ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԻԿԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Այսօր ծննդեան օրն է Խրիմեան Հայրիկի՝ Մկրտիչ Ա. Վանեցի Խրիմեան Կաթողիկոսին, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ յորջորջուեցաւ եւ յաւէտ մնաց այնպիսի հարազատ ու անզուգական պատուանուններով, ինչպիսիք են՝ «Հայոց Հայրիկ» եւ «Արծիւ Վասպուրականի»…

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ քիչ չեն այն անձինք, որոնց անունը, վաստակը, գործը եւ յիշատակը դարէ դար կը փոխանցուին եւ անջնջելի տեղ կը գրաւեն մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ: Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկին անունը այդ անուններէն մին է: Ան 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ 20-րդ դարու առաջին տարիները հայ իրականութեան ամենանշանաւոր դէմքերէն էր: Անոր մէջ մենք կը տեսնենք հայ մշակը, հայ պանդուխտը՝ վանեցին, մշեցին, հայ հայրենասէրը, կրօնաւորը, ամբողջ հայ ժողովուրդը...

Վարագայ վանքի վանահայր, Պոլսոյ հայոց պատրիարք, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ըլլալուն զուգագեռ, Խրիմեան հասարակական-քաղաքական գործիչ էր, մանկավարժ, գրող եւ բանաստեղծ, թերթի խմբագիր եւ աշխատութիւններու հեղինակ, որ միշտ կը խօսէր ժողովուրդին հետ: Իր ամբողջ գործով Խրիմեան Հայրիկ նուիրուած էր հայ մշակոյթի պահպանման, հայ գիրի ու գրականութեան տարածման, կարիքի մէջ գտնուող հայ մարդուն օգտակար ըլլալու գործին եւ հակառակ որ երբեմն չէր հասկցուած ու հալածուած էր, ան միշտ մնաց սուրբ եւ առաքեալ: Հայոց Հայրիկը գրող Րաֆֆին բնորոշած է այսպէս՝ «Հոգով բանաստեղծ, իսկ սիրտով՝ առաքեալ»:

Հայ մէկ այլ գրող, բանաստեղծ, մտաւորական Աւետիք Իսահակեան բախտ ունեցած է 1902 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպելու Խրիմեան Հայրիկին հետ եւ անոր մասին անկեղծ ու նուիրական յուշեր շարադրելու: Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան օրուան առթիւ, արեւմտահայերէնի փոխադրելով կը ներկայացնենք այդ յուշապատումը, որ առաջին անգամ տպագրուած է «Էջմիածին» հանդէսին մէջ, 1945 թուականին:

ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԸ

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

Սեպտեմբերի մէջ, 1901 թուին, այցելեցի Սուրբ էջմիածին: Նոյն թուի մայիսին, երբ Վենետիկ էի, մեզի բոլորիս սիրելի Հայր Ղեոնդ Ալիշանը իմ վրաս քաղցր պարտք դրաւ՝ «Հայոց Հայրիկին կարօտագինս ողջունելու իմ կողմանէ»:

Անմոռանալի երեկոյ մը բախտ ունեցայ Հայրիկի մօտ ըլլալու եւ համբուրելու անոր աջը:

Սիրտս ուժգին կը զարնէր յուզմունքէն եւ ուրախութենէն:

Առաջարկեց նստիլ.

-Վեհափառ Հայրի՛կ,- ըսի ես,- մեծ բախտաւորութիւն կը զգամ, որ ինծի վիճակուած է բերել Նահապետ Ալիշանի կարօտագին ողջոյնները Հայոց Հայրիկին:

-Ա՜հ, շատ շնորհակալ եմ: Դուն Վենետի՞կ էիր, ե՞րբ էիր հոն, ինչպէ՞ս է Հայր Ղեւոնդը, աղէ՞կ է:

-Այո՛, Վեհափառ Հայրիկ, այս գարնանը Վենետիկ էի եւ պատիւ ունեցայ քանի մը անգամ ըլլալու ալեզարդ Նահապետին քով: Ան հիւանդոտ է եւ տկար:

-Ափսո՜ս, ափսո՜ս,- խօսքս ընդհատեց Հայրիկը,- մենք հասակակիցներ ենք. ես շատ կը սիրեմ անոր. անուշ գրիչ ունի: Ան շատ ազդած է իմ գրիչիս վրայ, ան ինծի շատ բան ներշնչած է: Ըսէ, ուրիշ ի՞նչ կ՚ընէր:

-Ինքն նոյնպէս կ՚ըսէր, որ Հայրիկը իրմէ հարիւր օր, միայն հարիւր օր մեծ է եւ կ՚ըսէր, թէ բերկրանքով կը լսէ, որ Հայրիկը ձի կը նստի եւ ժողովուրդին այցի կ՚ելլէ:

Միշտ կը նախանձէր Ձեզի, Վեհափառ Հայրիկ եւ կ՚ըսէր, թէ Հայրիկի բանն ուրիշ է՝ ան առոյգ մնացած է, որովհետեւ Մասիսի շուքին ներքոյ կը քնանայ, հայոց դաշտերուն ծաղկանուշ հովը կը ծծէ եւ Արաքսի ջուրը կը խմէ:

Այստեղ Հայրիկը ուրախ եւ սրտանց խնդաց.

-Ան կը նախանձի ինծի, ես վաղը կը կարգադրեմ, որ Մասիսի հողէն, Երասխի ջուրէն ու Հայաստանի ծաղիկներէն քիչ մը վերցնեն եւ փոքրիկ արկղով մը ղրկեն Վենետիկ:

Ինչպէս յետոյ գիտցայ, Հայրիկի կողմէն ղրկուած էր փոքր արկղ մը այդ արմաղաններով, բայց մինչեւ հասնիլը, դժբախտաբար, սիրելի Նահապետը արդէն վախճանած էր (1901 թուականի նոյեմբերի մէջ):

-Է՜հ, դուն ալ բարով եկած ես: Ես Կովկասի մէջ երկու բանաստեղծ կը ճանչնամ անձամբ ու շատ կը սիրեմ անոնց. մէկը մեր ուսուցիչ Յովհաննէս Յովհաննիսեանն է, մէկն ալ Թիֆլիզ Յովհաննէս Թումանեանն է. ըշտէ, մէկն ալ դուն ես, քեզի ալ հիմա տեսայ: Դուն անոնցմէ երիտասարդ ես, այդ է պատճառը, որ միշտ ամպ ու աղբիւր, վարդ ու աղջիկ կ՚երգես:

Այստեղ Հայրիկը նորէն շատ զուարթ ու բարձր խնդաց.

-Շատ պիտի մնա՞ս հոս,- հարցուց ան:

-Քանի մը օր կ՚ուզեմ մնալ,- Վեհափա՛ռ Հայրիկ.

-Է՜հ, լաւ է. ամէն երեկոյ եկուր, կը խօսինք:

Գլուխ խոնարհեցայ ու դուրս եկայ: Ամբողջ գիշեր ես անոր թովիչ ձայնի, անոր արծուենի հայեացքի ազդեցութեան տակ էի: Ինծի կը թուէր, որ ես կ՚ապրիմ նահապետական օրերու մէջ եւ երջանկութիւն ունիմ խօսելու հին նահապետներէն մէկուն հետ: Հայրիկը իմ երեւակայութեանս մէջ միշտ պատմական, կամ աւելի շիտակը, առասպելական լուսապսակով զարդարուած էր: Մանուկ օրերէն երազած էի տեսնել Վասպուրականի արծիւը, հայ ժողովուրդի յոյսերը եւ տենչերը կրող Հայոց Հայրիկը:

Միւս երեկոյ Հայրիկը իր քարտուղար վարդապետին միջոցով ինծի կանչեց Վեհարան:

