Քրիստափոր Կարա-Մուրզա. Հայկական Երգչախմբային Արուեստի Մեծ Վարպետը

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ե­րաժշ­տա­կան ա­րուեստն ու բարձ­րար­ժէք ժա­ռան­գու­թիւ­նը հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նաչ­ման ու գնա­հատ­ման ար­ժա­նաց­նե­լու նուի­րա­կան գոր­ծին մէջ կ՚ա­ռանձ­նա­նայ ա­նու­նը Ք­­րիս­տա­փոր ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի (1853-1902), ո­րուն ծննդեան տա­րե­դար­ձը կը նշենք ­Մարտի 2-ին։

Մա­նուկ տա­րի­քէն հան­ճա­րեղ ե­րա­ժիշ­տի իր բնա­տուր շնորհ­քը դրսե­ւո­րած հայ եր­գա­հանն ու խմբա­վա­րը եր­կար կեանք չու­նե­ցաւ. 49 տա­րե­կա­նին հե­ռա­ցաւ այս աշ­խար­հէն։ ­Բայց հա­յոց ե­րաժշ­տա­կան ա­րուես­տին հան­դէպ իր տա­ծած ան­հուն պաշ­տա­մուն­քը ժո­ղովր­դա­կա­նաց­նե­լու, ա­մէ­նուր երգ­չա­խում­բեր կեան­քի կո­չե­լու եւ ե­րաժշ­տա­կան բարձ­րար­ժէք գոր­ծեր ստեղ­ծե­լու իր տա­ղան­դով ու ժա­ռան­գու­թեամբ՝ Կա­րա-­Մուր­զա թէ՛ հայ հո­գե­ւոր ու ժո­ղովր­դա­յին ե­րաժշ­տու­թեան գո­հար­նե­րը փրկեց կո­րուս­տէ - նո­թա­յին մշա­կու­մի եւ գոր­ծի­քա­ւո­րու­մի ար­ժա­նաց­նե­լով ան­կորն­չե­լի գան­ձեր, թէ՛ ռահ­վի­րան դար­ձաւ բազ­մա­ձայն խմբերգ­նե­րու ա­րա­րու­մին եւ երգ­չախմ­բա­յին կա­տա­րո­ղու­թեան։

Կա­րա-­Մուր­զա­յի կեան­քը, ա­րո­ւեստն ու հա­սա­րա­կա­կան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ըստ ար­ժան­ւոյն գնա­հա­տո­ւե­ցան եւ մե­ծա­րուե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ ա­մէ­նու­րեք՝ հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ սփիւռ­քեան հե­ռա­ւոր ա­փեր։ Ան ար­ժա­նա­ցաւ նաեւ օ­տար հա­սա­րա­կու­թեանց ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան՝ ա­տե­նի ­Ցա­րա­կան եւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեանց տա­րածք­նե­րէն մին­չեւ եւ­րո­պա­կան մեծ ու փոքր մայ­րա­քա­ղաք­ներ։

Գո­յու­թիւն ու­նի ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի նուի­րո­ւած ա­րուես­տա­բա­նա­կան եւ յու­շագ­րա­կան ամ­բողջ գրա­կա­նու­թիւն մը (ար­դէն մատ­չե­լի նաեւ հա­մա­ցան­ցի վրայ), ո­րուն մէջ կ­­՚ա­ռանձ­նա­նայ յա­ռա­ջա­պա­հի դեր կա­տա­րած ար­ժէ­քա­ւոր մե­նագ­րու­թիւ­նը ա­րո­ւես­տի քննա­դատ ­Մա­տթէոս ­Մու­րա­դեա­նի (հրա­տա­րակուած 1950-ին), ո­րուն վկա­յու­թեամբ՝

