ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՊԱՀՔԸ

Կիրակի՝ յուլիսի 7-ին Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը:

Ժողովուրդի մէջ տօնը առաւել յայտնի է Վարդավառ անունով եւ հինէն եկած սիրելի տօն է:

Հայոց մէջ, բնակավայրէ բնակավայր տարբերած է տօնին անունը՝ հիմնականը բխած ըլլալով տուեալ բնակավայրի բարբառէն, ինչպէս նաեւ՝ տօնի գլխաւոր ուխտավայրերու եւ առաւել տարածուած բաղադրիչներու գերակայ անուանումներով:

Լոռիի, Ջաւախքի եւ Կաղզուանի մէջ տօնը անուանած են Վարդեւոր, Տերսիմի մէջ՝ Վարդիւոր, Շաղաթի մէջ՝ Ջրջանքի օր, Վայոց ձորի մէջ՝ Ջրջան, Քեսապի մէջ՝ Պալլում, Պարլում կամ Պարլամօն, Մուսա լերան մէջ՝ Վարդըվուր, Նոր Նախիջեւանի մէջ՝ Վարթեւոր, Մեղրիի մէջ՝ Վըրդիվուր եւ այլն:

Հակառակ անուններու զանազանութեան, տօնին խորհուրդը հայոց մէջ մէկն է՝ Քրիստոսի այլակերպութիւնը կամ պայծառակերպութիւնը, իսկ ժողովուրդը նորոգումի, պայծառութեան, թարմութեան եւ բարեբերութեան խորհուրդներ կը փնտռէր՝ այս օրուան սպասելով: Ըլլալով հնագոյն տօն՝ ժողովուրդը մեծ տօնախմբութիւններով նշած է զայն, իսկ իբրեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տաղաւար տօներէն մին՝ մեծ հաւատ կը տածէ անոր խորհուրդին, շաբաթապահքին, Սուրբ Պատարագին եւ տօնին յաջորդող մեռելոց օրուան:

Վարդավառը հայոց մէջ նաեւ ուխտագնացութիւններու տօն էր: Ուխտագնացութիւններու համար, օրուան խորհուրդով պայմանաւորուած, սրբավայրերէն զատ, կ՚ընտրուէին նաեւ գլխաւորապէս լեռները, ջուրերու ակունքները, գետեզերքները:

Ընդհանրապէս, հաւատացեալ մարդու համար ուխտագնացութիւն կատարելը բոլոր ժամանակներուն եղած է նուիրական գործողութիւն մը, որուն հաւատացեալը պատրաստուած է առանձնակի երկիւղածութեամբ, ակնածանքով եւ ամենակարեւորը՝ համոզումով: Ինչպէս զանազան կրօններու մէջ, քրիստոնէութեան մէջ ալ զայն հոգեւոր կեանքի անբաժան մասն է:

ՎԱՐԴԱՎԱՌԵԱՆ 160 ՈՒԽՏԱՎԱՅՐ ԵՒ ՍՐԲԱՏԵՂԻ

Հայերուն համար միշտ ալ ըղձալի եւ երազելի եղած է ուխտագնացութեան երթալ մանաւանդ երեք նուիրական վայրեր. հայ հաւատացեալը, ուր ալ որ գտնուի, միշտ երազած է Սուրբ Յարութեան օրը ըլլալ Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ, Միւռոնօրհնութեան առթիւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ Վարդավառին՝ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը: Վարդավառի առթիւ ուխտագնացութիւնները նաեւ այլ վայրեր կատարուած են:

Լեռնային շրջաններու մէջ, ուր եղանակը աւելի զով եւ բարենպաստ էր, հաւատացեալները Վարդավառին հեռաւոր ուխտագնացութիւններ կը ձեռնարկէին: Անոնք իրենց հետ ուտելիքի եւ ջուրի պաշար կը վերցնէին, կը մեկնէին սրբավայրերը եւ տօնը կը դիմաւորէին որեւէ սրբավայրի մէջ:

Զանգեզուրի մէջ Վարդավառի ամենասիրուած ուխտավայրը Խուստուփ լեռն էր, բայց շատեր նաեւ Մեծ Իշխանասար, Մռաւ կ՚երթային, Մեծ Քիրսի, Դիզափայտի եւ այլ լեռնագագաթներուն գտնուող սրբավայրերը կ՚ուղեւորուէին:

Վարդավառեան համահայկական նշանաւոր ուխտավայրը հայոց համար, անշուշտ, միշտ Մշոյ Սուրբ Կարապետն էր: Եւ այդ պատճառով է, որ շատ տեղեր Վարդավառի տօնը կոչած են նաեւ «Սուրբ Կարապետ»:

Հետազօտողներ կը նշեն, որ Տարօնի Սուրբ Կարապետ վանքը՝ Գլակայ վանքը, յատկապէս Վարդավառի համաժողովրդական տօնախմբութիւններու օրերուն, դարձած էր համայն Մերձաւոր Արեւելքի թէ՛ քրիստոնեաներու, թէ՛ այլադաւաններու սիրուած ու հեղինակաւոր սրբավայրերէն մէկը։

Սուրբ Կարապետի ուխտագնացութեան նուիրուած շատ երգեր պահպանուած են ժողովրդային բանահիւսութեան մէջ, իսկ վանքը, Վարդավառէն զատ այլ առիթներու նոյնպէս ուխտագնացութեան վայր էր:

Վարդավառի համար ուխտավայր եղած են նաեւ Թուխ Մանուկ սրբավայրերը, ընտանեկան յիշատակի վայրերը եւ այլ նուիրական տեղեր:

Ըստ կատարուած մէկ հետազօտութեան, Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին այժմ կայ շուրջ 160 ուխտավայր-սրբատեղի, որոնք զանազան ժամանակներու այցելուած են Վարդավառի առթիւ:

Ինչպէս ուրիշ առիթներով կատարուող ուխտագնացութիւնները, Վարդավառի ուխտագնացութիւնները նոյնպէս կ՚ուղեկցուէին գիշերակացով, մատաղներով, նուիրատուութեամբ, հացկերոյթով: Աւանդոյթ եղած է նաեւ ուղղակի եկեղեցիներու բակը, սրբավայրերուն կից դաշտերու մէջ խաղեր խաղալ, զուարճանալ, երգել, ձեռագործ իրեր եւ ուտելիք վաճառել: Մշակոյթի մէկ այլ դրսեւորում էր ուխտագնացութիւններու առթիւ սրբավայրին կից լարեր եւ ձողեր ամրացնելն ու լարախաղաց հրաւիրելով զուարճացնելը ուխտի գացածները: Եւ բնականաբար, ուխտագնացութիւնները լաւ առիթ էին մանաւանդ երիտասարդներու համար՝ զիրար տեսնելու, ծանօթանալու, մտերմիկ յուշեր ունենալու տեսակէտէ:

Վարդավառի ուխտագնացութիւնը, ըլլալով ժողովրդական մեծ տարածում գտած արարողութիւն մը, յաճախ կը վերածուէր աղջիկտեսի կամ ալ արդէն նշանած աղջիկը ուխտի տանելու առիթի: Իսկ եթէ տունին մէջ նորապսակներ կային, ապա Վարդավառի առթիւ անպայման ազգականները իրարու նուէրներ կը ղրկէին, տօնը կը դարձնէին յիշարժան եւ կը հաւատային, որ տօնին բերած ուրախութիւնը կը մնայ միշտ:

Օրուան խորհուրդը արտացոլող վարդի փունջեր ու ծաղիկներ կը ղրկուէին իրարու: Կար խնձոր նուիրելու գեղեցիկ աւանդոյթ մը, որովհետեւ խնձորի հասուննալու ժամանակի՛ն կը համընկնէր այս տօնը: Ահա այս պատճառով հայերը հին ժամանակ Վարդավառը որոշ պարագաներու նաեւ «Խնձորի պահք» անուանած են, քանի որ առաջին խնձորը կը ճաշակէին Վարդավառին, այնպէս, ինչպէս առաջին խաղողը՝ Աստուածածնայ վերափոխման օրը:

Վարդավառի օրուայ աւարտին նաեւ խարոյկ վառած են եւ կրակի մէջ խնձոր խորոված:

Ընդհանրապէս Վարդավառը ամենէն շատ ժողովրդական աւանդոյթներ ունեցող տօներէն է, ընդունուած եղած է նաեւ վարդաջուր ցօղել այդ օրը: Հայերը՝ ընտանիքի, ընտանեկան աւանդոյթներու հանդէպ սէր, յարգանք ունենալով՝ Վարդավառը նաեւ ընտանիքներէն ներս տօնած են. զայն ընտանիքի անդամները, նոյնիսկ ամբողջ տոհմը հաւաքելու խորհուրդն ունի, եւ այդ օրը հեռաւոր քաղաքներուն մէջ ապրողները նաեւ հայրենի գիւղ, ծնողքի տուն այցելած են, միասին տօնած են: Օրը տօն է մանաւանդ տօնի անուանումին մօտ անուն կրողներուն համար. ինչպէս՝ Վարդգէս, Վարդավառ, Վարդ, Պատրիկ, Ալվարդ, Զարվարդ, Լուսվարդ, Նուարդ, Պայծառ: Վարդանոյշ, Վարդիթեր, Վարդուհի, Վարվառէ, Սիրվարդ եւ այլն:

Ժողովրդական տարածում գտած այս աւանդոյթներէն մէկ մասը այսօր ալ պահպանուած է: Լայն տարածում գտած եւ պահպանուած է մանաւանդ տօնի առթիւ իրարու վրայ ջուր ցանելու արարողութիւնը, որ Հայաստանի մէջ ուղղակի «Ջուրի փառատօն» անուանումը ստացած եւ այդպիսով գրաւած է բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ: Հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ընդհանրապէս զբօսաշրջութեան զարգացման կարեւոր գործօն կը նկատուի: Եւ պահելով, պահպանելով մեր մշակութային հնամենի ժառանգութիւնը՝ ակամայ նպաստած կ՚ըլլանք զարգացումի, աշխարհի հետ կապերու ամրապնդման:

Վարդավառը շատ յաճախ կը զուգադիպէր նաեւ խոտի հունձքի եւ բերքահաւաքի շրջանին, ահա ինչու հաւատացեալները հասկեր տարած են եկեղեցի՝ խնդրելով, որ դաշտերը կարկուտէն եւ մորեխներէ անվնաս մնան: Միաժամանակ տօնի առաւօտը եկեղեցւոյ բակը վարդերով եւ ծաղիկներով կը զարդարէին: Վարդավառի առթիւ հայոց մէջ եղած է նաեւ մէկ այլ սովորութիւն, ինչ որ այսօր մոռցուած է՝ վաղ առաւօտեան կիները թելերու վրայ ծաղիկներ, խնձոր, մանր վարունգ եւ վարդեր ամրացնելով, խաչաձեւ կապեր կը կապէին երեխաներու կուրծքերուն վրայ եւ կը տանէին եկեղեցի: Այսօր վերականգնուած է Վարդավառի առթիւ խաչբուռ հիւսելու եւ իրարու նուիրելու, նաեւ՝ եկեղեցի տանելու հնագոյն աւանդոյթը: Խաչբուռը կամ խաչփունջը ցորենի արտէն հնձած առաջին հասկերէն հիւսուած փունջն է, որ խորհրդանշական եղած է:

ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՊԱՀՔԸ

Ըստ ազգագրագէտ Յասմիկ Աբրահամեանի՝ հայոց մէջ, սկսած վաղ միջնադարէն, կենցաղավարած են ոչ միայն օրապահքերը (չորեքշաբթի, ուրբաթ) եւ Զատկի տօնին նախորդող Քառասնորդաց պահքը (որոնց մասին կը վկայեն տօնացոյցի առաջին եւ երկրորդ խմբագրութիւնները՝ կատարուած Սահակ Պարթեւի եւ Յովհան Մանդակունիի կողմէ), այլեւ Սուրբ Ծննդեան եւ Վարդավառի տօներուն նախորդող մեծ պահքերը:

