ԲԱՆԱԼԻՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ՁԱԽԻՆ ՁԵՌՔՆ Է

17 նոյեմբեր 2018-էն սկսեալ բողոքի զանգուածային ցոյցեր սկսան Ֆրանսայի մէջ՝ ընդդէմ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի յայտարարած՝ վառելանիւթի գիներու բարձրացումի որոշումին:

Ցոյցերուն կազմակերպումը ստանձնած է, այսպէս կոչուած, «Դեղին բաճկոններ»ու շարժումը: Ցոյցերը հիմնականին մէջ կը հետապնդէին վերջ տալ վառելանիւթի գիներու բարձրացման, սակայն յետագային, մանաւանդ երբ կառավարութիւնը վեց ամիսով յետաձգեց վառելանիւթի՝ 1 յունուար 2018-էն ծրագրուած թանկացումը, ցոյցերը սկսան կազմակերպուիլ ընդդէմ կառավարութեան նոր-ազատական քաղաքականութիւններուն, որոնք կը պարունակեն սեփականաշնորհումներ ու խստամբերութիւն:

«Դեղին բաճկոններ»ուն ցոյցերը՝ իբրեւ ընկերային-տնտեսական բնոյթ կրող ցոյցեր, համակրանքը շահեցան զանազան քաղաքական ուժերու, որոնք կը պատկանին տարբեր քաղաքական ուղղուածութիւններու՝ արմատական ձախէն մինչեւ ծայրայեղ աջ:

Ֆրանսայի ամենէն ազդեցիկ աշխատաւորական միութիւններէն մէկը՝ Աշխատանքի ընդհանուր համադաշնակցութիւնը, որ նախագահ Մաքրոնի պաշտօնի ստանձնումի օրէն մինչեւ այսօր կը շարունակէ ընդդիմանալ անոր ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւններուն, նոյնպէս ցուցարարներուն զօրակցելու կոչ ուղղեց եւ միացաւ փողոցին:

Յատկանշական է, սակայն, Ընկերվարական կուսակցութեան նախաձեռնութիւնը: Ընկերվարականները ցոյցերուն սկիզբէն արդէն քննադատած էին կառավարութեան քայլերը եւ նոյն ատեն զսպուածութեան կոչ ուղղած էին թէ՛ ցուցարարներուն եւ թէ ոստիկանութեան՝արիւնահեղութենէ հեռու մնալու համար: Ընկերվարականները 18 դեկտեմբեր 2018-ին Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի ընկերվարական խմբակցութիւններուն միջոցով հրապարակեցին նախաձեռնութիւն մը, որ կը միտի վերահաստատել հարստութեան վրայ հարկը:

Հարստութեան վրայ հարկին (սեփականութեան վրայ հարկ) վերաբերեալ խօսակցութիւնը առաջին անգամ շրջանառութեան մէջ դրուած է 1981-ին նախագահական ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Միթերանի կողմէ: Հարկի այս տեսակը 1982-ին կը հաստատուի ընկերվարական վարչապետ Փիէռ Մորուայի վարչապետութեան ժամանակաշրջանին եւ կը ջնջուի 1986-ին՝ պահպանողական Ժաք Շիրաքի վարչապետութեան ժամանակաշրջանին, ապա կը վերահաստատուի 1988-ին՝ ընկերվարական Միշել Ռոքարի վարչապետութեան ժամանակաշրջանին:

Ըստ Ֆրանսական «Հարկերու համար միացուած ազգային միութեան», միայն 2007-ին 528 հազար հարկ վճարող պետական մարմինին հարստութեան վրայ հարկ վճարեց 4.42 երկիլիոն եւրօ: Բոլոր հարկերը կը հաւաքուէին պետութեան գանձարկղին մէջ, որով պետութիւնը կը նպաստէր հանրային եւ ընկերային ծառայութիւններուն:

Սեպտեմբեր 2017-էն սկսեալ ֆրանսական կառավարութիւնը, նպատակ ունենալով քաջալերել մեծ ձեռնարկութիւնները, ջնջեց հարստութեան վրայ հարկը:

Զգալի են հարստութեան վրայ հարկի ջնջման բացասական հետեւանքները. պետութեան հաւաքած ընդհանուր գումարին նուազիլը ստիպեց կառավարութեան նուազեցնել պետական նպաստի ծախսերը՝ հանրային եւ ընկերային ծառայութիւններուն, եւ անոր փոխարէն՝ դիմել սեփականաշնորհումներու:

Այսօր ընկերվարականներուն առաջադրած՝ հարստութեան վրայ հարկի վերահաստատումը զանոնք դարձեալ կը մղէ Ֆրանսայի քաղաքական հրապարակ եւ դարձեալ կապ կը ստեղծէ Ընկերվարական կուսակցութեան եւ աշխատաւոր դասակարգին միջեւ. կապ մը, որ խզուած էր 2014-էն սկսեալ՝ վարչապետ Մանուել Վալսի վարած տնտեսական ազատական քաղաքականութիւններուն պատճառով:

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 4, 2019