«1885 թո­ւա­կա­նի ­Մար­տի 15-ին, ­Թիֆ­լի­զի մէջ տե­ղի կ­­՚ու­նե­նայ հայ ե­րա-ժըշ­տու­թեան պատ­մու­թեան մէջ քա­ռա­ձայն խմբեր­գա­յին անդ­րա­նիկ հա­մեր­գը՝ խմբա­վար, եր­գա­հան, ե­րաժշ­տա­կան-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Ք­­րիս­տա­փոր ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի ղե­կա­վա­րու­թեամբ: Երգ­չա­խում­բը բաղ­կա­ցած էր ըն­դա­մէ­նը 15 եր­գիչ­նե­րէ, ծրագ­րին մէջ հիմ­նա­պէս ընդգր­կո­ւած էին հայ ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րու բազ­մա­թիւ մշա­կում­ներ: «­Վա­րա­գոյ­րը կը բարձ­րա­նայ կա­մաց-կա­մաց եւ հա­սա­րա­կու­թեան առ­ջեւ կը պատ­կե­րա­նայ, բե­մին վրայ, փոք­րիկ խումբ մը՝ պատ­մա­կան հայ­կա­կան հա­գուստ­նե­րով. տպա­ւո­րու­թիւ­նը մեծ կ­­՚ըլ­լայ: ­Հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը հաւ­նի ա­նոր եր­գե­րը եւ մի քա­նին կրկնել կու տայ… ­Հան­դի­սա­կան­նե­րը բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով կը թնդաց­նեն թատ­րո­նը: ­Դուր­սը՝ ­Կա­րա-­Մուր­զա­յին կը դի­մա­ւո­րէ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու խումբ մը եւ օրհ­նան­քով կ­­՚ու­ղե­ւո­րէ զայն: ­Հա­սա­րա-­կու­թիւ­նը, ցրո­ւե­լով տու­նե­րը, շա­տե­րը ճամ­բան ար­դէն կը փոր­ձեն եր­գել այն եր­գե­րը, ո­րոնք ա­ւե­լի դու­ր ե­կան ու ա­ւե­լի դիւ­րին էին: Այդ օ­րը ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի կեան­քին ա­մե­նաու­րախ օ­րե­րէն մէկն էր»:

Ա­րո­ւես­տի քննա­դատ­ներ միա­ձայ­նու­թեամբ կը հաս­տա­տեն, թէ ­Կա­րա-­Մուր­զա նո­ւա­ճեց բազ­մա­ձայն եր­գե­ցո­ղու­թեան յաղ­թա­նա­կը հայ երգ­չախմ­բա­յին ա­րուես­տի պատ­մու­թեան մէջ: Իր ողջ կեանքն ու ա­րո­ւես­տը ­Կա­րա-­Մուր-­զա նո­ւի­րա­բե­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի լայն խա­ւե­րուն մօտ բազ­մա­ձայն եր­գե­ցո­ղու­թեան ար­մա­տա­ւո­րու­մին ու տա­րած­ման:

Ք­­րիս­տա­փոր ­Կա­րա-­Մուր­զա (ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով՝ ­Խա­չա­տուր ­Յով­հան-­նէ­սի) ծնած էր 1853-ին Ղա­րա­սու-­Բա­զար քա­ղա­քը, որ այժմ կը կո­չո­ւի ­Պե­լո­կորսք եւ կը գտնո­ւի Խ­­րի­մի մէջ, Ուք­րայ­նա։

Ութ տա­րե­կա­նին ար­դէն սկսած էր դաշ­նա­մուր եւ սրինգ նո­ւա­գել, նաեւ՝ իր ծննդա­վայ­րի յայտ­նի ե­րա­ժիշտ­նե­րուն մօտ մաս­նա­ւոր դա­սե­րու հե­տե­ւե­լով, խո­րա­պէս զար­գա­ցու­ցած էր ե­րաժշ­տա­կան իր գի­տու­թիւ­նը՝ ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծեր կար­դա­լու եւ գրե­լու իր ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լով։ ­Հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ, իր ծննդա­վայ­րին մէջ ար­դէն սկսած էր կազ­մա­կեր­պել եւ բե­մի վրայ հրամց­նել հա­մերգ­ներ ու թա­տե­րա­կան խում­բեր։

1882-ին ­Կա­րա-­Մուր­զա տե­ղա­փո­խուե­ցաւ ­Թիֆ­լիզ, ա­պա՝ կարճ ժա­մա­նա­կով ­Պա­քու, իսկ 1885-էն սկսեալ վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիզ, ուր ստանձ­նեց Գ­­րի­գոր Արծ­րու­նիի հռչա­կա­ւոր «Մ­­շակ» թեր­թի ե­րաժշ­տա­կան քննա­դա­տու­թեան բաժ­նի խմբագ­րու­թիւ­նը՝ միա­ժա­մա­նակ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լով։ Այդ շրջա­նին էր, որ ան տուաւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան ա­ռա­ջին բազ­մա­ձայն երգ­չախմ­բա­յին հա­մեր­գը՝ հայկա­կան հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով, Գ­­րի­գոր Արծ­րու­նիի հիմ­նած թատ­րո­նին մէջ։

Հայ խմբեր­գա­յին ա­րո­ւես­տին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Պե­տա­կան ա­կա­դե­մա­կան երգ­չախմ­բու­մին նո­ւի­րո­ւած յօ­դո­ւա­ծի մը մէջ («Ազգ» - 2 ­Փետ­րո­ւար 2007), Ան­նա Ա­սատ­րեան կը վկա­յէ.-

