ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԽՈՀԵՐ ԵՒ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ ՄԵԾԻ ՊԱՀՈՑ ՇՐՋԱՆԻՆ (ՀԱՅՐԱՇՈՒՆՉ ԽՕՍՔԵՐ՝ ՄԵՐ ՍԻՐԵՑԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ)
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողկոսին պահքի հասկացողութեան մասին գրած մէկ գրութիւնը, լոյս տեսած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Էջմիածին» պաշտօնական ամսագիրին մէջ, 1998-ին, փետրուար-մարտ միացեալ թիւին մէջ, էջ 153-158: Բարի եւ օգտաշատ ընթերցանութիւն:
*
Ահա մեր Մայր Եկեղեցին վերաբացած է իր ծխական կեանքին մէջ քառասնօրեայ շրջան մը, որ Մեծ պահք կը կոչուի, ժողովրդական բառով՝ Մեծ պաս կամ Պահեցողութեան շրջան: Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան հրաշափառ տօնէն՝ Մեծ Զատիկէն առաջ քառասուն օրերու վրայ տարածուող այս շրջանը Եկեղեցւոյ հայրերը որպէս հոգեւոր պատրաստութեան, ինքնամաքրումի ժամանակ սահմանած են, որու ընթացքին մենք մեր անձնական ներքին կեանքը եւ անձէ անձ փոխյարաբերութիւնները ինքնաքննութեան վերատեսութեան կ՚ենթարկենք: Մեծ պահոց այս օրերուն մեր Եկեղեցւոյ աղօթքները, շարականները, Աստուածաշնչական ընթերցումներն ու Աւետարանին քարոզութիւնները մեր անձին ներաշխարհին վրայ կը կեդրոնան:
Այս շրջանին ընդհանրապէս մենք երեք կարգի հարցումներ կ՚ուղղենք մենք մեզի.
1. Ո՞վ եմ ես իբրեւ անձ, ինչ ալ ըլլայ իմ կենսավիճակը, դիրքն ու հանգամանքը, հոգեւորակա՞ն, մտաւորակա՞ն, հա՞յր, մա՞յր, զաւա՞կ, ուսուցի՞չ, աշակե՞րտ, ուսանո՞ղ, արուեստագէ՞տ, վաճառակա՞ն, ճարտարագո՞րծ, պաշտօնեա՞յ, աշխատաւո՞ր, զինուո՞ր, հարո՞ւստ, բարեկեցի՞կ, աղքա՞տ, հիւա՞նդ, տարիքաւո՞ր, թոշակաւո՞ր: Ինչ ալ ըլլանք ընկերային կեանքի այս կամ այն բնագաւառին մէջ՝ իսկական մարդ ե՞մ, հաւատարիմ՝ իմ աստուածաստեղծ բնութեան, հաւատարիմ՝ Աստուծոյ պատկերին, որ մէջս դրուած է ինծի կեանք պարգեւող Արարիչին կողմէ:
2. Ե՞մ այն՝ ինչ կը փափաքիմ ըլլալ խիղճիս առջեւ: Ե՞մ այն, ինչ Աստուած կ՚ուզէ, որ ըլլամ:
3. Իսկ եթէ չեմ, ի՞նչ պիտի ընեմ, որ ըլլամ:
Կարելի չէ մարդ ըլլալ եւ ամբողջական կերպով ու լիարժէք տարողութեամբ կատարեալ ըլլալ, կատարելապէս սուրբ, բարի եւ անմեղ: Մարդ էակը իր բնութեամբ, Աստուծոյ կողմէ իրեն շնորհուած ինքնիշխան, ազատ կամքի բերումով յաճախ կը շեղուի իր կոչումին ուղիղ ճանապարհէն եւ կը սայթաքի, Աստուծոյ դէմ մեղք կը գործէ, ինքն իրեն եւ իր նմաններուն չարիք կը հասցնէ: Ան որ ինքզինք անմեղ կը դաւանի՝ ան ինքզինք Աստուծոյ տեղ դրած կ՚ըլլայ: Եւ ասիկա մեղքերէն մեծագոյնն է, ինքնահաճութիւն, ամբարտաւանութիւն, սին ինքնահպարտութիւն, որմէ բազմաթիւ այլ մեղքեր կը յառաջանան:
Աստուածաշունչ մատենանին մէջ միշտ կը կարդանք ՄԵՂՔԻ մասին, այսինքն՝ Աստուծմէ հեռանալու այն փորձութիւններուն մասին, որոնք այնքան յաճախակիօրէն կը պատահին մեր կեանքին մէջ եւ մեր կեանքը կը խռովեն թէ՛ անհատական, թէ՛ ընտանեկան եւ թէ՛ հասարակական մակարդակներու վրայ: Մեղքը՝ Աստուծոյ կամքին հակառակ եւ մեր Աստուածաստեղծ բնութեան անհաշտ արարքը՝ տեսակ մը անջրպետ կը ստեղծէ, պարիսպ մը կը բարձրացնէ մեր եւ մեր Արարիչին միջեւ:
Եթէ մենք մոռցանք - եւ կը մոռնանք - մեր Արարիչին, եթէ մենք օտարացանք - եւ կ՚օտարանանք - մեր Աստուծմէ, Ան երբեք չմոռցաւ մեզ, մեզմէ հեռու եւ օտար չմնաց - եւ չի՛ մոռնար -, որովհետեւ մենք Իր արարածներն ենք, Իր սիրոյ ձեռակերտ էակները, Իր որդիները:
Աստուած միշտ մեզի հետ եղաւ, նոյնիսկ երբ մենք փորձեցինք Անոր հետ չըլլալ: Ան Ինքզինք մեզի բազմաթիւ ձեւերով յայտնեց եւ Իր լոյսը, սէրը մեր նկատմամբ միշտ արտայայտեց: Ամբողջ Հին կտակարանին մէջ մենք կը տեսնենք, որ Աստուած Իր ժողովուրդը չձգեց: Ժողովուրդը յաճախ անտեսեց զԻնք, ոսկի հորթի արձանը պաշտեց, բայց Ինք նոյն ժողովուրդին Իր Տասնաբանեայ պատուիրանները տուաւ, Իր մարգարէները ուղարկեց եւ Իր կամքը բացաւ իր ժողովուրդին, որպէսզի ան ուղիղ կեանքով երջանկութեան հասնի:
Երբ Սաղմոսները կը կարդանք, կը տեսնենք, թէ ինչպէս մարդ էակը Աստուծոյ ծարաւը կը զգայ եւ Անոր կը դիմէ՝ իր հոգեւոր պապակը գոհացնելու համար: Ան կ՚աղերսէ.
«Աստուա՛ծ, Աստուա՛ծ իմ, առաւօտէն Քեզի կը դիմեմ. հոգիս ծարաւ է Քեզի, առաւել եւս մարմինս, ինչպէս անապատ մը եւ անջուր երկիր մը» (Սղ 62.2-3):
Մեր Եկեղեցւոյ ժամերգութեան աղօթքներուն մէջ աղօթք մը կայ, որ բոլոր աղօթքներուն բանալին է: Այնտեղ աղօթողը կ՚ըսէ.
«Ամէն ժամ աղաչանքս ա՛յս է. իմ մեղքերէս մաքրէ՛ զիս, Տէ՜ր»:
Մարդուն գերագոյն ձգտումն է մեղքի փուշէն զերծ մնալ, որովհետեւ մեղքի խիթը բուժում չունի, առանց խոստովանութեան եւ առանց Աստուծոյ թողութեան: Ան մեր խիղճը կը խոցոտէ: Կրնանք անգամ մը, նոյնիսկ մէկը աւելի անգամներ, այս կամ այն ձեւով պարտկել այն, մենք մեզ անմեղ ցոյց տալ: Սակայն, ցոյց տալը բան մըն է, ըլլալը՝ ուրիշ: Օրին մէկը այդ փուշը մեզ անպայման կ՚անհանգստացնէ, կը տառապեցնէ, քանի որ խրուած է մեր խիղճին մէջ եւ ո՛չ թէ կը մնայ սոսկ մեր յիշողութեան եւ կամ բանականութեան մէջ, ենթակայ մեր քմահաճոյքին կամ ցանկութեան:
Հակառակ մեր մեղանչումներուն եւ սայթաքումներուն, Աստուած մեզ չմոռցաւ, եւ ո՛չ թէ միայն չմոռցաւ, այլ՝ այնքան սիրեց մեզ, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին ուղարկեց, որպէսզի մենք մեղքէն փրկուինք, ինչպէս Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք:
Աստուածորդին՝ մարդ եղաւ, մեզի նման, մեր մարդկային մարմինը իւրացուց (բացի մեղքէն), որպէսզի մեզի ցոյց տայ մեղքէն ազատուելու ճանապարհը եւ իսկական կեանքը ապրելու եղանակը երջանկութեան գոյավիճակով ու կենսընթացով: Երբ Ան Բեթղեհէմի մէջ ծնաւ, երկինքի հրեշտակները մեղեդի մը հնչեցուցին ամբողջ աշխարհին.
«Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ
Եւ յերկիր խաղաղութիւն,
Ի մարդիկ հաճութիւն»:
Ան եկաւ, որպէսզի մարդիկ իրենց կեանքին մէջ խաղաղութիւն եւ հաճութիւն վայելեն, այսինքն՝ փոխադարձ սիրոյ մէջ ապրին եւ գործեն, ու ըստ այնմ իրարու հետ վերաբերին:
Կը յիշէ՞ք, Յովհաննէսի Աւետարանին առաջին գլուխին մէջ իսկ պատմուած այն դրուագը, ուր Յովհաննէս Մկրտիչը երբ առաջին անգամ տեսաւ մարդացեալ Աստուածը՝ Յիսուսը, ըսաւ.
«Ահաւասիկ Գառն Աստուծոյ, որ բառնայ զմեղս աշխարհի (Ահաւասիկ Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքերը կը վերցնէ)» (Յհ 1.29):
Մեր Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը, կանոնականացուած Սուրբերը եւ սրբաշունչ ընտիր դէմքերը իրենք զիրենք միշտ մեղաւոր զգացած են, քանի որ մարդ եղած են եւ մարդ ըլլալով մեղքը իրենց կեանքէն դուրս չէ եղած: Բայց անոնք յաջողած են մեղքը նուաճել եւ ընկճել իրենց ապաշխարողական սրբակեաց վարքով ու գործով:
Մեր Հայերէն Այբուբէնի գիւտարարը՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, իր գրած հոգեւոր երգերուն մէջ յաճախ կ՚ըսէ.
«Մեղք իմ բազում են յոյժ,
Ծանր են քան զաւազ ծովու»:
«Վտանգիմ ի բազմութենէ մեղաց իմոց,
Աստուած խաղաղութեան օգնեա՛ ինձ:
Ալեկոծիմ հողմով անօրէնութեան իմոյ,
Թագաւոր խաղաղութեան օգնեա՛ ինձ:
Ի խորըս մեղաց ծոցու տարաբերեալ ծփիմ,
Նաւապետ բարի փրկեա՛ զիս»:
Մեր մեծագոյն խորհրդապաշտ գրողը, հոգեսոյզ աղօթողը եւ ամենէն սրբակեաց ճանչցուած անձը՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացին, իր ամբողջ Աղօթամատեանին մէջ՝ «Նարեկ» անունով ծանօթ, կ՚ողբայ իր մեղանչական վիճակը եւ աղերսագին կը դիմէ ամենասուրբ եւ ամենողորմ Աստուծոյ, որ իր անկեալ վիճակէն վե՛ր բարձրացնէ իր անձը, մաքրէ՛ իր հոգին: Փոքրիկ նմոյշ մը մէջբերենք անոր բազում աղօթամրմունջ խօսքերէն.
«Արդ, որովհետեւ հետդ խօսիլ սկսայ,
Որու ձեռքին մէջ է բազմամեղ հոգիիս կենդանի շունչը,
Ահէն սահմռկած՝ կը սարսիմ, սաստիկ տագնապէն կը դողամ,
Որովհետեւ երկինքի եւ երկրի Արարիչդ,
Քու անճողոպրելի, ահեղ, անաչառ
Դատաստանիդ մտաբերումն իսկ՝
Ուր յանցագործս պիտի կշտամբուի,
Անտանելի է, անսովոր, խօսքի սահմաններէն դուրս»:
Միւս երգաձայն աղօթողը՝ Ս. Ներսէս Շնորհալին, «Հաւատով խոստովանիմ» վերնագիրով ծանօթ ու ժողովուրդէն այնքան սիրուած եւ արտասանուած իր աղօթքներուն շարքին մէջ պերճախօս եւ հոգեթով բառերով նոյն մեղանչական գոյավիճակը կ՚արտայայտէ:
Ահաւասիկ նմոյշ մը անոր աղօթքներու շարքէն.
