Ցնցիչ Թիւեր
Նեխած հոգիներու եւ բթացած ուղեղներու տէրերը, որոնք կը ղեկավարեն աշխարհը, թող իրենց գերբեռնաւորուած վիճակէն դադար առնելով` իրենց ուիսքիի, վոտքայի ու արաբական սուրճի բաժակները վայրկեան մը վար դնեն ու աչքերնին սեւեռեն այս չամբողջացած հնգամեայ տեղեկագիր-հաշուետուութեան վրայ ու շարունակեն իրենց հաճելի պահը: Կանխաւ ներողութիւն կը հայցեմ, որ իրենց ըմպելիքին մէջ լեղի կաթեցուցի:
– Սուրիոյ հնգամեայ պատերազմին պատճառով երկրին տնտեսութեան վնասը կը գնահատուի 103.000.000.000 (103 միլիառ) տոլար, – Սուրիոյ կեդրոնական պահեստի արտարժոյթի վնասը` 25.000.000.000 (25 միլիառ) տոլար, – Քանդուած է 3.000.000 (երեք միլիոն) բնակարան, – 224 հիւանդանոց, – 3000 դպրոց, – 1000 դպրոց ալ պատսպարանի վերածուած է, – 1485 մզկիթ եւ եկեղեցի:
Մարդկային զոհերուն հաշիւը չկայ, կամ դեռ չէ հրապարակուած, թէեւ ըսողներ կան, որ թիւը 400.000-ի շուրջ է:
Եթէ այս խօսուն թիւերը կրցան բան մը շարժել անոնց մէջ, թէեւ շատ յոյս չունիմ, կը գոհանամ, որ դեռ չմեռած զգացումներ կան:
Աշխա՛րհ, մարդի՛կ, քսանմէկերորդ դարն է, գիտական, արհեստագիտական հսկայաքայլ յառաջդիմութեան դարն է. այս ի՞նչ կ՚ընէք, դէպի ու՞ր կը տանիք մարդկութիւնը:
Ինչո՞ւ կը քանդէք պատմական-հնախօսական հսկայ հարստութիւն ունեցող երկիր մը. Ինչո՞ւ կ՚աւերէք խաղաղ բնակիչներուն տուները, Աստուծոյ անունով ինչո՞ւ կ՚աւերէք Աստուծոյ տուները: Մեղք չէ՞ Սուրիոյ նման խաղաղ, բարգաւաճ, ծաղկուն երկիր մը դժոխքի վերածելը:
Ի հեճուկս հնգամեայ ահագնագոյն պատերազմին, Սուրիա տակաւին ոտքի է, ծունկի չէ եկած ու բոլոր ծախսուած միլիառներն ու աշխարհի տականքներու վոհմակներուն գեհենային յարձակումներուն ու մարդասպանութեանց տարատեսակ եղանակներու կիրարկումէն ետք, Արեւմուտքը նոր միայն կ՚անդրադառնայ իր սխալին ու կը խոստովանի, որ Սուրիան ընկճելը անկարելի է:
Ինչպէս բոլոր պատերազմները, այս պատերազմն ալ վերջ կ՚ունենայ անպայման. «Ե՞րբ»ը դեռ յստակ չէ, «ինչպէ՞ս»ն ալ գուշակելի չէ, սակայն արդիւնքը արդէն յայտնի է. կարդացիք վերի թիւերը, որոնք աւելնալու թեկնածու են, այնքան ատեն որ պատերազմը չէ աւարտած. իսկ անկէ ե՞տք…
Պատերազմը աւարտելէն ետք ի՞նչ պիտի պատահի. հաշուեյարդարը անխուսափելի է: Ո՞վ պիտի հատուցէ Սուրիոյ վնասները: Թերեւս քանդուածները վերակառուցուին, տնտեսութիւնը սկսի նոր ծաղկում մը ապրիլ, իսկ մարդկային կորո՞ւստը… Մեռնողներուն հաշուեկցումն ու հատուցո՞ւմը:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