ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

«Հպարտութիւնը մեղքին մայրը, հիմքը եւ աղբիւրն է»
(Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան)

Հպարտութեան մասին շատ գրուած է, կը գրուի եւ պիտի գրուի տակաւին, այնքան ատեն, որ մարդ արարածը կը շարունակէ ապրիլ ու գոյատեւել:

Եթէ բառարաններուն դիմենք, հետեւեալ իմաստները կը գտնենք հպարտութեան մասին.

Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան իր՝ «Բառգիրք հայերէն լեզուի» բառարանին մէջ, հպարտութիւն գոյականին դիմաց կը դնէ հետեւեալ բառերը.

- Պարծանք, պատուի զգացում, գոռոզութիւն, ամբարտաւանութիւն:

Իսկ հպարտանալ բային դիմաց հետեւեալները.

- Գոռոզանալ, մեծամտիլ, հպարտ զգալ:

Իսկ հպարտ ածականին դիմաց հետեւեալները.

- Սէգ, գոռոզ, վէս:

Ստեփան Մալխասեան իր՝ «Հայերէն բացատրական բառարան»ին մէջ, հպարտութիւն գոյականին դիմաց կը դնէ հետեւեալ բառերը.

- 1. Հպարտ լինելը, հպարտի յատկութիւնը:

2. Գոռոզութիւն, ամբարտաւանութիւն, իւր արժէքներով պարծենալը, փքալը:

3. Գոհունակ գիտակցումն իւր արժանիքների, անձնապատուի զգացում:

Իսկ հպարտանալ բային դիմաց հետեւեալները.

- 1. Մեծամտել, փքուել, պարծենալ իւր որեւէ արժանիքով, ամբարտաւանել:

2. Գիտակցել իւր արժանիքները եւ գոհունակութիւն զգալ այդ գիտակցութիւնից:

Իսկ հպարտ ածականին դիմաց հետեւեալները.

- 1. Իւր անձնական արժանիքները բարձր գնահատող եւ ուրիշին արհամարհող. ամբարտաւան, սէգ:

2. Իւր արժանիքները կամ գերազանցութիւնը գիտակցող:

3. Վեհ, հոյակապ, գոռոզ:

4. Հպարտին յատուկ, հպարտութիւն արտայայտող:

Հիմա փորձենք հոգեւոր հասկացողութեամբ ըմբռնել, թէ ի՞նչ է հպարտութիւնը, մանաւանդ ի մտի ունենալով, որ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հպարտութիւնը դասած է Եօթը Մահացու Մեղքերու ցանկին մէջ, այն ալ՝ ցանկին պարագլուխը զետեղած է հպարտութիւնը:

Հպարտութեան սկզբնաղբիւրը եթէ փորձենք գտնել, կը հասնինք մինչեւ նախքան մարդ արարածին ստեղծման հանգրուանը, երբ տիեզերքի Արարիչը հրեշտակները ստեղծեց, որոնց կոչումն էր ծառայել, փառաբանել, օրհնել ու պաշտել զԱստուած: Սակայն, պահ մը եկաւ, երբ հրեշտակապետներէն մէկը, որ Արուսեակ կը կոչուէր, հպարտացաւ, յոխորտաց եւ մտածեց, թէ ինք եւ նոյն փառքն ու պատիւը ստանայ, ինչ կը մատուցէին Արարիչ Աստուծոյ: Հպարտութեան որպէս հետեւանք, Արուսեակը, որ հրեշտակներուն մէջ գեղեցկագոյնն էր, մերկացաւ իր այդ գեղեցկութենէն եւ երկինքէն դուրս նետուեցաւ, դառնալով չարութեան մայրն ու պարագլուխը: Ասկէ կրնանք հետեւցնել, որ հպարտութիւնը վատ երեւոյթ մըն է, հակաստուածային, հակամարդկային, որովհետեւ իր մէջ կը պարունակէ չբաւարարուածութիւն, անգոհունակութիւն եւ ապերախտութիւն՝ ունեցած շնորհքներուն ու բարիքներուն նկատմամբ:

Աստուածաշունչ Մատեանին մէջ յաճախ անդրադարձ կը կատարուի հպարտութեան եւ հպարտ մարդոց մասին: Այստեղ քանի մը օրինակներ կը ներկայացնեմ ընթերցողներու ուշադրութեան:

Առակաց գիրքին մէջ կը կարդանք.

