ՀԻՆ ԷՋԵՐ. ԹԷՈԴԻԿԻ «ԱՄԷՆՈՒՆ ՏԱՐԵՑՈՅՑ»ԷՆ

ՁՄՐԱՆ ԱՌԱԾՆԵՐ

Ձմրան՝ ամէն տեղ անձրեւ, ամրան՝ հո՛ն, ուր Տէրը կամենայ:

Ր գիրն ունեցող ամիսներուն՝ ոտքդ եւ մարմինդ տաք պահէ, չունեցողներուն՝ ուզածիդ պէս վարուէ:

Ձիւնը՝ լերան գագաթին, ցուրտն ալ անոր վարի դին:

Յունուարին երբ անձրեւ գայ, գիւղացին հարուստ կը դառնայ:

Աստուած հեռու պահէ բաց օդով յունուարէ:

Մառանին լեցուիլը կամ պարպուիլը յունուարէն ու փետրուարէն կախեալ է:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024