ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԵՐԳ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ֆէր­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ եր­դի­քին տակ տա­րե­մու­տի առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ փայ­լուն հա­մերգ մը։ Ե­րաժշ­տա­կան ա­ւան­դա­կան այս ե­րե­կոյ­թին շրջագ­ծով հան­դէս ե­կաւ Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը, որ հեր­թա­կան ան­գամ տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ հա­մախմ­բեց մեր հա­մայն­քի գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը, ո­րոնք ապ­րե­ցան մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Տա­րուան ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, Ս. Ծննդեան տա­ղա­ւա­րին ըն­դա­ռաջ մեր ե­րաժշ­տու­թեան նմոյշ­նե­րուն հա­ղորդ դառ­նա­լը իս­կա­պէս գո­հա­ցում պատ­ճա­ռեց բո­լոր հան­դի­սա­տես­նե­րուն։

Ձեռ­նար­կին նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան, Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան, դպրա­պետ Սեդ­րակ Սրկ. Տա­վութ­հան, երգ­չա­խում­բի տնօ­րէն խոր­հուր­դէն եւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Ե­րե­կոյ­թը սկսաւ դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով։

Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը հան­դէս ե­կաւ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի խմբա­վա­րու­թեամբ եւ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի նուա­գակ­ցու­թեամբ։ Թէ՛ հայ­կա­կան եւ թէ օ­տար ե­րաժշ­տու­թե­նէն յատ­կան­շա­կան գոր­ծեր մեկ­նա­բա­նեց երգ­չա­խում­բը՝ միշտ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով ի­րեն բնո­րոշ ո­րա­կին ու մա­կար­դա­կին։ Մե­ներ­գիչ­ներն էին Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լու, Ա­լիս Շա­հի­նօղ­լու, Ա­նէթ Մեհ­թե­րեան, Ա­նի Սա­րա­ճան, Լի­տիա Տուր­մազ­կիւ­լէր, Յո­վէփ Գու­յում­ճեան, Գրի­գոր Թէր­զեան։ Յայ­տագ­րին եր­գե­հո­նի նուագ­նե­րով հան­դէս ե­կաւ նաեւ Սե­սիլ Գահ­վէ­ճիօղ­լու։ Մինչ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը ո­րո­տըն­դոստ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին երգ­չա­խում­բին ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւ­նը, Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեանն ալ ե­րե­կոյ­թի ա­ւար­տին հան­դէս ե­կաւ գնա­հա­տան­քի խօս­քով մը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ ա­մա­նո­րեան այս տա­րուան հա­մեր­գը Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ ձօ­նուած է Սու­րիա­յէն եւ Ի­րա­քէն գաղ­թե­լով Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տան գտած մեր ազ­գա­կից­նե­րուն։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը յոր­դո­րեց, որ մեր հա­մայն­քը միշտ յի­շէ մեր այն ազ­գա­կից­նե­րը, ո­րոնք Նոր տա­րին կը դի­մա­ւո­րեն դժուա­րու­թիւն­ներ դի­մագ­րա­ւե­լով։ Ուս­տի, ան կրկնեց նաեւ իր յոր­դո­րը՝ որ­պէս­զի օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րուի ա­նոնց նկատ­մամբ։ Ընդհանուր Փոխանորդը յիշեցուց, որ հա-մայնքի արդի տարեգրութեանց մէջ կան զօրակցութեան փայլուն օրինակներ։

Հա­մեր­գէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին բո­լո­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ։

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2016