ՏԱՐ ՄԵԶ ՕԴԱՆԱՒ

Դէպի Զուարթնոց օդակայան տանող ճանապարհները խցանած են: Հայաստանի ամենախոշոր ու նշանաւոր օդակայանը երբեք այսքան մարդաշատ չէր եղած: Մարդիկ կ՚երթան, տղամարդիկ կը լքեն իրենց հայրենիքը: Տոմսակները մէկ ուղղութեամբ՝ դէպի Ռուսաստան, առանց վերադարձի:

Օդակայանի մթնոլորտը լի է տխրութեամբ, յուսահատութեամբ ու հիասթափութեամբ: Կը պակսին ժպիտները, լաւատեսութիւնը, հայրենիք վերադառնալու ցանկութիւնը: Լոյսերու ներքոյ կայծկլտացող օդակայանին մէջ այս ու այն կողմ կ՚երթան խամրած, մաշած, տառապած հոգիներ: Սա տեսարանը խորունկ ցաւ մըն է:

Զուարթնոցը երբեք այսքան տխուր չէր եղած: Ամէնուր տղամարդիկ: Նախկինին Հայաստանի մէջ հազուադէպ կարելի էր հանդիպիլ մօրուսաւոր տղամարդկանց, իսկ այսօր անոնք ամէնուր են: Օդակայանը նոյնպէս բացառութիւն չէ: Ոտքէն մինչեւ գլուխ սեւ հագած, մօրուսաւոր տղամարդիկ անհամբեր կը սպասեն իրենց թռիչքին: Կարծես դժոխքէ մը փախիլ կ՚ուզեն: Այդ ե՞րբ Հայաստանը, հայրենիքը վերածուեցաւ դժոխքի... այդ ե՞րբ հիասթափութիւնը այսքան կուրացուց մեզ...

Այսօր փետրուարի չորսն է: Մինչեւ սոյն ամսու կէսերը գրեթէ սպառուած են բոլոր տոմսակները, նոյնիսկ ամենէն սուղերը: Այլեւս տոմսակներու գիները հասած են աստղաբաշխական թիւերու. եռապատիկ, քառապատիկ սղած են: Բոլորի տոմսերը մէկ ուղղութեամբ են՝ վերադարձ չկայ:

Սխալ մի՛ հասկնաք, այս բոլոր մարդիկ պարտութենէ, դժուարութենէ չէ, որ կը փախչին: Դաւաճանութիւնը, թիկունքէն անսպասելի հարուածի զարկն է, որ ստիպած է այդ հայերուն երազել արտագաղթի մասին: Եթէ պարտուէինք, վստահաբար այսօր ոչ մէկը կը լքէր իր հայրենիքը: Հայը դժուարութենէ չի վախնար: Քարէն անգամ կը ստանայ հաց: Նոյնիսկ պարտութեան պարագային այսօր Զուարթնոց օդակայանը լեփլեցուն չէր ըլլար:

Հայրենիքը լքողներու շարքերուն մէջ մեծաթիւ են երիտասարդները: Անոնց ծնողները, ընտանիքները իրենց շունչը պահած կը սպասեն, որ ե՛րբ ինքնաթիռը օդ պիտի բարձրանայ: Միայն այդ պարագային պիտի կարենան լիաթոք շնչել: Օդանաւը օդ բարձրանալուն պէս կը փրկուին իրենց երեխաները, ամուսիներն ու եղբայրները:

Մայրս նոյնպէս օրեր կը համրէ: Անհամբեր կը սպասէ փետրուարի տասնչորսին: Եղբայրս դէպի Ռուսաստան, մէկ ուղղութեամբ իրեն բաժին ինկած տոմսակը այլեւս վերցուցած է: Քանի մը ժամ հերթ կանգնած է եռակի սուղցած տոմս ձեռք բերելու համար: Սա տողերը գրած ատեն աչքերէս արցունք կը յորդի: Ստեղմնաշարս կը լուամ իմ աղի արցունքներով:

Պատերազմէ վերջ եղբօրս աչքերը առաջին անգամ փայլատակեցան: Դէմքին յայտնուեցաւ անկեղծ ժպիտ, ուրախութիւն: Կարծես շնչելու սկսաւ: Իսկ ե՞ս.... իսկ ես ցաւէն կ՚ոռնամ, կը խենթանամ: Հայաստանս կը դատարկուի: Նուիրեալները, քաջազուն մարտիկները կը լքեն իրենց հող հայրերնին: Սա պահուն օտարութիւնն է անոնց փրկութիւնը: Աւելի լաւ է օտարի լուծը, քան մերձաւորի ստորնութիւնը:

Արցախը յանձնելէ, վաճառելէ վերջ, այդ չարաբաստիկ գիշերուընէ մինչեւ այսօր իմ եղբայրը չէ կրցած ինքզինքին գալ: Հիասթափութիւնը կուրացուցած է զինքը: Վայրկեան առաջ կ՚ուզէ լքել այն հողը, ուր զինքը դաւաճանեցին, ուր զինք ողջ-ողջ թաղեցին, ուր իրեն ստիպեցին սորվիլ քիչ-քիչ մեռնիլ: Թերեւս օտարութիւնը ինչ-որ չափով կ՚ամոքէ վերջինիս վէրքերը ու կը ստիպէ առաւել սթափ խոկալու:

Տասն օր վերջ Արայիկ շատերու պէս պիտի բռնէ գաղթի ուղին: Ան երբեք չէր խորհած Արցախէն դուրս ապրելու մասին: Իսկ այսօր ներքին վիրաւորանքը թոյլ չի տար անոր վերադառնալ Ստեփանակերտ: Իր տան պատուհանէն կ՚երեւի Շուշիի գալարապտոյտ ճանապարհները... Ինչպէ՞ս կարելի է ամէն օր ապրիլ այս ցաւի հետ, ինչպէ՞ս կարելի է ամէն օր վէրքիդ վրայ աղ լեցնել...

Մինչեւ վերջերս Արայիկ կը պնդէր, որ այլեւս երբեք պիտի չմասնակցի պատերազմի. «Ինչո՞ւ պիտի երթամ: Երթամ աննպատակ մեռնիմ: Յանուն ինչի՞»: Յայտնի է, որ եղբօրս մէջ կը խօսէր վիրաւորանքը: Վերջերս կրկին խօսք բացուեցաւ հնարաւոր պատերազմի մասին: Եւ ան ինքնավստահ յայտարարեց, թէ պատերազմի պարագային նորէն պիտի կամաւորագրուի: Այստեղ ես խոր շունչ մը քաշեցի: Եղբօրս ներքնաշխարհին մէջ կ՚ապրի հայրենասիրութիւնը: Ան կը ցաւի, կը տառապի իր հայրենիքի կորուստով:

Վստահ եմ Արայիկը եւ շատեր այսօր հիասթափութենէ, խոր վիրաւորանքէ դրդուած կը լքեն Հայաստանն ու Արցախը: Սակայն այն օրը, երբ հայրենիքը ունենայ անոնց կարիքը, իր սիրասուն զաւակները առանց երկմտելու շուտափոյթ պիտի վերադառնան վերջինիս գիրկը:

Գացէ՛ք, ամոքեցէք ձեր վէրքերը, փորձեցէք ոտքի կանգնիլ օտար, ամայի ճամբաներու վրայ ու վերադարձէք ձեր հայրենիք: Բարին ընդ ձեզ:

Իսկ ես, Հայաստանը կը լքեմ միայն ճամբորդելու նպատակաւ: Պիտի ապրիմ, արարեմ ու միախառնուիմ մայր հողիս իմ երկրի մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2021