«Իր հա­մեր­գա­յին գոր­ծու­նէու­թեան 17 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին (1885-1902), ­Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ հայ­րե­նի սահ­ման­նե­րէն դուրս ա­ւե­լի քան 50 քա­ղաք­նե­րու մէջ (այդ շար­քին՝ ­Թիֆ­լիզ, ­Պա­քու, Էջ­միա­ծին, ­Նոր Նա­խի­ջե­ւան, Օ­տե­սա, Ա­խալց­խա, ­Պա­թում, Վ­­լա­տի­կավ­կազ, Ար­մա­ւիր, Ե­կա­տե­րի­նո­տար, ­Քիշ­նեւ, ­Մոս­կո­ւա, ­Գո­րի, ­Բոր­ժո­մի, ­Գան­ձակ, ­Սիմ­ֆե­րո­պոլ, ­Կերչ, ­Ղարս, ­Շու­շի, ­Պո­լիս), ­Կա­րա-­Մուր­զան կազ­մա­կեր­պած է շուրջ 90 եր­գե­ցիկ խում­բեր, տո­ւած է ա­ւե­լի քան 250 հա­մերգ՝ ներգ­րա­ւե­լով 6000 հո­գի: Որ­պէս ե­րա­ժիշտ՝ ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի երգ­չա­խում­բե­րուն մէջ ձե­ւա­ւո­րո­ւած են նշա­նա­ւոր եր­գիչ­ներ տրա­մա­թիք թե­նոր Ներ­սէս ­Շահ­լա­մեա­նը, պա­րի­թոն ­Բեգ­լար Ա­միր­ջա­նեա­նը, լի­րի­կա­կան թե­նոր ­Մա­կար ­Վար­դի­կեա­նը, պա­րի­թոն ­Ծո­վա­կը. ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի սա­ներն էին Ա­զատ Մա­նու­կեանն ու Ս­­տե­փան Դե­մու­րեա­նը: ­Շու­շիի մէջ ա­նոր կազ­մա­կեր­պած 100 հո­գիէ բաղ­կա­ցած երգ­չա­խում­բի կազ­մով եր­գած է տա­ղան­դա­ւոր հայ ար­ձա­նա­գործ ­Յա­կոբ ­Կիւր­ջեա­ն: ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի խում­բե­րէն մէ­կուն մէջ եր­գած է նաեւ բա­նաս­տեղծ ­Յա­կոբ Յա­կո­բեան»:

Կեան­քի պայ­ման­նե­րուն բեր­մամբ զրկո­ւած ըլ­լա­լով միեւ­նոյն երգ­չախում­բին հետ եր­կար ժա­մա­նակ աշ­խա­տե­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն (բո­լորն ալ կա­մա­ւոր կազ­մուած եւ սի­րո­ղա­կան խում­բեր էին), «ան ա­մէն ան­գամ ստի­պո­ւած էր կազ­մել նոր եր­գե­ցիկ խումբ՝ ընդգր­կե­լով նոյ­նիսկ ե­րաժշ­տա­կան տար­րա­կան գի­տե­լիք­նե­րէ զուրկ մար­դիկը: Եւ զար­մա­նալ կա­րե­լի է, թէ ինչ­պէ՛ս ան կը յա­ջո­ղէր սեղմ ժամ­կէտ­նե­րու մէջ ստա­նալ բաղ­ձա­լի ար­դիւնք­ներ: Ան ու­նէր նպա­տակ եւ քայլ առ քայլ կը հաս­նէր իր նպա­տա­կին.- հայ միա­ձայն ե­րաժշ­տու­թեամբ դա­րե­րով դաս­տիա­րա­կո­ւած հայ մար­դու ա­կան­ջը ար­դէն կը զգար եւ կը հասկ­նար եւ­րո­պա­կան բազ­մա­ձայ­նու­թեան ողջ հմայքն ու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը»:

Կա­րա-­Մուր­զա­յի գոր­ծու­նէու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն բնա­գա­ւա­ռը ե­ղաւ հա­յոց հո­գե­ւոր եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու հա­ւաք­ման, ե­րաժշ­տա­կան մշակ­ման եւ քա­ռա­ձայն եր­գե­ցո­ղու­թեան ար­ժա­նաց­ման աշ­խա­տան­քը։ ­Բարձ­րար­ժէք այդ աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը ­Կա­րա-­Մուր­զա հրամ­ցուց մեր ժո­ղո­վուր­դին՝ աս­տի­ճա­նա­բար մե­ծա­թիւ դար­ձած բազ­մա­ձայն երգ­չա­խում­բե­րու հա­մերգ­նե­րով, մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն յա­ռա­ջաց­նե­լով հա­յաբ­նակ կեդ­րոն­նե­րու մէջ։

1887-ին, ­Պա­քո­ւի մէջ, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով երգ­չախմ­բա­յին հա­մեր­գով ներ­կա­յա­ցուց իր մշա­կած բազ­մա­ձայն պա­տա­րա­գը։ ­Նոյն քա­ղա­քին մէջ ներ­կա­յա­ցուց նաեւ ­Կու­նո­յի «­Ֆաուստ» օ­փե­րա­յէն հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւած հա­տո­ւած­ներ։