Ընդհանրապէս, յայտնի է, որ հաւատացեալները պահք կը պահեն զանազան նպատակներով՝ կ՚ակնկալեն ուժ, իմաստութիւն, առողջութիւն, զանազան շնորհներ, բախտ, գործի յաջողութիւն, պանդուխտներուն՝ շուտափոյթ վերադարձ։ Չբեր կիներ պահք պահելով զաւակ խնդրած են եւ ունեցած որդին անուանակոչած են սուրբի անուններէն մէկով, իսկ անոր եօթը տարեկանը լրանալէ յետոյ մանուկը տարած են սրբավայր եւ մազերը առաջին անգամ կտրած են այնտեղ։ Յասմիկ Աբրահամեան իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ նկատած է, որ Վարդավառէն առաջ ինկած մեծ պահքը կը յիշատակեն «Յիսնակաց» կամ «Քառասնորդաց» պահք անուններով:

Ըստ ազգագրագէտի, Վարդավառի մեծ պահքը հայոց մէջ կը սկսի Հոգեգալստեան կիրակիին յաջորդող երկուշաբթի օրուընէ: Չըլլալով տօնացուցային պահք՝ զայն ընդհուպ մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբները կենցաղավարած է վանքերու մէջ, աշխարհիկ վերնախաւի շրջանակներէն ներս, նաեւ ժողովուրդի զանազան խումբեր պահած են այս պահքը: Ազգագրական աղբիւրները կը փաստեն, որ մինչեւ 19-րդ դարու կէսերը եւ 20-րդ դարու սկիզբները ժողովուրդի մէջ տարածուած եղած է Յովհաննէս Կարապետի կամ Օխտն անուան պահքը, զոր պահած են Համբարձումէն կամ Հոգեգալուստէն մինչեւ Վարդավառ, երբեմն՝ եօթը տարի շարունակ:

Կրկին ըստ Յասմիկ Աբրահամեանի ուսումնասիրութիւններու, Վարդավառի Յիսնակը կամ Սուրբ Կարապետի պահքը պարտադիր չէ եղած, այլ կամաւոր պահք նկատուած է, եւ ազգագրագէտը կ՚եզրակացնէ, որ զայն նոյնիսկ ուխտի պահք եղած է, եւ 20-րդ դարու սկիզբի պատմական յայտնի անցքերէն յետոյ մոռցուած է:

Ինչպէս Սուրբ Ծննդեան նախորդող մեծ պահքը, Վարդավառինը նոյնպէս կատարած է տնտեսական աշխատանքներու ժամանակափուլերու բաժնման դեր: Այդ մասին կը վկայեն պահքի շաբաթներուն տրուած անունները: Օրինակ՝ Հոգեգալուստին յաջորդող Եղիական պահքը, որ կը նախորդէ շաբաթապահքի յաջորդ կիրակիին հանդիպող Եղիա մարգարէի յիշատակութեան տօնին, այդ անունով կոչուած է: Խոտհունձքի կամ Խոտքաղի պահք կոչուած է Վարդավառի մեծ պահքի չորրորդ շաբթուայ՝ Լուսաւորչի գիւտ նշխարաց տօնին նախորդող հնգօրեայ պահքը: Յասմիկ Աբրահամեան ուսումնասիրած է, որ Վարդավառի մեծ պահքը հակառակ անոր, որ ամբողջութեամբ տօնացոյցին մէջ չէ ներդրուած, բայց եւ այնպէս 10-11-րդ դարու կէսերուն զայն տեղադրուած է ընդմիջարկուած շաբաթապահքերով՝ մէկ շաբաթ պահք, երկու շաբաթ ուտիք յաջորդականութեամբ։ Պենտեկոստէէն մինչեւ Վարդավառ ինկած եօթը շաբաթներէն առաջին շաբաթուայ պահքին՝ Եղիա մարգարէի անունը կրող պահքին յաջորդած է երկու շաբաթ ուտիք։ Չորրորդը Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարներու գիւտի տօնին նախորդող շաբաթապահքն է, որուն եւս երկու շաբաթ ուտիք կը յաջորդէ, եւ եօթներորդը Վարդավառի շաբաթապահքն է:

Այս պահքի ընթացքին շաբաթ եւ կիրակի օրերուն կերած են ուտիսի կերակուրներ, բայց ոչ՝ մսեղէն: Գինին նոյնպէս արգիլուած եղած է:

Ազգագրագէտը կը նկատէ, որ Յովհաննէս Մկրտիչի անուան կամ Վարդավառի Յիսնակաց պահքը եւ Մշոյ Սուրբ Կարապետի վանք կատարուող ուխտագնացութիւնը, դարեր շարունակ ըլլալով հայ ժողովուրդի առտնին եւ տօնածիական կեանքի մէկ մասը, դարձած են ազգային ինքնութեան ամրագրման, բարեպաշտական վարքի եւ քրիստոնէական հաւատքի լաւագոյն դրսեւորումներէն։ Իսկ ենթադրելի է, որ ինչպէս Սուրբ Ծննդեան, այնպէս ալ Վարդավառի յիսնօրեայ պահքը ամբողջութեամբ տօնացոյցին մէջ չընդգրկելը հիմնականը պայմանաւորուած էր տարին երեք յիսնակներով չծանրաբեռնելու հանգամանքով:

ԿՈՄԻՏԱՍԸ ԵՒ ՎԱՐԴԱՎԱՌԸ

Կոմիտասի կեանքի տարեգրութեան մէջ կը կարդանք, որ 1904 թուականի Վարդավառի տօնին օրը Կոմիտաս Բիւրականէն կ՚երթայ Ծաղկեվանք՝ ներկայ ըլլալու ժողովրդական տօնախմբութեան: Հանդիպելով իր սաներուն՝ Կոմիտաս կը զրուցէ անոնց հետ եւ համապատասխան ցուցումներ կու տայ՝ ժողովրդական երգը արդիւնաւէտ հաւաքելու համար: Իսկ օրուայ մասին ան կ՚ըսէ. «Այսօրուայ տօնախմբութեան հետաքրքրական կողմը մեզի համար ոչ թէ կերուխումն է, այլ այն երգերն ու պարերը, նուագներն ու խաղերը, որոնց միջոցով հայ գեղջուկը կ՚արտայայտէ իր կենսական ապրումները: Ահա, նայեցէք, ինչպէս խումբեր կազմած են ահել, ջահել, հարս ու աղջիկներ, երիտասարդ տղաք, կ՚երգեն ու կը պարեն, իրենց սիրտերը բացած են: Եթէ ամէնքս միասին խումբով սկսինք շրջիլ՝ դիտելու համար, շատերը, նկատելով մեզ, գեղջկական ամօթխածութեամբ պէտք է կամ դադրեցնեն երգն ու պարը, կամ այնպէս ազատ չզգան, ինչպէս կարող էին զգալ առանց մեր ներկայութեան: Իսկ մեզի համար հետաքրքրական է լսել եւ տեսնել անոնց՝ առանց կաշկանդումներու, ազատ, համարձակ ու սրտբաց»:

Այս խօսակցութենէն յետոյ բոլորը կը բաժնուին՝ հետամուտ իրենց նպատակին: Եւ աշակերտները կը տեսնէին, թէ ինչպէս ինք՝ Կոմիտաս Վարդապետ, լարուած ուշադրութեամբ կը մօտենար այս կամ այն խումբին եւ նշումներ կը կատարէր, գրի կ՚առնէր լսածի ու տեսածի մասին:

Նման պարագաներուն ան վեղար չէր դներ, որպէսզի առանձնապէս նկատելի չ՚ըլլար, եւ մատիտն ու տետրը ձեռքին նշումներ կ՚ընէր:

Վարդավառեան ժողովրդական արժէքաւոր շատ խաղիկներ փրկուած եւ պահպանուած են նոյն ինք՝ Մեծն Կոմիտասի շնորհիւ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2024