Ո՞ՒՐ ՊԻՏԻ ՆՇԷՔ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ
Ինչպէս անցած ըլլալը կարեւոր չէ այս պարագային. տարի մը հինցաւ մեր կեանքէն եւ որքան ալ դժբախտութիւն ու չարիք պատահած ըլլայ անոր ընթացքին, մարդ, բարեբախտաբար, յոյս մը կը տածէ գալիք լաւ օրերուն, «թերեւս» կ՚ըսէ ու կը յուսայ։
Ես ա՛լ կ՚ուզեմ յուսալ։
Յոյսի առաջին աղբիւրիս՝ տղուս կը նայիմ եւ տասներկու տարեկան անգլերէն մտածող, ըստ անհրաժեշտութեան՝ հայերէն խօսող հայ մանչ մը կը տեսնեմ։ Կեանքը իրենց խելացի հեռաձայններուն ընդմէջէն ընկալող, աշխարհաքաղաքացի մեր բոլոր մանուկներուն պէս՝ տղուս անգլերէն խօսելուն հանդերձ, զինք «հայ» կոչելուս մասին եթէ հարցնէք, չեմ երկմտիր ու խինդով կ՚արձանագրեմ, որ հայերէն կ՚աղօթէ տղաս, Աստուծմէ օգնութիւնը հայերէնով կը խնդրէ, «քեզ շատ կը սիրեմ» ըսելով զիս կը գրկէ, «ինչո՞ւ ասքան խիստ ես» ըսելով կը բողոքէ եւ «թռչուններս հետս չեն խաղարկոր» ըսելով կը նեղուի...
մանրուքներ, որոնք իսկութեան մէջ բաւարար են մէջս յոյսի բոց մը վառելու, բայց, անոնցմէ աւելիին մասին դեռ չե՛մ կրնար հաստատել, երբ կը կասկածիմ՝ մեր ու մեր մանուկներուն միջեւ բարոյական արժէքները նո՞յնն են։ Չե՛ն։ Հայրենիքը, ընտանիքը, ծնողքը, հարազատները, մեծ մամաները... նո՞յնն են։ Իմ մեծ մամաս արծաթ թասով լոգցող ալեհեր «քերմեր» էր, տղաս՝ մեծ մամա չունի, իսկ իր ընկերոջ մեծ մաման՝ GYM կ՚երթայ։
Մութ սենեակներու մէջ փայլող հեռաձայններուն առաջարկած «թիքթոք»ներուն եւ «ռիիլ»ներուն արձագանգելով, որեւէ խօսք ու շարժում առանց հասկնալու՝ թութակաբար կրկնող մեր մանուկներուն աւելի հաւասարակշիռ գալիք մը չեմ կրնար յուսալ. կարճ են անոնց նախադասութիւնները, յապաւուած են արտայայտութիւնները, տղան-տղուն ամուսնութիւն կ՚առաջարկէ իրենց դասագիրքերուն մէջ, անսեռ «Սիրի»ն ու «Պիքսպի»ն են իրենց ուղեցոյցները... Բայց այսպիսին չեն աշխարհի բոլոր մանուկները. պատերազմ, մահ, արիւնալի տոպրակներու մէջ տեղաւորուած ծնողներ ու զրկանք կը տեսնեն անոնցմէ շատերը, այս բոլորէն «քարը լացնող», միլիոնաւոր «վիու»ներ հաւաքող տեսերիզներ կը պատրաստեն տմարդ լրագրողները եւ ոչի՛նչ կ՚ընեն ու կրնան ընել մարդու իրաւունք քարոզող արդարութեան ատեանները։ Ահա՛, այս մանուկներուն կտոր մը խաղաղ երկինք, քիչ մը ժպիտ ու կա՛մք կը յուսամ. իրենց ներսի վէրքերուն ցասումով գուցէ նոր կեանք մը կ՚արարեն։
«Նոր տարի», երբ ըսեմ, մանչէս վերջ «ընտանիք», «մե՜ծ ընտանիք», «ծննդավայր» կ՚ըսեմ ու կ՚ուղղուիմ դէպի Հալէպ, ուր ծնած, մեծցած ու կազմուած եմ ես։ Տօնական կ՚ըլլայ Հալէպի մթնոլորտը այս օրերուն, տուներուն տօնածառերը պատուհաններուն մօտիկ կը դրուին, ուր որ քալես, տօնածառ մը կը տեսնես, կը զգաս, որ յուսառատ են մարդկանց հոգիները ու բարին կը հայցեն անոնց լոյսերը վառող-մարող տօնածառերը։
Որքան հաճելի պիտի ըլլայ ինծի համար անգամ մը եւս վայելել մեր ընտանեկան երկա՜ր ու ճոխ սեղաններուն հմայքը, խաղաղութիւն ուրուագծող մանուկներուն աղմուկը, քանի մը գաւաթ խմելէ ետք, մէկ տուն՝ յետոյ լալալա-ով շարունակուած երգերը, վարի դրացիներուն փակ դուռին դիմաց «աքորտէոն»ով «Լուռ գիշեր» երգող մանուկներուն քաղցր-քաղցր ձայները, երգի աւարտին բացուող դուռը, հիւրասիրուած շոքոլան, տրուած շնորհաւորական քարտն ու յուշանուէրը, գանձուած գումարն ու ստացագիրը եւ իջած ատեն, աստիճաններէն լսուող անոնց ուրախ պոռչտուքները... երկա՜ր պտոյտէ մը վերջ ակումբ կը վերադառնան անոնք, կը պարպուին իրենց գրպաններուն մէջ հաւաքուած շոքոլաները, դրամը եւ լուրջ հաշւարկէ մը վերջ ի յայտ կու գան քարտաբաշխութեան «առաջին ելլողները»... Կարօտցած եմ ես այս հրճուանքները եւ երախտապարտ եմ այս քաղաքին, որ աչքերս թրջող անգին յուշերու այսպիսի հարստութիւն մը տուած է ինծի եւ ո՛չ միայն...
