ՊԷՅՐՈՒԹԻ «ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ» ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍ
Սփիւռքի միակ հայկական բարձագոյն կրթական հաստատութիւնը՝ Հայկազեան համալսարանը, շրջանաւարտներու նոր հունձք մը տուաւ եւ հանդիսաւոր արարողութեամբ համալսարանի շրջափակին մէջ 148 ուսանողներու յանձնեց աւարտական վկայականներ: Յաջողութեան բերկրանքին խառնուած էր յուզմունքը հրաժեշտ տալու կրթական այն օճախին, ուր ուսանողները անցուցած են իրենց կեանքի ամենէն հաճելի պահերը:
Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էին երեսփոխան Սերժ Թուր-Սարգիսեան, որ կը ներկայացնէր Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ, որ կը ներկայացնէր Վարչապետ Թամմամ Սալամը, երեփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Ժան Օղասապեան, որ կը ներկայացնէր երեսփոխան Սաատ Հարիրին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան, ներքին ապահովութեան ուժերու, քաղաքապետութիւններու միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր ու ծնողներ:
Ելոյթ ունցեաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան շրջանաւարտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ ստանալու եւ նուիրելու գործընթացի հաւասրակշռութեան վրայ՝ շեշտելով պատիւն ու առատաձեռնութիւնը տալու շնորհքին մէջ: Հայտոսթեան կարեւորեց նաեւ կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ընկերային պատասխանատուութիւնը իրենց շահոյթէն բաժին յատկացնելու ընկերային ծառայութեան եւ օժանդակութեան:
Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ տալը մարդկային արժանիքներուն մէջ գերագոյնն է, որ օգտակար կը հանդիսանայ նախ տուողին, ապա այլոց: «Պէտք է տալ գիտակրթական մարզերուն մէջ եւս առանց ակնկալելու եւ առանց փոխարժէքի, առանց պատճառաբանութեան կամ մեկնաբանութեան», ըսաւ Հայտոսթեան եւ աւելցուց. «Մինչ կը ներկայացնենք նոր հունձք մը լայն ընկերութեան, հաւատքով եւ նորոգ նուիրումով կը լեցուինք կատարելու պարտականութեան մեր բաժինը եւ ընկերակցելու մեր երիտասարդներուն, որ ինքնավստահ եւ հաստատ հիմերու վրայ նետուին ասպարէզներու նոր վիճակներու մէջ»: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով՝ «Հայկազեան համալսարանի մարդակերտումի եւ գիտութեանց զարգացման գործընթացին մէջ մեր ուխտը կը նորոգենք այսօր անգամ մը եւս, եւ կը շնորհաւորենք համալսարանի անձնակազմը, շրջանաւարտները եւ բոլորին ընտանիքները»:
Օրուան պատգամը տուաւ Լիբանանի Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ քաղաքացիութեան, ազգային ինքնութեան, ինչպէս նաեւ մշակութային զարթօնքի, մտաւոր առաջնորդութեան եւ բարեկարգումներու սկզբունքին եւ նման այլ հասկացութիւններու անհրաժեշտութեան՝ նշելով, որ Լիբանանի մէջ յառաջխաղացը եւ զարգացումը կը կատարուին միայն օրինակելի քաղաքացիութեան այն նմոյշով, որ առաջ կու գայ տարբեր մշակոյթներու համատեղ հարստացումով եւ ոչ թէ առանձնայատկութիւններու զանցառումով:
Նախարարը ըսաւ, որ զարթօնքը առանց մշակութային յեղափոխութեան չ՚իրականանար, իսկ մշակութային յեղափոխութիւնը առանց ազատ, անկախ մտածողութեան ու անկաշանդ ստեղծագործութեան չ՚իրականանար, իսկ ազատ մտածողութիւնը ու անկաշանդ ստեղծագործութիւնը չ՚իրականանար առանց քաղաքական այն համակարգին, որ կը յարգէ ազատութիւնները եւ ազատ կ՚արձակէ միտքը իր կարծրատիպէն:
Նախարարը դիտել տուաւ, թէ Լիբանան իր տեղն ու դերը կորսնցուցած է արաբական աշխարհի մտաւոր առաջնորդութեան կեդրոնին մէջ, կրթութեան ազգային տեսլականին, ինչպէս նաեւ կրթական հաստատութիւններու պետական գուգուրանքի մը գոյութեան մէջ: Ապա շրջանաւարտներուն դիմեց լուծում գտնելու հաւանականութեամբ եւ ըսաւ. «Այս բոլոր դժուարութեան լուծումը բարեկարգումն է փտածութեան դէմ, միասնութիւնը՝ բաժանումի, պետականութիւնը՝ ոչ-պետականութեան, գիտութիւնը՝ տգիտութեան, ստեղծագործութիւնը՝ յետամնացութեան, լայնախոհութիւնը՝ սահմանափակուածութեան, չափաւոր կեցուածքը՝ քաղաքական կամ կրօնական մոլութեան, յոյսը՝ յուսլքութեան, զոր կ՚ապրինք»:
Հանդիսութեան ընթացքին շրջանաւարտներուն անունով խօսք առին Քրիստին Սիմիտեան եւ Սառա Ֆարահատ, որոնք իրենց ընկերներուն մաղթեցին յաջողութիւն կրթական ուսումնական գալիք տարեշրջաններուն համար եւ երազանքներու իրականացում:
Աւարտին Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան, տեսուչներ՝ Տքթ. Ֆատի Ասրաուի եւ Տքթ. Արտա Էքմէքճի վկայականներ յանձնեցին շրջանաւարտներուն եւ յուշանուէրներ՝ գերազանց ուսանողներուն:
Հանդիսութիւնը, որ բացուած էր հոգեւոր տեսուչին կողմէ, եզրափակուեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով:
Յայտնենք, որ վկայականներու պաշտօնական հանդիսութենէն օրեր առաջ տեղի ունեցաւ շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան աղօթքի հաւաք՝ ներկայութեամբ «Կրօնքներ» հաստատութեան նախագահ Հայր Ֆատի Տուի: Ուսանողները շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ իրենց ուսումնառութեան չորս տարիներուն համար, ապա փոխանակցին վառած մոմեր՝ խորհրդանշելով ճշմարտութեան, ազատութեան եւ ծառայութեան փոխանցումը ամբողջ աշխարհին, որ նշանաբանն է Հայկազեան համալսարանին: