ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄ, ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕՏԱՐԱՑՈՒՄ
Մարդը բնութեան եզակի էակն է, տինամիք մէկ տարրը։ Մարդը ընկերային էակ մըն է, կը մտածէ հաւաքական կեանքի սահունութեան եւ այլ հաւաքականութիւններու հետ մշակութային կամուրջներ կառուցելու մասին։ Թէ՛ կարեկցութեան եւ թէ համագործակցութեան գործընթացներու պարագային կեանքի հիմնական երանգը «առանձնութիւնն» է, որմէ մարդիկ խուսափիլ կը փորձեն՝ «միասին ըլլալու» համար կամուրջներ կառուցելով, առանձին ըլլալու զգացումէն յառաջացած տխրութիւնը ուրախութեան վերածելու ջանքերով։ Միւս կողմէ, մեկուսացած մարդը կ՚ապրի եւ իր «մինակութիւնը», ուրախութիւններն ու տխրութիւնները կ՚իմաստաւորէ այլ մարդոց հետ, հաւաքականութեան մէջ։ Արիստոտելի խօսքով՝ մարդը «քաղաքական կենդանի» է, «հաւաքականութեան» էակ, հաւաքականութեան մէջ ապրելու պայմանաւորուած էակ։
Թէկուզ մեկուսացած մարդը տեղեակ է շրջապատի այլ մարդոց զգացումներուն, մտքերուն, ցաւերուն, վիշտերուն, ուրախութիւններուն եւ իր նմաններուն հետ կը բաժնէ զանոնք ուղղակի կամ անուղղակիօրէն, ան երբեք չի կրնար ամբողջովին «առաձին» ըլլալ։ Հասկցուիլ ուզել եւ չհասկցուիլը, միանալ փափաքիլ եւ չկարենալ միանալը, պատմել ուզել եւ չիմացուիլը՝ կրնան ըլլալ ձեւով մը մեկուսացած դառնալու զգացումներ, սակայն մեկուսացումն ու առանձնութիւնը տարբեր են։
Կարելի է ըսել, որ մեկուսացումը «անջատուածութեան» զգացում է, որ կը յառաջանայ ո՛չ թէ յարաբերութիւններու բացակայութենէն, այլ յարաբերութիւններէ դժգոհութենէն։ Եթէ մարդ խորապէս կը զգայ, թէ զինք չեն ընդունիր, կարիք չեն զգար իրեն եւ կը բացառուի յարաբերութիւններէն, այդ ժամանակ «առանձին» կը զգայ։ Առանձնութիւնը կը զգացուի ուրիշներու ներկայութեամբ, կարելի է զայն դիմագրաւել տարբեր չափերով եւ խտութեամբ՝ պայմանաւորուած երիտասարդներու եւ տարեցներու, գիւղացիներու եւ քաղաքացիներու, կեդրոնին եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ գտնուողներու կամ ընտանեկան անդամներու տարբեր ակնկալիքներով։ Առանձնութիւնը «կորուստի» փորձառութիւն է, իսկ մեկուսացումը՝ «լքելու»։
Երբ կը կարծենք, թէ մարդը ընկերային էակ մըն է, առանձնութիւնը կը նշանակէ անհատի օտարացումը՝ հասարակութեան մտերմութենէ, հարազատութենէ եւ վստահութենէ օտարելու տեսքով։ Եւ ի վերջոյ երբ մարդ կը մոռնայ, թէ ըներային էակ է, կ՚օտարանայ նաեւ ինքն իրեն։
Հասարակութիւններու մէջ ոչ մէկը անփոխարինելի արժէք կը ներկայացնէ, բոլորը կարելի է փոխարինել մէկ ուրիշով։ «Հասարակ անձ» կամ սովորական ըլլալը մեր «ինքնարժէքը» սովորական կը դարձնէ, ինչ որ մեզ կը հեռացնէ մեր եսէն, տաղանդի ներուժէն եւ մեր ջանքերէն։
Երբ կը պարտադրուինք կատարել գործ մը, որ գիտենք, թէ ինչպէս կարելի է լաւագոյնը ընել, բայց կը ստիպուինք «պահանջուած» ուղղութենէ չշեղիլ, սա լարուածութեան փորձառութիւն մըն է, որ թոյլ չի տար զգալ մեր առարկայականութիւնը, անհատականութիւնը եւ ստեղծագործութիւնը։ Նման դէպքեր կրնան մեզ օտարացնել մենք մեզմէ եւ այլ մարդոցմէ, նաեւ թուլացնել սովորական կապերը մեր ընկերային միջավայրի հետ եւ յանգեցնել առաձնութեան։
