ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆԸ՝ ՄԻՇՏ ԱՐԴԻԱԿԱՆ

Խաղաղութեան խորհրդանիշները շատ են՝ աղաւնի, ձիթենիի ճիւղ, լատիներէն V տառի տեսքով բացուած եւ վեր ուղղուած մատներ եւ այլն: Սակայն, վերջին վաթսուն տարուայ ընթացքին աշխարհի մէջ երթերու, հաւաքներու, հակապատերազմական շարժումներու ժամանակ ամենաշատ գործածուող նշանը դարձած է փացիֆիք կոչուող պատկերը, որն ալ 1958 թուականի այս օրը՝ ապրիլի 4-ին Լոնտոնի մէջ առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուեցաւ իբրեւ խաղաղութեան զինաթափման, հակապատերազմական շարժման միջազգային խորհրդանիշ: Այս նշանը ի սկզբանէ ստեղծուած է բրիտանական միջուկային զինաթափման շարժման համար։ 1958 թուականին այն մշակած եւ աւարտին հասցուցած է բրիտանացի նկարիչ եւ ձեւաւորող Ճերըլտ Հոլթոմ՝ կորիզային պատերազմի դէմ ուղղակի գործողութիւններու կոմիտէի երթին համար։ Երթը իրականացուած է նոյն թուականի ապրիլի 4-ին՝ Լոնտոնի Թրաֆալկարի հրապարակէն մինչեւ Անգլիայի Էլթերմեստըն քաղաքի միջուկային զէնքի հետազօտութիւններու վարչութիւնը: Ատկէ ետք խորհրդանիշը ընդունուած է Միջուկային զինաթափման շարժման կողմէ եւ 1960-ական թուականներուն արդէն այդ ժամանակուայ հակապատերազմական շարժման եւ հակամշակոյթի միջազգային խորհրդանշանն էր։ Անոր պատկերը N եւ D նշանակրային ազդանշաններու համադրութիւնն է՝ «միջուկային զինաթափում» արտայայտութեան անգլերէնով առաջին երկու տառերուն միասնութիւնը: Պատկերի նկարիչ Հոլթոմ յետագային «Խաղաղութեան լուրեր» ամսագրին տուած հարցազրոյցի մէջ աւելի մանրամասն բացատրած է գաղափարին ծագումը։ Ըսած է հետեւեալը. «Ես յուսահատութեան, խոր յուսահատութեան մէջ էի։ Ես պատկերած եմ ինքզինքս՝ յուսահատ մարդ մը, որ ձեռքերը բաց ձգած եւ մէկ կողմ քաշուած է, ինչպէս որ գիւղացին՝ նկարիչ Կոյայի «1808 թուականի մայիսի 3-ը Մատրիտի մէջ» նկարին մէջ։ Ես նկարին գծով ձեւ տուի եւ ատոր շուրջը շրջանակ մը կազմեցի»:

Խաղաղութեան նշանը երբեմն կը մեկնաբանուի նաեւ իբրեւ բոլոր ճանապարհներու միաւորումը՝ որպէս մարդկութեան միասնութեան խորհրդանիշ։ Բազմաթիւներ այս նշանը կը նմանցնեն աղաւնիի ոտնահետքի:

Խաղաղութեան նշանը նոյն տարին ալ յայտնուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, երբ Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերու նախկին հրամանատար Ալպերթ Պիքելոու խաղաղութեան նշանով դրօշը իր փոքրիկ նաւակին վրայ դրած ու ժամանած է միջուկային փորձարկումներու վայր։ Այնուհետեւ նշանը Միացեալ Նահանգներու մէջ տարածած են խաղաղասէր շարժումներու անդամ ուսանողներ, որոնք վերատպած եւ միլիոնաւոր օրինակներով վաճառած են զայն:

Խաղաղութեան նշանի բնօրինակ պատկերը կը պահուի Անգլիայի Խաղաղութեան թանգարանին մէջ, ուր ցուցադրուած է ճշգրիտ օրինակը։

