ԵՒ ԱՀԱ ԳԱՐՆԱՆ ԱՒԵՏԻՍԸ…

Մարդ­կա­յին ա­ռօ­րեան, որ­քան ալ ըլ­լայ ծան­րա­բեռ­նուած, եր­բեք ի վի­ճա­կի չէ ազ­դե­լու բնու­թեան վրայ։ Բնու­թիւ­նը ու­նի իր թա­փը, իր հոս­քը... Մարդ­կու­թեան եր­թը ի՛նչ որ ալ ըլ­լայ, ո՛ր մէկ ժա­մա­նա­կին ի՛նչ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն որ ալ ըլ­լայ, վեր­ջին հա­շուով՝ բնու­թիւնն է, որ կը պար­տադ­րէ ա­մէն ինչ։ Եւ սա ո՛չ միայն պայ­ման­նե­րու, այլ նաեւ՝ տրա­մադ­րու­թեան ա­ռու­մով։

Տե­սէք՝ ա­րա­գիլ­նե­րը ար­դէն հա­սեր են Նա­յի­րեան եր­կիր եւ սկսեր՝ բոյն հիւ­սել այն­տեղ։ Գար­նա­նա­մու­տին ա­նոնք կը յու­շեն բնու­թեան վե­րա­նո­րոգ կա­րո­ղու­թեան մա­սին։ Գար­նան ա­ւե­տի­սը կը բե­րեն ա­նոնք, որ­պէս­զի գար­նան թար­մու­թեամբ լե­ցուի բո­լո­րին սիր­տը։

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2016