ԵՒ ՀՌԻՓԸ ՀԱՐՍ ԵԿԱՒ…
Թէեւ մեծ մայրս ամէն ջանք թափած էր, որ վեց որբերով գաղթական ելլելէ ետք ընտանիքը չբաժնուի։ Թէեւ հայրս ու քոյրերն ու եղբայրը Կիպրոս՝ Մելգոնեանը աւարտելէ ետք բոլորը հաւաքուեցան Եաֆա, բայց «թէեւ»ները բաւարար չէին, որ դարձեալ պատերազմներ եւ գաղթականութիւն չ՚ըլլար…
Վերջին անգամ 1967-ին էր, որ Սիրվարդ (Սիր) հօրաքրոջս ընտանիքին հետ տեղափոխուեցանք Կազզէէն Երուսաղէմ, որուն համար դժգոհ չենք, սակայն կրկնուող պատմութիւն, միշտ տուն քանդել եւ նոր տան հիմք դնել։
Մենք մեծ թիւով ընտանիքներ չէինք։ Հօրաքոյրս չորս զաւակ ունէր՝ երկուքը Եգիպտոս էին այդ ժամանակ, մենք ալ երկու զաւակ էինք… Այս էր մեր տոհմածառի արմատներէն հեռու Երուսաղէմ ինկած ճիւղը, որ պարտաւոր էր դալար մնալ մեր մեծնալով եւ ընտանիքներ կազմելով։
…Եւ վերջապէս 1976-ին Երուսաղէմի մեր ճիւղը նոր ծիլ տուաւ։
Հօրաքրոջս կրտսեր տղան՝ Գէորգը սիրահարուեցաւ, ինչպէս մայրս կ՚ըսէր. «Եաֆացի մեր Սիրալոյսին ամենափոքր աղջկան՝ Հռիփին»…
Իսկ Սիրալոյսին ընտանիքը կարծես մեր երկուորեակները ըլլային՝ խօսող-խնդացող, երգող-պարող, խնամիական հաւաքոյթները՝ գեղարուեստական, մշակութային, ազգային, հայրենասիրական երեկոներ էին… Ի՜նչ սէր ու յարգանք խնամիներու միջեւ, որ մինչեւ այսօր կը մնայ եւ ժառանգուեցաւ որդոց որդի։ Այո՛, ամուր ճիւղ մը, որ մի՛շտ դալար մնաց։ Թանթիկ Սիրալոյսն ու ամմօ Ստեփանը քառասուն տարի ամէն կիրակի պատարագը երգած են Եաֆայի Սուրբ Նիկողայոս հայոց եկեղեցիին մէջ։
Եւ Հռիփը՝ հարս եկաւ…
Մեր ճոխ տունը աւելի ճոխացաւ, եւ ոչ միայն մեր տունը, այլեւ մեր ակումբը, Հռիփը իր անուշ ձայնով առիթ չփախցուց գեղգեղելու Հայ երիտասարդաց միութեան բեմէն… Մեր ընտանիքը, որ միշտ բեմերու վրայ եղած է՝ նոր հիացումով ողջունեց իր բեմերու զարդ երգչուհի հարսը։ Հռիփը բոլորիս սիրելին էր, բայց…
Մինչեւ այս բոլորը ես ուրիշ պատմելիքներ ունիմ…
Հարսանիքը մէկ օր չէր միայն… Ամէն օր հարսանիք էր, աղջիկը ուզեցինք, մատանին դրուեցաւ, օր մը իրենք եկան, օր մը մենք գացինք, թանթիկ Սիրալոյսը «չի քէօֆթէ»ի ճոխ սեղաններ դրաւ, հօրաքոյրս «մանթը»ի ճոխ սեղաններ, իրենք եկան՝ մենք գացինք, մենք գացինք՝ իրենք եկան… Հարսին սենեակը պատրաստուեցաւ եւ եկաւ հարսնիքէն շաբաթ մը առաջ օժիտը բերելու օրը։
Օժիտը բերող աղմկալից ինքնաշարժները վանքին դուռը փառաւորապէս կանգնեցան, ես յուզումնալից ուրախութենէս՝ հարսէն առաջ հարս՝ դուռ-դրացիին լուր տալով, որ խնամիները ժամանեցին, օժիտը եկաւ, աստիճաններէն ցատկռտելով առաջինը հասայ վանքին դուռ։ Ա՛լ փաթթուկներ, ա՛լ պաչիկներ, բաշխուող տարոսներ, ի՜նչ անուշ խօսքեր, պատուհաններէն նայողներ եւ… Հռիփին հայրը՝ ամմօ Ստեփանը ձեռքս խումբ մը կապիկ տուաւ ըսելով. «Ասոնք թեթեւ են դուն վեր հանէ»։
Կապիկ մը ուսէս, կապիկ մը վիզէս, կապիկ մը գրկած, չնայած ես տղուն կողմէն էի, բայց կարեւոր դեր ունեցայ օժիտը փեսային տունը հանելուն մէջ, ինչպէս չունենայի՝ հարսնիքը մերն էր, բարձրացայ հօրաքրոջս տունը։ Փաստօրէն հարսին սենեակին մաս պիտի կազմէին տարբեր տեսակի ու տարիքի կապիկներ… Անկողինին ծածկոցին վրայ դրուելիք բարձերէն մէկը կապիկ մըն էր, քանի մը կապիկ առաստաղէն պիտի կախուէին, քանի մը հատը հոս-հոն պիտի զարդարէին։ Յամենայնդէպս անուշիկ կապիկներու խումբ մը մեր հարսին հետ եկան եւ հարսէն առաջ հարսին սենեակը տեղաւորուեցան…