1892-էն 1893, եր­կու տա­րի, ­Կա­րա-­Մուր­զա նաեւ ու­սու­ցիչ ե­ղաւ ե­րաժշ­տու­թեան՝ Ս. Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ջե­մա­րա­նին մէջ։

1895-էն սկսեալ, ­Թիֆ­լի­զի մէջ, ­Կա­րա-­Մուր­զա յա­տուկ դա­սըն­թացք­ներ ջամ­բեց խմբա­վար­նե­րու հա­մար։ Ք­­րիս­տա­փոր ­Կա­րա-­Մուր­զա յօ­րի­նեց նաեւ եր­գեր՝ հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րու խօս­քե­րով, մշա­կեց օ­փե­րա­նե­րու նո­ւագ­ներ, ինչ­պէս նաեւ հե­ղի­նա­կը դար­ձաւ՝ ա­ռանց նո­ւա­գա­րա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեան՝ բա­զում խմբերգ­նե­րու։ Ի­րեն կը պատ­կա­նի մշա­կու­մը 300 խմբերգ­նե­րու եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու, ո­րոնք մին­չեւ այ­սօր մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն կը վա­յե­լեն։

Կա­րա-­Մուր­զա­յի հռչա­կա­ւոր եր­գե­րէն են՝ «­Ծի­ծեռ­նակ», «­Դու զով խնդրես», «Ան­ցար սա­րեր», «Ա­նի քա­ղաք», «Ա­լա­գեազ», «­Քե­զի մեռ­նիմ», «­Գա­ցէք տե­սէք», «­Խո­րո­տիկ», «­Զինչ ու զինչ», «­Լէպ­հօ լէ­լէ» ե­ւ այլն…։ Իր եր­գե­րէն ո­մանք, հար­ցում-պա­տաս­խա­նի ի­րենց բնոյ­թով, յա­ւե­լեալ աշ­խու­ժու­թիւն եւ շար­ժում կը ցու­ցա­բե­րեն։

Կա­րա-­Մուր­զա յօ­րի­նած ու նո­թագ­րած է նաեւ ժո­ղովր­դա­յին պա­րեր եւ, այդ ա­ռու­մով ալ, ար­դի «եր­գի-պա­րի ան­սամպլ»նե­րու նա­խա­տի­պա­րը ինք ստեղ­ծած է։

Մեր ժո­ղո­վուր­դի ե­րաժշ­տա­կան ճա­շա­կի ձե­ւա­ւոր­ման ու բարձ­րաց­ման մէջ, նաեւ ա­րո­ւես­տա­բա­նա­կան ա­ռու­մով, ­Կա­րա-­Մուր­զա հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ՝ «Մ­­շակ»ի է­ջե­րուն եւ այ­լուր իր հրա­պա­րա­կած ե­րաժշ­տա­կան-քննա­դա­տա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով։

Ա­պա­ժամ ե­ղաւ վար­պե­տին վախ­ճա­նը 27 ­Մարտ 1902-ին, ­Թիֆ­լիզ։ ­Բայց իր վաս­տա­կով՝ ­Կա­րա-­Մուր­զա ան­մա­հա­ցաւ իբ­րեւ հա­յոց մե­ծա­տա­ղանդ ե­րա­ժիշտ­նե­րէն մէ­կը, որ իր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան հան­ճա­րով ու ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով՝ յա­ջո­ղե­ցաւ ոչ միայն կո­րուս­տէ փրկել հայ­կա­կան շատ ու շատ եր­գեր, այ­լեւ՝ հա­յոց ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը բարձ­րաց­նել մի­ջազ­գա­յին բարձ­րար­ժէք ա­րո­ւես­տի մա­կար­դա­կին՝ հա­յադ­րո՛շմ ու ան­կորն­չե­լի՛։

Հայ մշա­կոյ­թի եւ եր­գա­րո­ւես­տի ան­մա­հա­նուն վար­պե­տին նո­ւի­րո­ւած յօդուածը կ­­՚ար­ժէ փա­կել Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­հա­մալ­սա­րա­նէն Փրո­ֆ. ­Դա­ւիթ ­Ղա­զա­րեա­նի վկա­յու­թեամբ («Ա­ռա­ւօտ», 22 ­Մա­յիս 2010).-

«­Ան եր­գի մի­ջո­ցով հա­յոց լե­զուն կը տա­րա­ծէր այն վայ­րե­րուն մէջ, ուր­կէ հա­յե­րը հե­ռա­ցած էին իրենց հա­րա­զատ մշա­կոյ­թէն եւ հար­կադ­րա­բար մո­ռա­ցու­թեան մատ­նած նաեւ մայ­րե­նի լե­զուն»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2016