Մինչ աշխարհի տարածքին կ՚ահագնանայ պատերազմներու վտանգը, խաղաղարարական շարժումներ զանազան վայրերու մէջ պատերազմին դէմ երթեր եւ բողոքի հաւաքներ կը կազմակերպեն՝ միշտ պարզելով խաղաղութեան նշանը: Բռնութեան դիմադրելու գաղափարախօսութիւնը արդիական կը դառնայ:

Խաղաղասէրներ կամ յանուն խաղաղութեան հասարակական շարժման անդամներ կը դատապարտեն որեւէ պատերազմ՝ հերքելով այն դրոյթը, թէ պատերազմները կարող են ըլլալ արդարացի, ազատարար, սրբազան եւ այլն։

Ի դէպ, պատմութեան մէջ խաղաղասէրներ կային տակաւին առաջին քրիստոնեաներու մէջ։ Հակառակ որ Նոր կտակարանի մէջ ուղղակիօրէն չի դատապարտուիր զինուորական ծառայութիւնը, ինչ որ կ՚երեւի բարեպաշտ հարիւրապետի եւ զինուորներու օրինակով, որոնք գացած էին Յովհաննէս Մկրտիչի մօտ մկրտուելու, քրիստոնեաներուն մէկ մասը հռոմէական բանակին մէջ տիրող բարոյական սանձարձակութեան պատճառով, ինչպէս նաեւ զինուորական կեանքէն անբաժան հեթանոսական ծիսակատարութիւններէն զերծ մնալու համար կարող էր խուսափիլ զինուորական ծառայութենէն։ Ատով հանդերձ, որոշ քրիստոնէական գրողներ ունեցած են խաղաղասիրական դիրքորոշում։ Վաղ քրիստոնէական նահատակ, ջատագով, եկեղեցիի հայր, Սուրբ Յուստինոս Փիլիսոփան գրած է. «Եւ մենք, որ առաջ մէկս միւսին կը սպաննէինք, ոչ միայն թշնամութիւն չենք ըներ թշնամիներուն հետ, այլեւ հարցաքննողները չխաբելու համար ուրախութեամբ մեղքերու թողութիւն կ՚ընենք Քրիստոսը եւ կը մահանանք»։ Խաղաղասիրութեան առաւել վառ արտայայտութիւններէն է վաղքրիստոնէական նշանաւոր աստուածաբան Տէրտուղիանոսի «Ռազմիկի պսակի մասին» գիտական շարադրանքը։ Այնուամենայնիւ, խաղաղասիրութիւնը վաղքրիստոնէական եկեղեցիի կեանքին մէջ գերակշռող ուղղութիւն չէ եղած։ Ուսումնասիրողներ նկատած են, որ չկայ քրիստոնէական եկեղեցւոյ որեւէ յայտնի աղբիւր, որ կը վկայէ եկեղեցւոյ որեւէ անդամի հեռացման մասին, այն բանին համար, որ ան ռազմիկ եղած է։ Ժամանակի ընթացքին աւելի շատ թիւով քրիստոնեաներ սկսած են ընտրել զինուորական ծառայութիւնը։ Հռոմի Մարքոս Աւրելիոս կայսրի կառավարման ժամանակաշրջանին անոնք ներառուած են Հռոմէական բանակի խոշորագոյն զօրագունդերէն մէկուն՝ 12-րդ Կայծակնասլաց զօրագունդի կազմին մէջ, իսկ Քայոս Աւրելիանոս Վալերիանոս Թիոկղետիանոս կայսրի կառավարման ժամանակաշրջանին մտած են կայսեր անձնական պահակախումբին մէջ։ Հռոմի մեծն Կոնստանդիանոս Ա. կայսեր օրօք քրիստոնեաներուն կողմէ պետական իշխանութեան ձեռք բերումէն յետոյ խաղաղարական գաղափարախօսութիւնը գրեթէ անհետացած է եկեղեցական միտքի եւ գործունէութեան ասպարէզէն:

