ԿԱՂԱՆԴԻ ՎԱՂԵՄԻ ՅՈՒՇ

Փոքր աղջնակ էի, հազիւ տասներեք տարեկան: Պարագաներու բերումով նոյն տարին ընտանեօք փոխադրուեցանք Պէյրութէն Հալէպ: Մի քանի ամսուայ կեցութենէ վերջ, պատրաստուեցանք Ամանորը դիմաւորելու նոր միջավայրի մը մէջ, նորաստեղծ բարեկամութիւններու կազմութեան առընթեր:

Այդ տարիքի պարմանուհիներու յատուկ ինքնահաստատման փորձէն թելադրուած՝ յանձն առի տօնածառին եւ առհասարակ տան զարդարման աշխատանքը: Փոքրիկ աղջկայ տեսլավառ բնաւորութեամբ՝ փորձեցի ներքին աշխարհիս մէջ ալեծուփ ապրումները վերածել շօշափելի շողացող յարդարանքի մը, ուր յոյսի, սիրոյ, գեղեցկութեան եւ բարութեան տեսլականները պիտի հանդիպէին իրարու:

Պէյրութի չափ Հալէպի շուկան չէր օգներ զիս իրագործելու ծրագիրս: Վաթսունականներու աւարտին Հալէպ քաղաքը հեռու էր արդիական պատրաստի «ճաշակ գոհացնող» յարդարանք պարգեւելէ:

Ուստի, ես ոգի ի բռին փոքր քոյրերուս համեստ օգնութեամբ գործի լծուեցայ: Քրեփոն եւ գունաւոր թուղթերու տեսակներով, այլերանգ ներկերով, շողշողուն աստղերու արծաթեայ ու ոսկեայ բնական հնարքներով, մեր հիւրասենեակի գլխաւոր պատը իր ամբողջ լայնքով վերածեցի կերպարուեստի մանկունակ ստեղծագործական պաստառի մը: Ամէն ինչ նկարուած էր այնտեղ՝ Կաղանդը եւ Ծնունդը խորհրդանշող բոլոր մանրամասնութեամբ: Իսկ եղեւնիի բնական տօնածառը սենեակին մէկ անկիւնէն կը հսկէր այդ համեստ, բայց ինքնատիպ համայնապատկերը:

Այդ տարիներուն համար անսովոր յայտնութիւն մըն էր բոլորիս համար մեր իրագործումը: Բարեկամներ եւ հարեւաններ կու գային դիտելու փոքրիկ երեխաներուն մեծ գործը: Ծնողներս, նոյնպէս, հպարտառիթ անակնկալի առջեւ գտան ինքզինքնին:

Կաղանդի գիշերուընէ մէկ շաբաթ առաջ հայրս յայտարարեց, որ այս տարի պիտի հրաւիրէ իր արաբ տեղացի գործընկերները, իրենց տիկիններով՝ մեզի հետ նշելու համար այդ հանդիսաւոր առիթը: Գիտեմ, որ ան յաճախ դրուատանքով կ՚արտայայտուէր անոնց բարձր արժանիքներով նկարագիրներուն մասին: Եւ տեսակ մը մեր աւանդոյթները բաժնեկցելու ցանկութեան անսալով կազմակերպեց այդ հրաւէրը: Հալէպի տեղաբնակները այդ ժամանակներուն տակաւին չէին որդեգրած տարագլուխի խրախճանքներու նշումը: Միաժամանակ կար փոխադարձ երախտիքի հատուցումը՝ անոնց տածած սիրոյն եւ գնահատանքին մեզի հանդէպ:

Չեմ գիտեր ինչու, անհաճոյ զգացում մը պատեց զիս եւ առանց երկար մտածելու, սովորութեանս անյարիր հակաճառեցի հօրս:

-Ի՞նչ պէտք կար աս հրաւէրին: Այնքան յոգնեցայ տունը զարդարելով, մաման ալ խոհանոցէն դուրս չելաւ: Կաղանդը մեր ընտանիքին անձնական տօնն էր եւ մեր իրաւունքն էր առանձին վայելել զայն:

-Սա քեզմէ բնաւ չէի սպասեր- ըսաւ հայրս-: Ուրախութիւնը մեծ եւ իմաստալից կ՚ըլլայ միայն ընդհանրական ձեւով։

Մեկնեցաւ։

Հասաւ սպասուած օրը եւ սեղանը զետեղուած էր հիւրասենեակին մէջտեղը, որպէսզի ընդլայնի նստողներու շրջանակը: Ապա ժամանեցին մեր արժանաւոր հիւրերը եւ բոլորը գոհունակ տեղաւորուեցան սեղանին շուրջ: Անոնք հիացան տան զարդարանքով: Դրուատանքի բարձր խօսքեր եւ զարմանք արտայայտեցին այդ փոքր տարիքի «արուեստագէտներու» կատարած գործին համար:

Յետոյ, բնականաբար, անոնք անցան իրենց սովորական զրոյցին: Հայրս ամբողջութեամբ իրենց տրամադրուած, մայրս ճաշերը սպասարկելով զբաղած, իսկ ես՝ ո՜վ զարմանք, մեկուսի սենեակին մէկ անկիւնը ոտքի կանգնած, դառնացած զիրենք կը դիտէի, իսկ փոքր քոյրերս ամօթխածօրէն իրենց սենեակը քաշուած կը մնային:

Մեր ընտանիքին մէջ ծնողքիս կողմէ սկզբունքային կարգ էր երեխաները պահել ուշադրութեան կեդրոնին: Հայրս իր մեծ մարդասէրի համբաւին զուգընթաց՝ զաւակներուն հանդէպ ալ անվերապահ ուշադրութեան եւ արժեւորման վարքագիծը կ՚որդեգրէր:

Մանկական ինքնասիրութիւնս վիրաւորուեցաւ այդ գիշեր: Ամանորը արժանավայելօրէն տօնելու համար գործադրած ճիգերս եւ աշխատանքիս արդիւնքով հպարտանալու յոյսս ի չիք դարձան: Իսկ մենք երեխաներս՝ զորս սովոր էինք ընտանեկան յարկին տակ ուշագրաւ դիրք ունենալ, յանկարծ նսեմացամք երկուորներու ներկայութեան առջեւ: Մեզմէ գողցուած էր մեր Կաղանդը: Գոնէ ես այդ ձեւով վերլուծեցի պատահածը այդ ժամանակ։

Զգացի կոկորդի ուժեղ սեղմում եւ գաղտագողի սենեակս վազեցի՝ անկողինիս մէջ հանգիստ հեկեկալու:

Կէս ժամ անց, հայրս անակնկալօրէն զգաց մեր անյայտացումը: Զիս լաւ ճանչնալով ընբռնեց, թէ արարքս ինչի արդիւնք էր եւ հրապարակայնօրէն հիւրերուն մատնեց զիս:

-Գիտէ՞ք, աղջիկս շատ նրբազգաց է: Անոր մանկական արժանապատուութիւնը խռովեցաւ, երբ մեր մէջ իր տեղը չգտաւ: Յաճախ այդ մանկական հպարտութիւնը ծանր կը կշռէ մեր վրայ:

Երկար ժամանակ չպահանջեց, որպէսզի հիւրերը յանկարծակիօրէն սենեակս շտապեն: Այդ ազնուազարմ բարեկամները փորձեցին իրենց փաղաքշական խօսքերով սփոփել եւ իրենց հետ սեղան առաջնորդել զիս: Քոյրերս ալ, իրենց կարգին, հօրս ձեռքերէն բռնած իրենց յատուկ նստատեղերը գրաւեցին: Հայրս, պատեհ առիթ մը օգտագործելով, շոյեց գլուխս եւ զուսպ կշտամբանքով հայերէնով փսփսաց.

-Նորա՛, ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը մարդէ-մարդ տարածելու եւ վարակելու աշխատանքին մէջ կը կայանայ: Երբեք չվարանիս բաժնեկցիլ երջանկութիւնդ ուրիշին հետ: Հոն է ճշմարիտ յաղթանակը կեանքին:

Ես ամօթէն շիկնած, նստայ փոքր աթոռի մը վրայ սեղանին գլխավերեւը, հօրս կողքին: Այդ պահուն զգացի եսակեդրոն ըլլալու մեղքին ծանրութիւնը: Րոպէական զղջումի ապրումներով, անհարկի եւ քմահաճ գտայ այդքան սնափառօրէն վիրաւորուած ըլլալս:

Հին տարուան հրաժեշտ տուինք եւ նորը դիմաւորեցինք յոյսով եւ լաւատեսութեամբ: Երեկոյին շարունակութիւնը եղաւ կատարեալ զուարթ եւ կենսալից եղափոխութիւն մը:

Սակայն, դժբախտաբար, նոր տարին մեզի համար չկատարեց իր տուած խոստումները: Սիրելի հայրիկս մէկընդմիշտ բաժնուեցաւ մեզմէ՝ անհեթեթ հիւանդութեան մը պատճառով: Մեր ընտանիքին ճակատագիրը կրեց ողբերգական շրջադարձ մը: Նկարագրուած գիշերը եղաւ հօրս երկրային վերջին Կաղանդը: Եւ զարմանալի հակադրութեամբ մը արցունքով համեմուած այդ գիշերը մնաց կեանքիս բազում կաղանդներուն ամենաերջանիկն ու երանելին: Իմաստաւորուեցաւ հօրս համամարդկային պատգամով եւ անժամանցնելի թելադրութեամբ: Հօրս խօսքերը՝ իբրեւ անջնջելի կտակ քանդակուեցան հոգւոյս մէջ, կազմեցին էութեանս հաւատամքը եւ եղան տեսակ մը պարտաւորեցնող հրամանագիր: Մեկնելով այդ եւ բազում ուրիշ պատգամներէ, փորձեցի կեանքիս ուղին համեստաբար յարմարեցնել այդ ձեւաչափին՝ հնարաւորութեանս սահմաններուն մէջ:

Այնուհետեւ, բոլոր ուրախալի առիթներով, ներառեալ Կաղանդի գիշերները ձգտեցայ կառուցել այդ սիրոյ կամուրջը, որ երջանկութիւն կը վարակէ մարդէ-մարդ...

Այսօր դարձեալ կը բարձրաձայնեմ հանճարեղ Մեծարենցի մարգարէաշունչ տողերը, որոնք հարազար բնութագրումն են հօրս պատգամին եւ վաղեմի յուշիս:

- Տուր ինծի Տէր ուրախութիւնն անանձնական:

Արդարեւ, անաձնական ուրախութեան թեւերով մարդկային հոգին կը ճախրէ յաղթանակի երկինքին տակ: Եւ համայնական երջանկութեան անիրական հեքիաթը իր արդարութեան, սիրոյ, խաղաղութեան պարունակով կը դառնայ իրականութիւն:

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:

ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

(Երեւան)

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022