-Է՜հ, նստէ, նայինք. դուն գիտե՞ս, որ ես ալ բանաստեղծ եմ ու շատ կը սիրեմ բանաստեղծութիւններ կարդալ, Հոմերոսն ու Վիրգիլիոսը ամենէն շատ կը սիրեմ:

Ու սկսաւ առոյգ շեշտով անգիր արտասանել Իլիականէն եւ Էնեականէն գրաբար հատուածներ: Այդ պահուն անոր գեղեցիկ աչքերը կը փայլէին երիտասարդական ոգեւորութեամբ:

Երազի մէջ կը զգայի ինքզինքս: Իրականութիւնը ինծի այնպէս անիրական կը թուէր:

-Քեզի իմ գիրքերէս կու տամ, հարկաւ կարդացած կ՚ըլլաս, սակայն բանաստեղծները իրարու կը նուիրեն իրենց հեղինակութիւններէն. դուն ալ քուկիններէդ ինծի կու տաս:

Եւ Հայրիկը կեցաւ պարթեւական հասակով, գնաց միւս սենեակը եւ բերաւ «Ժամանակ եւ խորհուրդ յուր» եւ «Պապիկ ու թոռնիկ» գիրքերը:

-Ասոնք քեզի Հայրիկէն յիշատակ:

Անհուն շնորհակալութեամբ առի թանկագին նուէրները՝ մարմարեայ աջը համբուրելով:

Այնուհետեւ ան թիկն տուաւ բարձերուն՝ ծալապատիկ նստած: Կը շինէր հաստ-հաստ գլանակներ եւ ետեւ ետեւի կը ծխէր: Ծխելով կը խօսէր անվերջ՝ պատմելով Վանի կեանքէն, իր մանկութենէն, չարաճճիութիւններէն: Կը պատմէր զանազան դէպքեր մեր մօտիկ անցեալէն, կը նկարագրէր իր ուղեւորութիւնները: Ես հիացած մտիկ կ՚ընէի անոր, այնքան պերճախօս էր եւ իւրայատուկ պատմող: Անոր խօսքը համեմուած էր ժողովրդական դարձուածքներով ու առածներով: Յիշելով զուարթ դրուագներ իր կեանքէն, ուրախ կը ծիծաղէր. այնպէս հուժկու կը խնդար, որ բազմոցը տակը կը խաղար:

Առհասարակ Հայրիկը շատ կը սիրէր խօսիլ-զրուցել: Հարց կու տար եւ պատասխանի չսպասելով՝ ինք կը շարունակէր խօսիլ, պատմել եւ ծիծաղիլ: Վանքին մէջ մնացի քանի մը օր եւս ու գրեթէ ամէն երեկոյ Հայրիկը կ՚արժանացնէր ինծի իր տեսակցութեանը: Եւ երբ երեկոյ մը մնաք բարովի գացի եւ յայտնեցի, որ առաւօտեան կը մեկնիմ Էջմիածինէն, ան ըսաւ.

-Տղա՛ս, ամէն անգամ, երբ գաս հոս, Հայրիկին տեսնելու չմոռնաս:

1902 թուականի յունուարին ես նորէն Սուրբ Էջմիածնի վանքն էի, եւ ինծի համար կը կրկնուէին նորէն գեղեցիկ երեկոները: Գացի տեսնելու Հայրիկը:

-Բարո՛վ եկար, կ՚երեւի Հայրիկին կարօտցեր ես, վանքին հացն ալ անուշ է: Պատմէ, նայիմ, ի՞նչ կայ, ո՞ւր էիր:

Ես պատմեցի ճանապարհորդութիւններուս մասին:

-Ապրիս, ապրիս, համ կը ճամբորդես, համ կը գրես: Ես ալ այդպէս կ՚ընէի: Հա՛, լաւ միտս ինկաւ, ես վերջին ատեններս շատ բաներ գրած եմ: Կարդամ, լսէ, բայց ուղիղ եւ ճշմարիտ խօսէ: Քու անկեղծ կարծիքդ ըսէ, մի՛ վախնար: Հիմա դուն պիտի մտածես, որ Հայոց կաթողիկոսի գրածները կարելի չէ քննադատել, կամ անոր շիտակ բան մը ըսել, ինչպէս մեր վարդապետները կ՚ընեն. երեսիս բան մը կ՚ըսեն, դուրսը՝ ուրիշ: Ու գիտցիր, որ բանաստեղծները միշտ ճշմարիտ պիտի խօսին աշխարհիս տէրերուն առաջ: Մեզի ալ աշխարհը տէր շինեց: Քրիստոս տեղ չունէր գլուխը դնելու, առաքեալները անտուն ու բոպիկ ման կու գային, բայց հիմա մենք՝ անոնց ժառանգները վեհարաններուն մէջ կ՚ապրինք: Ասոր վրայ բան մը գրեր եմ:

Եւ դարձեալ կեցաւ իր պարթեւական հասակով, գնաց միւս սենեակը եւ բերաւ տետր մը, նստաւ բազմոցին, ակնոցները դրաւ աչքերուն եւ ուժգին ձայնով սկսաւ կարդալ: Բովանդակութիւնը հետեւեալն էր. ինքը կ՚երթայ Թադէոս առաքեալին վանքը ուխտի, կը թակէ վանքին դարպասը եւ կ՚ըսէ. «Բա՛ց, Թադէոս առաքեալ, ես եմ, քու յաջորդդ, գահիդ ներկայ տէրը»:

Առաքեալը ներսէն կը պատասխանէ, որ ինքը գահ չունի, այդ ի՞նչ գահի մասին է խօսքը, եւ որ ինքը բռնակալ, իշխան չէ, որ գահ ունենայ:

Հայրիկը կը պատասխանէ. «Մի՞թէ չես գիտեր, որ քու գահդ Էջմիածին է, շքեղ

Վեհարանին մէջ, շքեղ գահ, ծառաներ, հարստութիւն»:

«Մեր տէր Յիսուս Քրիստոսը,- կ՚ըսէ առաքեալը,- անտուն էր ու ինքը ծառայ: Դուք անոր աշակերտները չէք. Գնա՛, չեմ ընդունիր»...

Եւ Հայրիկին չ՚ընդունիր առաքեալը: Հայրիկը վերջացուց ու սրտանց ծիծաղեցաւ: Այդ գրուածքին մէջ կ՚երեւար Հայրիկն իր բովանդակ ժողովրդավար էութեամբ:

Ապա ան տուաւ ինծի գրուածքներուն տետրը, որպէսզի տունը կարդամ եւ յաջորդ երեկոյ նկատողութիւններս յայտնեմ:

Ատոնք ազատ-անյանգ այն ոտանաւորներն էին, որ յետագային տպուեցան Եգիպտոսի մէջ «Վերջալոյսի երգեր» խորագրով, բխած 82-ամեայ պատկառելի գրիչէն:

Միւս երեկոյ, խրախուսուած Հայրիկի սիրալիր վարմունքէն, քանի մը նկատողութիւններ կատարեցի, որ ոտանաւորները երկար են եւ լեզուն խառն է՝ արեւելահայ եւ արեւմտահայ բարբառներու խառնուրդ:

-Այո՛, այո՛, ես ալ նկատեր եմ, որ իմ լեզուն խառնուէր է, Կովկաս կ՚ապրիմ, ազդուած եմ, միշտ ալ խառն բարբառով կը խօսիմ: Իսկ որ կ՚ըսես երկար է, պատճառը երկար գիշերներն են,- պատասխանեց ան,- չեմ քնանար, ձանձրոյթէս ման կու գամ դահլիճին մէջ, կը ծխեմ ու կ՚երգեմ, համ կը գրեմ, մինչեւ որ քունս գայ, այդ պատճառով երկար կ՚ըլլայ:

-Արտօնեցէք հարցնել Վեհափառ Հայրի՛կ, ի՞նչ երգեր կ՚երգէք:

-Շարականներ կ՚երգեմ, ներբողներ, հայոց սուրբ երգերէն՝ Շնորհալիի, Կեչառեցիի, Պետրոս Ղափանցիի, Գրիգորիս Աղթամարցիի եւ Պաղտասար Դպիրի սիրոյ տաղերէն ալ կ՚երգեմ: Ղափանցին լաւ տաղասաց է, Քուչակ Նահապետ անկէ վեր է. բայց ժողովուրդի երգերը ամենէն վեր են. ես շատ կ՚երգեմ մեր Վանայ գեղջկական երգերը, որ սորված եմ վաղուց Վարագայ եւ Ս. Կարապետի ուխտաւորներէն: Բայց ամենէն շատ կը սիրեմ Խորենացիի «Ողբ»ը, անոր համար ես եղանակ մը շինած եմ ու կ՚երգեմ, ինծի կը թուի, թէ այդ ողբը հայ ազգին ճակատագիրն է ու ամէն դարու ողբը, ինծի այնպէս կ՚երեւայ, թէ Քերթողահայր Մովսէսը այս օրերու համար գրած է…

Յանկարծ յիշեց Նարեկացին եւ ոգեւորուած խօսեցաւ Նարեկայ վանքին, Վանայ ծովուն գեղեցկութեան մասին, անգիր ըսաւ Նարեկացիի աղօթքներէն, պատմեց անոր տեսիլը, անոր մասին եղած ժողովրդական աւանդութիւնները:

Նարեկացիի կոյս հոգին միայն կրցաւ հասկնալ Քրիստոսը եւ տուաւ քրիստոնէութեան բանաստեղծութիւնը:

Յաջորդ երեկոյ Հայրիկը շատ ուրախ տրամադրութեան մէջ էր, պայծառ դէմքով, ծալապատիկ նստած բազմոցին վրայ գիրք կը կարդար եւ իր սիրելի մեծ «Վանիկ» կատուն անոր կողքին անուշ կը մռմռար:

-Նստի՛ր, տղաս, խօսինք, գիշերը երկայն է: Փոքրիկ գաւաթով մը սուրճ խմելէն յետոյ ոլորեց հաստ գլանիկ մը եւ սկսաւ ծխել եւ զուարթադէմ խօսիլ:

-Դուն ալ կը ծխես, տեսած եմ, սուրճին հետ շատ համեղ կ՚ըլլայ ծխելը, բայց գիտցի՛ր, Հայրիկին մօտ ծխել չ՚ըլլար, միաբան մը կը նկատէ ու աշխարհով մէկ կը տարածէ, թէ հայոց կաթողիկոսը կ՚արտօնէ տղաները՝ իր մօտ ծխել, -այստեղ Հայրիկը երկար եւ բարի խնդաց,- ատոր համար քեզի ծխամորճ մը կը նուիրեմ իմին մուշտուկներէն, դուրսը ծխէ՛:

Ապա առաւ Երուսաղէմէն ղրկուած ձիթենիի ճիւղէն շինած մուշտուկ մը եւ նուիրեց ինծի:

Ատկէ ետք Հայրիկը սկսաւ պատմութիւններ ընել, փոքր ծիծաղելի դէպքեր, անցեալի վերյիշումներ:

Որքան անոր յիշողութիւնը թարմ էր, նոյնքան ալ թռիչքներով կը խօսէր: Մէ՛կ կը պատմէր Սուլթան Համիտին մասին, մէ՛կ Մուշի գիւղի մը մասին, մէ՛կ կը նկարագրէր բանաստեղծական գոյներով լեռ մը Վասպուրականի մէջ, մէ՛կ կը խօսէր Լոնտոնի թանգարաններուն կամ Փարիզի մասին: Եւ ինչ որ կը պատմէր, բոլորն ալ հետաքրքական եւ գեղեցիկ էին՝ թէ՛ ձեւի տեսակէտէն, թէ՛ նիւթի: Իր բազմաբովանդակ եւ նշանակալից անցեալէն, ինչպէս առասպելական հարուստ գանձարանէն, կը հանէր թանկագին գոհարներ՝ յուշեր եւ այդ յուշերով կ՚ոգեւորուէր, կը թարմանար եւ կ՚առոյգանար: Ան կ՚ապրէր իր անցեալով: Այդ յուշերը մեր ժողովուրդի 19-րդ դարու ամբողջ պատմութիւնն էին, շքեղ Ոդիսական մը, որուն ստեղծողն ու շատ անցքերու ականատեսը բռնած քեզի հայրական ձեռքով, կը տանէր Հայաստանի խորշերը, վանքերն ու աւերակները եւ եւրոպական պալատներն ու վեհաժողովները: Հսկայական գեղադիտակին մէջ դուն կը տեսնես Մասիսն ու Մոն Պլանը, Բզնունեաց ծովն ու Պոսֆորը, հայ աշխատաւոր գեղջուկն եւ աւազակ քուրտ բէկը, հայ գործիչները՝ Գրիգոր Օտեանն ու Րաֆֆին, վայրագ փաշաները, Սուլթանը, Պիսմարկը եւ այլն եւ այլն:

Կը զարմանայի անոր հրաշալի յիշողութեան վրայ, մանրամասն եւ գեղարուեստական կերպով կը նկարագրէր բնութեան զանազան տեսարանները եւ իր այցելած քաղաքներն ու շքեղ շէնքերը: Կը յիշէր, օրինակի համար, 40-ական թուականներու մարդկանց խօսքերը եւ անցքերուն օրերը նոյնիսկ, կարծես ոչինչ մոռցած էր:

Երբ դուրս եկայ Վեհարանէն, կը մտածէի ինքս ինծի՝ մեծ մարդիկ չեն ծերանար…

Հայրիկը նոյնպէս շատ հարցասէր էր, միշտ կը հարցնէր գիտական, գրական, քաղաքական նորութիւններ:

Երեկոյ մը ըսաւ ինծի.

-Դուն լսած կա՞ս այն գերման գիտունի մասին, Հեկկել կ՚ըսեն:

-Այո՛, Վեհափառ Հայրիկ, ան Տարուինի մեծ աշակերտն է ներկայիս: -Անցած օրը Ճեմարանի ուսուցիչներէն մեկը պատմեց ինծի անոր մասին, ան տարուինականութիւնը նոր եւ զօրաւոր փաստերով կը հաստատէ, որ Աստուածաշունչին պատմածը մարդու մասին՝ առասպել է սոսկ, այլ ճշմարիտն այն է, որ մարդն անասնական ծագում ունի: Ես ալ կը կարծեմ, որ այդպէս է, քանզի մարդուն մէջ շատ անասնական բան կայ: Քրիստոս ատոր հետ կռուելու ելած էր, ան կ՚ուզէր մարդուն, որ անասունի որդի է, Աստուծոյ որդի դարձնել: Ճիշդ է Յիսուս, ատոր պիտի ձգտինք մենք՝ Աստուծոյ որդեգրուիլ:

Հատիկ-հատիկ պատմել Հայրիկին իմաստուն զրոյցները, սրամիտ խօսքերն ու կատակները եւ յուշերը՝ գրութեան մեծ նիւթ է: Ես բախտ ունեցայ շատ անգամ ըլլալու այս հոյակապ մարդուն քով եւ շատ բան լսեցի, որոնցմէ փոքր մասը միայն կը պատմեմ այստեղ:

Ամէն անգամ ան սիրով կ՚ընդունէր ինծի. միայն մէկ անգամ բարկացաւ իմ վրաս եւ վռնտեց իր քովէն: Դէպքը ասիկա է:

1904 թուին, ամսուայ մը ընթացքին ես Հայրիկին պատահեցայ մի քանի տեղ՝ Թիֆլիզ, Ալեքսանդրապոլ, Էջմիածին եւ վերջապէս Խոր Վիրապի վանքը: Վերջին տեղը ներկայացայ անոր, ինծի տեսաւ թէ չէ, զայրացած ըսաւ. «Ծո՛ դուն կը հետեւի՞ս ինծի ամէն տեղ, սատանայ, հայտէ, կորսուէ, գնա՛ քովէս»:

Ես իսկոյն փախայ, բայց երեկոյեան կանչեց իր մօտ եւ սիրտս առաւ:

-Տղա՛ս, այսօր սիրտս ելած էր ուրիշ բանի մը առթիւ, բարկութիւնս քու վրադ թափեցի, քանզի գիտեմ, որ դուն Հայրիկը կը սիրես ու անկէ չես նեղանար: Ուրիշներուն վրայ չեմ կրնար բարկանալ, քեզ կը սիրեմ, ատոր համար վստահ կը բարկանամ քու վրադ: Յետոյ ծիծաղելով վրայ բերաւ. «Ի՜նչ շատ կը պտտիս Վանայ ջրտորտող թռչուններուն պէս: Երանի՜ քեզի. երիտասարդ ես, չես յոգնիր. լաւ կ՚ընես, պտտէ, գնա՛, ման եկուր ժողովուրդին մէջ, ինչ կայ-չկայ՝ ան է, այնտեղ է՝ հողին հետ, մեծ է ժողովուրդ ըսածդ, մեծ սիրտ ունի, անոր հետ եղիր միշտ եւ քու սիրտդ ալ կը մեծնայ»:

Վերջին անգամ Հայրիկը տեսայ 1906 թուականի աշնանը, ցաւալիօրէն տկար էր եւ գունատ:

-Հիւանդ է Հայրիկը,- ըսաւ,- շատ չ՚ապրիր Հայրիկը: Է՜հ, շատ մարդ կայ պառկած հողին տակ՝ փարաւոններ, արքաներ, հերոսներ, Խորենացի, Նարեկացի, Վիքթոր Հիւկօ... վաղն ալ քնով ես կը պառկիմ հողին: Դուն կու գաս վանքը ու Հայրիկին շիրիմը կը տեսնես, կու լաս, չես լար, այդ չեմ կրնար ըսել, բայց այն ժամանակ կը զգաս Հայրիկին կարօտը, հոստեղ ուրիշը նստած կ՚ըլլայ ու չես կրնար Հայրիկին հետ խօսիլ ու խնդալ:

Տխուր նախազգացումով պաշարուած, ուշի ուշով կը դիտէի անոր՝ արծուենի հայեացքը, ուր դեռ արեւ կար, հոգեթով ձայնը եւ հնադարեան մագաղաթի նման դեղին աջը:

Կը զգայի, որ վերջին անգամ կը տեսնեմ անոր՝ հայ ժողովուրդի այդ մեծ զաւակը: Երկար ու խորին համբոյրով մը անոր աջը առի եւ հեռացայ մռայլ ու տխուր:

Ես հաւատացած եմ, որ մինչեւ մահս իմ հոգւոյս մէջ անջինջ ու անաղարտ կը մնայ ան՝ այդ մեծ հայրենասէրը: Երբեք չեմ կարող մոռնալ անոր հայեացքը, անոր նուիրական ձայնը: Այնպէս խորը ազդած է իմ հոգւոյս վրայ:

Եւ հայ ժողովուրդն ալ չի մոռնար անոր: Քանի հիննայ, այնքան աւելի պիտի պայծառանայ անոր յիշատակը: Ան դարերու մէջէն պիտի նայի հայ ժողովուրդին եւ պիտի խօսի անոր հետ հարազատ լեզուով անոր նուիրական իղձերէն եւ անմահ նպատակներէն:

Ժողովուրդը անոր չի մոռնար երբեք, որովհետեւ անոր սիրտէն եկած էր եւ դէպի անոր սիրտը կ՚երթար:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2023