ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ. ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ՍԱՏԱՆԱՅԷՆ ՆՈՒԱՃՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Ասկէ 2000 եւ աւելի տարիներ առաջ, այս օրը, մարդկութեան պատմութիւնը յեղափոխող կարեւորագոյն դէպքերէն մէկը պատահած է՝ Սուրբ Հոգիին գալուստը:

Արդարեւ, քրիստոնեայ, ինչու չէ նաեւ ոչ-քրիստոնեայ աշխարհներուն համար ծանօթ է այս իրադարձութիւնը: Խումբ մը պարզ՝ շարքային մարդիկ, որոնք երեք տարի աշակերտած ու հետեւած էին Քրիստոսի, Անոր ձերբակալութեամբ, խաչելութեամբ եւ թաղմամբ պահուան մը համար շփոթի մատնուած ու խանգարուած էին, սակայն՝ թափուր գերեզմանն ու ապա ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ Քրիստոսը տեսնելով, կրկին անգամ վերագտած էին իրենք զիրենք ու յիշած՝ իրենց Ուսուցչին խօսքերը, թէ՝ «եթէ կը սիրէք զիս՝ պիտի գործադրէք Իմ պատուիրաններս։ Եւ Ես Հօրս պիտի աղաչեմ՝ որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզի հետ ըլլայ։ Անիկա Սուրբ Հոգին է, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ։ Աշխարհը չի կրնար զայն ընդունիլ, որովհետեւ ո՛չ կը տեսնէ եւ ո՛չ ալ կը ճանչնայ զայն։ Բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ ձեր մէջ պիտի մնայ եւ ձեր հետ պիտի ըլլայ» (Յհ 14.15-17):

Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութենէն յիսուն օրեր ետք, խոստումը իրագործուեցաւ, ինչպէս կը կարդանք Գործք Առաքելոցի 2.1-4-ին մէջ. «Երբ Պենտէկոստէի օրը հասաւ, բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մէկտեղուած էին։ Յանկարծ սաստիկ հովի մը սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին։ Յետոյ անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ։ Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար»:

Արդարեւ, Հոգին ստացած առաքեալները աշխարհով մէկ տարածուեցան ու քարոզեցին Քրիսոտսի Աւետարանը:

Երբ կը շարունակենք կարդալ Գործք Առաքելոցի 2-րդ գլուխը, կ՚իմանանք, թէ այդ օր աւելի քան 3000 հոգի ընդունած են զՔրիստոս՝ ընդունելով Ս. Հոգին:

Արդեօք ինչպիսի՞ մթնոլորտ կը տիրէր այդ օր նախ եւ առաջ առաքեալներուն մէջ, որոնք կը սպասէին իրենց Տիրոջ տուած խոստումի իրականացման: Ինչպիսի՞ ջերմեռանդութեամբ կը սպասէին այդ խոստումին: Ի՞նչ մեծ հաւատքով կ՚ընդունէին Սուրբ Հոգիին: Այս հարցումներուն պատասխանը դարձեալ Գործք Առաքելոցի 2-րդ գլուխը կու տայ մեզի, երբ կը կարդանք, թէ «այն օրը Երուսաղէմ քաղաքը լեցուն էր բարեպաշտ հրեաներով, որոնք աշխարհի բոլոր երկիրներէն եկած էին։ Երբ այս ձայնը լսուեցաւ, մեծ բազմութիւն մը եկաւ խռնուեցաւ եւ բոլորը անակնկալի եկան, որովհետեւ կը լսէին, թէ ի՛նչպէս անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրենց սեփական լեզուով կը խօսի։ Ամէնքն ալ սքանչացումով եւ զարմանքով կ՚ըսէին իրարու.

-Այս խօսողները բոլորն ալ գալիլեացիներ չե՞ն միթէ. ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ մեր ծննդավայր երկիրներու լեզուներով կը խօսին, ինչպէս ահաւասիկ կը լսենք։ Չէ՞ որ ահա մեր մէջ կան՝ պարթեւներ, մարեր, ելամացիներ, միջագետացիներ, հրէաստանցիներ, կապադովկիացիներ, պոնտացիներ, ասիացիներ, փռիգիացիներ եւ պամփիլիացիներ, եգիպտացիներ, Կիրենիայի շրջանէն լիպիացիներ, Հռոմէն եկած հրեաներ եւ հրէութեան դարձած նորահաւատներ, կրետացիներ եւ արաբիացիներ։ Եւ ահա բոլորս ալ մեր խօսած լեզուներով իրենցմէ կը լսենք Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին» (Գրծ 2.5-11):