Հարսանիքէն ետք շնորհաւորողներու խումբերը սկսան այցելել եւ ըստ սովորութեան հարսին սենեակը անպայման պէտք էր տեսնէին։ Մանիշակագոյն ծածկոց, մանիշակագոյն վարագոյրներ, բարձեր, սակայն ամէն կին, որ սենեակէն դուրս կ՚ելլէր մօրս կամ հօրաքրոջս գաղտնի մը կը փսփսար. «Սա կապիկները վերցուցէք, վաղը «չոճուխ» պիտի գայ»։
Մենք սովորութիւն չունինք հարսերուն կեանքին կամ գործին խառնուելու, ուրեմն կապիկները չվերցուեցան… Բայց երեք տարի ետք հօրաքրոջս տունը լեցուեցաւ մանկան ճիչով… Անուշիկ «պէպէք» մը բոլորիս նոր ուրախութիւնը եղաւ, մեծէն պզտիկ խենթացեր էինք, ձեռքէ ձեռք կը խլէինք, կը խաղցնէինք, երբ Հռիփը Եաֆա ծնողքին այցելէր՝ անսահման կը կարօտնայինք… Ես ամենափոքրն էի զարմիկներուս մէջ եւ ինձմէ ետք 16 տարի Երուսաղէմ նորածին չէինք ունեցած։ Մեծ սիրով տեղս զիջեցի յաջորդ սերունդի առաջին ներկայացուցիչին… Վիգէնը մեր ոսկէ գնդակն էր։
Սակայն Վիգէնին ծննդատունէն տուն գալն ալ պատմութիւն ունէր…
Չեմ գիտեր ո՞վ ըսաւ, ինչո՞ւ ըսաւ, բայց ըսուեցաւ, որ նորածինը երբ առաջին անգամ տուն մտնէ պէտք է աքլոր մորթուի մօր ոտքերուն տակ։ Լաւ է, որ սենեակը աքլորներով պէտք չէր զարդարուեր… Մատաղ շատ ըրած ենք, բայց այսպիսի բան առաջինն էր ու մնաց միակը մեր ընտանիքի հարսնիքներուն եւ ծնունդներուն պատմութիւններուն մէջ։
Աքլորը բերուեցաւ, ո՞վ պիտի մորթէ, արդէն հիւանդանոցէն ճամբայ ելած էին։ Բոլորը դարձան եղբօրս, եղբայրս այդ փորձառութիւնը ուրկէ՞ ունենար… ըլլալիք բան չէր, մայրս կացութիւնը փրկելու համար այնպիսի ինքնավստահութեամբ մը նայեցաւ եղբօրս ու ըսաւ. «Բան մը չէ, ես ալ մորթած եմ»։
Մա՞յրս… Ե՞րբ… Այս անգամ բոլորը դարձան մօրս, մայրս առանց այլայլուելու իր դիւանագիտական ժպիտով ժպտաց բոլորին… հիւանդանոցէն հասան արդէն… Եղբօրս ձե՞ռքը կը դողար, թէ դանակը «քէօր» էր չեմ գիտեր, աքլորն ալ բոլորին ձգած միայն ինծի կը նայէր աքլորական յատուկ նայուածքովը, բերանը բաց մնացեր էր, աչքերը լայն բացուած մէկ կողմ կը նայէին, վերջին ու միակ յոյսն էի կ՚ըսէր նայուածքը, եւ այդ նայուածքը երկար հալածեց զիս… Վերջապէս ըլլալիքը եղաւ՝ մտանք տուն, ալ այդ մասին խօսք չեղաւ։ Բայց բոլորս անզգալաբար շշուկով կը խօսէինք, իբր թէ միւս սենեակը քնացած «պէպէք»ը չարթնցնելու համար։ Մինչդեռ բոլորս ալ ազդուած էինք աքլորին «նահատակութենէն»։
Երբ տուն ելանք, մօրս հարցուցի. «Այդ ե՞րբ քաջ-քաջ աքլոր մորթեր ես լուր չունինք»։
«Ի՞նչ աքլոր մորթել, եղբայրս որսի կ՚երթար, մէկ անգամ բերած թռչունները մաքրեր եմ, ես ինչ աքլոր մորթող, որո՞ւն խելքն էր չեմ գիտեր, բայց աքլորը պիտի մորթուէր, պարզապէս եղբօրդ քաջալերեցի»։
Երկար ատեն ոչ միայն աքլորները, այլեւ հաւերը՝ սառնարաններէն, փուռերէն, խանութներէն, ճաշարաններու սեղաններէն ծուռ-ծուռ ինծի կը նայէին, կարծես աշխարհի հաւերը այրիացնողը ես էի…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