ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

Աւա՜ղ, այս հարցին շուրջ ես դիտորդ մըն եմ:

Արցախի մէջ տրամադրութիւնները երերային են, իսկ կարեւորը մեծաւ մասամբ՝ կայուն, հաստատական: Յիրաւի, Արցախի կեանքի ճանապարհը այլեւս 148 օրէ ի վեր փակ է: Յայտնի է, թէ ճանապարհի գոց ըլլալը կը ստեղծէ մեծ դժուարութիւններ: Մինչեւ այսօր արցախցիները կարօտ են միրգ ու բանջարեղէնի: Ասոնք մեծ դժուարութեամբ կը գտնուին. քանի մը հողկիթ, երկու ստեպղին, երկու-երեք խնձոր, պանան մը, քանի մը անգամ սուղ գնով ձեռք բերելու համար մարդիկ ժամերով կը սպասեն հերթերու մէջ: Իսկ վաճառողները միշտ ազնիւ չեն վարուիր երեք-չորս ժամ հերթի մէջ սպասող իրենց գնորդներու նկատմամբ, նախապատուութիւնը տալով իրենց ծանօթներուն ու բարեկամներուն:

Այլեւս օրական վեց ժամ կը հոսանքազրկուի Արցախը, իսկ բնական կազը քանի մը շաբաթէ ի վեր չկայ: Անտեսելով բոլոր դժուարութիւնները, անորոշութեան մէջ յայտնուած արցախցիները օր ու գիշեր կը պայքարին իրենց հող ու ջուրի համար: Շատեր հաստատակամ են իրենց որոշումի վրայ:

Գոյութիւն ունին նաեւ երերուն տրամադրութիւններ, հակառակորդի սադրանքներու նկատմամբ արցախցիներու դիմակայունութեան զանազան տեսակներ: Թէ ինչպիսի՞ն է հիմա վիճակը Արցախի մէջ եւ թէ ինչպիսի՞ն է արցախցիներու դիմակայութիւնը այս անորոշ ու դժուարին պայմաններուն մէջ. ոչ մէկը կրնայ յստակ պատասխանել: Սակայն այս օրերուն Արցախի վերաբերեալ խաւարի մէջ լոյսի նշոյլ մը սփռող Նաիրի Հոխիկեանը կ՚առանձնացնէ քանի մը տեսակներ.

«Զոր օրինակ, դիմատետրերու մէջ բնակող, մասնաւորապէս ատրպէյճանական կայքեր դիտող արցախցիներու միամիտները ահաբեկուած են, թէ այլեւս հնարաւոր չէ ընել որեւէ բան: Ահաւասիկ ատրպէյճանցիները կ՚ըսեն՝ ամէն բան լմնցած է:

2020 թուականի պատերազմի ժամանակ ընտանիքով Արցախէն փախչած տղամարդը կ՚ըսէ՝ բոլորը տրամադրուած են փախչելու:

Պատերազմին մասնակցած ու հերոսաբար կռուածը կ՚ըսէ՝ բոլորը կանգնած են մէկ մարդու պէս, ոչ մէկ զիջում կայ:

Իր անփոյթ ու անազնիւ աշխատանքի պատճառաւ պաշտօնէն զրկուած պաշտօնեան կ՚ըսէ՝ ամբողջութեամբ վաճառուած է, մնալու իմաստ չկայ:

 Պաշտօն ու իշխանական բարիքներ վայելող միջակ պաշտօնեան ալ կ՚ըսէ՝ ամէն բան լաւ է, խորհելու բան չունինք:

Հայրենիք չունեցող սրիկայ տեսակը կը փորձէ գողնալ քանի մը կոպեկ, յետոյ միայն իրերը հաւաքել ու հեռանալ: Հետեւաբար կը տարածէ միայն խուճապային տրամադրութիւններ:

Բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը լռեն, որպէսզի յանկարծ սխալ բան մը չխօսին ու մեղադրանքներ չհնչեն իրենց հասցէին:

Իսկ սովորական արցախցիները կը գտնուին զանազան հոգեվիճակներու մէջ՝ կախեալ բնակութեան վայրէն:

Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի մէջ մեծաւ մասամբ պատկերացումները անհանգիստ ու անորոշ են: Եւ այն առաջին հերթին սնունդի պակասի, բնական կազի ու հոսանքազրկումներու հետեւանքն է: Քաղաքի մէջ բնակող մարդու մը համար իրական խուճապի պատճառ է կենցաղային դժուարութիւնը, ինչ որ բնական է:

Շրջաններու ու մասնաւորապէս գիւղերու մէջ բնակող արցախցիներու աշխարհը ամբողջութեամբ տարբեր է: Մարդիկ կ՚ընեն իրենց վար ու ցանը: Ամիսը անգամ մը խոզ մը կը մորթեն ու մտերիմներով կ՚ընեն խորոված: Աւելցած միսով ալ ղաւուրմայ կ՚ընեն ձմեռուան համար: Արցախցի գիւղացին ո՛չ բնական կազի կարիք ունի, ո՛չ ալ տուն տաքցնելու: Ունեցած սնունդը սեփական այգիի պտուղն ու բանջարեղէնն է, սեփական գոմի անասունն ու հաւաբոյնի հաւն ու բադը: Քաղաքական խաղերն ալ արցախցի գիւղացիին հետաքրքրական չեն թուիր: Ինքը կ՚ապրի այնտեղ, ուր ապրած են իր նախնիները՝ Հայկ Նահապետի սերունդները: Այնտեղ, ուր չորս հազար տարի առաջ ապրեցաւ Արցախի անուանադիր Արա Գեղեցիկ արքան»:

Ես՝ գրեթէ ամէն օր շփուելով արցախաբնակ իմ ընկերներու, բարեկամներու, դրացիներու, իմ թրքերէն սորվեցուցած աշակերտներու հետ, ոչ մէկ դժգոհութիւն կ՚իմանամ: Իմ ընկեր-բարեկամներէն ոչ մէկը կը պատրաստուի լքել Արցախը: Համբերատար կը սպասեն Արցախի պայծառ օրուան:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2023