Պահ մը պատկերացնենք, թէ ի՜նչ մեծ ուրախութիւն ու ջերմեռանդութիւն կը տիրէր անոնց մէջ: Պատկերացնենք, թէ ի՜նչ մեծ շնորհքի արժանացած էին՝ Սուրբ Հոգիի գալուստով, որովհետեւ հաւատացած էին: Պատկերացնենք, թէ երէկուան վարանոտ եւ վախկոտ ձկնորսները, այսօր տարբեր-տարբեր ազգերու լեզուներով կը խօսէին ու անվախօրէն կը քարոզէին ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ Քրիստոսի մասին:

Եւ... պահ մը մտածենք մեր այսօրուան մասին: Ինչքա՜ն անտարբերութիւն այս սուրբ օրուան նկատմամբ: Ինչքա՜ն անտարբերութիւն մեր հոգիներէն ներս: Ինչքա՜ն գաղջութիւն մեր եկեղեցիներէն ներս: Մարդիկ, իրենց գործերով ու առօրեայով մտահոգ, մոռցած են Սուրբ Հոգիին մասին, երբ՝

Այսօր, աւելի քան երբեք կարիքն ունինք Սուրբ Հոգիի գալուստին՝ մեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքէն ներս:

Այսօր, օր ըստ օրէ Աստուծմէ հեռացող ընկերութիւնը՝ ընդ որում մեր ընտանիքները, կարիք ունին Սուրբ Հոգիի շնորհքներուն, կարենալ դիմանալու համար սատանայէն եկած հազար ու մէկ փորձութիւններուն:

Այսօր, այսպէս կոչուած «ապաշխարածներ», «փրկուածներ» ու «հաւատացեալներ»ը, որոնք ԱՂԱՆԴԱՒՈՐՆԵՐ ու ՄԱՐԴՈՐՍՈՐԴներ են՝ սատանային արբանեակները բազմացնելու նպատակով աշխատող, Քրիստոսի անունով կը հիւծեն մեզ, եւ այս բոլորը ՄԵՐ անտարբերութեան եւ անհոգութեան պատճառով: Իսկ ասոնց պատճա՞ռը, դարձեալ ու դարձեալ մեր ծայրայեղ հաւատացեալի, եկեղեցասէրի եւ ազգասէրի կերպարն է: Մեր անուշադրութեան պատճառով՝ մենք նուաճուած ենք սատանայէն, որովհետեւ ահաւոր կերպով սկսած ենք տառապիլ երեւութապաշտութեան ախտով: Աստուծաշունչէն մէկ երկու համար անգիր ընելով, եկեղեցական աւանդութենէն մի քանի բան անգիր ընելով կը կարծենք, թէ ճիշդ ճամբուն մէջ ենք: Սակայն, դժբախտաբար կը սխալինք, որովհետեւ մենք թերացած ենք, մենք շեղած ենք ճշմարտութենէն, մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքն իրեն համար «Աստուծաշունչ» մը յօրինած է եւ անով կ՚առաջնորդուի, մոռնալով ճշմարիտ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉը, որ միակ ճամբան է դէպի կեանք եւ ճշմարտութիւն:

Սթափինք սիրելիներ, սթափինք, եւ այս սուրբ օրուան ընթացքին խնդրենք ու պաղատինք Աստուծմէ, որ իմաստութիւն շնորհէ մեզի, լուսաւորէ մեր հոգիին ու միտքին աչքերը, որպէսզի ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆը տեսնենք, ո՛չ թէ սատանայէն նուաճուած ճշմարտութիւնը, այլ՝ Քրիստոսի աշխարհ բերած ճշմարտութիւնը, որ դէպի յաւիտենականութիւն տանող կամուրջն է: Խնդրենք Աստուծմէ, որպէսզի ինչպէս ասկէ 2000 տարիներ առաջ Իր սուրբ Հոգին ղրկեց առաքեալներուն, այսօր՝ մեզի ալ ղրկէ, որպէսզի մաքրէ մեզ ամէն տեսակի ախտերէ ու կեղտերէ, դարձնելու համար մեզ Սուրբ Երրորդութեան բնակարան: Ի վերջոյ խնդրենք Աստուծմէ, որպէսզի քաջութիւնը ունենանք ընդունելու, թէ հիմա, այս վայրկեանին՝ սատանայէն նուաճուած ենք, բայց հաւատքով լեցուն ենք, որ Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ պիտի կարենանք դուրս գալ այդ ստրկութենէն, դառնալով՝ ճշմարիտ հաւատացեալներ, բառին Աստուածաշնչական առումով եւ ո՛չ թէ այսօրուան աղանդաւորկան հասկացողութեամբ:

Յ.Գ. 1. Գէորգ Վարդապետ Սկեւռացին (ԺԳ. դար), իր «Մեկնութիւն Գործք Առաքելոց» աշխատութեան մէջ, այսպէս կը մեկնէ հետեւալ համարը.

«Սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար» (Գրծ 2.4):

Հոգին ստացած ժամանակ՝ առաջին այս նշանը ցոյց տուին, որով տարբեր լեզուներով կը խօսին, ո՛չ թէ որովհետեւ այս մէկը միւս նշաններէն աւելի մեծ էր, այլ՝ քանի որ նոր էր եւ անծանօթ, որովհետեւ լսողները զարմացան:

Տակաւին, որովհետեւ այն ատեն պէտք չկար այլ նշանի, հռչակելի դարձնելու համար եղածները: Մէկ կողմ ձգենք այն, որ իրենց դիմաց [պարտաւորութիւն] կար ազգերն ու ժողովուրդները աշակերտելու. սկիզբը լեզուներով ճոխացան, որովհետեւ խիզախաբար համարձակութիւն ունեցան քարոզութեան: Քանի որ աշտարակէն բաժնուածներն ու բազմաստուածութեան մէջ ցրուածները, սիրով՝ մէկ աստուածպաշտութեան հաւաքեն: Եւ ինչպէս այնտեղ՝ մէկ լեզուն բազմաթիւ [լեզուներու] բաժնուեցաւ, նոյնպէս ալ այստեղ՝ բազմաթիւ լեզուները մէկ-մէկ մարդու մէկ հաւաքուած եղաւ, քանի որ միեւնոյն Հոգիին գործն էր թէ՛ այստեղ եւ թէ՛ ալ այնտեղ: Այս պատճառով տարբեր լեզուներով կը խօսէին: «Ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար» (Գրծ 2.4): Ի՞նչ կ՚ուզէ խօսիլը մեզի այստեղ հասկցնել, եթէ ոչ այս՝ որ պէտք չէր իրենք իրենց խորհրդաբար խօսէին, այլ՝ յառաջբերական խօսքերով յայտնապէս խօսէին:

Յ.Գ. 2. Այստեղ ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ Ստեփանոս Աւագ Քահանայ Մանդինեանցի գիրքէն հատուած մը Հոգեգալուստի մասին: Այսպէս.

«Հարցում. Ինչո՞ւ Պենտեկոստէ [Հոգեգալուստը] կը կոչուի:

Պատասխան. «Պենտեկոստէն» յունարէն բառ է, որ «յիսուն օր» կը նշանակէ, հայերէնով ալ Յինունք կ՚ըսենք: Այս տօնը հրեաները կը տօնէին իրենց Պասէքէն յիսուն օր ետք, ի յիշատակ Տասնաբանեայ Պատուիրաններուն: Սուրբ Հոգիին գալուստը նոյն տօնին զուգադիպեցաւ, որ մարմնեղէն սրտերու տախտակներուն վրայ գրեց Նոր Ուխտի օրէնքը (հմմտ. Բ. Կր 3.3):

Հ. Ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի այս տօնը:

Պ. 1. Թէ՝ Սուրբ Հոգին նախամարդուն մարմնին վրայ փչելով, զայն կենդանի հոգի ըրաւ, գիտութիւն եւ հանճար տուաւ անոր: Սակայն, Ադամ նսեմացուց զայն իր պատուիրանազանցութեամբ, ուստի այս տօնով վերստին կը պարգեւէ նախկին շնորհքը:

2. Թէ՝ Սուրբ Հոգին առաքեալները կ՚առաջնորդէր իւրաքանչիւր գործի մէջ, անոնց բերանը (խօսելու կարողութիւն) եւ իմաստութիւն տալով, նաեւ զօրութիւն եւ կարողութիւն, քաջութիւն եւ անվախ սիրտ տալով Քրիստոսի Աւետարանը տարածելու համար ամբողջ աշխարհին մէջ:

3. Թէ՝ նոյն Հոգիին շնորհքը աներեւութապէս կը ստանանք մկրտութեան ընթացքին, իսկ Դրոշմի միջնորդութեամբ՝ հոգեկան զօրութիւն եւ կարողութիւն, որ մեզ դէպի արդարութեան ճանապարհը կ՚առաջնորդէ» (Ստեփանոս Ա. Քհնյ. Մանդինեանց, «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ», Անթիլիաս, 2010, էջ 225): 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

30 մայիս 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունիս 4, 2022