Այնուամենայնիւ, հաշտարարութիւնը չէ մահացած քրիստոնեաներու մեծամասնութեան մէջ: Նախքան Քրիստոս առաջին եւ երկրորդ հազարամեակներու սահմանագծին Ֆրանսայի Կլիւնի եկեղեցւոյ մէջ սկիզբ առած է «Աստուածային խաղաղութեան» հաստատման համար շարժումը: Գիւղացիներէն մինչեւ թագաւոր բոլորը երդուած են առաջինը չսկսիլ ռազմական գործողութիւններ եւ խուսափիլ անզէններու նկատմամբ որեւէ տեսակի բռնութիւն կիրառելէ:

Հետեւողական կերպով խաղաղարար գաղափարին հետեւած են պաշտօնական եկեղեցւոյ քննադատները: Պատերազմներու դէմ հանդէս եկած է նաեւ յայտնի քրիստոնեայ մարդասէր Էրազմ Ռոթերտամցին։

Արեւմուտքի մէջ առաջին խաղաղարար կազմակերպութիւնները ի յայտ եկած են Մեծ Բրիտանիայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Նափոլէոնի պատերազմներէն յետոյ։ 1880-ական թուականներու վերջին եւ 1890-ական թուականներու սկզբին շարժումը լայն տարածում գտած է։ Խաղաղարարներու միջազգային համագումարները բազմիցս հանդէս եկած են պատերազմները արգիլելու, համընդհանուր զինաթափում իրականացնելու, իսկ պետութիւններու միջեւ ծագող վէճերը միջազգային միջնորդ դատարաններու մէջ լուծելու առաջարկներով։

ԱՐԴԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ

Խաղաղարարներու գործունէութիւնը յանգած է այն կէտին, որ բազմաթիւ երկիրներու օրէնսդրութեան մէջ, ուր կայ զինուորական պարտադիր ծառայութիւն, նախատեսուած է զայն այլընտրանքային քաղաքացիական ծառայութեամբ փոխարինելու հնարաւորութիւնը։ Այսօր ալ խաղաղարարները ընդդէմ պատերազմներու բազմաթիւ միջոցներ կը գործածեն, եւ վստահ կարելի է ըսել, որ աշխարհի վրայ աւելի շատ են հաշտարարութեան կողմնակիցները, քան՝ պատերազմները արդարացնողները

Խաղաղութեան նշանն արդիական է միշտ: Այն հեղինակային իրաւունք չի պահանջէր եւ ազատօրէն կը գործածուի աշխարհի տարածքին:

Անոր ուղերձը անժամկէտ է եւ հասանելի է բոլորին, շնորհիւ իր պարզութեան այս նշանը հասկնալի է բոլոր լեզուներով խօսողներուն: Շուտով խաղաղութեան նշանը կը տօնէ իր 65-ամեակը:

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՅԼ ՆՇԱՆՆԵՐ

Ձիթենիի ճիւղը նոյնպէս խաղաղութեան գեղեցիկ նշան մըն է, որ կը գործածուի շատ հին ժամանակներէն: Արիւնահեղ պատերազմներու ժամանակ մշտապէս կ՚ոչնչացուէին ձիթենիի այգիները, ինչ որ սովի կը մատնէր երկիրը: Որպէսզի պահպանուին այգիները, ձիթենիի ճիւղը խաղաղարարները պատերազմներու ժամանակ գործածեցին որպէս հաշտութեան, խաղաղութեան, կեանքի նշան: Ինք՝ ձիթենին պտղաբերութեան, իմաստութեան, բարեկեցութեան, առողջութեան, յաջողութեան, յաղթանակի, կայունութեան եւ հանգստութեան խորհրդանիշ է: Բազմաթիւ երկիրներ եւ կազմակերպութիւններ ձիթենիի ճիւղի նշանը պատկերած են իրենց դրօշի վրայ: Այն կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ քրիստոնէութեան մէջ: Իսկ ձիթենիի ճիւղը բերնին մէջ աղաւնին խաղաղութեան ամենատարածուած նշաններէն է: 1949 թուականին խաղաղութեան կողմնակիցներու համաշխարհային համագումարի առաջարկով՝ աղաւնին ընտրուած է որպէս խաղաղութեան խորհրդանիշ: Բազմաթիւ առասպելներ կան, որոնք կը յուշեն, թէ աղաւնին տակաւին հին ժամանակներէ կապուած եղած է խաղաղութեան հետ: Ըստ աւանդութեան, պատերազմի աստուած Մարսը կը պատրաստուէր արշաւանքի, սակայն, երբ վերցուց սաղաւարտը, տեսաւ, որ անոր մէջ բոյն դրած է աղաւնին։ Տեղի տալով սիրոյ աստուածուհի Վեներայի յորդորներուն՝ Մարս չքանդեց աղաւնիի բոյնը եւ հրաժարեցաւ հերթական արիւնահեղ արշաւէն: Արեւելեան բազմաթիւ երկիրներու մէջ աղաւնին կը նկատուի սուրբ թռչուն եւ Աստուծոյ լրաբեր։ Առասպել կայ այն մասին, որ սատանան եւ կախարդները կարող են ընդունիլ որեւէ կերպարանք, բացի աղաւնիի եւ ոչխարի կերպարանքէն։ Պատմութիւն մըն ալ կայ այն մասին, որ հին ժամանակ մարդիկ կը կարծէին, թէ աղաւնին լեղապարկ չունի, իսկ լեղին ու մաղձը տակաւին Հիփոքրատի ժամանակներէն կը նկատուէին չարի, կռուասիրութեան պատճառ։ Նշաններ ուսումնասիրողներու կարծիքով, սակայն, փոքր ինչ տարօրինակ է, որ աղաւնին ընտրուած է իբրեւ խաղաղութեան նշան, քանի որ իրականութեան մէջ այդ թռչունը կռուազան թռչուն մըն է, որ իր բնակուելու, սնունդի համար յաճախ կը յարձակի ուրիշ թռչուններու վրայ: Միւս կողմէ, հին ժամանակ իբրեւ ցանկասիրութեան խորհրդանիշ կը նկատուէր աղաւնին, բայց այն, որ աշխարհը արդէն ընդունած է ճերմակ, գեղեցիկ այդ թռչունը իբրեւ խաղաղութեան խորհրդանիշ, փաստ է:

Այսօր, պատերազմական միջոցներու ուժի աննախադէպ ծաւալման հետեւանքով միջազգային խաղաղութիւնը դարձած է համամարդկային խնդիր։ Պատերազմները, մարդկային անդառնալի կորուստներէ զատ, նաեւ նիւթական ահռելի միջոցներ կը վատնեն, եւ բազմաթիւ տարիներ կը պահանջուին՝ փոշիացածը վերականգնելու համար: Համաշխարհային խաղաղութեան կարեւոր նախադրեալներ կրնան ըլլալ միայն սպառազինութիւններու մրցավազքի դադարեցումն ու պատերազմներու օճախներու վերացումը, միջազգային համագործակցութեան զարգացումը, ինչ որ աշխարհի բնակչութեան մեծ մասին ցանկութիւնն է: Սակայն, միջագային խաղաղութիւնը, երջանկութեան, ազատութեան եւ խաղաղ կեանքի իշխումը Երկիր մոլորակին վրայ, տակաւին երազ է: Եւ տակաւին կենսունակ է այն արտայայտութիւնը, որ եթէ խաղաղութիւն կ՚երազես, ապա պատրաստ եղիր պատերազմի…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022