ՏԽՈՒՐ ՏԱՐԻԻ ԱՒԱՐՏԸ

Երբեմն կ՚ուզես միտքերդ ի մի բերել, սակայն չես յաջողիր: Ցիրուցան են եւ անհնազանդ, ո՛չ մէկ կերպով կ՚ուզեն ենթարկուիլ քեզի: Մէյ մըն ալ յանկարծ, անսպասելի՝ ուրիշի մը քով կը գտնես այն, ինչ որ դուն ըսել կ՚ուզես: Այսպէս, օրեր առաջ իմ գաղափարակից ընկերուհիիս՝ Գոհար Սրապիոնեանի մօտ ես պատահաբար գտայ իմ ցիրուցան միտքերը՝ գեղեցիկ ու արհեստավարժ կերպով արտայայտուած։

*

2022 թուականը արեգակի ժամացոյցի պէս կը վերջանայ հոսելով: Իր հետ սրբելով Հայաստանի երրորդ Հանրապետութիւնը: Ռետինելով Անկախութեան հռչակագրի գաղափարը, աքացիով արիւնլուայ ընելով հայ ազգի գոյաբանական դարաւոր, խեղճացած բանաձեւը: Օղակելով մնալու, ըլլալու մեր բոլոր տեսակի բնազդները:

2022 թուականը 21-րդ դարեցի ըլլալու, մեր անբնական ու փչան, գլուխգովան ձգտումին բոլոր աշխարհի պատասխան հայելային ապտակն էր՝ չոր, սառը, անզգացմունք: Արեւմտեան:

Ցաւոտ:

Ցաւոտ:

2022 թուականը կարագի պէս հալեցնողն է մեր հայոց սրբազնագոյն պատմութիւնը: Մեր՝ այդպէս ալ չսերտած դասը՝ արեւմտեան արժէքները չընդունիլ հալած իւղի տեղ:

2022 թուականը 2018 թուականի տօնական ծրարումն է՝ սեւ երիզով, սառոյցի գոյնի փայլուն տուփի մը մէջ: Անոր վրան՝ սիրուն ու տաքարիւն երիտասարդներու անուններ, անուններ...

2022 թուականը ռուսական մաթրիոշքայի պէս, սակայն ամերիկեան աւանդոյթներով հաւաքած այն մեծ տուփն է, որ կը բանաս՝ մէջէն աւելի պզտիկը գտնելու, այնուհետեւ՝ յաջորդ աւելի փոքրը... Եւ ամենավերջին՝ նուէրն է՝ թուղթի կտոր մը՝ վրան գրած՝ ԴՈՒՆ ՈՉՆՉՈՒԹԻՒՆ ԵՍ: YOU ARE NOTHING.

2022 թուականը Նարեկացիի, Քուչակի, Կոմիտասի, Վարուժանի, Եկմալեանի, Սահեանի... Դուրեանի, Մեծարենցի, մեծն երկիր Նայիրիի Հելոուինն էր...

2022 թուականը քրիստոնէութիւնը Աստուծոյ պատգամով առաջինը ընդունած ազգին Աստուծոյ պատիժն էր՝ կուռքեր պաշտելու ու Նարեկը Վատիկանին նուիրելու համար:

Սուրբ Գիրքի համաձայն՝ հպարտ ըլլալու համար:

2022 թուականը դիմակով նեռէն պաշտպանուիլը ընտրած ազգի դիմակը պատռողն էր՝ հինաւուրց ազգէ մը շքեղափայլ պատճէն ծնածը:

2022 թուականը իմ եւ քու անյաջող լուսանկարի դաժան քամիչն էր՝ ինսթակրամի պատմութիւններուն մէջ, գեղագիտական՝ դուրսիններու համար, գէր ու տգեղ՝ իրականութեան մէջ:

2022 թուականը Անտերսենի «Եղեւնին» հեքիաթի հայկական «տեժավիւ»ն է՝ այլեւս վերապրած. եղեւնիի պէս մենք կը փափաքէինք մեծնալ, որպէսզի մեզ տանին զարդարեն: Սակայն կարճ ժամանակ անց յայտնուեցանք դժգոյն մառանի մը մէջ՝ դժբախտ, անտէր ու դաւաճանուած: Մենք ալ եղեւնիի պէս չգնահատեցինք մեր Աստուծոյ պարգեւ անտառը՝ ձգտելով փայլուն դղեակի: Այդ իսկ պատճառաւ մեզի տուին շաքարի փայլուն թուղթը՝ դատարկ պարունակութեամբ:

2022 թուականը Պիայնայի վաճառանիշային ծինը ծանակող խորամանկ, փոքր ներքինին էր՝ անտեսակ, բարակ պեխերով, նիհար ու շեղաչք:

2022 թուականը արիացիի կոշտ մեր բնաւորութիւնը խարակիր ընողն է: Անողոք ու ՑԱՒՈՏ:

ՑԱՒՈՏ:

2022 թուականը մեր դիմաց ծոյլ ճռոչով փակուող դուռ մըն է՝ չարագոյժ ընթացքով, նուաստացնող ձայնով մը, սակայն յուշող ստեղնաշարով մը՝ եթէ վազող ըլլայ, պիտի հասցնէ չձգել գոցուիլ: Կը բանայ, կը մտնէ, կը շրջի ժամացոյցը: Կը վերցնէ ժամանակի փոշին սրբազան նախնեաց լուսանկարներու վրայէն: Կը միացնէ տաքացուցիչը, խնամքով կը գրէ յառնած այդ ազգի նորագոյն պատմութիւնը՝ փոխարէն ինսթակրամի վերամշակած պատմութիւններու:

Եւ ժամացոյցի մէջ աւազը այլեւս պիտի հոսի արմէններու հողին մէջ, զոր ճաք պիտի տայ միայն արեւի ուժէն եւ ոչ՝ գինի դարձած սրբազան արիւնի ճնշող հոսքէն:

2022 թուականը հայ ազգի լլկուած կուռքն էր՝ Քրիստոսի դիմաց դուռը փակող:

2022 թուականը ժամանակը կեցնելու ու նոր դարաժամ սկսելու մեր հնարաւորութիւն հին տարին էր: Շուտով կա՛մ 2022 թուականը լլուկով պիտի կեցնէ ժամանակը, կամ ծինով արմէնները՝ տաքարիւն, մեծքիթ, բարակշուրթ... բնաւորութեամբ... պիտի կեցնեն ճռոցի՝ դէպի ներս սղոսկող ձայնը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2023