«Քննող գաղտնեաց,
Մեղայ Քեզ կամաւ եւ ակամայ,
Գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ,
Թողութիւն շնորհեա՛ մեղաւորիս,
Զի ի ծննդենէ Սուրբ Աւազանին մինչեւ ցայսօր
Մեղուցեալ եմ առաջի Աստուածութեանդ Քո,
Զգայարանօք իմովք եւ ամենայն անդամօք մարմնոյս.
Եւ ողորմեա՛ Քո արարածոց եւ ինձ՝ բազմամեղիս»:
Կը հարցնեմ, ո՞վ ենք մենք, որ խոնարհակալ ոգիով, ճշգրիտ եւ իրաւ ինքնաճանաչումի անկեղծ ջանքով կարենանք մենք մեզ անմեղ նկատել ու կարիք չզգալ մեր ներքին աշխարհի բիւրեղացման՝ հոգեկան վերամաքրումին, մնալով կոյր մեր յանցանքներուն եւ մեղքերուն նկատմամբ:
Եթէ մեղքը մեր կեանքին մէջ ներկայ է, ապա ներկայ է նաեւ մեղքին յաղթելու, մեղքը չէզոքացնելու կարողութիւնը՝ զղջումի, խոստովանութեան, Աստուծոյ շնորհքի ներգործութեամբ: Քրիստոս կ՚ատէ մեղքը, բայց ո՛չ մեղաւորը, որովհետեւ մեղաւորին մէջ երբեք չէ կորսուած, եւ չի՛ կորսուիր Աստուծոյ ներկայութիւնը: Մեծ պահոց այս շրջանին մենք կոչուած ենք այդ աստուածային ներգործութեան ընդառաջել, փուշն ու տատասկը, փոշին ու կեղտը տեսնել, ընդվզիլ անոր դէմ, ափսոսալ, ընդունիլ, խոստովանիլ ու որոշել անոր զոհ չերթալ: Ապաշխարութեան առաքինութիւնը ճիշդ այս արարքներով կը գտնէ իր իսկական իմաստը.
- Ճանչնալ ու ընդունիլ մեղքին քանդիչ չարագործութիւնը մեր մէջ:
- Մեր գործած մեղքերուն համար ափսոսալ, ընդվզիլ, զղջալ:
- Որոշել մեր ներքին անձը վերանորոգել, մեր սիրտը, միտքը, կամքն ու հոգին մաքրել:
- Բարիք գործել՝ ուրիշներուն հանդէպ սէր ցոյց տալով եւ կարիքաւորին բարիք մատուցելով:
Մեծ պահքին բուն իմաստը հոգեւոր նկարագիր եւ տարողութիւն ունի: Որոշ տեսակի (մսեղէն, կաթնեղէն, հաւկթեղէն) կերակուրներէն հրաժարիլը ինքնանպատակ չէ: Այդ ինքնազրկողութիւնը հոգեւոր ինքնամաքրումի առաջնորդելու միջոց է: Եթէ միայն որոշ տեսակի կերակուրներ ուտելէ հրաժարինք եւ սակայն մաքուր բարոյական կեանք չապրինք, մոլութիւններուն փոխարէն առաքինութիւններուն տեղ չտանք մեր կեանքին մէջ, պահեցողութիւնը իր ճշմարիտ քրիստոնէական հարազատ իմաստին չի՛ հասնիր: Կարեւորը կերակուրը չէ՛, այլ՝ կեա՛նքը, մա՛րդը, մարդոց միջեւ սիրոյ, հաճութեան, բարութեան առքաինութիւններով յատկանշուող փոխյարաբերութիւնները:
Ես նկատած եմ, որ շատերուն մօտ այն մակերեսային մտայնութիւնը կայ, որ խոնարհութիւնը, իր սեփական մեղքին ճանաչումը եւ ընդունումը ու անոնց նկատմամբ ափսոսանքն ու զղջումը փոքրութիւն է: Մեծագոյն սխալներէն մէկը այդ ձեւի մտածողութիւնն է: Ընդհակառակը, այդ խոնարհութիւնը քաջութի՛ւն է, հոգեկան արիութիւն: Աստուծոյ համար հաճելի մարդը ան չէ, ով ինքզինք միշտ արդար կը ճանչնայ, իսկ միւսները՝ մեղաւոր, այլ՝ այն անձը, ով ինքզինք մեղաւոր կը զգայ եւ կը ձգտի մեղքէն ազատիլ՝ Աստուծոյ ներողութեան եւ շնորհին ապաւինելով: Բոլորդ ալ լաւ կ՚իմանաք Աւետարանին մէջ Յիսուսի մեզի տուած պատկերը Փարիսեցիին եւ Մաքսաւորին առակին միջոցով: Անոնք երկուքն ալ՝ Փարիսեցին եւ Մաքսաւորը, տաճար գացած էին աղօթելու համար: Փարիսեցին տաճարին մէջ կանգնած հպարտօրէն ու բարձրաձայն, կ՚ըսէր.