Վերջին տարիներուն Հալէպի մէջ հաստատուած որոշակի ապահովութենէն ետք, մէջս յոյս մը կը փայփայէի, թէ օր մը այդ քաղաքին մէջ ապրածներս դարձեալ կրնամ վերապրիլ։ Երազ չէր, բարեկամներ, գիտէի, որ պատերազմն ու տնտեսական դժուարութիւններով բեռնաւորուած կեանքը շատ բան փոխած էին քաղաքին մէջ, բայց այնուամենայնիւ՝ կը յուսայի... իսկ այսօ՞ր։ Ի տես աշխարհին, «տարիներէ ի վեր պայքարող Սուրիական Յեղափոխութիւնը յաղթած է», կը հաղորդեն լրատուամիջոցները, անյատակ բանտերը կը պարպուին, բոլորը զրպարտեալ են, կորուսեալները կը գտնուին, ուրախ են ծնողները, մարդիկ փողոցին մէջ զինեալներուն հետ կը պարեն, երկիրը պիտի շնչէ, կանաչապատ ազատութիւն մը պիտի պատէ մեզ մեծցուցած երկիրը, շատո՜նց ցաւ ու զրկանք կրող սուրիացիներուն արժանապատիւ կեանք պիտի շնորհեն դուրսէն ժամանած մօրուքաւոր, արդարամիտ ու խաղաղասէր յեղափոխականները...
2012-էն ի վեր Հալէպի մէջ չեմ ապրիր ու շատերու համար թերեւս իրաւունք ալ չունիմ խօսելու, քանզի տառապալի այդ առօրեան, արիւնաքամ սղաճն ու յուսալքող սարսափը չապրեցայ, ճի՛շդ է, բայց թէկուզ թաղուած՝ հոն են իմ ծնողները։ Հոն է պապենական տունս, հոն են եղբայրներս, հոն են անոնց զաւակները, տղուս դեռ իրօ՛ք չհանդիպած, չգրկած զարմիկները... Հոն է ԼՆԳԿ Կեդրոնական վարժարանը, դպրո՛ցս, անոր բակին մէջ դեռ կ՚օրօրուին 12 տարի երգած մեր քայլերգները, հոն են իմ բարձրացած բեմերը, նուագած դաշնամուրները, մէջը սպասած քուլիսները ու թերեւս լռութեան մէջ կը թնդան ձեռքերով փակած բերաններուն մէջ զսպուած մեր խնդուքներն ու խճողուած սրահներու հանդիսատեսէն ըմբոշխնած մեր ծափահարութիւնները... Եւ ի՞նչ կը կարծէք, բաւարար չե՞ն այս բոլորը հոգեպէս հո՛ն ըլլալու եւ հոն ըլլալիքները ակնկալելու։
Քաղաքական վերլուծաբան մը պէտք չէ՛ ըլլալ յստակ իրողութիւնները տեսնելու. հոն ապրողները՝ մէջէն, ես եւ իմ նմանները՝ «հեռուէն» կը հետեւինք մեր քաղաքին (մեր անցեալին) ոչնչանալուն «օրինաւոր» քայլերուն։
Կը հետեւինք, այո՛, քանի որ պարզապէս չենք կրնար չհետեւիլ եւ նոյնանման հետեւողականութիւն մը կ՚ակնկալենք մեր «Մայր Հայրենիքէն», որու Հանրապետութեան հրապարակի տօնածառին լոյսերը վառելու օրը, զարմանալիօրէն համընկեցաւ Հալէպի «ազատագրութեան» օրուան։ Նոյեմբերի 9-ին հետ, Դեկտեմբերի 8-ն ա՛լ պիտի չմոռնամ ես։ Երանի հրաշք մը ըլլար, այդ պահուն համացանցը խնդիր մը ունենար եւ մենք զուգահեռաբար չկարենայինք համատեղել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, կառավարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանին, քաղաքապետին Դիմատետրի էջերուն վրայ տեղադրուած մեր Հանրապետութեան լուսաւոր հրապարակին, աւետաբեր տօնածառին հեքիաթային լոյսերն ու հալէպահայերուն նոյնիսկ տեղադրելէ քաշուած՝ սփիւռքի ամենաբեղուն գաղութներէն մէկուն մութ ծալքերու մէջ յայտնուելու սարսափազդու լուրերը...
