապարակը այս տարուան ամանորեայ հրաշքին շռայլ զգեստը սփռած է, որուն շողերը կը հասնին քովընտի փողոցները, կարծես բան մը ըսել կ՚ուզէ, աւետել կ՚ուզէ կարծես մանկական Եւրոտեսիլի հիւրերուն մասին, կարծես կ՚ուզէ պարծենալ եւ նուաճում մը ցոյց տալ, անուն մը թերեւս, որ կը տարածուի աշխարհի բոլոր ցամաքամասերը, բայց կը լսէ՞ արդեօք մօտէն-հեռուէն հասնող ձայները, սպարապետին՝ Վազգէն Սարգսեանին խօսքերը, որ ի տես այս երեւոյթին զարմացած.

«Այս երկիրը անտրամաբանական սիրով եւ անտրամաբանական ատելութեան երկիր է»:

Անդին Տիգրան Մեծը կը ցնծայ եւ ըսել կ՚ուզէ թերեւս. «Այսպէս կ՚ըլլայ մեծութեան մը սկիզբը, անտեսե՛նք ամէն ինչ, զուարճանանք եւ յառաջանա՛նք»:

Միքայէլ Նալպանտեան կարծես կը փորձէ խաղաղեցնել կամ ա՛լ աւելի բորբոքել զրոյցը, ո՞վ գիտէ.

Ազատութի՜ւն,- գոչեցի,-
Թող որոտայ իմ գլխին
Փայլակ, կայծակ, հուր, երկաթ,
Թող դաւ դնէ թշնամին,
Ես մինչ ի մահ, կախաղան,
Մինչեւ անարգ մահու սիւն,
Պիտի գոռամ, պիտ կրկնեմ
Անդադար. ազատութի՜ւն։

Մինչ Խաչատուր Աբովեան իր ուղիէն անցնող երիտասարդներուն օտարացած հնչիւնները լսելով կը պոռթկայ.

«Ձե՛զ եմ ասում, ձե՛զ, հայոց նորահաս երիտասարդք, ձեր անումին մեռնի՜մ, ձեր արեւին ղուրպա՜ն. տասը լեզու սովորեցէ՛ք, ձեր լեզուն, ձեր հաւատը ղայիմ բռնեցէք»:

Այս ի՞նչ հով է, որ իսկոյն կը փչէ պաղը սաստկացնելով: Հովը կու գայ հանդիպակաց փողոցէն: Յեղափոխական Ամիրեանն է, որ անձայն կը պոռթկայ իր զայրոյթը:

Մինչ հեռուէն կը լսուի շշունջը Թումանեանի, որ տակաւին մարդ կը փնտռէ եւ չի գտներ.

Մինչեւ էսօր իմ օրում,
Մարդ չեմ տեսել ես շորում.
Մարդը մերկ է ու անինչ,
Սիրտ ունի լոկ իր փորում։

Իսկ Սարեանն ու Խանճեանը կ՚որոշեն այս հրաշքը կտաւի վրայ անցնել եւ մեծ ու նոր ստեղծագործութիւն մը նուիրել հայրենիքին:

Կոմիտասը հեռուներէն իր անուշ ձայնով կը մասնակցի.

«Հով արէք սարեր ջան, հով արէք...»

-Մի քիչ փող տուէք, էլի՛, որ կարամ տուն գնամ:

Կը ցնցէ քղանցքս յանկարծ մուրացիկ մը, որ այս շռայլութեան մէջ տեղ մը գտած, ինքզինք տեղաւորած է: Պայուսակէս դրամապանակս հանելու միջոցին աչքիս կը փայլին գետնի տասնոց եւ քսաննոց մի քանի ցիր ու ցան կոպեկները, մուրացիկը նշմարս տեսնելով.