-Ո՜վ Տէր, ես շնորհակալ եմ Քեզմէ, որ ես ուրիշ մարդոց նման չեմ, ինչպէս՝ յափշտակողները, անիրաւներն ու շնացողները, եւ կամ ինչպէս այս մաքսաւորը, այլ՝ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ ու ամբողջ եկամուտէս տասանորդ կու տամ:
Իսկ մաքսաւորը մէկ կողմ կանգնած, չէր ուզեր իսկ իր աչքերը երկինք բարձրացնել, այլ՝ իր կուրծքը կը ծեծէր, ըսելով.
-Աստուած իմ, ներէ՛ զիս, մեղաւորս:
Յիսուս դարձաւ եւ Իր առաքեալներուն ըսաւ.
-Կ՚ըսեմ ձեզի, ասիկա (Մաքսաւորը) իր տուն արդարացած (վիճակով) իջաւ եւ ո՛չ թէ միւսը (Փարիսեցին), որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, իսկ ան որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ (տե՛ս Ղուկասի Աւետարան, 18-րդ գլուխ, 10-14 համարներ):
***
Ո՛չ միայն որպէս անհատ անձ, այլ նաեւ որպէս ազգ, հաւաքական անձ, մենք վերանորոգումի անհրաժեշտութիւնը ունինք: Աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ ազգ կրնայ խաղաղ ապրիլ եւ իսկական զարգացումի ու մեծութեան, առողջ տոկունութեան եւ ստեղծագործական նուաճումներու հասնիլ՝ առանց հոգեւոր ու բարոյական ներքին զօրութեան, ամուր նկարագիրի եւ մաքուր կեանքի: Մեղքը, Աստուծմէ հեռացումը կ՚աղքատացնէ ու կը տկարացնէ մեր ազգը: Մենք մարդկութեան եւ մեր Հայ ժողովուրդի պատմութենէն այս դասը սորված ենք:
Ներկայիս, մենք նոր դարաշրջան մը թեւակոխած ենք մեր բազմադարեան պատմութեան մէջ: Ազատութեան եւ անկախութեան այս ժամանակներուն, մեր ժողովուրդը մեր ազգային համայնական կեանքէն ներս ստիպողական եւ անմիջական կարիքն ունի քրիստոնէական հաւատքին, Քրիստոսի ապրած եւ քարոզած ճշմարտութիւններուն եւ բարոյական սկըզ-բունքներու վերակենդանացոււմին:
Դարերու ընթացքին բազմաթիւ ուժեր, հզօր իշխանութիւններ ուզեցին մեզ Քրիստոսի ճանապարհէն, Աստուծոյ իշխանութենէն հեռացնել, նոյնիսկ վերջին եօթանասուն տարիներուն Խորհրդային բռնական տիրապետութեան ընթացքին: Շատ բան քանդեցին մեր հայրերուն սուրբ աւանդութիւններէն, բայց չկրցան մեր քրիստոնէական հաւատքը մեզմէ պոկել, արմատախիլ ընել մեր հոգիի խոր ընդերքէն: Մեր ժողովուրդի գիտակցութեան խոր ծալքերուն մէջ կենդանի մնացին եւ խորհրդագործական առկայութեամբ արձագանգեցին 5-րդ դարու Վարդանանց քաջամարտիկ սերունդի զաւակներուն կեանքի նշանաբան եղող բառերը.
