ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ 850

2023 թուականին կը նշուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ երանաշնորհ հայրապետներէն Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցը։ Այս թուականը ընդգրկուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ցուցակին վրայ։

Կը նախատեսուի, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը տարեմուտին այս առթիւ հրապարակէ սրբատառ կոնդակ մը, որպէսզի Սուրբ Հայրապետի յիշատակը տօնախմբութիւններով ոգեկոչուի ամբողջ հայաշխարհէն ներս։ Տարուան տեւողութեան գիտաժողովներ եւ այլ ձեռնարկներ տեղի կ՚ունենան թէ՛ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ թէ Երեւանի Մատենադարանին մէջ։

Թուրքիոյ մէջ ալ կը նշուի այս յատկանշական թուականը, որու առթիւ ուխտագնացութիւն մը կը նախատեսուի դէպի Հռոմկլայ, ուր Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը պաշտօնավարած է՝ որպէս կաթողիկոս ու թաղուած։

Միջեկեղեցական հարթութեան վրայ ալ պիտի արժեւորուի այս տարելիցը։ Յառաջիկայ աշնան Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու համատեղ նախաձեռնութեամբ Հռոմի մէջ էքիւմենիք ծաւալուն ծրագիրով մը պիտի յիշատակուի Ս. Ներսէս Շնորհալին։ Հռոմի այս ծրագիրը թէեւ տակաւին աստիճանաբար կը ձեւաւորուի, սակայն, կ՚ենթադրուի, որ կեանքի կոչուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր տաճարին մէջ նախատեսուած արարողութիւնը կրնայ կայանալ երկու եկեղեցիներու հայրապետներուն մասնակցութեամբ։ Բաց աստի, Սիքսթինեան մատրան մէջ Շնորհալիի շարականներով համերգ մը կը նախատեսուի։ Նախատեսուած է նաեւ մասնաւոր գիտաժողով մը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022