-Աղջիկ ճան, դրանք փո՞ղ են, էս սղութեան իսկի հաց չենք կարա առնենք դրանցով:

ԻՄ ՄԵԾ ՀԱՅՐՆ ԷԼ ՀԱԼԷՊԻՑ Է

-Քուր ճան, հանգիստ խօսա, ես շատ լաւ հասկանում եմ ձեր լեզուն: Իմ մեծ հայրը Հալէպից է եկել 60-ական թուականների հայրենադարձների հետ, իմ մօր քեռորդիները Հալէպից վերջին տասնամեակներին Երեւան հաստատուած պիզնեսմէններ են, հիմա որ նրանց անունները ասեմ, կը ճանաչես նրանց:

Ըսաւ մեր թաղի նպարավաճառին մօտ եկած յաճախորդ մը՝ հնչիւններէս նշմարելով սփիւռքահայ ըլլալս եւ խօսքս ընդմիջելով:

-Այո, հարկաւ կը ճանչնամ:

Պատասխանեցի ծանօթ անունները լսելով եւ շարունակեցինք զրոյցը, ուր կը նկատուէին զրուցակիցիս հնչիւնային զիջումները, ինք կը փորձէր խօսիլ արեւմտահայու մը պէս, թերեւս կը յիշէր իր մեծ հօր խօսակցութիւնը կամ կը փորձէր յիշել, թերեւս արեւմտահայերէն յուշ մը կախուած էր միտքին ծայրը, ո՞վ գիտէ:

Յիշեցի տիկին Աննան, որուն հանդիպեցայ ութ տարի առաջ, երբ մի քանի շաբաթ եղած էր Երեւան հասնիլս: Տիկին Աննային աչքերուն փայլքը երբեք չեմ մոռնար, ան եւս ջանաց իր հօր ու մօր պէս խօսիլ արեւմտահայերէն, հեռաձայնիս թիւը ուզեց, հարազատներ եղանք: Իր մանկութեան՝ Հալէպի պատկերները ցոյց տուաւ, երբ այցելութեան գացի իրեն՝ «Խօսի՛ր, - կ՚ըսէր լուսահոգին- խօսի՛ր, որ լսեմ», ժամերով կը խօսեցնէր, կը լսէր, բայց վստահ չեմ որ մտիկ կ՚ընէր, քանի զրոյցին ամբողջ ընթացքին նայուածքը սեւեռած կը մնար հանդիպակաց պատէն կախ սեւ-ճերմակ պատկերին, ուրկէ մայրը նստած աթոռին, հայրը աթոռին յետսակողմը՝ ոտքի, երկու զոյգ աչքեր, կը հաղորդակցէին տիկին Աննային հետ:

Եւ տակաւին քանի՛-քանի Աննաներ կան, որոնց հանդիպելու առիթը չունեցայ:

ԹԱՔՍԻԻՆ ՄԷՋ

-Չեմ հասկանում ի՞նչ են անում էս երկրին:

Սկսաւ բողոքել թաքսիին վարորդը, իսկ ես վատ երազ մը տեսածի պէս.

-Ի՞նչ կ՚ընեն- հարցուցի:

-Չէ՞ք տեսնում, քուրօ ճան, ի՞նչ են սարքել, չգիտենք էս գետինը, ուր քայլում ենք, մե՞րն է, թէ ուրիշին:

-Ամէն ինչ լաւ կ՚ըլլայ- ըսելով փորձեցի խաղաղեցնել զայն.

-Էհ, քուրօ ճան, չգիտեմ ինչ ասեմ- լռեց պահ մը, ապա- Տասը միլիոն հայերի մէջ չկա՞ն խելք գլուխ մի քանին, որ էս երկիրը կառավարեն…

ՄԱՔՐՈՒՀԻՆ

-Ի՞նչ ունիս Լ., շատոնց հեռաձայներուս չես պատասխաներ եւ այս ի՞նչ է վիճակդ, լաւ չես երեւիր:

Մաքրութեան կինն է Լ.ն՝ մկանուտ, արագաշարժ, եռանդուն, չափազանց բծախնդիր յիսունի մօտ կին մը, որուն գործին աւարտէն ետք միայն կը հիանաս, բայց այսօր թախծոտ են աչքերը, մարմինը՝ թոյլ:

-Գիշերը չեմ քնել, Ան ճան, բալիկիս հետ էի խօսում, մի անգամից անջատեց հեռախօսը, սպասեցի մինչեւ առաւօտ որ զանգահարի, էլ չդիմացայ ես զանգահարեցի եւ խօսացինք: Լաւ է:

Լ.-ին տղան սահմանի զօրամասերէն մէկուն մէջ կը ծառայէ: Զինուորագրուած է մի քանի ամիս առաջ՝ սեպտեմբերի սկիզբին եւ կատարելապէս ապրած 13-14-ի ընդհարումները: Անկէ ի վեր հանգիստ չունի Լ.ն, ամիսը մէյ մը կ՚այցելէ զօրամաս եւ իր հոս ու հոն մաքրութեան եկամուտով՝ ո՛չ միայն տղուն, այլեւ տղուն հետ ծառայող երիտասարդներուն պէտքերը կը հոգայ, ամէն երթալուն հետը տուփերով ծխախոտ, ուտելիքի տեսակներ, տաք հագուստներ կը տանի:

-Խօսի՛ր, Լ., խօսի՛ր: Ձգէ հիմա մաքրութիւնը:

…Եւ Լ.ն սկսաւ խօսիլ, խօսքին հետ թոյն կը հոսէր բերնէն, աչքերէն կրակ կը ժայթքէր, ամբողջ մարմնով կը դողար, երբ շատ վտանգաւոր պահերը յիշէր, ինչպէս օրինակ 13 սեպտեմբերին, գիշերով, վտանգի ազդանշանին վրայ ամբողջ զօրամասի ծառայողները փախուստ տուած են՝ մին կիսամերկ, միւսը առանց կօշիկի, իսկ ան, որ չէ կրցած աճապարել, ռմբակոծումներու տակ մնացած եւ երկու օր վերջ մարմնին բեկորները հաւաքած են, ոմանք ալ անճանաչելի, կորած…

-Աստուած փրկեց բալիկս, Ան ճան…

Խոր շունչ մը քաշելով ըսաւ, հաւատալով զօրութեան մը գոյութեան, որ փրկութեան ձեռքը երկարած եւ դեռատի երիտասարդներէն՝ իր զաւակը փրկած էր:

-Նոյն գիշերը բալէս զինուորական զգեստով է մնացել, սիրտը չի ուզել փոխուել: Զգացել է, որ մի բան էն չի: Պա՞, որ ի՛նք էլ միւսների նման հանգիստ քնէր, ի՞նչ կը լինէր, Ան ճան, պատկերացնո՞ւմ ես:

-Հիմա լաւ է կարեւորը, յուսանք որ այսպիսի վտանգներ չկրկնուին եւ անփորձանք վերադառնայ ծառայութենէն:

Փորձեցի մեղմել վիշտը, բայց շարունակեց պատմել յայտնելով անյարմարաւէտութիւնը խրամատներուն, ուր բանջարեղէններու սնտուկները նստարաններու վերածած են, որպէսզի գետնին պաղը թեթեւցնեն, իսկ անձրեւի կամ ձիւնի պարագային ծածկոյթէ զուրկ, անպատսպար կը մնան:

Կը շարունակէր խօսիլ, երբ յիշեցի լիբանանահայ խումբ մը կիներու հանգանակութիւնը զինուորներուն համար, ծանօթի մը հեռաձայնեցի եւ յայտնեցի լսածս: Լ.ն լռեց, նայեցաւ, հետեւեցաւ խօսակցութեանս, կարգադրութիւնը լսեց, աչքերէն ժպիտի նշոյլ մը կը փայլէր, խօսակիցէն անդինը կը տեսնէր, իսկ երբ աւարտեցի.

-Շնորհակալութիւն, Ան ճան, հիմա հանգիստ կարող եմ աշխատել, երեխէքը ծածկ մը կ՚ունենան, Փառք Աստուծոյ- յայտնեց:

Լիբանանահայ կիներուն ջանքերով զօրամաս հասան վրաններ եւ անձրեւանոցներ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

(Երեւան)

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022