«Պարտադրեալ մտածում» կամ «պարտադրեալ արտադրում» հարկադրանքի կամ պարտադրանքի այլ հիմնական փորձառութիւններ են: Այսօր իւրաքանչիւր անձ, որ չունի ներքին բարձր իւրայատկութիւն եւ ազատութիւն, չի կրնար դուրս գալ տնտեսական համակարգի «կազմակերպուած կարիքներու ստեղծման մեքանիզմէ» եւ ուղղուած է դուրսէն ապահովելու այն, ինչ որ կը սահմանուի որպէս կարիք։ Նոյնը կարելի է ըսել, երբ ստիպուած ենք մեր որոշ մտածումները կամ գաղափարները ձեւաւորել՝ առհասարակ տեղեկատուութեան միջոցներով։
Երբ մարդ կը կարծէ, թէ տարուած է իր «սեփական անձնական կեանքով», չի փափաքիր տեսնել զինք բնորոշող հակումները, ձանձրոյթով եւ յոգնածութեամբ կը մօտենայ անոնց, ապա չի կրնար դուրս գալ հասարակութենէն, սովորականութենէն։
Արդարեւ, համացանցի տարածումը, մանաւանդ վերջին տասնամեակին միլիառաւոր մարդոց կողմէ օգտագործումը կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներէ ներս՝ բջիջային կապի հետ համացանցի «սերտացման» արդիւնքն է։ Այս շրջանին ընկերային ցանցերու օգտագործման աճը, այս ցանցերու միջոցաւ բոլոր տեսակի հաղորդակցութիւններու սկիզբը կը դիտարկուի՝ որպէս յարաբերակցութեան նոր գործընթաց։ Այս զարգացումները կ՚ազդեն անհատներու հաղորդակցութեան, յարաբերութիւններ ստեղծելու գործընթացներու, ապրելակերպի եւ շրջակայ միջավայրի հետ համագործակցութեան վրայ:
Իւրաքանչիւր փորձագիտական զարգացում պատճառ կը դառնայ ընկերային եւ հասարակական վերափոխումներու։ Մասնաւորապէս հաղորդակցութեան փորձագիտութիւնները փոփոխութիւններ կը ստեղծեն հասարակութիւններու սովորութիւններու, մշակոյթներու, գործարար կեանքի եւ կրթական համակարգերու մէջ։ Արդիականացման հետ ի յայտ եկած ապրելակերպը կը յանգեցնէ աւանդական հասարակական կարգի անհետացման։ Արդիականութեան բերած վերափոխումները աւելի արդիւնաւէտ եղած են, քան նախորդ ժամանակաշրջաններու յատուկ փոփոխութիւններու ձեւերը։ Այն փաստը, որ անհատները կը հրաժարին հաղորդակցութեան աւանդական ձեւերէն եւ կը սկսին շփուիլ ընկերային ցանցերու միջոցով, իր հետ կը բերէ ընկերային օտարում եւ մեկուսացում: Ընկերային հաղորդակցութեան լայն կիրառմամբ ժամանակակից մարդիկ չեն կրնար բաւարար ժամանակ գտնել դէմ առ դէմ շփուելու համար: Ըստ Տէյվիտ Հարվիի, հաղորդակցութիւնը տեղի կ՚ունենայ ակնթարթային, քանի որ ժամանակի եւ տարածութեան հասկացութիւնները կը կորսնցնեն իրենց կարեւորութիւնը: Մինչ այս իրավիճակը կը յանգեցնէ ժամանակի սեղմման, անհատներու շփումը իրենց միջավայրի եւ աշխարհի հետ կը վերածուի հաղորդակցութեան ձեւի՝ փորձագիտութեան միջնորդութեամբ: Այս զարգացումներուն զուգահեռ փոխուած են սովորութիւնները, մտքերն ու զգացումները եւ յառաջած են համացանցային կեանք, համացանցային վարք եւ համացանցային մշակոյթ կոչուած հասկացութիւններ։ Այս շրջանակներէն ներս ընկերային կեանքի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները անհատները կը տանին դէպի օտարման եւ մեկուսացման գործընթաց՝ քաշելով զանոնք առանձնութեան մէջ։ Երբ ընկերային ցանցերը չեն փոխարիներ դէմ առ դէմ հաղորդակցութիւնը, կարելի է ըսել, որ անոնք կը հարստացնեն ընկերային կեանքը։ Բայց երբ իրական աշխարհին մէջ այդ կը գերազանցէ ընկերային կեանքը, կը սահմանափակուինք համացանցային ընկերային միջավայրով եւ առցանց հաղորդակցութեամբ։ Ժամանակակից հասարակութիւններու առումով, որոնք կը դժգոհին ժամանակի սահմանափակումներէն, ընկերային ցանցերը կը համարուին ամենայարմար վայրերը՝ որպէս անհատներու փոխյարաբերութեան նոր միջավայր:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