Խօսք չունիմ ըսելիք այդ օրը հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմաչարչար, յուսալքուած՝ թէկուզ կարճատեւ ուրախութիւն հայցող մեր հայրենակիցներուն. իրադարձութիւններէն անտեղեակ՝ անոնցմէ շատերը լիարժէք հայեր ալ չեն համարեր Հայաստան ժամանած, հազուադէպ հոն մնացած կամ այլ երկիր փոխադրուած հալէպահայերը...
Այսքանը (եւ աւելին, քանզի ծանր ու փշոտ ծրար մըն է ասիկա) դեռեւս կ՚ընկալեմ, բայց չե՛մ կրնար ուսերս անտարբերութեամբ թօթուել Հալէպի իրադարձութիւններէն սկսեալ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան որդեգրած վերաբերմունքին. Հալէպի մէջ հիւպատոսարանն ու Դամասկոսի դեսպանատունը այսօր (2 թէժ գիծերով) Պէյրութէն կը հետեւին զոյգ գաղութներու զաւակներու անհրաժեշտ կարիքներուն։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, թէ «Սիրիայից ժամանածների համար Հ.Հ. մուտք գործելու վիզան անվճար կտրամադրվի»։
Ասանկ բան մըն է երեւի ո՛չ թէ «հայրենիք», այլ՝ «պետութիւն» ըլլալը եւ շուտով այս պետութեան մէջ փոխուող շատ բաներու շարքին, խաղաղութեան պայմանագրին ու խաչմերուկին սիրոյն՝ հաւանաբար փոխուի նաեւ մեր Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը, որ տարածքային պահանջներ կը պարունակէ՝ ըստ Ատրպէյճանին։ «Հ.Հ. Սահմանադրութեան ոչ մի դրոյթ տարածքային պահանջներ չի պարունակում հարեւան երկրների նկատմամբ», յայտնած էր Հայաստանի վարչապետը։ Հարեւան երկիրը, այս պարագային, հազարաւոր տղոց արիւնով ազատագրուած Արցախն է եւ ոչինչ պէտք է յուսալ պետութեան, թէ սփիւռքի արեւելեան գաղութներուն սպառնացող բոլոր վտանգներուն մէջ՝ բարձր տրամադրութեամբ ու խաղաղ ժպիտով 27 տարիէ ի վեր իր «կնոջ» հետ ամուսնացած չըլլալուն մասին խօսող մեր «հայ առաջնորդէն»։
Ի՞նչ մնաց ըսելիք. այսպիսին կ՚ըլլան, հաւանաբար, նորագոյն «Հայաստանի պատմութեան» էջերը...
Նոր տարի է։
Դժուար է, բայց ես ա՛լ կ՚ուզեմ յուսալ։
Յուսալու համար մէջս կը նայիմ, այս բոլորին ծա՜նր բեռան տակ կքած դատարկ ու անշարժ օրօրոց մը կը գտնեմ, հոս-հոն տարտղնուած հոգիս կը հաւաքեմ, օրօրոցին վրայ կը դնեմ ու կը հրեմ. յառաջ երթամ՝ ըլլալիքէն, ետ դառնամ՝ կորուստներէն կը սարսափիմ։ Անխուսափելի են երկու կողմերը, կը շարժիմ, տձեւ սպիներս շարժումիս մէջ կը կորսուին, ուրիշ օրօրոցի մը կը հանդիպիմ, անոր վրայ հարազատ հոգի մը կը գտնեմ ու կը գրկեմ...
Նման են մեր սպիները, թաց են մեր աչքերը, գեղեցիկ են մեր վիրաւոր հոգիները, անթեւ են մեր յոյսերը եւ լուռ են մաղթանքները...
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Եգիպտոս