ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՐԻ ՕՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Համաշխարհային պարի օրը Երեւանի մէջ նշուեցաւ հանդիսաւոր ձեւով, խանդավառ ձեռնարկներով։ Երեւանի քաղաքապետարանն ու «Կարին» աւանդական երգի-պարի համոյթը միասնաբար կազմակերպեցին «Հիրուր խեդ» խորագրեալ ծրագիրը։ Այս շրջագծով, Ազատութեան հրապարակին վրայ աւելի քան 15 համոյթներու 400 պարողներ հանդէս եկան ելոյթով մը։ Այս մեծ շուրջպարը մայրաքաղաքի սրտին վրայ առիթ հանդիսացաւ արտասովոր խանդավառութեան։ Ազգային նուագարաններու հնչիւնները հետաքրքրական էին նաեւ Երեւանի զբօսաշրջիկներուն տեսակէտէ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանն ալ հրապարակեց պատգամ մը՝ պարի միջազգային օրուան առթիւ։
Բաց աստի, Ապրիլի 29-ին ամբողջ աշխարհի մէջ կը նշուի Պարի համաշխարհային օրը, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի որոշմամբ սկսած է նշուիլ 1982 թուականէն ի վեր:
Ապրիլի 29-ը պատահական չէ ընտրուած. այդ օր ծնած է ֆրանսացի աշխարհահռչակ պարուսոյց, պալէտմեսթըր Ժան Ժորժ Նովեր, որ կը համարումի «ժամանակակից պալէի հայրը»։
Տօնի գլխաւոր նպատակն է համախմբել պարի ամենատարբեր ուղղութիւններն ու ոճերը` միաւորելով զանոնք մշակութային մէկ, ընդհանուր ձեւաչափի մէջ:
Տօնը նշելու համար համայն պարային աշխարհի ներկայացուցիչները կը սարքեն համերգներ, հանդէս կու գան ինքնատիպ ներկայացումներով ու կը ներկայացնեն տարբեր պարեր՝ թոյլ տալով տարբեր ազգերու, մշակոյթներու ու կրօններու ներկայացուցիչներուն խօսիլ նոյն լեզուով` «պարի լեզուով»։