«Այս հաւատքէն մեզ ո՛չ ոք կրնայ խախտել, ո՛չ երկինքի հրեշտակները եւ ո՛չ ալ մարդիկ, ո՛չ սուրը, ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ այլ հարուածներ, ինչքան ալ դառն ըլլան անոնք»:
Այո՛, հաւատքը կենդանի մնաց: Բայց, չմոռնանք, այդ հաւատքը սոսկ զգացում չէ, այլ՝ կեա՛նք է, ըմբռնողութիւն, ճանաչում, ապրելու, գործելու եղանակ է: Սոսկ սիրտի կամ ուղեղի հարց չէ, այլ՝ մեր մարդկային ամբողջ անձին, մեր էութեան, մեր գոյութեան, մեր կեանքին հետ անքակտելիօրէն շաղախուած: Մենք պէտք է ճանչնանք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսին մեզի կտակած ու մեր հայրերուն կողմէ մեզի փոխանցուած այդ հաւատքին բարոյական ուսուցումները, կեանքի սկզբունքները, որոնց մէջ թաքնուած է երջանկութեան իսկական բանալին: Անհրաժեշտ է, որ քրիստոնէութիւնը մեզի համար կեանքի՛ ճանապարհ ըլլայ եւ ո՛չ թէ սոսկ գաղափար ու ձեւական պաշտամունքի յատուկ կաղապարուած, անհոգի աւանդութիւն: Քրիստոս ըսաւ.
«Ե՛ս եմ կեանքի հացը»:
«Ե՛ս եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»:
Մեծ պահոց քառասնօրեայ այս շրջանին եկէ՛ք, հաւատացեալներ, եկէ՛ք վերագտնենք, վերականգնենք, վերակենդանացնենք քրիստոնեայ հայուն իսկատիպ կերպարը՝ մեր անձերուն եւ մեր ազգին մէջ, եկէ՛ք վերադառնանք քրիստոնէական կեանքի ճանապարհին, որ մեզ դէպի հոգեւոր ու բարոյական առողջութիւն եւ երջանկութիւն կը տանի: Ներանձնական ինքնախորհրդածական ապրումներու այս պահերուն, եկէ՛ք զօրացնենք մեր մէջ ԱՂՕԹՔԸ: Երբ կ՚աղօթես Աստուծոյ, եկեղեցւոյ մէջ կամ տունը, չես կրնար Անոր հայելիին մէջ դուն քեզ չտեսնել՝ յստակ ու ջինջ: Եւ երբ մենք մեզ տեսնենք այդպէս յստակ ու ջինջ՝ անպայման այնտեղ մեղքի բիծերը պիտի նշմարենք: Մաքրե՜նք այդ բիծերը, որպէսզի մեր դէմքերը վերագտնեն իրենց աստուածադրոշմ պատկերը: Երբ մեղքի բիծերը վերցնենք ու ջնջենք, այն ատեն առողջ ու երջանիկ կեանքի ճանապարհը կը գտնենք: Երբ կ՚աղօթես Աստուծոյ, չես կրնար չարութիւն ու վատութիւն խորհիլ ուրիշին նկատմամբ, քանի որ Աստուած սէր է: Ուրիշին նկատմամբ միայն սէր ցոյց տալով կրնաս աղօթել Անոր, որուն անունը ՍԷՐ է եւ ուրիշ աղօթք չ՚ընդունիր, բայց միայն սիրոյ բխում եղող խօսքը:
Ամբողջ աշխարհի քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիներն ու ժողովուրդները, Ուղղափառ (Օրթոտոքս) ըլլան թէ Կաթոլիկ կամ Բողոքական, բոլորն ալ մեծ արժէք ու կարեւորութիւն կու տան Մեծ պահոց այս շրջանին: Եթէ մենք ուղիղ հասկնանք մեր Հայաստանեայց Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր, ծիսական աւանդութիւնները, անպայման պիտի տեսնենք ու ըմբռնենք, որ մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին մեծ իմաստ տուած է Մեծ պահոց այս շրջանին ու կու տայ նաեւ այսօր: Կարեւորը այն է, որ մենք, որպէս մարդիկ, ինչքա՞ն կարեւորութիւն կու տանք մեր անձերուն եւ մեր ազգի առողջութեան ու բարօրութեան:
Վերանորոգե՛նք մեր սուրբ հայերորւն սրբարար աւանդութիւնը՝ Մեծ պահոց քառասնօրեայ այս շրջանը վերածելու համար հոգեւոր գարնան նման շրջանի մը մեր կեանքէն ներս: Եւ երբ հասնինք Զատկուայ տօնին, թող յարուցեալ Փրկիչը, որ Իր յարութեամբ յաղթեց մեղքին ու մահուան, մեր մէջ մեղքերէն մաքրուած անձեր գտնէ ու մեր մէջ բնակի, որպէսզի յաղթական դուրս գայ մեր ազգը որպէս ճշմարտապէս քրիստոնեայ ազգ՝ բոլոր չարիքներուն դէմ:
Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալք շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն, եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ: Ամէն:
25 փետրուար 1998, Սուրբ Էջմիածին
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