«Երբ հպարտութիւնը գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ, բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է» (Առ 11.2). վերը յիշատակեցինք Արուսեակին դրուագը, թէ ինչպէս իր գեղեցկութենէն զրկուեցաւ հպարտութեան պատճառով, եւ ահաւասիկ առակագիրը կու տայ այդ իրողութեան խօսուն ճշմարտութիւնը՝ ըսելով, թէ երբ հպարտութիւնը գայ, այսինքն՝ երբ մարդ հպարտութեան ճիրաններուն մէջ յայտնուի, անպայմանօրէն հպարտութեան պիտի յաջորդէ անարգութիւնը, անպատուութիւնը, մէկ խօսքով ամէն վատութիւն, որովհետեւ երբ մարդ հպարտանայ, հպարտութեան մէջ իյնայ, ինքնաբերաբար կը կորսնցնէ իր հոգեւոր տեսողութիւնը եւ գերին, ստրուկը եւ կամակատարը կը դառնայ իր եսին: Մինչ, եթէ մարդ հեռու մնայ հպարտութենէն եւ ամէն ջանք գործադրէ խուսափելու հպարտութենէն, այս անգամ իրեն հիւր կ՚ունենայ իմաստութիւնը, որ ըստ առակագիրին՝ խոնարհ մարդոց ընկերակիցն է. հետեւեաբար, առակագիրի ըսածէն կը հասկնանք նաեւ, որ հպարտութեան դէմ պատերազմելու ամենէն զօրաւոր եւ օգտակար զէնքը՝ խոնարհութիւնն է:

Դարձեալ Առակագիրը կ՚ըսէ. «Յիրաւի հպարտութենէն կռիւ կը ծագի, բայց խրատին մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ» (Առ 13.10). այս համարով ալ կ՚իմանանք, որ հպարտութիւնը ո՛չ միայն անարգութիւն կը բերէ մարդուն, այլեւ պատճառ կը հանդիսանայ, որ մարդ կռիւներու մէջ յայտնուի, այլ խօսքով՝ կորսնցնէ իր ներքին խաղաղութիւնը եւ հոգեկան հանգստութիւնը։ Առակագիրը այս անգամ հպարտութենէն հեռու մնալու համար կու տայ այլ զէնք մը՝ խրատ լսելը, այսինքն՝ դիմացինին լսելը, իրմէ աւելի խելացիէն, իրմէ իմաստունէն, իր հոգեւոր հօրմէն՝ խոստովանահօրմէն, իր ֆիզիքական ծնողներէն խրատ լսելը, խրատին մտիկ ընելը:

Դարձեալ Առակացին մէջ կը կարդանք. «Բոլոր սիրտով հպարտները Տիրոջ առջեւ պիղծ են ու թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին, անպատիժ պիտի չմնան» (Առ 16.5). հպարտութիւնը ո՛չ միայն մարդոց հետ մեր յարաբերութիւնը կը վտնագէ, այլեւ՝ մեզ պիղծ կը դարձնէ Աստուծոյ դիմաց, եւ ինչքան ալ մեր հպարտութեամբ ուրախանանք եւ մենք մեզ լաւ զգանք՝ մեզի նման հպարտներուն հետ ընկերանալով ու ընկերութիւն ընելով, Առակագիրին խօսքերը յստակ են՝ անպատիժ պիտի չմնանք:

Ամբակումի մարգարէութեան մէջ հպարտ մարդուն մասին հետեւեալը կը կարդանք. «Ահա հպարտ մարդուն հոգին իր ներսիդին ուղիղ չէ, բայց արդարը իր հաւատքովը պիտի ապրի: Գինին կը կատղեցնէ, հպարտ մարդը հանդարտ չի կենար, քանզի իր հոգին գերեզմանի պէս կը լայնցնէ ու մահուան պէս ըլլալով՝ չի կշտանար» (Ամբ 2.4-5). ծանօթ երեւոյթ է, որ հպարտ մարդը կշտանալու յատկութիւն չունի, այսինքն՝ այնքան ատեն որ հպարտութիւնը իրեն ընկերակից է, ինք ներքնապէս մնայուն պայքարի մէջ է աւելիին հասնելու, աւելի բարձրանալու, բայց ինչքան ալ բարձրանայ՝ իր նմանութիւնը գերեզմանն է եւ ո՛չ աւելին:

Ա. Կորնթացիներուն նամակին մէջ կը կարդանք. «Գիտցէ՛ք սակայն, թէ գիտութիւնը կը հպարտացնէ, մինչ սէրը հաւատաքը կ՚ամրապնդէ: Ով որ կը խորհի թէ բան մը գիտէ, յստակ է որ տակաւին չի գիտեր այնպէս՝ ինչպէս որ պէտք է գիտնայ» (Ա. Կր 8.1-2). «Ես գիտեմ» կամ «գիտեմ», արտայայտութիւններ են, որոնք մեզմէ շատերուն բերաններուն մէջ սովորական դարձած են, եւ առիթը չենք փախցներ զանոնք օգտագործելու… վստահաբար մեզմէ շատեր նոյնիսկ չենք անդրադարձած, որ այդ մէկը հպարտութեան դրսեւորում է աւելի, քան՝ ուրիշէն կամ մեր դիմացինէն աւելի բան մը գիտնալու, հետեւաբար, զգոյշ ըլլանք մեր ունեցած արտայայտութիւններուն, որպէսզի անգիտակցաբար մենք մեզ պատիժի ենթակայ չդարձնենք:

Հպարտութեան մասին Աստուածաշունչին մէջ կան տակաւին բազմաթիւ համարներ, որոնցմէ յատկապէս կարելի է կարդալ Բ. Օրինաց 8.11-18-ը, Բ. Կր 12.7-10-ը եւ Բ. Տմ 3.1-5-ը:

Եկեղեցւոյ հայրերուն մօտ ալ կը հանդիպինք հպարտութեան մասին բազմաթիւ մտածումներու եւ գրութիւններու, որոնցմէ այստեղ կը ներկայացնեմ մի քանի հատը: Այսպէս.

Սուրբ Անտոն Անապատականը կ՚ըսէ. «Իր երկնային դիրքէն՝ հպարտութեան պատճառով վար ինկած սատանան, անդադար կը ջանայ ողջ սիրտով Տիրոջ մօտենալ ցանկացողներուն դէպի կործանում տանիլ այն նոյն ճամբայով, որով ինք ինկաւ, այսինքն՝ հպարտութեամբ եւ ունայն փառքի սիրով։ Դեւերը մեզի ճիշդ ատով է որ կը յաղթեն, ճիշդ ատով եւ ատոր նման ուրիշ բաներով կը մտածեն մեզ Աստուծմէ հեռացնել։ Տակաւին, գիտնալով որ իր եղբայրը սիրողը կը սիրէ նաեւ զԱստուած, անոնք մեր սիրտերուն մէջ այնքան ատելութիւն կը դնեն իրարու նկատմամբ, որ ոմանք իրենց եղբայրը չեն կրնար տեսնել կամ անոր հետ մէկ բառ իսկ չեն կրնար փոխանակել»:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ. «Հպարտութիւնը, նկատի ունիմ ինքզինք տեսնելը, աւելի զօրաւոր է քան անմարմին զօրութիւնները, այսինքն՝ սատանան, մինչ խոնարհ հոգին եւ մարդուն գիտակցումը իր գործած մեղքերուն, այնպէս ըրին, որ աւազակը առաքեալներէն առաջ դրախտ հասնի»:

Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը կը գրէ. «Ով որ աշխարհային հարստութեամբ, իշխանութեամբ, շնորհով մը կամ առաքինութեամբ մը փքուելով կը հպարտանայ՝ կարծես ամպերուն վրայ որոտալով, այդպիսիին վրէժխնդիրն ու թշնամին Աստուած է՝ զայն պարտութեան մատնելու եւ անդունդները նետելու համար։ Որովհետեւ, մեր բնութեան համար ամբարտաւանութենէն աւելի չար եւ վնասակար բան չկայ։ Ինչ մեղք եւ մեծագոյն չարիք ալ ներկայացնես, ամբարտաւանի դատաստանին հաւասար դատաստան չունի, քանի որ միւս բոլոր մեղքերը, մօտենալով մարդուն, զայն միայն մեղաւոր կը դարձնեն, իսկ ամբարտաւանութիւնը՝ մարդը ամբողջովին սատանայ կը դարձնէ»:

Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքը կը գրէ. «Հպարտութենէն աւելի մեծ մեղք չկայ, որովհետեւ իր հետ շղթայուած ունի բոլոր մեծամեծ մոլութիւնները։ Որովհետեւ, հպարտը չ՚ուզեր, որ ուրիշ մէկը իրմէ աւելի բարձր ըլլայ, այդ պատճառով նախանձոտ կ՚ըլլայ եւ ուրիշներուն յաջողութիւնները չտանելով՝ բարկութեամբ կը վարուի, չկարողանալով անոնց յաջողութիւններուն արգելք ըլլալ՝ կը յուսալքուի եւ ծուլութեան մէջ կ՚իյնայ։ Իսկ որովհետեւ ծոյլը այլեւս շահելու յոյս չունի, ագահ կը դառնայ։ Ագահութեամբ ձեռք բերուած դրամը, կը գրգռէ զայն ուտելու-խմելու եւ ան որկրամոլ կը դառնայ։ Եւ շատ կերակուրներէն ու խմելիքներէն ցանկութեան ախտը կը բորբոքի եւ ան բղջախոհ կ՚ըլլայ։ Հետեւաբար, հպարտութիւնն է բոլոր մոլութիւններուն մայրն ու դայեակը, անկէ կը յառաջանան մեղքերու անհաշուելի ծնունդները, որոնցմէ մէկն իսկ բաւարար է մարդը կորուստի հասցնելու։ Ուստի, պէտք է փախչիլ հպարտութենէն, քան՝ մահաբեր թոյնէն»:

Աւարտելէ առաջ, կ՚ուզեմ հետեւեալ արտայայտութեան եւս անդրադառնալ: Շատ յաճախ երբ մեր զաւակները յաջողութեան մը հասնին, կամ ձեռքբերումի մը հասնին, կամ նոր բարձրունք մը նուաճեն, կամ գնահատանքի արժանանան, կամ բարձր վկայականներու տիրանան, լիաթոք եւ ամենայն հրճուանքով կ՚ըսենք. «Հպա՛րտ եմ քեզմով, զաւակս»… Յատկապէս այս արտայայտութիւնը իւրայատուկ կերպով կը հնչէ «հոգեւոր» կեանքով ապրող եւ կամ իրենք զիրենք «հոգեւոր» կամ «հաւատացեալ» յայտարարող մարդոց շրթներէն: Առաջին տպաւորութեամբ շատերուս համար բնական արտայայտութիւն մըն է եւ արդարացի, բայց արդեօք այդպէ՞ս է, երբ այդ արտայայտութեան փոխարէն պարզապէս կրնանք ունենալ հետեւեալ արտայայտութիւնները, որոնք վստահ եմ աւելի ուրախութիւն եւ բաւարարութիւն պիտի պարգեւեն մեր զաւակներուն, քան՝ «հպարտ եմ»ը… Եւ այսպէս, ինչո՞ւ չըսենք՝ «երախտապարտ եմ Աստուծոյ քեզ նման շնորհալի զաւակ մը ունենալուս», «շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ քեզի պէս օրհնեալ եւ իմատուն զաւակ մը ունիմ», «գոհութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, որ Իր քեզի տուած շնորհքները կը բիւրապատկես», «գոհութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, որ քեզի պէս խելացի զաւակ մը ունիմ», եւ այլ նման բազմաթիւ օրհնալից ու քաջալերող խօսքեր ու արտայայտութիւններ:

Մտածե՛նք սիրելիներ, մտածե՛նք եւ փորձենք ամէն կերպ զերծ մնալ հպարտութենէն, գիտակից ըլլայ, թէ՝ անգիտակից:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

28 յունիս 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2020